Յարութեան յոյսը զօրութիւն ունի
Յարութեան յոյսը զօրութիւն ունի
«Ամէն բանէ զրկուեցայ . . . որպէս զի ճանչնամ [Յիսուս Քրիստոսը] եւ անոր յարութեանը զօրութիւնը»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 3։8-10
1, 2. (ա) Տարիներ առաջ, կղերական մը ի՞նչպէս նկարագրեց յարութիւնը։ (բ) Յարութիւնը ի՞նչպէս տեղի պիտի ունենայ։
ՄԱՄՈՒԼԸ 1890–ական թուականներուն սկիզբը Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք (Ա.Մ.Ն.), կղերականի մը բացառիկ մէկ քարոզը տեղեկագրեց։ Ան ըսաւ որ յարութիւնը մարդկային մարմինը կազմող բոլոր ոսկորներուն ու միսերուն վերահաւաքումով եւ վերակենդանացումով տեղի պիտի ունենայ, անոնք ըլլան կրակով կամ արկածով փճացած, թէ գազանի մը կողմէ յօշոտուած, կամ՝ հողի պարարտացուցիչ դարձած։ Քարոզիչը դաւանեցաւ որ 24 ժամէ բաղկացած որոշ օր մը, մթնոլորտը պիտի խաւարի ձեռքերով, բազուկներով, ոտքերով, մատներով, ոսկորներով, մկաններով եւ միլիառաւոր մեռելներու մորթերով։ Ասոնք նոյն մարմնին մնացեալ մասերը պիտի փնտռեն։ Այն ատեն հոգիները երկինքէն եւ դժոխքէն պիտի գան, այս յարուցեալ մարմիններուն մէջ բնակելու համար։
2 Նախնական հիւլէներու վերակազմումով յարութիւն մը անտրամաբանական է եւ մարդիկ անմահ հոգի մը չունին։ (Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4) Եհովա՝ յարութեան Աստուածը, կարիքը չունի մարդուն նախկին մարմինը կազմած նիւթերու հիւլէները վերահաւաքելու։ Ան յարուցուողներուն կրնայ նոր մարմիններ տալ։ Եհովա իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելները յարուցանելու զօրութիւնը շնորհած է՝ յաւիտենական կեանքի կարելիութեամբ։ (Յովհաննու 5։26) Ուստի Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ (Յովհաննու 11։25, 26) Ի՜նչ սիրտ տոգորող խոստում մը։ Անիկա մեզ կը զօրացնէ որ տոկանք փորձութիւններու եւ նո՛յնիսկ՝ մահը դիմագրաւենք, որպէս Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ։
3. Պօղոս ինչո՞ւ յարութիւնը պաշտպանելու կարիքը տեսաւ։
3 Յարութիւնը չի համաձայնիր այն գաղափարին հետ թէ մարդիկ անմահ հոգի մը ունին. տեսակէտ մը՝ որու կողմնակից էր Յոյն իմաստասէր Գործք 17։29-34) Յիսուս Քրիստոսի յարութեան ականատես եղողներէն շատեր տակաւին ողջ էին եւ հակառակ ծաղրանքներու, կրնային վկայել թէ ան մեռելներէն յարութիւն առած էր։ Բայց Կորնթոսի ժողովքին հետ ընկերակցող կեղծ ուսուցիչներէն ոմանք, յարութիւնը ուրացան։ Ուստի, Պօղոս ուժգին կերպով պաշտպանեց այս քրիստոնէական ուսուցումը, Առաջին Կորնթացիս 15–րդ գլուխին մէջ։ Իր փաստարկումները ուշադիր կերպով ուսումնասիրելը ամէն կասկածէ վեր կ’ապացուցանէ յարութեան յոյսին վստահելի եւ զօրաւոր ըլլալը։
