Ամչկոտութիւնս յաղթահարելու համար օգնութիւն ստացայ
Կենսագրութիւն
Ամչկոտութիւնս յաղթահարելու համար օգնութիւն ստացայ
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՌՈՒԹ Լ. ՈՒԼՐԻՔ–Ի ԿՈՂՄԷ
Ջախջախուած զգացի, ու կղերականին դրան սեմին վրայ սկսայ լալ։ Ան տակաւին նոր ամբաստանութիւններու շարք մը տեղացուցած էր Չարլզ Թ. Ռասըլի դէմ, որ Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան առաջին նախագահն էր։ Թոյլ տուէք որ բացատրեմ թէ ի՛նչպէս ես՝ դեռատի աղջիկ մը՝ այսպիսի այցելութիւններ կու տայի մարդոց։
ԾՆԱԾ եմ 1910–ին, Նեպրասքայի (Ա.Մ.Ն.) ագարակի մը մէջ ապրող շատ կրօնասէր ընտանիքի մը մէջ։ Մեր ընտանիքը, ամէն առաւօտ եւ երեկոյեան՝ ճաշելէ ետք, միասնաբար Աստուածաշունչ կ’ընթերցէր։ Հայրս, մեր ագարակէն շուրջ վեց քիլոմեթր հեռու՝ Ուինսայտ փոքր գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող Մեթոտական եկեղեցիին կիրակնօրեայ դպրոցին տնօրէնն էր։ Պատուհանները ծածկոյթով գոցուող ձիասայլ մը ունէինք, այնպէս որ օդը ի՛նչպէս որ ըլլար, Կիրակի առաւօտ կրնայինք եկեղեցի երթալ։
Երբ շուրջ ութ տարեկան էի, փոքր եղբայրս մանկական անդամալուծութեան բռնուեցաւ, եւ մայրս զինք դարմանելու համար Այօուայի մէջ գտնուող ապաքինարան մը տարաւ։ Հակառակ իր անձնուէր հոգածութեան, եղբայրս մահացաւ մինչ հոն կը գտնուէին։ Սակայն, ի միջի այլոց, մայրս հոն Այօուայի մէջ՝ ծանօթացաւ Աստուածաշունչի Աշակերտի մը, ինչպէս որ Եհովայի Վկաները կը կոչուէին այն ժամանակ։ Անոնք բազմաթիւ խօսակցութիւններ ունեցան, եւ մայրս այդ կնոջ հետ նոյնիսկ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կարգ մը ժողովներուն գնաց։
Երբ մայրս տուն վերադարձաւ, իր հետ բերաւ Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ մատենաշարին կարգ մը հատորները, որոնք հրատարակուած էին Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ։ Շատ չանցած ան համոզուեցաւ թէ Աստուածաշունչի Աշակերտները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէին եւ թէ հոգիի անմահութեան եւ չարերուն յաւիտենական տանջանքի վարդապետութիւնները շիտակ չէին։—Ծննդոց 2։7. Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4, ՆԱ
Սակայն, հայրս շատ նեղուեցաւ, եւ Աստուածաշունչի
Աշակերտներուն ժողովները յաճախելու մօրս թափած ջանքերուն դէմ կեցաւ։ Ան շարունակեց զիս եւ մեծ եղբայրս՝ Քլէրընսը իր հետ եկեղեցի տանիլ։ Բայց երբ հայրս տունը չըլլար, մայրս մեր հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր։ Որպէս հետեւանք, մենք՝ երախաներս, լաւ առիթ ունեցանք Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ուսուցումները բաղդատելու եկեղեցիին ուսուցումներուն