Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդիկ որսալ՝ Եգէական Ծովուն մէջ

Մարդիկ որսալ՝ Եգէական Ծովուն մէջ

Մարդիկ որսալ՝ Եգէական Ծովուն մէջ

Եգէական Ծովը կը գրաւէ արեւելեան Միջերկրականին մեծ մասը. անոր սահմաններն են՝ հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն՝ Յունաստանի գլխաւոր ցամաքամասը, հարաւէն՝ Կրետէ կղզին, եւ արեւելքէն՝ Թուրքիան։ Կարգ մը վաղեմի մեծ քաղաքակրթութիւններու օրրանը եղող Եգէական Ծովը, կղզիներով եւ կղզեակներով զարդարուած է։ Կղզիներուն կտրատուած եզերքները՝ ցիրուցան ճերմակ տնակներով, որոնք արեւի շողերուն տակ կը փայլփլին՝ ներշնչեցին որ բանաստեղծ մը զանոնք նմանցնէ «քարէ ձիերու՝ որոնց վրայ հեծած են նախնեաց կատաղի ոգիները»։

Զարմանալի չէ որ այս կղզիները աշխարհի ամենէն ժողովրդական տեսարժան վայրերէն մէկը դարձած են։ Անոնց ֆիզիքական գեղեցկութեան վրայ կ’աւելնան հոն բնակող եւ աշխատող այրերու ու կիներու բարձրորակ յատկութիւնները։ Իրապաշտ եւ հիւրասէր, բայց եւ այնպէս ազատամիտ նկարագրի տէր այս ժողովուրդը մասնայատուկ ոճ մը կ’աւելցնէ շրջանին անզուգականութեան։

Կղզեցիներէն շատեր իրենց ապրուստը կը ճարեն Եգէական Ծովուն մէջ ձկնորսութիւն ընելով։ Սակայն, ուրիշ կարեւոր «ձկնորսութիւն» մըն ալ արգասաբեր եղած է այդ շրջանին մէջ։ «Մարդոց որսորդ»ներ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզիչներ՝ Եգէական կղզիներու վրայ շրջագայելով Քրիստոնեայ աշակերտներ կը պատրաստեն։—Մատթէոս 4։18, 19. Ղուկաս 5։10

Շուրջ տասնըինը դարեր առաջ, Քրիստոնեայ աւետարանիչներ Եգէականի կղզիները այցելեցին։ Շուրջ Հ.Դ. 56–ին, Պօղոս առաքեալ իր միսիոնարական երրորդ ճամբորդութենէն վերադարձին, կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ Լեզվոս, Քիոս, Սամոս, Կով եւ Հռոդոն (Ռոտոս) կղզիներուն վրայ։ Նախանձախնդիր քարոզիչ մը ըլլալով, Պօղոս կղզեբնակներէն ոմանց քարոզած պէտք էր ըլլար։ (Գործք 20։14, 15, 24. 21։1, 2) Հռովմի մէջ երկու տարի բանտարկուելէ ետք, շատ հաւանաբար ան Կրետէ այցելեց եւ հոն քրիստոնէական գործունէութեան մասնակցեցաւ։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէս առաքեալ Պատմոս կղզին աքսորուեցաւ, «Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար»։ (Յայտնութիւն 1։9) Բարի լուրի արդի ծանուցանողները այս կղզիներուն վրայ ի՞նչ կ’իրագործեն։

Քարոզչական Արդիւնաբեր Արշաւներ

Այս կղզեխումբերուն մէջ քարոզելը դժուար է ու ծանր աշխատանք կը պահանջէ։ Անիկա մեծ ջանք եւ անձնազոհութիւն կը պահանջէ։ Կարգ մը կղզիներ իրարմէ շատ հեռու են։ Անոնցմէ ոմանք, ծովային եւ օդային փոխադրամիջոցի անկանոն յայտագիր մը ունին, իսկ ուրիշներ՝ բնաւ չունին, մանաւանդ ձմրան։ Ծովը կրնայ փոթորկոտ ըլլալ, մանաւանդ երբ մելթեմիա–ն՝ եղանակային հիւսիսային զօրաւոր հովը՝ փչէ։ Ասկէ զատ, կղզիներէն շատերուն մէջ գտնուող գիւղերը մեկուսացած են եւ անոնց հասնիլը դժուար է, քանի որ փոշոտ ու անկպրապատ ճամբաներէն անցնիլը յաճախ անկարելի է։ Կարգ մը գիւղեր միայն նաւակներով կարելի է հասնիլ։