Պղատոն։ Արդ, ի՞նչ պատահեցաւ, երբ Պօղոս առաքեալ Աթէնքի Արիսպագոսին մէջ երեւելի Յոյներու վկայեց, Յիսուսի ակնարկում ըրաւ եւ ըսաւ որ Աստուած զինք յարուցանած էր։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Երբ մեռելներուն յարութիւնը լսեցին, ոմանք ծաղր կ’ընէին»։ (Յիսուսի Յարութեան Մասին Հաստատուն Փաստեր
4. Պօղոս Յիսուսի յարութեան մասին ականատեսի ի՞նչ փաստեր ներկայացուց։
4 Նկատի առէք թէ Պօղոս իր փաստարկումին բացումը ի՛նչպէս ըրաւ։ (Ա. Կորնթացիս 15։1-11) Կորնթացիները ամուր պէտք էր բռնէին փրկութեան աւետարանը, որպէսզի զուր տեղ հաւատացած չըլլային։ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ։ Արդարեւ, յարուցեալ Յիսուս երեւցաւ Կեփասի (Պետրոս), «ետքը տասներկուքին»։ (Յովհաննու 20։19-23) Ան տեսնուեցաւ շուրջ 500 հոգիի, թերեւս երբ՝ ‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէք’ պատուէրը տուաւ։ (Մատթէոս 28։19, 20) Յակոբոս տեսաւ զինք, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր հաւատարիմ առաքեալները։ (Գործք 1։6-11) Դամասկոսի մօտ, Յիսուս երեւցաւ Սաւուղի «որպէս թէ վիժածի մը [«կանխահաս ծնածի մը», ՆԱ]». որպէս թէ ինք արդէն հոգեղէն կեանքի բարձրացած էր։ (Գործք 9։1-9) Կորնթացիները հաւատացեալներ եղան քանի որ Պօղոս իրենց քարոզեց եւ իրենք ընդունեցին բարի լուրը։
5. Ա. Կորնթացիս 15։12-19–ի մէջ, Պօղոսի պատճառաբանութեան եզրը ի՞նչ էր։
5 Պօղոսի պատճառաբանութեան եզրին հետեւեցէք։ (Ա. Կորնթացիս 15։12-19) Քանի որ ականատեսներ կը քարոզեն որ Քրիստոս յարութիւն առած է, ի՞նչպէս կարելի է ըսել որ յարութիւն չկայ։ Եթէ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած չէ, մեր քարոզչութիւնը եւ հաւատքը պարապ է եւ մենք սուտ վկաներ եղած կ’ըլլանք՝ վկայելով որ Աստուած յարուցանած է Քրիստոսը։ Եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ‘մենք տակաւին մեր մեղքերուն մէջ ենք’։ Ասկէ զատ, «եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք»։
6. (ա) Պօղոս ի՞նչ ըսաւ Յիսուսի յարութիւնը հաստատելու համար։ (բ) Ի՞նչ է «վերջին թշնամին» եւ անիկա ի՞նչպէս պիտի խափանուի։
6 Պօղոս կը հաստատէ Յիսուսի յարութիւնը։ (Ա. Կորնթացիս 15։20-28) Նկատի ունենալով որ Քրիստոս ննջեցեալներուն «առաջին պտուղ»ն է, ուրեմն ուրիշներ ալ պիտի յարուցանուին։ Ինչպէս որ մահը մարդ Ադամի անհնազանդութեան հետեւանքը եղաւ, յարութիւնը՝ մարդ Յիսուսի միջոցով է։ Իրեն պատկանողները պիտի յարուցանուէին իր ներկայութեան ընթացքին։ Քրիստոս պիտի «խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն» որ Աստուծոյ գերիշխանութեան կը հակառակի եւ որպէս Թագաւոր պիտի իշխէ, մինչեւ որ Եհովա բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Նոյնիսկ «վերջին թշնամին»՝ Ադամէ ժառանգուած մահը՝ պիտի խափանուի Յիսուսի զոհագործական արժէքին շնորհիւ։ Այն ատեն Քրիստոս Թագաւորութիւնը պիտի վերադարձնէ իր Աստուծոյն ու Հօրը, իր կարգին հնազանդելով «անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ»։
