Բարի լուրը կը ծանուցանուի Թայուանի բրինձի դաշտերուն մէջ
Մենք անոնցմէ ենք որ կը հաւատան
Բարի լուրը կը ծանուցանուի Թայուանի բրինձի դաշտերուն մէջ
ԹԱՅՈՒԱՆԸ սովորաբար առատ անձրեւ կը վայելէ, եւ ասիկա կարելի կը դարձնէ որ տարին երկու անգամ բրինձի բարեբեր բերք մը ունենայ։ Սակայն, երբեմն անձրեւը ժամանակին չի գար եւ ծիլերը կը մեռնին։ Երբ ասիկա պատահի, հողագործը ձեռնթա՞փ կ’ըլլայ։ Ո՛չ։ Ան գիտէ թէ պէտք է յարատեւէ։ Ան նոր ծիլեր կ’աճեցնէ ու դաշտը վերստին կը մշակէ։ Ապա, եթէ վիճակները բարելաւուին, երկրագործը լաւ բերք մը կը հնձէ։ Հոգեւորապէս ցանելն ու հնձելն ալ երբեմն ճիշդ ասոր կը նմանի։
Հոգեւոր Հունձքին Մէջ Յարատեւել
Տարիներու ընթացքին, Թայուանի մէջ գտնուող Եհովայի Վկաները ծանր աշխատած են սուրբ գրային ճշմարտութիւններու հունտեր ցանելու եւ հնձելու համար, կարգ մը շրջաններու մէջ, որոնք ըստ երեւոյթին, անբարեբեր էին։ Օրինակի համար, այս էր պարագան Միա–լի Գաւառին։ Այս շրջանին մէջ վկայելու համար ատենը մէյ մը թափուած ջանքերը, շատ քիչ արդիւնք տուած էին։ Հետեւաբար, 1973–ին, մասնաւոր ռահվիրայ զոյգ մը նշանակուեցաւ որ հոն ծառայէ որպէս լիաժամօրէն Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ։ Սկիզբը, ոմանք բարի լուրին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին։ Սակայն, շատ չանցած այդ հետաքրքրութիւնը մարեցաւ։ Ուստի մասնաւոր ռահվիրայ զոյգը ուրիշ շրջան մը նշանակուեցաւ։
1991–ին, ուրիշ երկու մասնաւոր ռահվիրայ քոյրեր նշանակուեցան հոն։ Սակայն, դարձեալ յաջորդող դէպքերը ցոյց տուին թէ կացութիւնը հոգեւոր աճման համար յարմար չէր։ Քանի մը տարի ետք, մասնաւոր ռահվիրաները վերանշանակուեցան այն դաշտերուն մէջ, որոնք կ’ակնկալուէին աւելի արդիւնաբեր ըլլալ։ Հետեւաբար, ժամանակ մը հողը անմշակ մնաց։
Վերանորոգուած Ջանքեր Յաջողութեամբ կը Պսակուին
1998–ի Սեպտեմբերին, որոշուեցաւ Թայուանի մէջ տակաւին չնշանակուած ընդարձակ թաղամասին մէջ աւելի արդիւնաբեր եղող շրջանները փնտռելու ջանք մը թափել։ Ասիկա ի՞նչպէս պիտի իրագործուէր։ Շուրջ 40 առժամեայ մասնաւոր ռահվիրաներ նշանակելով, որպէսզի խիտ բնակչութիւն ունեցող չնշանակուած թաղամասերու մէջ աշխատին։
Այս արշաւին համար ընտրուած թաղամասերուն մէջ կային Միա–լի Գաւառի մէջ գտնուող երկու դրացի քաղաքներ։ Չորս ամուրի քոյրեր հոն պիտի քարոզէին երեք ամիս, թաղամասը փորձելու համար։ Իրենց ժամանումէն կարճ ժամանակ ետք, անոնք ոգեցունց տեղեկագրութիւններ գրեցին, իրենց գտած մեծ թիւով հետաքրքրուած անհատներուն մասին։ Երբ այդ շրջանին մէջ իրենց երեք ամսուան ռահվիրայութիւնը վերջացաւ, անոնք բազմաթիւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարէին։ Անոնք նաեւ մօտակայ ժողովքէն երէցի մը օգնութեամբ, գրքի ուսումնասիրութեան խումբ մը հաստատեցին։
Այս քոյրերէն երեքը փափաք յայտնեցին այդքան լաւ կերպով աճող մատղաշ «ծիլերուն» հոգատարութիւնը շարունակել։ Հետեւաբար, անոնցմէ երկուքը որպէս մնայուն մասնաւոր ռահվիրաներ նշանակուեցան, իսկ երրորդը՝ շարունակեց հոն ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Մօտակայ ժողովքէն երէց մը այդ շրջանը փոխադրուեցաւ անոնց օգնելու համար։ Աւելի քան 60 անհատներ ներկայ գտնուեցան այդ շրջանին մէջ ներկայացուած առաջին հանրային դասախօսութեան։ Այժմ, մօտակայ ժողովքը կ’օգնէ այս նորաբողբոջ խումբին, որ Կիրակի օրերը կանոնաւորաբար ժողովներ ունենայ, քանի մը գրքի ուսումնասիրութիւններու կողքին։ Շուտով նոր ժողովք մը կրնայ կազմուիլ այս շրջանին մէջ։