Առնենք, զոր օրինակ Իքարիա կղզին։ Հոն գտնուող պզտիկ ժողովքին Թագաւորութեան բարի լուրի 11 հրատարակիչները չեն կրնար այդ կղզիին մէջ գտնուող բոլոր գիւղերն ու մօտակայ կղզեակները ծածկել։ Հետեւաբար, Սամոս կղզիէն Քրիստոնեայ եղբայրներ ու քոյրեր կու գան, Իքարիոյ, ինչպէս նաեւ՝ Ֆուրնօ, Պատմոս եւ Լիբսոս կղզիներու բնակիչներուն քարոզելու համար։ Վերջերս, այսպիսի միօրեայ արշաւի մը ընթացքին, Վկաները կրցան սուրբ գրային բնաբաններու մասին 650 պարբերաթերթ, 99 գրքոյկ եւ 25 գիրք բաշխել։ Անոնք անակնկալի եկան հանդիպելով անհատներու, որոնք ոչ մէկ գաղափար ունէին Եհովայի ո՛վ ըլլալու մասին. անոնք եղբայրներուն աղաչեցին որ հոն կենան եւ իրենց Աստուածաշունչէն յաւելեալ բաներ սորվեցնեն։ Կին մը Վկայի մը ըսաւ. «Ահա ձեր մեկնելուն ժամանակը հասաւ, բայց ես տակաւին Աստուածաշունչէն շատ հարցումներ ունիմ։ Ո՞վ պիտի օգնէ ինծի»։ Քրիստոնեայ քոյրը խոստացաւ հետաքրքրութիւնը հետապնդել հեռաձայնով, եւ այս կերպով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։

Երբ ճամբորդող տեսուչ մը Իքարիա այցելեց, ան կարգադրեց որ մէկ շաբաթավերջի մը ընթացքին ամբողջ կղզին ծածկուի։ Ան խնդրեց որ Սամոս կղզիէն շուրջ 30 Թագաւորութեան հրատարակիչներ օգնութեան գան։ Այցելող եղբայրները երկու գիշեր իջեւանելու եւ սովորական ու ֆօր–ուիլ–տրայվ ինքնաշարժներ վարձելու ծախսերը իրենց գրպանէն պէտք էր վճարէին։ Երկու օր յորդահոս անձրեւ տեղացած էր, իսկ շաբաթավերջին համար աննպաստ օդ մը կ’ակնկալուէր։ Սակայն եղբայրները թոյլ չտուին որ ասիկա իրենց արգելք հանդիսանար, յիշելով Ժողովողի 11։4–ի խօսքերը. «Հովը դիտողը չի կրնար ցանել եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել»։ Ի վերջոյ, օդը քիչ մը բարելաւուեցաւ եւ իրենց կարեւոր պատգամով ամբողջ կղզին ծածկելէ ետք, եղբայրները ուրախ եւ գոհունակ տուն վերադարձան։

Անտրոս կղզիին վրայ բնակող 16 հրատարակիչները, ամբողջ կղզին ծածկելու համար մեծ ջանք թափեցին։ Երբ երկու եղբայրներ մեկուսացած գիւղ մը հասան, անոնք վճռած էին բոլոր բնակիչներուն քարոզել։ Անոնք մարդոց խօսեցան իրենց տուներուն, փողոցներուն եւ դաշտերուն մէջ։ Նոյնիսկ ոստիկանատուն այցելեցին եւ հոն գրականութիւններ ձգեցին։ Վստահ ըլլալով որ բոլոր գիւղացիներուն քարոզած էին, երթալու պատրաստուեցան։ Մինչ գլխաւոր հրապարակէն մեկնելու վրայ էին, տեսան որ Յոյն Ուղղափառ քահանան կու գար։ Անդրադառնալով որ անոր չէին վկայած, պզտիկ գրականութիւն մը տուին իրեն, զոր սիրով ընդունեց։ Արդ, վստահ եղան որ իրենց քարոզելու ջանքերուն մէջ ո՛չ մէկը անտեսուած էր։