Մեռելներո՞ւ Համար Մկրտուած
7. Որո՞նք «մեռելներ ըլլալու համար կը մկրտուին», եւ անոնց համար ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
7 Յարութեան հակառակողներուն հարց կը տրուի. «Ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն [«մեռելներ ըլլալու», ՆԱ] համար կը մկրտուին»։ (Ա. Կորնթացիս 15։29) Պօղոս ըսել չուզեց որ ողջերը մեռելներուն տեղը պիտի մկրտուին, քանի որ Յիսուսի աշակերտները պէտք է անձնապէս սորվին, հաւատան եւ մկրտուին։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 2։41) Օծեալ Քրիստոնեաները «մեռելներ ըլլալու համար կը մկրտուին», կեանքի ընթացքի մը հետեւելով որ մահուան ու յարութեան կ’առաջնորդէ։ Այս տեսակի մկրտութիւնը կը սկսի, երբ Աստուծոյ հոգին անոնց մէջ երկնային յոյս մը կը յառաջացնէ, եւ վերջ կը գտնէ, երբ անոնք երկնքի մէջ հոգեղէն անմահ կեանքի համար կը յարուցանուին։—Հռովմայեցիս 6։3-5. 8։16, 17. Ա. Կորնթացիս 6։14
8. Քրիստոնեաները ի՞նչ բանէն վստահ կրնան ըլլալ, եթէ նոյնիսկ Սատանան եւ իր ծառաները զիրենք սպաննեն։
Ա. Կորնթացիս 15։30, 31) Անոնք գիտեն որ Եհովա կրնայ յարուցանել զիրենք, եթէ թոյլ տայ որ Սատանան եւ իր ծառաները զիրենք սպաննեն։ Միայն Աստուած կրնայ ոչնչացնել իրենց հոգին, կամ կեանքը, յաւիտենական կործանումով պատկերացուած Գեհենին մէջ։—Ղուկաս 12։5
8 Ինչպէս Պօղոսի խօսքերը կը նշեն, յարութեան յոյսը կ’օգնէ Քրիստոնեաներուն որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կատարելու համար ամէն ժամ վտանգ եւ ամէն օր մահ դիմագրաւեն։ (Արթուն Ըլլալու Կարիքը
9. Որպէսզի յարութեան յոյսը մեր կեանքին մէջ մեզի նեցուկ կանգնի, ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք։
9 Յարութեան յոյսը նեցուկ կանգնեցաւ Պօղոսի։ Երբ Եփեսոս կը գտնուէր, իր թշնամիները թերեւս զինք կրկէսի մը մէջ նետեցին, որպէսզի գազաններու հետ մարտնչէր։ (Ա. Կորնթացիս 15։32) Եթէ իրապէս ասիկա պատահեցաւ, ան ազատուեցաւ, ինչպէս Դանիէլ առիւծներու բերնէն ազատեցաւ։ (Դանիէլ 6։16-22. Եբրայեցիս 11։32, 33) Քանի որ յարութեան յոյսը ունէր, Պօղոս Եսայիի օրերու Յուդայի հաւատուրացներուն կեցուածքը չորդեգրեց։ Անոնք ըսին. «Ուտենք ու խմենք, քանզի վաղը պիտի մեռնինք»։ (Եսայեայ 22։13) Որպէսզի յարութեան յոյսը մեզի նեցուկ կանգնի մեր կեանքին մէջ՝ ինչպէս Պօղոսի՝ պէտք է խուսափինք այսպիսի վատառողջ հոգի ունեցողներէն։ Պօղոս նախազգուշացուց. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Անշուշտ, այս սկզբունքը կեանքի տարբեր մարզերուն կը կիրարկուի։