հետ։Քլէրընս եւ ես կանոնաւորաբար եկեղեցիին կիրակնօրեայ դպրոցը կը յաճախէինք եւ ան ուսուցչուհիին հարցումներ կը հարցնէր, որոնց ուսուցչուհին չէր կրնար պատասխանել։ Երբ տուն կը վերադառնայինք, մեր մօրը կը պատմէինք եւ ասիկա այդ նիւթերուն շուրջ երկար զրոյցներու դուռ կը բանար։ Ի վերջոյ, եկեղեցիէն հրաժարեցայ եւ սկսայ մօրս հետ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ժողովները յաճախել. շատ չանցած Քլէրընսն ալ նոյնը ըրաւ։
Ամչկոտութիւնս Յաղթահարեցի
1922–ի Սեպտեմբերին, մայրս եւ ես ներկայ գտնուեցանք Աստուածաշունչի Աշակերտներուն Սիտըր Փոյնթի մէջ (Օհայօ) գումարած յիշատակելի համաժողովին։ Տակաւին մտքիս մէջ թարմ է այդ հսկայ գալարուած պաստառին իջնելը, մինչ Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ՝ այն ատենուան Դիտարանի Ընկերութեան նախագահը, աւելի քան 18,000 հանդիսատեսները յորդորեց պաստառին վրայ պարզուած խօսքերով. «Ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ Թագաւորութիւնը»։ Խորապէս տպաւորուեցայ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն պատմելու ստիպողականութիւնը զգացի։—Մատթէոս 6։9, 10. 24։14
1922-1928–ի տարիներուն տեղի ունեցած համաժողովներուն, շարք մը որոշումներ որդեգրուեցան, եւ անոնց պարունակութիւնը թերթիկներով լոյս տեսաւ, որոնցմէ տասնեակ միլիոնաւոր օրինակներ բաշխեցին Աստուածաշունչի Աշակերտները, համայն աշխարհի մէջ։ Բարակ եւ երկար էի, զիս քերծէ (էգ որսաշուն) կը կոչէին. տունէ տուն կը վազվզէի բաշխելով այս տպուած պատգամները։ Իրապէս կ’ախորժէի այս գործունէութենէն։ Սակայն, դռներուն առջեւ խօսիլը եւ անձամբ ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին պատմելը, ուրիշ հարց էր։
Կրնա՞ք երեւակայել. ա՛յնքան ամչկոտ էի որ նոյնիսկ կը սարսափէի երբ մայրս մեծ թիւով ազգականներ հրաւիրէր ամէն տարի։ Ննջասենեակս կը քաշուէի եւ հոն կը մնայի։ Անգամ մը, մայրս ուզեց ընտանեօք լուսանկարուիլ, եւ ինծի ըսաւ որ դուրս գամ։ Չուզելով անոնց միանալ, սկսայ ճչալ, մինչ ան բառացիօրէն զիս սենեակէն դուրս քաշեց։
Սակայն, եկաւ այն օրը երբ վճռակամօրէն պայուսակիս մէջ կարգ մը սուրբ գրային գրականութիւններ դրի։ Անդադար կը կրկնէի, ‘չեմ կրնար ընել’, բայց պահ մը ետք ես ինծի կ’ըսէի, ‘պէ՛տք է ընեմ’։ Ի վերջոյ, քարոզելու գացի։ Անկէ ետք, շատ ուրախացայ որ քաջութիւն հաւաքած էի երթալու։ Ո՛չ թէ զայն ընելը, հապա գործը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը շատ մեծ էր։ Գրեթէ այդ ժամանակ էր որ հանդիպեցայ նախապէս յիշուած կղերականին եւ լալով հեռացայ։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովայի օգնութեամբ կարողացայ մարդոց հետ խօսիլ իրենց դռներուն առջեւ, եւ ասիկա ուրախութիւնս աւելցուց։ Ապա, 1925–ին, Եհովայի նուիրումս խորհրդանշեցի ջուրի մկրտութեամբ։
