Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անպատկառ մարդոցմէ ազդուա՞ծ էք

Անպատկառ մարդոցմէ ազդուա՞ծ էք

Անպատկառ մարդոցմէ ազդուա՞ծ էք

«ԱՆՊԱՏԿԱՌԸ այն անհատն է որ մարդուն մէջ բնա՛ւ լաւ յատկութիւն մը չի տեսներ, իսկ գէշը տեսնելու բնա՛ւ չի թերանար։ Ան մարդկային բու մըն է, մութին մէջ սրատես, իսկ լոյսին՝ կոյր. միջատ կ’որսայ եւ բնաւ չի տեսներ որսացուելիք ազնիւ անասունները»։ Այս կարծիքը վերագրուած է ԺԹ. դարու Ամերիկացի կղերականի մը՝ Հէնրի Ուորտ Պիչըրի։ Շատեր կը խորհին որ ասիկա ճշգրիտ կերպով կը նկարագրէ արդի անպատկառի մը հոգին։ Բայց «անպատկառ» [սինիք] բառը ծագում առած է հին Յունարէնէն, ուր այս բառը պարզապէս այսպիսի կեցուածք ունեցող մը չի նշեր։ Դարերով, ան կ’ակնարկէր փիլիսոփաներու դպրոցի մը։

Սինիքներու փիլիսոփայութիւնը ի՞նչպէս զարգացաւ։ Անոնք ի՞նչ կը սորվեցնէին։ Սինիքի մը բնաւորութեան գծերը փափաքելի՞ են Քրիստոնեայի մը համար։

Վաղեմի Սինիքները՝ Իրենց Ծագումն ու Հաւատալիքները

Վաղեմի Յունաստանը զրոյցի եւ բանավէճի օճախ մըն էր։ Մինչեւ մեր Հասարակ Դարաշրջանը առաջնորդող դարերու տեւողութեան, Սոկրատի, Պղատոնի ու Արիստոտէլի նման մարդիկ փիլիսոփայութիւններ առաջադրեցին, որոնք զիրենք համբաւաւոր դարձուցին։ Անոնց ուսուցումները խոր ազդեցութիւն ունեցան մարդոց վրայ, եւ այսպիսի գաղափարներ տակաւին կը գտնենք Արեւմտեան մշակոյթին մէջ։

Սոկրատ (Հ.Դ.Ա. 470-399) պատճառաբանեց որ մնայուն ուրախութիւնը նիւթական բաներ հետապնդելու, կամ ցանկասէր հաճոյքներ վայելելու մէջ չի կայանար։ Ան պնդեց որ իրական ուրախութիւնը կու գայ առաքինութիւն փնտռելու նուիրուած կեանքէ մը։ Սոկրատ կը նկատէր որ առաքինութիւնը ծայրագոյն բարութիւնն է։ Այս նպատակին հասնելու համար, ան նիւթական պերճանքները եւ անհարկի ճիգերը մերժեց, քանի որ խորհեցաւ որ այս բաները իր ուշադրութիւնը պիտի շեղէին։ Ան չափաւորութիւնը եւ ինքնամերժութիւնը պաշտպանեց, պարզ եւ համեստ կեանք մը վարելով։

Սոկրատ ուսուցումի ձեւ մը զարգացուց որ կը կոչուի Սոկրատեան կերպ։ Մինչ մտաւորականներէն շատեր գաղափար մը կը ներկայացնէին եւ անոր նեցուկ կանգնող պատճառաբանութիւններ կու տային, Սոկրատ ասոր հակառակը ըրաւ։ Ան ուրիշ փիլիսոփաներու տեսութիւնները մտիկ կ’ընէր եւ կը փորձէր անոնց գաղափարներուն մէջի թերութիւնները երեւան հանել։ Այս մօտեցումը ուրիշներու նկատմամբ քննադատական ու արհամարհական կեցուածք մը ունենալ քաջալերեց։