10. Յարութեան մեր յոյսը ի՞նչպէս կրնայ վառ մնալ։
10 Յարութեան վրայ կասկած յայտնողներուն Պօղոս ըսաւ. «Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք, վասն զի ձեզմէ ոմանք Աստուծոյ գիտութիւնը չունին. ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։34) Այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, Աստուծոյ եւ Քրիստոսի ճշգրիտ գիտութեան համաձայն պէտք է վարուինք։ (Դանիէլ 12։4. Յովհաննու 17։3) Ասիկա յարութեան մեր յոյսը վառ պիտի պահէ։
Ի՞նչ Մարմնով Պիտի Յարուցանուին
11. Պօղոս ի՞նչպէս բացատրեց օծեալ Քրիստոնեաներուն յարութիւնը։
11 Ապա Պօղոս կարգ մը հարցումներ շօշափեց։ (Ա. Կորնթացիս 15։35-41) Թերեւս յարութեան վրայ կասկած արթնցնելու մտքով, անհատ մը կրնայ հարցնել. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն, կամ Ի՞նչ մարմնով կու գան»։ Ինչպէս Պօղոս ցոյց տուաւ, հողին մէջ ցանուած սերմ մը կը մեռնի եւ ծիլի կը վերածուի։ Նոյն կերպով, հոգիէն ծնած մարդը պէտք է մեռնի։ Ճիշդ ինչպէս որ սերմէ մը յառաջ եկած բոյսը որպէս նոր մարմին կ’աճի, այդպէս ալ օծեալ Քրիստոնեային յարուցանուած մարմինը մարդկային մարմինէն տարբեր է։ Թէեւ ան մեռնելէն առաջ իր ունեցած նոյն կեանքը կը յիշէ, բայց յարուցանուած է, որպէս երկնքի մէջ ապրելու կարող հոգեղէն մարմին ունեցող նոր արարած մը։ Բնականաբար, երկրի վրայ յարուցանուողները մարդկային մարմիններով պիտի յարուցանուին։
12. «Երկնաւոր մարմիններ» եւ «երկրաւոր մարմիններ» արտայայտութիւններուն իմաստը ի՞նչ է։
12 Ինչպէս Պօղոս ըսաւ, մարդկային մարմինները անասուններուն մարմիններէն տարբեր են։ Նոյնիսկ անասուններուն մարմինները իրարմէ տարբեր են։ (Ծննդոց 1։20-25) Հոգեղէն արարածներու «երկնաւոր մարմիններ»ը փառքով տարբեր են «երկրաւոր մարմիններ»էն։ Արեւուն, լուսնին եւ աստղերուն փառքն ալ իրարմէ տարբեր են։ Բայց յարուցեալ օծեալներուն փառքը շատ աւելի մեծ է։
13. Ա. Կորնթացիս 15։42-44–ի համաձայն, ի՞նչ կը սերմանուի եւ ի՞նչ բան յարութիւն կ’առնէ։
13 Տարբերութիւնները յիշելէ ետք, Պօղոս աւելցուց. «Այսպէս մեռելներուն յարութիւնն ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։42-44) Ան ըսաւ. «Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ»։ Հոս Պօղոս թերեւս ի մտի ունէր օծեալները որպէս խումբ մը։ Մահուան ատեն ապականութեամբ կը սերմանուի, անապականութեամբ՝ առանց մեղքի՝ յարութիւն կ’առնէ։ Թէեւ աշխարհին կողմէ կ’անարգուի, բայց երկնային կեանքի կը յարուցանուի եւ Քրիստոսի հետ փառքով կը յայտնուի։ (Գործք 5։41. Կողոսացիս 3։4) Մահուան ատեն կը սերմանուի «շնչաւոր մարմին» եւ յարութիւն կ’առնէ «հոգեւոր մարմին»։ Քանի որ ասիկա կարելի է հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներուն պարագային, կրնանք վստահ ըլլալ որ ուրիշներ ալ երկրի վրայ ապրելու համար կրնան յարութիւն առնել։