Լիաժամ Ծառայութեան Սկսիլ
Երբ 18 տարեկան եղայ, մօրաքրոջմէս ժառանգած դրամովս ինքնաշարժ մը գնեցի եւ սկսայ ռահվիրայութիւն ընել, ինչպէս կը կոչուի լիաժամ ծառայութիւնը։ Երկու տարի ետք, 1930–ին, ես եւ ուրիշ ռահվիրայ մը քարոզչութեան նշանակում մը ընդունեցինք։ Մինչ այդ, Քլէրընսն ալ ռահվիրայութեան սկսած էր։ Շատ չանցած ան հրաւէր ստացաւ ծառայելու Պէթէլի՝ Պրուքլին, Նիւ Եորքի Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնին մէջ։
Գրեթէ այդ ժամանակ ծնողքս իրարմէ բաժնուեցան. ուստի մայրս եւ ես յետսակառք մը շինել տուինք եւ սկսանք միասնաբար ռահվիրայութիւն ընել։ Ասիկա այն ժամանակ էր երբ Տնտեսական Մեծ Ձախորդութիւնը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ռահվիրայութիւնը շարունակելը շատ դժուար էր, սակայն վճռած էինք տեղի չտալ։ Սուրբ գրային գրականութիւններուն փոխարէն կը ստանայինք հաւ, հաւկիթ, եւ բանջարեղէններ, ինչպէս նաեւ՝ հին բարդեր եւ ալումինիում–ի աւելցուքներ։ Այս վերջինները, դրամով կը ծախէինք ինքնաշարժին համար վառելանիւթ գնելու եւ ուրիշ ծախսեր գոցելու համար։ Նաեւ սորվեցայ ինքնաշարժը իւղոտել եւ անոր իւղը փոխել, դրամ խնայելու համար։ Տեսանք թէ ի՛նչպէս Եհովա, իր խոստումին համաձայն, ճամբան կը բանար որ խոչընդոտները յաղթահարէինք։—Մատթէոս 6։33
Միսիոնարական Նշանակումներ
1946–ին, հրաւէր ստացայ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին եօթներորդ դասարանը յաճախելու, որ այն ժամանակ կը գտնուէր Հարաւային Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Մինչեւ այն ատեն, մայրս եւ ես աւելի քան 15 տարի միասին ռահվիրայութիւն ըրած էինք, բայց եւ այնպէս ան միսիոնարական գործին համար մարզում ստանալու իմ պատեհութեանս արգելք չհանդիսացաւ։ Ուստի, քաջալերեց որ Գաղաադու Դպրոց յաճախելու առանձնաշնորհումը ընդունիմ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Փէօրիա, Իլլինոյէն՝ Մարթա Հէսը եւ ես գործակիցներ դարձանք։ Ուրիշ երկու հոգիներու հետ նշանակուեցանք Քլիվլենտ, Օհայօ, մէկ տարի հոն ծառայելու համար, մինչ կը սպասէինք հեռաւոր երկիր մը երթալու մեր նշանակումը։
Այդ նշանակումը եկաւ 1947–ին։ Մարթա եւ ես Հաուայի նշանակուեցանք։ Քանի որ այս կղզիները ներգաղթելը դիւրին էր, մայրս եկաւ եւ մեր մօտ՝ Հոնոլուլու քաղաքին մէջ ապրեցաւ։ Անոր առողջութիւնը կը վատթարանար, ուստի մէկ կողմէն միսիոնարական գործունէութեանս հոգ կը տանէի, միւս կողմէն՝ մօրս։ Կրցայ իրեն հոգ տանիլ մինչեւ 1956, երբ Հաուայիի մէջ մահացաւ 77 տարեկանին։ Երբ Հաուայի հասանք, հոն շուրջ 130 Վկաներ կային, սակայն մօրս մահուան ատեն, անոնց թիւը հազարը անցած էր, եւ այլեւս միսիոնարներու կարիքը չկար։