Սոկրատի հետեւորդներուն մէջ կար փիլիսոփայ մը, Անտեսթէնէս անունով (շուրջ Հ.Դ.Ա. 445-365)։ Ան եւ կարգ մը ուրիշ անհատներ Սոկրատի հիմնական ուսուցումը քայլ մը անդին տարին, ըսելով որ առաքինութիւնը միակ աղէկ բանն էր։ Իրենց համար, հաճոյք հետապնդելը ոչ թէ պարզապէս զբօսանք մըն էր, այլ՝ չարութեան տեսակ մը։ Չափազանց հակա–ընկերային դառնալով, անոնք իրենց նմաններուն հանդէպ մեծ արհամարհանք ցուցաբերեցին։ Անոնք ճանչցուեցան որպէս Սինիքներ։ Սինիք անունը թերեւս ծագում առած է Յունարէն բառէ մը (գի·նի·գոս), որ կը նկարագրէր անոնց մռայլ եւ ամբարտաւան վարքը։ Անիկա կը նշանակէ՝ «շնանման»։ *

Անոնց Ապրելակերպին Վրայ Ազդեցութիւն

Թէեւ նիւթապաշտութեան եւ ինքնահաճութեան մերժումին նման Սինիք փիլիսոփայութեան կարգ մը մարզեր թերեւս ինքնին գովելի նկատուած են, բայց Սինիքները իրենց գաղափարները ծայրայեղութեան տարին։ Ասիկա բացայայտ է հանրածանօթ Սինիքի՝ Դիոգինէսի, կեանքին մէջ։

Դիոգինէս ծնած էր Հ.Դ.Ա. 412–ին, Սեւ Ծովու վրայ Սինոփէ քաղաքին մէջ։ Ան իր հօրը հետ Աթէնք փոխադրուեցաւ, ուր Սինիքներու ուսուցումներուն հետ շփման մէջ եկաւ։ Դիոգինէս՝ Անտեսթէնէսի կողմէ ուսուցուեցաւ եւ Սինիք փիլիսոփայութեամբ կլանուեցաւ։ Սոկրատ պարզ կեանք մը վարեց, իսկ Անտեսթէնէս՝ խստակեաց կեանք մը։ Սակայն Դիոգինէս ճգնաւորի կեանք վարեց։ Նիւթական հանգստաւէտութիւնը մերժելը շեշտելու համար, այնպէս կը կարծուի թէ՝ Դիոգինէս կարճ ժամանակ մը տակառի մը մէջ ապրեցաւ։

Վերջնագոյն բարին որոնելու ջանքով, կ’ըսուի թէ Դիոգինէս լոյս աչքով վառած լապտերը ձեռքին՝ Աթէնքի փողոցներուն մէջ քալած է առաքինի անհա՛տ մը փնտռելու համար։ Այսպիսի վարմունք մը ուշադրութիւն կը գրաւէր եւ այս կերպով էր որ կը սորվեցնէին Դիոգինէս եւ ուրիշ Սինիքներ։ Ըսուած է որ անգամ մը Մեծն Աղեքսանդրը հարցուցած է Դիոգինէսի թէ ի՛նչ էր իր մեծագոյն փափաքը։ Ըստ տեղեկագրութեան, Դիոգինէս ըսած է թէ միայն կ’ուզէ որ Աղեքսանդր անդին երթայ, որպէսզի արեւուն ճառագայթը չխափանէ։

Դիոգինէս եւ ուրիշ Սինիքներ մուրացկաններու նման ապրեցան։ Անոնք մարդկային բնականոն յարաբերութեանց համար ժամանակ չունէին եւ քաղաքացիական պարտականութիւնները կը մերժէին։ Թերեւս Սոկրատի առարկելու կերպէն ազդուած, անոնք ուրիշներու հանդէպ շատ անյարգալից կերպով կը վարուէին։ Դիոգինէս հանրածանօթ եղաւ իր կծող քամահրանքին համար։ Սինիքները «շնանման» ըլլալու համբաւը շահեցան, բայց Դիոգինէսի ծածկանունն էր՝ Շունը։ Ան մեռաւ շուրջ Հ.Դ.Ա. 320–ին, մօտ 90 տարեկան հասակին։ Իր դամբանին վրայ մարմարիոնէ կոթող մը դրուեցաւ, որ շունի մը կերպարն ալ կը պարփակէր։

Սինիքեան փիլիսոփայութեան կարգ մը երեւոյթները ուրիշ գաղափարախօսական դպրոցներու կողմէ իւրացուեցան։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, Դիոգինէսի հետ արտառոցութիւններ առնչուեցան եւ հետագայ հետեւորդները Սինիք դպրոցը վատահամբաւեցին։ Վերջապէս, անիկա ամբողջովին անյայտացաւ։