14. Պօղոս Քրիստոսը ի՞նչպէս կը համեմատէ Ադամի հետ։
14 Յաջորդիւ, Պօղոս Քրիստոսը կը համեմատէ Ադամի հետ։ (Ա. Կորնթացիս 15։45-49) Առաջին մարդը՝ Ադամ, «կենդանի շունչ եղաւ»։ (Ծննդոց 2։7) «Վերջին Ադամը»՝ Յիսուս, «կենդանարար հոգի» եղաւ։ Ան իր կեանքը որպէս քաւիչ զոհ տուաւ, նախ՝ ի նպաստ իր օծեալ հետեւորդներուն։ (Մարկոս 10։45) Մարդկային մարմնի մէջ, անոնք ‘հողեղէնին կերպարանքը կը հագնին’, բայց երբ յարուցանուին, վերջին Ադամին նման կ’ըլլան։ Անշուշտ, Յիսուսի զոհագործութենէն պիտի օգտուի ամբողջ հնազանդ մարդկութիւնը, մէջը ըլլալով երկրի վրայ յարուցանուողները։—Ա. Յովհաննու 2։1, 2
15. Օծեալ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ մարմնով չեն յարուցանուիր, եւ անոնք ի՞նչպէս կը յարուցանուին Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին։
15 Երբ օծեալ Քրիստոնեաներ մեռնին, անոնք մարմնով չեն յարուցանուիր։ (Ա. Կորնթացիս 15։50-53) Միսէ ու արիւնէ բաղկացած ապականացու մարմին մը չի կրնար անապականութիւն եւ երկնային Թագաւորութիւնը ժառանգել։ Օծեալներէն ոմանք մահուան մէջ երկար ժամանակ ննջելու պէտքը պիտի չունենային։ Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին իրենց երկրային ընթացքը հաւատարմօրէն աւարտելով, անոնք ‘յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ պիտի փոխուին’։ Անոնք ակնթարթի մը մէջ անապական ու փառաւոր հոգեղէն կեանքի պիտի յարուցանուին։ Վերջապէս, Քրիստոսի երկնային ‘կնոջ’ թիւը պիտի ըլլայ 144,000։—Յայտնութիւն 14։1. 19։7-9. 21։9. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16
Մահուա՛ն Վրայ Յաղթանակ
16. Պօղոսի եւ նախկին մարգարէներուն համաձայն, մեղաւոր Ադամէ ժառանգուած մահուան ի՞նչ պիտի պատահի։
16 Պօղոս յաղթականօրէն յայտարարեց որ մահը յաւիտեան պիտի ընկղմի։ (Ա. Կորնթացիս 15։54-57, Անթիլիաս) Երբ ապականացուն եւ մահկանացուն անապականութիւն եւ անմահութիւն հագնի, այս խօսքերը կատարուած պիտի ըլլան՝ «Մահը յաւիտեան բնաջինջ» եղաւ։ «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ»։ (Եսայեայ 25։8. Ովսեայ 13։14) Մահուան խայթոցը՝ մեղքն է, իսկ մեղքը ի զօրու եղաւ Օրէնքով, որ մեղաւորները մահուան դատապարտեց։ Բայց Յիսուսի զոհագործութեան ու յարութեան շնորհիւ, մեղաւոր Ադամէ ժառանգուած մահը այլեւս յաղթական պիտի չըլլայ։—Հռովմայեցիս 5։12. 6։23
17. Ա. Կորնթացիս 15։58–ի խօսքերը ներկայիս ի՞նչպէս կը կիրարկուին։
