Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ատելութեան համաճարակ մը

Ատելութեան համաճարակ մը

Ատելութեան համաճարակ մը

«Մարդիկ երբե՛ք չեն հասկնար իրենց ատած մարդիկը»։—ՃԷՅՄՍ ՌԱՍԸԼ ԼՕՈՒԷԼ, ՃԱՌԱԳԻՐ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ։

Ատելութիւնը մեզ պատած է։ Հարաւային Թիմուր, Քոսովօ, Լիպերիա, Լիթըլթըն, եւ Սարայէվօ անունները, ինչպէս նաեւ՝ նէօ–Նացի, ըսքինհէտ եւ ճերմակներու գերակայութիւն ջատագովներ, մեր մտքին մէջ դրոշմած են ածխացած աւերակներու, նոր փորուած զանգուածային գերեզմաններու եւ դիակներու պատկերներ։

Ատելութենէ, պատերազմէ եւ բռնութենէ զերծ ապագայի մը երազները ցնդած են։ Ֆրանսայի հանգուցեալ նախագահին կինը՝ Տանիէլ Միթերան, իր պատանեկութեան մասին կը յիշէ. «Մարդիկ կ’երազէին ազատօրէն ապրիլ եղբայրական վստահելի ընկերութեան մը մէջ. մտքի խաղաղութիւն ունենալ եւ ուրիշներու հետ համերաշխօրէն ապրիլ. անոնք կ’երազէին առողջ, խաղաղ եւ պատուաբեր կեանք մը ապրիլ, զիրենք պահպանող զօրաւոր եւ առատաձեռն աշխարհի մը մէջ»։ Ի՞նչ պատահեցաւ այդ իտէալներուն։ Ան ցաւ յայտնեց, ըսելով. «Կէս դար ետք, մեր երազը անուրանալիօրէն քայքայուած է»։

Ատելութեան ներկայ վերակենդանացումը, պարզապէս կարելի չէ անտեսել։ Անիկա նախկինէն աւելի համատարած է, եւ հետզհետէ աւելի ժխորային կերպերով երեւան կու գայ։ Ատելութեան անզգամ արարքներու ալիք մը, իւրաքանչիւրը նախկինէն սոսկալի, տկարացուցած է անհատական ապահովութեան զգացումը, որ միլիոնաւոր անհատներ սովորական բան մը կը նկատեն։ Եթէ նոյնիսկ մեր տան կամ երկրին մէջ ատելութենէ զերծ ենք, անիկա ուրիշ տեղ դարանակալ մեզ կը սպասէ։ Թերեւս ամէն օր անոր ապացոյցը կը տեսնենք հեռատեսիլի պաստառին վրայ, լուրերու կամ ընթացիկ միջադէպերու ձայնասփռումներուն մէջ։ Անկէ մաս մը նոյնիսկ Ինթըրնէթ–էն ներս տարածուած է։ Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ։

Վերջին տասնամեակը ազգայնականութեան աննախընթաց վերելք մը արձանագրած է։ Հարվըրտ Կեդրոնի Միջազգային Գործառնութիւններու տնօրէնը՝ Ճոզէֆ Ս. Նայ Կրտսեր, դիտել տուաւ. «Ազգայնականութիւնը, գրեթէ համայն աշխարհի մէջ աւելի կը զօրանայ, քան կը տկարանայ։ Երկրագունդը փոխանակ համերկրային մէկ գիւղ ըլլալու, իրարմէ անջատ գիւղեր գոյացած են, որոնք որեւէ ատենէ աւելի իրազեկ են իրարու գոյութենէն։ Ասիկա, իր կարգին, կռիւներու պատեհութիւնը կ’աւելցնէ»։

Ատելութեան ուրիշ տեսակներ աւելի խորամանկ են, անոնք երկրի մը, կամ նոյնիսկ թաղի մը, սահմաններէն ներս թաքնուած են։ Երբ հինգ ըսքինհէտ–ներ տարեց Սիխ մը սպաննեցին Գանատայի մէջ, այս միջադէպը «ընդգծեց, այն ինչ որ ոմանք կը նկատեն ատելավառ ոճիրներու վերածնունդ մը, երկրի մը մէջ որ յաճախ գովասանքի արժանացած է իր ցեղային հանդուրժողութեան համար»։ Գերմանիոյ մէջ, ծայրայեղականներու կողմէ ցեղային յարձակումները նախորդ տարիներուն աստիճանաբար նուազելէ ետք, 1997–ին 27 առ հարիւր վերելք արձանագրած են։ Ներքին Գործոց Նախարար՝ Մէնֆրէտ Գէնթըր նշեց. «Ասիկա վհատեցուցիչ իրադարձութիւն մըն է»։

Հիւսիսային Ալպանիոյ մէջ, տեղեկագրութիւն մը յայտնեց թէ աւելի քան 6,000 երախաներ գրեթէ բանտարկուած են իրենց իսկ տան մէջ, իրենց ընտանիքին թշնամիներուն կողմէ սպաննուելու վախի պատճառով։ Այս երախաները տոհմական վրէժխնդրութեան զոհեր են, «որ հազարաւոր ընտանիքներու կեանքը քայքայած է»։ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կառավարական Ապահովութեան Մարմինին (FBI) համաձայն, «1998–ին, FBI–ին տեղեկագրուած 7,755 ատելավառ ոճիրներուն աւելի քան կէսը, ցեղային կանխադատողութեան դրդումով է»։ Մնացեալ ատելավառ ոճիրներու դրդապատճառներէն ոմանք առնչուած են կրօնքի, ազգային կամ ցեղային ծագումի կանխադատողութեան, եւ որեւէ աշխատանքի անընդունակութեան հետ։

Ասկէ զատ, ամէն օր լրագիրներու խորագիրներ օտարամերժութեան համաճարակին կը մատնանշեն՝ գլխաւորաբար ուղղուած գաղթականներու դէմ, որոնց թիւը ներկայիս 21 միլիոնէն աւելի է։ Դժբախտաբար, օտարներու հանդէպ ատելութիւն ցուցաբերողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են, որոնք դրդուած են անպատասխանատու քաղաքագէտներու եւ ուրիշներու կողմէ, որոնք քաւութեան նոխազներ կը փնտռեն։ Նոյն երեւոյթին նուազ բացայայտ նշաններն են՝ վստահութեան պակասը, անհանդուրժողութիւնը, եւ իրարմէ տարբեր եղող անհատներ նոյն աչքով դիտելը։

Ատելութեան այս համաճարակին կարգ մը պատճառները ի՞նչ են։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ընել ատելութիւնը արմատախիլ ընելու համար։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումները նկատի պիտի առնէ։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 2]

Cover, top։ UN PHOTO 186705/J. Isaac

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

Daud/Sipa Press