Արդի Սինիքներուն Նկարագրի Գծերը Պէ՞տք Է Յայտնաբերէք

Օքսֆորտ Անգլերէն Բառարանը արդի սինիք մը կը նկարագրէ որպէս «անհատ մը, որ անարգականօրէն խօսելու կամ սխալ փնտռելու տրամադրուած է։ . . . Մէկը որ մարդկային շարժառիթներուն եւ արարքներուն անկեղծութեան եւ բարութեան հաւատալու տրամադրուած չէ եւ իր սովորութիւնն է ասիկա արտայայտել քմծիծաղով եւ հեգնանքով. ծաղրական դիտողութեամբ սխալ փնտռող»։ Մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ նկարագրի այս գծերը բացայայտ են, բայց անշուշտ անոնք քրիստոնէական անձնաւորութեան հետ չեն համեմատիր։ Նկատի առէք Աստուածաշունչին հետեւեալ ուսուցումներն ու սկզբունքները։

«Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր»։ (Սաղմոս 103։8, 9) Քրիստոնեաներուն ըսուած է որ «Աստուծոյ նմանող» ըլլան։ (Եփեսացիս 5։1) Եթէ Ամենակալ Աստուած փոխանակ «անարգականօրէն խօսելու կամ սխալ փնտռելու տրամադրուած» ըլլալու, գութ եւ առատ ողորմութիւն կը յայտնաբերէ, վստահաբար Քրիստոնեաներն ալ պէտք է փորձեն նոյնը ընել։

Յիսուս Քրիստոս՝ Եհովայի բուն պատկերը՝ ‘մեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւինք’։ (Ա. Պետրոս 2։21. Եբրայեցիս 1։3) Երբեմն Յիսուս կրօնական կեղծիքներ քօղազերծեց եւ աշխարհի չար գործերուն դէմ վկայեց։ (Յովհաննու 7։7) Բայց գովասանքով խօսեցաւ անկեղծ մարդոց մասին։ Օրինակ, ան Նաթանայէլի մասին ըսաւ. «Ահա իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։ (Յովհաննու 1։47) Երբ Յիսուս հրաշք մը կատարէր, ան երբեմն հրաշքէն օգտուող անհատին հաւատքին կը նայէր։ (Մատթէոս 9։22) Իսկ երբ ոմանք խորհեցան որ կնոջ մը գնահատական նուէրը չափազանցուած էր, Յիսուս անոր շարժառիթին նկատմամբ հեգնական կեցուածք մը չունեցաւ, այլ ըսաւ. «Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։ (Մատթէոս 26։6-13) Յիսուս իր հետեւորդներուն վստահող եւ անոնց հանդէպ կարեկից բարեկամ մըն էր. ան «մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։—Յովհաննու 13։1

Քանի որ Յիսուս կատարեալ էր, ան կրնար դիւրաւ անկատար մարդոց սխալները բռնել։ Սակայն փոխանակ թերահաւատ եւ սխալ–փնտռող հոգի մը ցուցաբերելու, ան փորձեց մարդիկը հանգստացնել։—Մատթէոս 11։29, 30

«[Սէրը] ամէն բանի կը հաւատայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։7) Այս գաղափարը ուղղակիօրէն հակառակն է սինիք տրամադրութեան, որ ուրիշներու շարժառիթներն ու արարքները հարցի տակ կը դնէ։ Անշուշտ, աշխարհը լեցուն է մարդոցմով որոնք թաքուն շարժառիթներ ունին, ուստի զգոյշ պէտք է ըլլանք։ (Առակաց 14։15) Այսուհանդերձ, սէրը կը հաւատայ, քանի որ կը վստահի՝ ո՛չ թէ անտեղիօրէն կը կասկածի։

Աստուած իր ծառաները կը սիրէ ու անոնց կը վստահի։ Ան իրենցմէ լաւ գիտէ անոնց սահմանափակումները։ Սակայն եւ այնպէս, Եհովա բնա՛ւ չի կասկածիր իր ծառաներուն վրայ, եւ անոնցմէ չ’ակնկալեր աւելին քան ինչ որ անոնք տրամաբանօրէն կրնան ընել։ (Սաղմոս 103։13, 14) Ասկէ զատ, Աստուած մարդոց մէջի լաւ բաներուն կը նայի, եւ իր հաւատարիմ՝ բայց անկատար՝ ծառաներուն վստահելով, անոնց առանձնաշնորհումներ եւ հեղինակութիւն կը շնորհէ։—Գ. Թագաւորաց 14։13. Սաղմոս 82։6

«Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ, սրտերը կը փորձեմ, որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ»։ (Երեմեայ 17։10) Եհովա ճշգրիտ կերպով կրնայ անհատի մը սիրտը կարդալ։ Մենք չենք կրնար։ Հետեւաբար, ուրիշներուն կարգ մը շարժառիթներ վերագրելու մէջ ուշադիր պէտք է ըլլանք։

Անպատկառ հոգի մը մեր մէջ արմատ կապելուն, եւ ի վերջոյ մեր մտածումին տիրելուն առիթ տալը, կրնայ բաժանում յառաջ բերել մեր եւ մեր հաւատակիցներուն միջեւ։ Անիկա կրնայ քրիստոնէական ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։ Ուստի, Յիսուսի օրինակին հետեւինք, որ իրապաշտ՝ բայց դրական կերպով կը վարուէր իր աշակերտներուն հետ։ Յիսուս անոնց վստահելի բարեկամը դարձաւ։—Յովհաննու 15։11-15

«Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Ղուկաս 6։31) Յիսուս Քրիստոսի այս խրատը կիրարկելու բազմաթիւ կերպեր կան։ Օրինակ, բոլորս ալ կ’ուզենք որ մարդիկ մեզի հետ ազնուութեամբ եւ յարգանքով խօսին։ Վստահաբար ուրեմն, մենք ալ ուրիշներու հետ ազնիւ եւ յարգալից կերպով պէտք է խօսինք։ Նոյնիսկ երբ կրօնական առաջնորդներուն կեղծ ուսուցումները ուժգնութեամբ քօղազերծեց, Յիսուս որեւէ ժամանակ ասիկա հեգնական կերպով չըրաւ։—Մատթէոս 23։13-36

Անպատկառութեան Դէմ Պայքարելու Կերպեր

Եթէ յուսախաբութիւններու հանդիպած ենք, շատ աւելի հեշտութեամբ կրնանք անպատկառութենէ ազդուիլ։ Այս հակումին դէմ կրնանք պայքարիլ գնահատելով որ Եհովա վստահութեամբ կը վարուի իր անկատար ծառաներուն հետ։ Ասիկա մեզի կրնայ օգնել որ Աստուծոյ ուրիշ երկրպագուները ընդունինք ինչպէս որ են. անկատար անհատներ, որոնք կը ջանան շիտակը ընել։

Խոցոտիչ փորձառութիւններ պատճառ կ’ըլլան որ ոմանք մարդոց վրայ իրենց վստահութիւնը կորսնցնեն։ Ճիշդ է որ մեր ամբողջ վստահութիւնը անկատար մարդոց վրայ դնելը իմաստութիւն չէ։ (Սաղմոս 146։3, 4) Սակայն, քրիստոնէական ժողովքին մէջ, շատեր անկեղծօրէն կը փափաքին քաջալերութեան աղբիւր մը ըլլալ։ Պահ մը խորհեցէք այն հազարաւոր անհատներուն մասին, որոնք իրենց ընտանիքը կորսնցնողներուն համար մայրերու, հայրերու, քոյրերու, եղբայրներու եւ զաւակներուն պէս են։ (Մարկոս 10։30) Խորհեցէք թէ քանիներ իրենց իրական բարեկամներ ըլլալը փաստած են նեղութեան ժամանակ։ *Առակաց 18։24

Յիսուսի հետեւորդները ո՛չ թէ անպատկառութեամբ, այլ եղբայրական սիրով կը ճանչցուին, քանի որ ան ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Ուստի սէր ցոյց տանք եւ մեր Քրիստոնեայ ընկերներուն մէջ գտնուած լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը։ Այսպէս ընելը մեզի պիտի օգնէ որ անպատկառ կամ սինիք բնաւորութեան գծերէն խուսափինք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Ուրիշ հաւանականութիւն մը այն է որ Սինիք անունը կու գայ Գի·նոսար·կէս–էն, Աթէնքի մէջ մարզաւան մը, ուր Անտեսթէնէս կ’ուսուցանէր։

^ պարբ. 27 Տես՝ «Քրիստոնէական Ժողովքը՝ Կազդուրիչ Օգնութեան Աղբիւր մը» յօդուածը, Դիտարան 15 Մայիս 1999–ի մէջ (Անգլերէն)։

[Նկար՝ էջ 21]

Հանրածանօթ Սինիքը՝ Դիոգինէս

[Նկարին աղբիւրը]

From the book Great Men and Famous Women