17 Պօղոս ըսաւ. «Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Այս խօսքերը կը կիրարկուին ներկայ օծեալ մնացորդին եւ Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ուն, նոյնիսկ երբ անոնք մեռնին այս վերջին օրերու ընթացքին։ (Յովհաննու 10։16) Որպէս Թագաւորութեան հրատարակիչներ անոնց աշխատանքը պարապ չէ, քանի որ իրենց կը սպասէ յարութիւնը։ Ուստի, որպէս Եհովայի ծառաներ, թող որ զբաղած մնանք Տէրոջը գործին մէջ, մինչ կը սպասենք այն օրուան, երբ ցնծութեամբ պիտի աղաղակենք՝ «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ»։
Յարութեան Յոյսը Իրականացա՛ծ
18. Պօղոսի ունեցած յարութեան յոյսը ո՞րքան զօրաւոր էր։
18 Առաջին Կորնթացիս 15–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերէն բացայայտ կ’ըլլայ որ յարութեան յոյսը զօրութիւն ունէր իր կեանքին մէջ։ Ան բացարձակապէս վստահ էր որ Յիսուս մեռելներէն յարուցանուած էր եւ թէ ուրիշներ ալ մարդկութեան հասարակաց գերեզմանէն պիտի ազատագրուէին։ Այսպիսի զօրաւոր համոզում ունի՞ք։ Պօղոս անձնակեդրոն օգուտները ‘աղտեղութիւն կը սեպէր’, եւ ‘ամէն բանէն զրկուեցաւ’, որպէսզի կարենար ‘ճանչնալ Քրիստոսը եւ անոր յարութեանը զօրութիւնը’։ Առաքեալը յօժար էր Քրիստոսի նման մահ ճաշակելու, յուսալով ‘աւելի առաջ յարութիւն առնել’. ասիկա նաեւ կոչուած է «առաջին յարութիւն», որու ակնկալութիւնը ունին Յիսուսի 144,000 օծեալ հետեւորդները։ Այո, անոնք երկնային կեանքի կը յարուցանուին, մինչդեռ «միւս մեռելները» երկրի վրայ պիտի յարուցանուին։—Փիլիպպեցիս 3։8-11. Յայտնութիւն 7։4. 20։5, 6
19, 20. (ա) Աստուածաշունչի մէջ տեղեկագրուած ո՞ր անհատները երկրի վրայ ապրելու համար պիտի յարուցանուին։ (բ) Որո՞նց յարութիւնը ակնկալութեամբ կը սպասէք։
19 Յարութեան յոյսը փառաւոր իրողութիւն մը եղած է օծեալներուն համար, որոնք մինչեւ մահ հաւատարիմ մնացած են։ (Հռովմայեցիս 8։18. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-17. Յայտնութիւն 2։10) ‘Մեծ նեղութենէն’ վերապրողները պիտի տեսնեն երկրի վրայ յարութեան յոյսին իրականացումը, երբ ‘ծովը իր մէջի մեռելները տայ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տան’։ (Յայտնութիւն 7։9, 13, 14. 20։13) Երկրի վրայ ապրելու համար յարուցանուողներուն մէջ պիտի ըլլայ Յոբը, որ եօթը տղայ ու երեք աղջիկ կորսնցուց։ Երեւակայեցէք իր ուրախութիւնը, երբ զանոնք ետ ստանայ. իսկ անոնք որքա՜ն պիտի ուրախանան տեսնելով որ եօթը ուրիշ եղբայրներ ու երեք գեղեցիկ քոյրեր ունին։—Յոբայ 1։1, 2, 18, 19. 42։12-15