Կավտոս (կամ Կղօդա)՝ Կրետէի վարի մասը գտնուող կղզեակ մը, որ միայն 38 բնակիչ ունի, Եւրոպայի հարաւը գտնուող ամենահեռաւոր կէտը կը նկատուի։ (Գործք 27։16) Ճամբորդող տեսուչ մը ու իր կինը, ուրիշ ամուսնացած զոյգի մը հետ, երեք օր հոն քարոզեցին։ Խնայողութիւն ընելու համար, անոնք վրանի մը մէջ քնացան։ Բոլոր բնակիչներուն բարի լուրը հասաւ, իսկ եղբայրները ուրախացան որ հոն մարդիկ նախապաշարուած չէին։ Անոնք Եհովայի Վկաներուն մասին ոչինչ լսած էին՝ ո՛չ գէշ՝ ոչ ալ լաւ։ Տեղաբնակները, ի ներառեալ քահանան, 19 գիրք եւ 13 գրքոյկ ընդունեցին։ Մինչ Վկաները նաւակով մը Կրետէ կը վերադառնային, ծովը փոթորկեցաւ, անոնց կեանքը վտանգի ենթարկելով։ Անոնք ըսին. «Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցինք որ ողջ առողջ տուն հասանք, բայց նաեւ փառք տուինք իրեն որ մեզի թոյլ տուաւ իր անունը պատուելու Եւրոպայի հարաւը գտնուող ամենահեռաւոր մասին մէջ»։

Պատմոսը այն կղզին է ուր Յովհաննէս առաքեալ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը՝ Յայտնութիւնը գրեց։ Մինչեւ վերջերս, Պատմոս կղզիին վրայ Եհովայի Վկայ չկար։ Սամոսէն եղբայրներ, լաւ կազմակերպուած քարոզչական արշաւ մը կատարեցին այդ կղզիին մէջ։ Անոնք գիտէին թէ կրնային խիստ հալածանք ակնկալել, որովհետեւ այս կղզին Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ամրոցներէն մէկն է։ Կին մը ներս հրաւիրեց երկու քոյրեր, որոնք բարի լուրը կը ներկայացնէին։ Ամուսինը պնդելով հարցուց թէ ո՞վ զիրենք իր տունը ղրկած էր։ Երբ անոնք բացատրեցին թէ իրենք ամէն տուն կ’այցելէին, ան դարձեալ հարցուց. «Վստա՞հ էք որ դրացիներէն մէկը ձեզ հոս չղրկեց»։ Կինը, որ Եհովայի Վկաներուն մասին լսած էր Զայիրի մէջ, հետագային քոյրերուն բացատրեց ինչ որ այդ առաւօտ տեղի ունեցած էր։ Ան ըսաւ. «Ինչպէս նախորդ օրերուն, այդ օրն ալ Եհովայի աղօթեցի, որպէսզի մեր կղզին կարգ մը Վկաներ ղրկէ։ Ամուսինս վրաս խնդաց։ Երբ դրան առջեւ ձեզ տեսայ, ես ու ամուսինս անակնկալի եկանք։ Այդ պատճառաւ էր որ կրկին անգամ ձեզի հարցուց թէ ո՛վ ձեզ մեր տունը ղրկեց»։ Անմիջապէս կնոջ հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Շուրջ տասը ամիս, ուսումնասիրութիւնը հեռաձայնով վարուեցաւ, թէեւ ասիկա թէ՛ քրոջ եւ թէ հետաքրքրուած կնոջ համար սուղ արժեց։ Ան մկրտուեցաւ եւ ներկայիս այդ կղզիին միակ Վկան է, ուր Յովհաննէս առաքեալ աքսորուած էր 1,900 տարիներ առաջ։

Նաւահանգիստներու Մէջ «Ձուկ Որսալ»

