«Քրիստոնէութեան» փոխուող դիմագիծը Աստուծոյ ընդունելի՞ է
«Քրիստոնէութեան» փոխուող դիմագիծը Աստուծոյ ընդունելի՞ է
ԵՆԹԱԴՐԵՆՔ թէ գծագրիչի մը յանձնարարութիւն կու տաք որ ձեր դիմանկարը գծէ։ Երբ զայն կ’աւարտէ, կը հիանաք. նմանութիւնը կատարեալ է։ Կը մտածէք ձեր զաւակներուն, թոռներուն եւ անոնց թոռներուն մասին, թէ ի՜նչ մեծ հպարտութեամբ պիտի դիտեն այս դիմանկարը։
Սակայն, քանի մը սերունդ ետք, ձեր զաւակներէն մէկը կը խորհի թէ դիմանկարին մէջ ձեր մազերուն քիչ ըլլալը անհաճելի է, ուստի մազ աւելցնել կու տայ։ Ուրիշ մը քթին ձեւը չի հաւնիր, ուստի զայն փոխել կու տայ։ Յաջորդ սերունդները ուրիշ «բարեճշդումներ» կը մտցնեն, այնպէս որ ի վերջոյ դիմանկարը շատ քիչ կը նմանի ձեզի։ Եթէ գիտնայիք թէ ասիկա պիտի պատահէր, ի՞նչպէս պիտի զգայիք։ Անկասկած պիտի զայրանայիք։
Դժբախտաբար, այս դիմանկարին պատմութիւնը, իսկութեան մէջ, անուանական Քրիստոնեայ եկեղեցիին պատմութիւնն է։ Աշխարհիկ պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Քրիստոսի առաքեալներուն մահէն ետք, «Քրիստոնէութեան» պաշտօնական դիմագիծը սկսաւ փոխուիլ, ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը նախագուշակած էր։—Մատթէոս 13։24-30, 37-43. Գործք 20։30 *
Անշուշտ, որոշ չափով պատշաճ է Աստուածաշունչի սկզբունքները զանազան մշակոյթներու եւ դարաշրջաններու կիրարկել։ Սակայն, բոլորովին տարբեր հարց մըն է Աստուածաշունչի ուսուցումները փոխել, ժողովրդական գաղափարներու յարմարեցնելու համար։ Բայց, ճիշդ ա՛յս է որ պատահած է։ Նկատի առէք զոր օրինակ, կարեւոր մարզերու մէջ եղած փոփոխութիւնները։
Եկեղեցին կը Միանայ Պետութեան
Յիսուս սորվեցուց թէ իր իշխանութիւնը կամ Թագաւորութիւնը երկնային է, որ որոշուած ժամանակին՝ պիտի կործանէր մարդկային բոլոր իշխանութիւնները եւ ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէր։ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10) Անիկա մարդկային քաղաքական դրութեանց միջոցաւ պիտի չիշխէր։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»։ (Յովհաննու 17։16. 18։36) Ուստի, Յիսուսի աշակերտները, օրինապահ ըլլալով հանդերձ, քաղաքականութենէ հեռու կեցան։
Սակայն, չորրորդ դարուն՝ Հռովմի Կոստանդին Կայսրին օրով, դաւանեալ Քրիստոնեաներէն շատեր Քրիստոսի վերադարձը եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատուիլը չուզեցին սպասել։ Քաղաքականութեան նկատմամբ անոնց տեսակէտը աստիճանաբար փոխուեցաւ։ Եւրոպա՝ Պատմութիւն մը (Անգլերէն) գիրքը կ’ըսէ. «Կոստանդինէն առաջ, Քրիստոնեաներ չէին փորձեր [քաղաքական] հեղինակութիւն ձեռք ձգել, որպէս իրենց դատը յառաջ տանելու միջոց մը։ Կոստանդինէն ետք, Քրիստոնէութիւնը եւ բարձրաստիճան քաղաքագէտները ձեռք ձեռքի տուին»։ Ձեւափոխուած Քրիստոնէութիւնը Հռովմէական Կայսրութեան պաշտօնական՝ «տիեզերական» կամ «կաթողիկէ»՝ կրօնքը եղաւ։