20 Ի՜նչ օրհնութիւն պիտի ըլլայ, երբ Աբրահամ եւ Սառա, Իսահակ եւ Ռեբեկա, այո, տակաւին շատ ուրիշներ, մէջը ըլլալով «բոլոր մարգարէները», երկրի վրայ ապրելու համար յարուցանուին։ (Ղուկաս 13։28) Այդ մարգարէներէն մէկն էր Դանիէլ, որու խոստում տրուած էր Մեսիական իշխանութեան ներքեւ յարուցանուիլ։ Շուրջ 2,500 տարիներ, Դանիէլ գերեզմանին մէջ հանգչած է, բայց յարութեան զօրութեամբ ան շուտով ‘իրեն շնորհուած տեղը պիտի կենայ’։ (Դանիէլ 12։13. Սաղմոս 45։16) Ի՜նչ խայտալի պիտի ըլլայ բարի գալուստ մաղթել ո՛չ միայն վաղեմի հաւատարիմներուն, հապա նաեւ՝ ձեր հօրը, մօրը, որդւոյն, աղջկան կամ ուրիշ սիրելիներուն, զորս թշնամի մահը ձեզմէ խլած է։
21. Ինչո՞ւ ուրիշներուն բարիք ընելու մէջ պէտք չէ ուշանանք։
21 Մեր բարեկամներէն եւ սիրելիներէն ոմանք թերեւս տասնեակ տարիներ Աստուծոյ ծառայած են եւ տարիքի մէջ բաւական յառաջացած են։ Յառաջացած տարիքի պատճառաւ թերեւս չեն կրնար կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւել։ Մեր կողմէ որքա՜ն սիրալիր պիտի ըլլայ անոնց անմիջական օգնութիւն մատուցանել։ Իսկ երբ մահը իր ճիրաններուն մէջ առնէ զանոնք, այն ատեն որեւէ կերպով անոնց նկատմամբ թերացած ըլլալու զգացում մը պիտի չունենանք։ (Ժողովողի 9։11. 12։1-7. Ա. Տիմոթէոս 5։3, 8) Վստահ կրնանք ըլլալ որ Եհովա պիտի չմոռնայ ուրիշներուն համար մեր ըրած բարի գործերը, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց տարիքը կամ պարագաները։ Պօղոս գրեց. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։—Գաղատացիս 6։10. Եբրայեցիս 6։10
22. Մինչեւ յարութեան յոյսին կատարումը, ի՞նչ ընել պէտք է որոշենք։
22 Եհովա «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Իր Խօսքը մեզ կը մխիթարէ եւ մեզի կ’օգնէ որ յարութեան զօրաւոր յոյսով ուրիշները մխիթարենք։ Մինչեւ որ երկրի վրայ մեռելներու յարութեամբ այդ յոյսին կատարման ականատես ըլլանք, թող որ Պօղոսի նման ըլլանք, որ յարութեան կը հաւատար։ Յատկապէս Յիսուսը ընդօրինակենք, որու զինք յարուցանելու Աստուծոյ զօրութեան վրայ ունեցած յոյսը իրականացաւ։ Յիշատակի դամբաններուն մէջ եղողները շուտով պիտի լսեն Քրիստոսի ձայնը ու դուրս պիտի գան։ Թող որ ասիկա մեզի մխիթարութիւն եւ ուրախութիւն տայ։ Բայց մա՛նաւանդ, Եհովայի երախտապարտ ըլլանք, որ մահուան վրայ յաղթանակ տանիլը կարելի ըրած է մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։
Ի՞նչ է ձեր պատասխանը
• Յիսուսի յարութեան մասին Պօղոս ականատեսի ի՞նչ ապացոյց ներկայացուց։
• Ի՞նչ է «վերջին թշնամին», եւ անիկա ի՞նչպէս պիտի խափանուի։
• Օծեալ Քրիստոնեաներու պարագային, ի՞նչ սերմանուեցաւ եւ ի՛նչ յարութիւն առաւ։
• Աստուածաշունչին մէջի տեղեկագրութեան ո՞ր անհատներուն կը փափաքիք ծանօթանալ, երբ անոնք երկրի վրայ յարուցանուին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 16]
Պօղոս առաքեալ ուժգին փաստարկութեամբ պաշտպանեց յարութիւնը
[Նկարներ՝ էջ 20]
Յոբի, իր ընտանիքին եւ շատ մը ուրիշներուն յարութիւնը անսահմա՛ն ուրախութեան պատճառ մը պիտի ըլլայ