Ամէն ամառ նաւային ընկերութիւններու պատկանող զբօսանաւեր կանգ կ’առնեն Եգէական կղզիներու տարբեր նաւահանգիստները, զբօսաշրջիկներու հոծ բազմութիւններ բերելով։ Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները բազմաթիւ ազգերու եւ լեզուներու պատկանող անհատներու հասնելու անզուգական պատեհութիւնը ունին։ Ժողովքները բազմաթիւ լեզուներով սուրբ գրային գրականութիւններու պաշար մը կը պահեն, իսկ հրատարակիչները հազարաւոր պարբերաթերթեր կը բաշխեն զբօսաշրջիկներուն։ Կարգ մը զբօսանաւեր նոյն նաւահանգիստը ամէն շաբաթ կ’այցելեն. ասիկա եղբայրներուն սքանչելի պատեհութիւններ կ’ընծայէ որ վերայցելութիւններ ընեն եւ նոյնիսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեն նաւուն անձնակազմի անդամներէն ոմանց հետ։

1996–ի ամրան, Ռոտոս կղզիին մէջ լիաժամ քարոզիչ քոյր մը, Ճամայիքացի երիտասարդի մը քարոզեց, որ ամէն Ուրբաթ այդ նաւահանգիստը այցելող զբօսանաւի մը մէջ կ’աշխատէր։ Յաջորդ Ուրբաթ երիտասարդին հրաւէր տրուեցաւ որ կղզիին մէջ տեղի ունենալիք նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուի։ Անգլերէն Աստուածաշունչը ձեռքին, ռահվիրայ քոյրը անոր օգնեց որ յայտագրին մէջ ներկայացուած սուրբ գրային ճշմարտութիւններէն ոմանք հասկնայ։ Երիտասարդը խոր կերպով տպաւորուեցաւ համաժողովին մէջ Վկաներուն ցուցաբերած սէրէն եւ ջերմութենէն։ Յաջորդ Ուրբաթ, ան երկու ռահվիրայ եղբայրներ նաւուն վրայ հրաւիրեց։ Ռահվիրաները իրենց հետ տարին Անգլերէն եւ Սպաներէն գրականութիւններ։ Մէկ ժամ չանցած անոնց ծառայութեան պայուսակները պարպուեցան։ Երիտասարդ Ճամայիքացին ամէն Ուրբաթ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց մինչեւ ամառուան վերջը։ Յաջորդ ամառ վերադարձաւ եւ պատրաստ էր իր ուսումնասիրութիւնը վերսկսելու։ Սակայն, այս անգամ, ան որոշեց իր գործը փոխել, որպէսզի կարենար հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Ապա ան դարձեալ մեկնեցաւ։ Ռոտոսի եղբայրները որքա՜ն ուրախացան, երբ լսեցին թէ 1998–ի սկիզբները այս երիտասարդը մկրտուած էր։

Գաղթող «Ձուկեր» Որսալ

Եգէական Ծովը անուանի է իր գաղթող ձուկերու շատ տեսակներով, ինչպէս աղկերը եւ թրաձուկը, որոնք անոր ջուրերը կը կտրեն եւ հմուտ ձկնորսներու ուռկաններով կը բռնուին։ Նոյն կերպով, Թագաւորութեան աւետարանիչները բազմաթիւ ընդառաջող սրտեր կը գտնեն գաղթական աշխատաւորներու մէջ, որոնք Արեւելեան Եւրոպայի շատ մը երկիրներէն Յունաստան փոխադրուած են։

Ռեզի տասը տարեկան էր երբ առաջին անգամ Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին կարդաց, Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի էջերուն մէջ։ Ասիկա Ալպանիոյ մէջ էր։ Երեք տարի ետք ընտանեօք Ռոտոս կղզին փոխադրուեցան։ Օր մը, Ռեզի Եհովայի աղօթեց որ իր նոր շրջանին մէջ իր ժողովուրդը գտնելու մէջ իրեն օգնէր։ Յաջորդ օրը, հայրը տուն եկաւ Դիտարան ու Զարթի՛ր հանրածանօթ պարբերաթերթերը ձեռքը, մեծապէս ուրախացնելով Ռեզին։ Ան շփման մէջ եկաւ այն քրոջ հետ որ իր հօր այդ պարբերաթերթերը տուած էր, եւ շուտով սկսաւ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքէն ուսումնասիրել։ Երբեմն, ան կը խնդրէր որ նոյն օրուան մէջ երեք անգամ ուսումնասիրէր։ Երկու ամիս ետք ան չմկրտուած հրատարակիչ մը եղաւ, իսկ 1998–ի Մարտին մկրտուեցաւ՝ 14 տարեկանին։ Նոյն օրը, օժանդակ ռահվիրայութեան սկսաւ, իսկ վեց ամիս ետք կանոնաւոր ռահվիրայ կամ՝ լիաժամ քարոզիչ մը եղաւ։