Մատթէոս 23։9, 10. 28։19, 20) Պատմագէտ Հ. Ճ. Ուէլզ գրեց չորրորդ դարու Քրիստոնէութեան եւ «Նազովրեցի Յիսուսի ուսուցումին» միջեւ եղած «աչքառու տարբերութիւններուն» մասին։ Այս «աչքառու տարբերութիւններ»ը նոյնիսկ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի մասին եղած հիմնական ուսուցումներուն ազդեցին։
Կրէյթ Էյճըզ աֆ Մէն համայնագիտարանը կ’ըսէ թէ Եկեղեցի–Պետութիւն այս ամուսնութեան պատճառաւ, «Ք.Ե. 385–ին, Քրիստոնեաներու դէմ եղած վերջին մեծ հալածանքի ալիքէն միայն 80 տարի ետք, նոյնինքն Եկեղեցին սկսած էր հաւատուրացներ մահապատիժի ենթարկել, իսկ անոր կղերները գրեթէ կայսրերուն համահաւասար հեղինակութիւն կը բանեցնէին»։ Այսպէս սկսաւ դարաշրջան մը, ուր համոզումին տեղ սուրը առաւ, որպէս հաւատափոխութեան միջոց, իսկ առաջին դարու խոնարհ քարոզիչները փոխարինուեցան տիտղոսակիր ու փառատենչ կղերներով։ (Աստուած Ձեւափոխել
Քրիստոս եւ իր աշակերտները սորվեցուցին թէ միայն «մէկ Աստուած» կայ, կը զատորոշուի իր Եհովա անունով, որ Աստուածաշունչի նախկին ձեռագիրներուն մէջ շուրջ 7,000 անգամ կ’երեւնայ։ (Ա. Կորնթացիս 8։6. Սաղմոս 83։18) Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած էր. ան «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն է, կ’ըսէ Աստուածաշունչը Կողոսացիս 1։15–ի մէջ։ Ուստի, որպէս արարած, Յիսուս անկեղծօրէն ըսաւ. «Հայրս ինծմէ մեծ է»։—Յովհաննու 14։28
Սակայն երրորդ դարուն, կարգ մը հեղինակաւոր կղերներ, Յոյն հեթանոս փիլիսոփայ Պղատոնի երրորդութեան ուսուցումով հրապուրուած, սկսան Աստուած ձեւափոխել Երրորդութեան բանաձեւին յարմարեցնելու համար։ Յաջորդող դարերուն, այս վարդապետութիւնը Յիսուսը՝ Եհովայի հաւասարեցուց եւ Աստուծոյ սուրբ հոգին՝ կամ գործօն ոյժը, անձնաւորութեան մը վերածեց, առանց Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած ըլլալու։
Եկեղեցիին Երրորդութեան հեթանոսական գաղափարը որդեգրելուն մասին, Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը կ’ըսէ. «‘Մէկ Աստուած երեք անձերու մէջ’ բանաձեւը Դ. դարէն առաջ զօրաւոր կերպով հաստատուած չէր, ոչ ալ քրիստոնէական կեանքին եւ անոր հաւատքի դաւանանքին մէջ լիովին իւրացուած էր։ Սակայն, ճիշդ այս բանաձեւն է որ Երրորդութեան վարդապետութիւն յորջորջումը առաջին անգամ հաստատեց։ Առաքելական Հայրերուն մէջ, ոչինչ կար որ նոյնիսկ հեռուէն մօտենար այսպիսի մտայնութեան կամ տեսակէտի»։
Նմանապէս, Ամերիքանա Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Չորրորդ դարու Երրորդութենականութիւնը Աստուծոյ բնոյթին շուրջ նախկին քրիստոնէական ուսուցումը ճշգրտօրէն չարտացոլացուց. ընդհակառակը, անիկա այդ ուսուցումէն շեղում մըն էր»։ Օքսֆորտ Գոմփանյըն դու տը Պայպըլ–ը Երրորդութիւնը կը կոչէ կարգ մը «հետագայ դաւանութեան բանաձեւերէն» մէկը։ Սակայն, Երրորդութիւնը եկեղեցիին մէջ ներմուծուած միակ հեթանոսական գաղափարը չէր։