Ապա, Մարթան եւ ես Դիտարանի Ընկերութենէն նամակ մը ստացանք, որ Ճափոնի մէջ նշանակում մը կ’առաջարկէր մեզի։ Մեր առաջին մտահոգութիւնը եղաւ թէ արդեօք մեր տարիքին կրնայի՞նք Ճափոներէն սորվիլ։ Այն ժամանակ 48 տարեկան էի, իսկ Մարթա ինծմէ միայն չորս տարի պզտիկ էր։ Սակայն հարցը Եհովայի յանձնեցինք եւ այս նշանակումը ընդունեցինք։
1958–ին Նիւ Եորք Քաղաքի, Եանգի Սթէտիումին եւ Փոլօ Կրաունտզին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովէն անմիջապէս ետք, նաւ նստելով դէպի Թոքիօ ուղղուեցանք։ Ուժեղ փոթորիկ մը հարուածեց մեզ մինչ Եօքօհամայի նաւահանգիստը կը մօտենայինք. ուր մեզի կը սպասէին Տոն եւ Մէյպըլ
Հասլէթը, Լոյտ եւ Մէլպա Պէրրին եւ ուրիշ միսիոնարներ։ Այդ ժամանակ, Ճափոնի մէջ միայն 1,124 Վկաներ կային։Անմիջապէս սկսանք Ճափոներէն սորվիլ եւ դռնէ դուռ ծառայութեան մասնակցիլ։ Անգլերէն այբուբենը գործածելով, Ճափոներէնով մեր ներկայացումները կը գրէինք, զորս ծառայութեան մէջ կը կարդայինք։ Ասոնց ընդառաջելով, տանտէրները կ’ըսէին, «Եորոշիի տէսու» կամ «Քէքքօ տէսու», որոնք սորվեցանք թէ կը նշանակէին «Աղէկ է» կամ՝ «Լաւ է»։ Բայց միշտ չէինք հասկնար թէ տանտէրը հետաքրքրուա՞ծ էր թէ ոչ, քանի որ այդ բառերը նաեւ կը գործածուէին մերժում արտայայտելու համար։ Իմաստը կախեալ էր անհատին ձայնի եղանակէն կամ դէմքի արտայայտութենէն։ Ժամանակ առաւ մինչեւ որ սորվեցանք ասոնք մեկնաբանել։
Փորձառութիւններ՝ Որոնք Սիրտս Տոգորեցին
Մինչ տակաւին լեզուական դժուարութիւններու հետ կը պայքարէի, Միթսուպիշի Ընկերութեան ննջասրահ մը այցելեցի, ուր հանդիպեցայ 20 տարեկան կնոջ մը։ Ան Աստուածաշունչի գիտութեան մէջ յառաջդիմեց եւ 1966–ին մկրտուեցաւ։ Տարի մը ետք ռահվիրայութեան սկսաւ եւ շատ չանցած մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցաւ։ Անկէ ի վեր ան կը ծառայէ այս հանգամանքով։ Ինծի համար միշտ ներշնչման աղբիւր մը եղած է տեսնել թէ ան ի՛նչպէս երիտասարդութենէն ի վեր իր ժամանակն ու կորովը գործածած է լիաժամ ծառայութեան մէջ։
Աստուածաշունչի ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնելը մեծ մարտահրաւէր մըն է, մանաւա՛նդ ոչ Քրիստոնեայ ընկերութեան մը մէջ ապրող անհատներու համար։ Սակայն, հազարաւորներ դիմակալեցին այս մարտահրաւէրը, մէջը ըլլալով անհատներ որոնց հետ ես ուսումնասիրեցի Աստուածաշունչը։ Անոնք ձերբազատուեցան պուտտայական մեծածախս խորաններէ եւ շինթոյական դարաններէ, զորս սովորաբար կը գտնէք ճափոնական տուներու մէջ։ Քանի որ ազգականներ երբեմն սխալ կը Գործք 19։18-20