Յարատեւութիւնը Օրհնութիւններ կը Բերէ Թայուանի Ուրիշ Մասերուն Մէջ
Ուրիշ շրջաններ միեւնոյն կերպով ընդառաջեցին։ Կղզիին հիւսիս–արեւելեան մասին՝ Ի–լան Գաւառին մէջ, Ժողովքի
Գրքի Ուսումնասիրութեան նոր խումբ մը հաստատուեցաւ, այն շրջանին մէջ, ուր առժամեայ մասնաւոր ռահվիրաները աշխատեցան։Երեկոյ մը մինչ տունէ–տուն կը քարոզէր, առժամեայ մասնաւոր ռահվիրայ քոյր մը երիտասարդի մը հանդիպեցաւ եւ անոր ցոյց տուաւ ժողովներու յայտաթերթիկ մը։ Երիտասարդը անմիջապէս հարցուց. «Կրնա՞մ վաղը գիշեր տեղի ունենալիք ժողովին ներկայ գտնուիլ։ Եթէ այո, ի՞նչ պէտք է հագուիմ»։ Այս ռահվիրայ քոյրը ամէն շաբաթ ութը տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարէր հետաքրքրուած անհատներու հետ։ Աստուածաշունչի աշակերտներէն ոմանք շուտով սկսան ծրագիրներ ընել բարի լուրի հրատարակիչներ ըլլալու, մկրտուելու նպատակակէտով։
Այս նոյն քաղաքին մէջ ուրիշ կին մը կար, որ տարիներէ ի վեր եկեղեցի գացող մըն էր, սակայն մէ՛կը չէր գտած որ իրեն Աստուածաշունչը սորվեցնէր։ Երբ սուրբ գրային ուսումնասիրութեան կարգադրութեան մասին լսեց, ան պատեհութիւնը օգտագործեց։ Իրեն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ իր դասը նախապէս պատրաստէ։ Երբ առժամեայ մասնաւոր ռահվիրան ուսումնասիրութիւնը վարելու եկաւ, տեսաւ որ կինը իր «պարտականութիւնը» կատարած էր. ան նոթատետր մը գնած էր եւ անոր մէջ իր ուսումնասիրելիք նիւթին տպուած հարցումները գրած էր։ Ապա իւրաքանչիւր հարցումին տակ իր անձնական պատասխանները գրած էր։ Ան նաեւ իր նոթատետրին մէջ ընդօրինակած էր իր դասին մէջ յիշուած բոլոր համարները։ Երբ քոյրը այս կնոջ այցելեց առաջին ուսումնասիրութիւնը վարելու համար, կինը արդէն իսկ առաջին երեք դասերը պատրաստած էր։
Նոյնանման արդիւնքներ ձեռք ձգուեցան կեդրոնական Թայուանի Տոնշի գիւղաքաղաքին մէջ։ Առժամեայ մասնաւոր ռահվիրաները աւելի քան 2,000 գրքոյկներ տեղաւորեցին, երեք ամսուան ընթացքին որ հոն քարոզեցին։ Երրորդ ամսուան սկիզբը, անոնք 16 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարէին։ Գիւղաքաղաքը մեծաւ մասամբ կործանուած է երկրաշարժի մը պատճառաւ, որ կեդրոնական Թայուանը հարուածեց 21 Սեպտեմբեր 1999–ին, սակայն, կարգ մը հետաքրքրուած անհատներ կը շարունակեն հոգեւորապէս յառաջդիմել, թէեւ անոնք ստիպուած են մէկ ժամ ճամբայ կտրել, ամենէն մօտ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու ներկայ գտնուելու համար։ Այո, աղէկ հունձք մը հնձելու համար յարատեւութեան կարիքը կայ, անիկա ըլլայ նիւթական՝ թէ հոգեւոր բերք։
[Քարտէս՝ էջ 8]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Թայուանի Նեղուցը
ԹԱՅՈՒԱՆ
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 8]
Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.