Հոգիին Ձեւափոխումը
Ներկայիս ընդհանրապէս ընդունուած է թէ մարդիկ անմահ հոգի մը ունին, որ մարմինը մեռնելէն ետք կը վերապրի։ Բայց գիտէի՞ք թէ այս եկեղեցական ուսուցումն ալ հետագային աւելցուած բան մըն էր։ Յիսուս հաստատեց սուրբ գրային այն ճշմարտութիւնը թէ մեռելները «բան մը չեն գիտեր», թէ անոնք որպէս թէ քնացած են։ (Ժողովողի 9։5. Յովհաննու 11։11-13) Կեանքը յարութեան միջոցաւ պիտի վերահաստատուի՝ մահուան քունէն ‘դարձեալ վերականգնելով’։ (Յովհաննու 5։28, 29) Անմահ հոգի մը՝ եթէ գոյութիւն ունենար՝ յարութեան կարիքը չունի, քանի որ անմահութիւնը կը խափանէ մահը։
Յիսուս նոյնիսկ յարութեան սուրբ գրային ուսուցումը ցուցադրեց՝ մեռելներ յարուցանելով։ Նկատի առէք զոր օրինակ Ղազարոսը, որ չորս օրէ մեռած էր։ Երբ Յիսուս զինք յարուցանեց, Ղազարոս գերեզմանէն դուրս եկաւ որպէս կենդանի, շնչող արարած մը։ Երբ Ղազարոս մեռելներէն արթնցաւ, անմահ հոգի մը երկնային երանութենէն ետ դէպի իր մարմինը չվերադարձաւ։ Եթէ այս ըլլար պարագան, Յիսուս զինք յարուցանելով լաւութիւն մը ըրած չէր ըլլար։—Յովհաննու 11։39, 43, 44
Ուրեմն, անմահ հոգիի վարկածին աղբիւրը ի՞նչ է։ Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան Ուէսթմինիսթըր Բառարանը կ’ըսէ թէ գաղափարը «աւելի կը պարտի յունական փիլիսոփայութեան քան՝ սուրբ գրային յայտնութեան»։ Հրէական Համայնագիտարանը կը բացատրէ. «Այն հաւատալիքը թէ մարմնին մեռնելէն ետք հոգին իր գոյութիւնը կը շարունակէ, փիլիսոփայական կամ աստուածաբանական ենթադրութեան հարց է եւ ոչ թէ՝ հաւատքի, եւ այս պատճառաւ ալ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ որեւէ տեղ անիկա յստակօրէն չ’ուսուցանուիր»։
* Սակայն, Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ թէ «մեղքին վարձքը մահ է», եւ ոչ թէ՝ յաւիտենական տանջանք։ (Հռովմայեցիս 6։23) Ուստի, յարութիւնը նկարագրելով Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին»։ Նոյնպէս, Արարատ թարգմանութիւնը կ’ըսէ թէ «ծովն . . . եւ մահը եւ դժոխքը իրանց մէջի մեռելները տուին»։ Այո, ինչպէս Յիսուս ըսաւ, դժոխքին մէջինները պարզապէս մեռած՝ ‘քնացած’ են։—Յայտնութիւն 20։13
Յաճախ, սուտ մը միւսին կ’առաջնորդէ եւ հոգիի անմահութեան ուսուցումին պարագան այս է։ Անիկա ճամբան հարթեց կրակոտ դժոխքի մէջ յաւիտենական տանջանքի հեթանոսական վարդապետութեան։Անկեղծօրէն կը հաւատա՞ք թէ դժոխքին մէջ յաւիտենական դատապարտութեան ուսուցումը մարդիկը Աստուծոյ կը մօտեցնէ։ Անշուշտ ոչ։ Արդար ու սիրալիր մարդոց մտքերուն մէջ, ասիկա նողկալի գաղափար մըն է։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը՝ կը սորվեցնէ թէ «Աստուած սէր է» եւ թէ անգթութիւնը՝ նոյնիսկ անասուններուն հանդէպ, իրեն զզուելի է։—Ա. Յովհաննու 4։8. Առակաց 12։10. Երեմեայ 7։31. Յովնանու 4։11