մեկնաբանեն այսպիսի արարքներ, զայն մեռած նախահայրերուն հանդէպ յարգանքի պակաս նկատելով, ասիկա ընելը նորեկներուն կողմէ քաջութիւն կը պահանջէ։ Անոնց խիզախ արարքները կը նմանին նախկին Քրիստոնեաներու արարքներուն, որոնք ձերբազատուեցան սուտ կրօնքի առնչակից իրերէն։—Կը յիշեմ Աստուածաշունչի աշակերտ մը, տանտիկին մը, որ կը ծրագրէր իր ընտանիքին հետ Թոքիոյէն դուրս փոխադրուիլ։ Ան կը փափաքէր նոր տուն մը երթալ, որ զերծ էր հեթանոսական պաշտամունքի հետ կապ ունեցող իրերէ։ Ուստի ան իր փափաքը ամուսնոյն յայտնեց եւ ան յօժարակամօրէն համագործակցեցաւ։ Ան ուրախութեամբ ինծի պատմեց ասոր մասին, ապա յիշեց թէ մեծ, մարմարեայ սուղնոց ծաղկաման մըն ալ ծրարած էր, զոր գնած էր որովհետեւ ըսուած էր թէ անիկա տան մէջ երջանկութիւն կ’երաշխաւորէր։ Քանի որ սուտ պաշտամունքի հետ անոր կապ ունենալուն վրայ կասկած ունէր, զայն մուրճով մը փշրեց եւ աղբին մէջ նետեց։
Ինծի համար շատ վարձահատոյց եւ գոհացուցիչ փորձառութիւն մը եղած է տեսնել այս կինը, եւ ուրիշներ, որոնք յօժարակամօրէն ձերբազատուած են սուտ կրօնքի հետ կապ ունեցող սուղ իրերէ եւ խիզախօրէն Եհովայի ծառայութեան մէջ նոր կեանք մը սկսած են։ Կանոնաւորաբար Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ որ կարող եղած եմ աւելի քան 40 տարի Ճափոնի մէջ միսիոնարական ծառայութիւնը վայելել։
Արդի «Հրաշքներ»
Երբ լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուցած աւելի քան 70 տարիներուս մասին մտածեմ, կը հիանամ այն բաներուն վրայ որոնք ինծի համար արդի հրաշքներ կը թուին։ Ամչկոտ բնաւորութեան տէր պատանուհի մը ըլլալով, մտքէս իսկ չէր անցներ որ պիտի կարենայի ամբողջ կեանքս անցընել, Թագաւորութեան մասին խօսելու համար նախաքայլը առնելու, որու մասին մարդոց մեծամասնութիւնը լսել անգամ չ’ուզեր։ Սակայն, ոչ միայն կրցայ ասիկա ընել, այլ տեսայ հարիւրաւոր անհատներ, եթէ ոչ հազարաւորներ, որ ասիկա կ’ընեն։ Իսկ անոնք ասիկա ա՛յնքան ազդեցիկ կերպով ըրած են, որ 1958–ին Ճափոն հասած ժամանակս, հոն գտնուող հազարէն քիչ մը աւելի Վկաներուն թիւը, ներկայիս 222,000–ը անցած է։
Երբ Մարթա եւ ես առաջին անգամ Ճափոն հասանք, Թոքիոյի մասնաճիւղին մէջ բնակելու նշանակում ստացանք։ 1963–ին, այդ վայրին մէջ, վեց յարկանի մասնաճիւղի նոր շէնք մը կառուցուեցաւ, եւ անկէ ի վեր հոն կը բնակինք։ Նոյեմբեր 1963–ին, այն 163 հոգիներուն մէջ կը գտնուէինք, որոնք ներկայ էին նաւակատիքի դասախօսութեան, որ տրուեցաւ մեր մասնաճիւղի տեսուչին՝ Լոյտ Պէրրիի կողմէ։ Մինչեւ այն ատեն, Ճափոնի մէջ Վկաներուն թիւը 3,000–ի հասած էր։