Կով կղզիին վրայ եղբայր մը Ռուսաստանէն եկած կարգ մը անհատներու հետ կ’ուսումնասիրէր։ Երբ անոնց հարցուց թէ արդեօք բարեկամներ ունէի՞ն որոնք կը փափաքէին Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, անոնք զինք Հայ ամոլի մը առաջնորդեցին՝ Լէօնիտաս եւ իր կինը Օֆելիա, որոնք շուրջ 30 քիլոմեթր հեռու գտնուող գիւղի մը մէջ կը բնակէին։ Եղբայրներուն անակնկալ մը կը սպասէր։ Հայ ամոլը լեցուն տոպրակ մը բերին, որուն մէջ Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած Հայերէն եւ Ռուսերէն սուրբ գրային գրականութիւններ կային։ Անոնք բացատրեցին թէ իրենք Եհովայի Վկաներուն հետ սերտած եւ չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու աստիճան յառաջդիմած էին։ Քաղաքական տակնուվրայութեան եւ տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, ստիպուած էին իրենց երկիրը ձգել։ Կով հասնելէ անմիջապէս ետք, սկսած էին Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Լէօնիտասի մօր ու քրոջ հետ, որոնք արդէն հոն կը գտնուէին։ Անսպասելիօրէն, Վկան Աստուածաշունչի երեք ուսումնասիրութիւններ ունեցաւ, մէկը՝ Օֆելիայի հետ, միւսը՝ Լէօնիտասի, իսկ ուրիշ մըն ալ անոր մօր եւ քրոջ հետ։ Ասիկա կը պահանջէր որ ան շաբաթը երեք անգամ իր մօթօրսիքլ–ով, 60 քիլոմեթր երթ ու դարձ ընէր։ Լէօնիտաս եւ իր կինը քանի մը ամիս ետք մկրտուեցան։ Ասիկա տեղացի եղբայրներուն ցուցաբերած անձնազոհ հոգիին համար ի՜նչ հոյակապ հատուցում մըն էր։

Եհովան Է որ կ’Աճեցնէ

Եհովայի օրհնութիւնը բացայայտ է, այս Եգէական կղզիներուն մէջի աւելի քան 2,000 Թագաւորութեան գործունեայ քարոզիչներու անխոնջ ջանքերուն վրայ։ Ներկայիս հոն կայ Եհովայի Վկաներու 44 ժողովքներ եւ 25 խումբեր։ Խումբերէն 17 հատը օտար լեզուներով է, քանի որ Եհովայի կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ասկէ զատ, 13 մասնաւոր ռահվիրաներ յաւելեալ ջանք կը թափեն, այդ մեկուսացած թաղամասերուն մէջ աւելի մեծ թիւով անհատներու հասնելու համար։

Դարերու ընթացքին, Եգէական Ծովը մշակութային զարգացման եւ առեւտրական գործառնութիւններու կեդրոն մը եղած է։ Վերջին տասնամեակներուն, անիկա հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներու նախընտրած հանգստավայրը եղած է։ Սակայն, աւելի կարեւորը, որպէս «մարդոց որսորդ»ներ Թագաւորութիւնը ծանուցանողները այս կղզիներուն վրայ պարկեշտ սրտով բազմաթիւ անհատներ գտած են, որոնք անհամբեր են Եհովան փառաբանելու։ Միասնաբար, անոնք հոյակապ կերպով ընդառաջած են մարգարէական հրաւէրին. «Տէրոջը փառք տան եւ անոր գովութիւնը կղզիներուն մէջ պատմեն»։—Եսայեայ 42։12

[Քարտէս՝ էջ 22]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Եգէական Ծով

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Լեզվոս

Քիոս

Սամոս

Իքարիա

Ֆուրնօ

Պատմոս

Կով

Ռոտոս

Կրետէ

ԹՈՒՐՔԻԱ

[Նկար՝ էջ 23]

Լեզվոս Կղզի

[Նկար՝ էջ 24]

Պատմոս կղզին

[Նկար՝ էջ 24]

Կրետէ կղզին