«Դիմանկար»ը Խեղաթիւրել Ներկայ Ժամանակներուն Մէջ
Աստուծոյ եւ Քրիստոնէութեան խեղաթիւրումը տակաւին կը շարունակուի այսօր։ Կրօնքի ուսուցիչ մը վերջերս նկարագրեց իր Բողոքական եկեղեցիին մէջ եղած պայքարը, որպէս՝ «Սուրբ Գրքի ու հաւատամքի հեղինակութիւնը, ընդդէմ՝ օտար ու մարդկային գաղափարախօսութիւններու հեղինակութեան, Քրիստոսի տէրութեան հանդէպ եկեղեցիին հաւատարմութիւնը, ընդդէմ՝ Քրիստոնէութիւնը դարուս հոգիին հետ յարմարեցնելու եւ փոփոխութեան ենթարկելու [պայքարին]։ Խնդրոյ առարկայ եղող հարցը այս է. Ո՞վ Եկեղեցիին ուղղութիւնը կ’որոշէ . . . Սուրբ Գրութիւննե՞րը թէ օրուան տիրական եղող գաղափարախօսութիւնը»։
Դժբախտաբար, «օրուան տիրական եղող գաղափարախօսութիւնը» տակաւին յաղթական դուրս կու գայ։ Գաղտնիք մը չէ, զոր օրինակ, թէ շատ մը եկեղեցիներ զանազան հարցերու շուրջ իրենց կեցուածքը փոփոխութեան ենթարկած են, յառաջդիմական եւ լայնախոհ երեւնալու համար։ Յատկապէս բարոյական հարցերու մէջ, եկեղեցիները բաւական ազատամիտ եղած են, ինչպէս յիշուեցաւ բացման յօդուածին մէջ։ Սակայն, Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ թէ պոռնկութիւնը, շնութիւնը եւ միասեռականութիւնը Աստուծոյ աչքին լուրջ մեղքեր են եւ թէ այսպիսի մեղքեր գործողները ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն’։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Մատթէոս 5։27-32. Հռովմայեցիս 1։26, 27
Երբ Պօղոս առաքեալ վերոյիշեալ խօսքերը գրեց, իր շուրջ գտնուող Յունա–Հռովմէական աշխարհը ամէն տեսակ ամբարշտութեամբ լեցուն էր։ Պօղոս կրնար պատճառաբանել. ‘Այո, Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը մոխրացուց սեռային լուրջ մեղքերու համար, բայց ասիկա 2,000 տարի առաջ էր։ Անկասկած, ասիկա չի կիրարկուիր այս լուսաւորուած դարուն’։ Սակայն, ան այսպէս չխորհեցաւ. ան մերժեց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը խեղաթիւրել։—Գաղատացիս 5։19-23
Իսկական «Դիմանկարին» Նայեցէք
Իր օրուան Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն խօսելով, Յիսուս ըսաւ թէ անոնց պաշտամունքը ‘պարապ էր, քանի որ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն կը սորվեցնէին’։ (Մատթէոս 15։9) Այդ կղերները Մովսէսի միջոցաւ տրուած Եհովայի Օրէնքին ըրին ճիշդ այն ինչ որ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները Քրիստոսի ուսուցումին ըրին եւ տակաւին կ’ընեն. անոնք աստուածային ճշմարտութեան վրայ աւանդութեան «ներկ» թափեցին։ Սակայն Յիսուս պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն օգտին համար բոլոր ստութիւնները մերկացուց։ (Մարկոս 7։7-13) Յիսուս ճշմարտութիւնը խօսեցաւ, անիկա ժողովրդական ըլլար կամ ոչ։ Աստուծոյ Խօսքը միշտ իր հեղինակաւոր աղբիւրն էր։—Յովհաննու 17։17