Կը հրճուիմ տեսնելով Թագաւորութեան քարոզչութեան գործունէութեան արտակարգ աճումը. 1972–ին անիկա հասաւ 14,000–ի, երբ Նումազու քաղաքին մէջ ընդլայնուած նոր մասնաճիւղ մը ամբողջացաւ։ Սակայն, 1982–ին Ճափոնի մէջ աւելի քան 68,000 Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ կային, եւ աւելի մեծ մասնաճիւղ մը կառուցուեցաւ Էպինա քաղաքին մէջ, Թոքիոյէն գրեթէ 80 քիլոմեթր հեռու։
Մինչ այդ, Թոքիոյի կեդրոնը գտնուող նախկին մասնաճիւղի շէնքը նորոգուեցաւ։ Ժամանակ մը ետք, անիկա ծառայեց որպէս միսիոնարական տուն, աւելի քան 20 միսիոնարներու համար, որոնք Ճափոնի մէջ 40, 50, կամ աւելի տարիներ ծառայած են, մէջը ըլլալով ես եւ երկար տարիներու ընկերակիցս՝ Մարթա Հէսը։ Մեր հետ կը բնակին նաեւ բժիշկ մը եւ իր կինը, որ հիւանդապահուհի մըն է։ Անոնք մեզ կը խնամեն, սիրալիր կերպով հոգ տանելով մեր առողջապահական կարիքներուն։ Վերջերս, անձնակազմին վրայ ուրիշ հիւանդապահուհի մըն ալ աւելցաւ, իսկ Քրիստոնեայ քոյրեր օրուան ընթացքին կու գան որպէս հիւանդապահուհիներու օգնականներ։ Էպինայի Պէթէլի ընտանիքէն երկու անդամներ հերթականօրէն կու գան մեր տունը մաքրելու եւ ճաշեր պատրաստելու համար։ Արդարեւ, Եհովա մեզի հանդէպ բարերար գտնուած է։—Սաղմոս 34։8, 10
Անցեալ Նոյեմբերին, միսիոնարական կեանքիս մէջ յատկանշական դէպք մը պատահեցաւ՝ երկար տարիներ որպէս միսիոնար ծառայողներէս շատերուն ներկայ բնակավայրին նաւակատիքէն 36 տարիներ ետք։ 13 Նոյեմբեր 1999–ին, կը գտնուէի 4,486 ներկաներուն մէջ, մէջը ըլլալով 37 երկիրներէ եկած հարիւրաւոր տարեց Վկաներ, որոնք Էպինայի՝ Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան Ճափոնի մասնաճիւղին՝ ընդլայնուած համալիրին նաւակատիքին ներկայ գտնուեցան։ Ներկայիս, այս մասնաճիւղի ընտանիքին մէջ կան շուրջ 650 անդամներ։
Մօտաւորապէս 80 տարուան ընթացքին՝ այն օրէն ի վեր, երբ ամչնալով սկսայ տունէ տուն սուրբ գրային պատգամներ ներկայացնել, Եհովա ինծի համար կազդուրիչ ոյժ մը եղած է։ Ան ինծի օգնած է որ իմ ամչկոտութիւնս յաղթահարեմ։ Հաստատօրէն կը հաւատամ թէ Եհովա կրնայ գործածել իրեն վստահող ոեւէ անհատ, նոյնիսկ անոնք որոնք ինծի պէս չափազանց ամչկոտ են։ Իսկ ի՜նչ գոհացուցիչ կեանք մը ունեցած եմ օտարներու խօսելով մեր Եհովա Աստուծոյն մասին։
[Նկար՝ էջ 21]
Մօրս եւ Քլէրընսի հետ, որ Պէթէլէն մեզի այցելութեան եկած էր
[Նկար՝ էջ 23]
Մեր դասարանի անդամները մինչ անոնք կ’ուսումնասիրեն Գաղաադու Դպրոցին ճեմարանին մէջ, Հարաւային Լէնսինկի մօտ, Նիւ Եորք
[Նկար՝ էջ 23]
Ձախին՝ ես, Մարթա Հէս եւ մայրս, Հաուայիի մէջ
[Նկար՝ էջ 24]
Աջին՝ Թոքիոյի մէջ մեր միսիոնարական տան անդամները
[Նկար՝ էջ 24]
Վարը՝ երկար տարիներու ընկերակիցս՝ Մարթա Հէսը
[Նկար՝ էջ 25]
Էպինայի մեր ընդարձակուած մասնաճիւղի համալիրին նաւակատիքը եղաւ անցեալ Նոյեմբերին