Ի՜նչ հակասութիւն կայ Յիսուսի եւ դաւանեալ Քրիստոնեաներուն միջեւ։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը նախագուշակեց. «Մարդիկ հետամուտ պիտի ըլլան վերջին նորոյթին եւ պիտի ժողվեն . . . ուսուցիչներ իրենց ճաշակին համաձայն. Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4, Երուսաղէմի Աստուածաշունչ) Այս առասպելները, որոնցմէ քանի մը հատը նկատի առինք, հոգեւորապէս կործանարար են, մինչդեռ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը շինիչ է եւ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Այս ճշմարտութիւնն է որ Եհովայի Վկաները կը քաջալերեն ձեզ որ քննէք։—Յովհաննու 4։24. 8։32. 17։3
ապա, փոխանակ ճշմարտութեան ականջ տալու, առասպելներու պիտի դառնան»։ ([Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Ինչպէս որ Յիսուս ցորենի ու որոմի առակին, նաեւ լայն ու նեղ ճամբաներու իր օրինակին մէջ յայտնեց (Մատթէոս 7։13, 14), դարերու ընթացքին ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը քիչեր պիտի գործադրէին։ Սակայն, անոնք շուքի մէջ պիտի ձգուէին որոմանման մեծամասնութեան մը կողմէ, որոնք իրենք զիրենք եւ իրենց ուսուցումները յառաջ պիտի մղէին, որպէս Քրիստոնէութեան իսկական դիմագիծը։ Մեր յօդուածը ա՛յս դիմագծին է որ կ’ակնարկէ։
^ պարբ. 19 «Դժոխք» բառը, Եբրայերէն Շէօլ եւ Յունարէն Հատէս բառերէն թարգմանուած է, որոնք պարզապէս կը նշանակեն «գերեզման»։ Հետեւաբար, մինչ Գինկ Ճէյմս Թարգմանութեան Անգլիացի թարգմանիչները Շէօլ բառը 31 անգամ «դժոխք» թարգմանած են, անոնք զայն 31 անգամ «գերեզման» իսկ 3 անգամ ալ «գուբ» թարգմանած են, այսպիսով ցոյց տալով թէ այս բառերը հիմնականօրէն նոյն բանը կը նշանակեն։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 7]
Քրիստոնեայ անուան ծագումը
Յիսուսի մահուընէ առնուազն տասը տարի ետք, իր հետեւորդները կը ճանչցուէին որպէս «ճամբուն» հետեւողներ։ (Գործք 9։2. 19։9, 23. 22։4, ՆԱ) Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնց ապրելակերպին կորիզը կը կազմէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը, որ «ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանք»ն է։ (Յովհաննու 14։6) Ապա, Հ.Դ. 44–էն ժամանակ մը ետք, Սուրիոյ Անտիոքին մէջ, Յիսուսի աշակերտները «աստուածային նախախնամութեամբ Քրիստոնեաներ կոչուեցան»։ (Գործք 11։26, ՆԱ) Այս անունը շուտով սկսաւ գործածուիլ, նոյնիսկ կառավարական պաշտօնեաներու կողմէ։ (Գործք 26։28) Նոր անունը չփոխեց քրիստոնէական կենցաղը, որ շարունակեց Քրիստոսին օրինակին հետեւիլ։—Ա. Պետրոս 2։21
[Նկարներ՝ էջ 7]
Իրենց հանրային ծառայութեամբ, Եհովայի Վկաները մարդիկը կ’ուղղեն Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]
Third from left։ United Nations/Photo by Saw Lwin