Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դէպի Խաղաղական կղզիներ՝ աշխատելու համար

Դէպի Խաղաղական կղզիներ՝ աշխատելու համար

Դէպի Խաղաղական կղզիներ՝ աշխատելու համար

ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ Պրիսպէյնի եւ Սիտնիի միջազգային օդակայաններու սպասման սրահները, սովորականէն աւելի ոգեւորութեամբ լեցուն էին։ 46 հոգինոց խումբ մը թռիչք պիտի առնէր դէպի արեւակէզ Սամոա, միանալու համար ուրիշ 39 հոգիներու, որոնք եկած էին Նոր Զելանտայէն, Հաուայիէն, եւ Միացեալ Նահանգներէն։ Անոնց պայուսակները անսովոր բաներ կը պարունակէին, գլխաւորաբար գործիքներ՝ ինչպէս մուրճեր, սղոցներ եւ ծակիչներ՝ բաներ, որ սովորաբար Խաղաղականի գրաւիչ կղզի մը ճամբորդող անհատ մը իր հետ պիտի չտանէր։ Սակայն, անոնց առաքելութիւնը սովորականէն տարբեր բան մըն էր։

Իրենց հաշւոյն ճամբորդող այս անհատները, շուրջ երկու շաբաթ որպէս անվճար կամաւորներ շինարարութեան յայտագրի մը պիտի մասնակցէին, որ վերահսկուած էր Եհովայի Վկաներու Աւստրալիոյ մասնաճիւղին մէջ գտնուող Շրջանի Ճարտարագիտական Գրասենեակին կողմէ։ Յօժարակամ նուիրատուութիւններով ֆինանսաւորուած այս յայտագիրը, կը պարփակէ Թագաւորութեան Սրահներ, Համաժողովի Սրահներ, միսիոնարական տուներ, եւ մասնաճիւղի կամ թարգմանութեան համար շէնքեր կառուցանել, Խաղաղական կղզիներուն մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներու արագօրէն աճող ժողովքներուն համար։ Եկէք ծանօթանանք աշխատաւորներէն ոմանց, որոնք իրենց երկրին մէջ Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման խումբերուն մէջ եղած են։

Մաքսը երդիք շինող մըն է, ան Գաորայէն է, Նիւ Սաութ Ուէյլզ, Աւստրալիա։ Ան ամուսնացած եւ հինգ զաւկի հայր է։ Արնոլտը Հաուայիէն է։ Ան երկու մանչ ունի, նաեւ ռահվիրայ կամ լիաժամ ծառայ մըն է։ Մաքսին նման, Արնոլտ իր ժողովքին մէջ որպէս երէց կը ծառայէ։ Բացայայտօրէն, այս մարդիկը՝ յայտագրին մնացեալ մասնակցողներուն նման՝ աւելորդ ժամանակ ունենալու պատճառաւ չէ որ կամաւոր եղած են։ Ընդհակառակը, իրենք եւ իրենց ընտանիքները կը տեսնեն որ կարիք մը կայ եւ օգնելու համար կ’ուզեն իրենց ձեռքէն եկածը ընել։

Բազմազգի Աշխատաւորներ՝ Կենսական Կարիք մը կը Լեցնեն

Վայր մը ուր անոնց հմտութիւններուն եւ ծառայութիւններուն կարիքը կար՝ Թուվալուն էր, շուրջ 10,500 բնակիչներ ունեցող Խաղաղականի ազգերէն մէկը, ինը բստային կղզիներէ բաղկացած կղզեխումբ մը, որ հասարակածին մօտ եւ Սամոայի հիւսիս–արեւմուտքը կը գտնուի։ Այս բստային կղզիներուն իւրաքանչիւրին տարածութիւնը, շուրջ երկուքուկէս քառակուսի քիլոմեթր է։ 1994–ին, հոն բնակող 61 Վկաները նոր Թագաւորութեան Սրահի մը եւ աւելի ընդարձակ թարգմանութեան գրասենեակի մը ստիպողական կարիքը ունէին։

Արեւադարձային Խաղաղականի այս մասին մէջ, շէնքերը պէտք է ծրագրուին եւ կառուցուին այնպէս մը, որ անոնք կարենան յաճախակիօրէն հարուածող ուժգին փոթորիկներու եւ կիկլոններու դիմանալ։ Սակայն կղզիին մէջ լաւորակ շինարարական նիւթերը քիչ են։ Ի՞նչ էր լուծումը։ Իւրաքանչիւր բաղադրութիւն՝ երդիքէն ու ձողերէն սկսեալ մինչեւ կահկարասիքն ու վարագոյրները, լուացարանին աթոռներն ու լոգանքի ծորակները, նոյնիսկ պտուտակներն ու գամերը՝ մեծ սնտուկներով Աւստրալիայէն առաքուեցան։

Այս առարկաները հասնելէ առաջ, խումբ մը անհատներ վայրը նախապէս պատրաստեցին եւ հիմերը նետեցին։ Ապա միջազգային աշխատաւորները եկան, կառոյցները շինելու, ներկելու եւ կահաւորելու համար։

Թուվալուի մէջ տեղի ունեցող այս բոլոր գործունէութիւնը, ի միջի այլոց, զայրացուց այդ շրջանի կղերականներէն մէկը, որ ձայնասփիւռէն ծանուցանեց թէ Վկաները «Բաբելոնի Աշտարակ» մը կը շինէին։ Սակայն, իրողութիւնները ի՞նչ էին։ Կրէյմի անունով կամաւոր մը կ’ըսէ. «Երբ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած Բաբելոնի Աշտարակը շինող մարդիկը տեսան թէ այլեւս զիրար չէին կրնար հասկնալ՝ քանի որ Աստուած իրենց լեզուները խառնակած էր՝ անոնք հարկադրուեցան իրենց ծրագիրը լքել եւ աշտարակը կիսատ թողուլ»։ (Ծննդոց 11։1-9) «Սակայն հարցը բոլորովին տարբեր է երբ Եհովա Աստուծոյ համար կ’աշխատիք։ Հակառակ լեզուական եւ մշակութային տարբերութիւններուն, ծրագիրները մի՛շտ կ’ամբողջացուին»։ Նոյն էր պարագան այս ծրագրին, երկու շաբթուան մէջ անիկա ամբողջացաւ։ Արդարեւ 163 անհատներ, ի ներառեալ վարչապետին կինը, ներկայ գտնուեցան բացման արարողութեան։

Այս ծրագրին վերակացուն՝ Տուկը, այս փորձառութեան մասին խօսելով կ’ըսէ. «Ուրիշ երկիրներէ եկած կամաւորներուն հետ աշխատիլը ուրախութիւն էր։ Աշխատելու տարբեր կերպեր ունինք, տարբեր անուանաբանութիւններ, նոյնիսկ տարբեր չափեր, սակայն ասոնցմէ ո՛չ մէկը խնդիր յարուցանեց»։ Նման կարգ մը ծրագիրներու վրայ աշխատած ըլլալով, ան կ’աւելցնէ. «Ասիկա մտքիս վրայ կը դրոշմէ թէ Եհովայի օգնութեամբ, Իր ժողովուրդը այս երկրագունդին վրայ որեւէ տեղ կրնայ շէնք մը բարձրացնել, որքա՛ն ալ վայրը մեկուսի կամ դժուար ըլլայ։ Շիտակ է որ բազմաթիւ տաղանդաւոր տղամարդիկ ունինք, սակայն Եհովայի հոգի՛ն է որ ասիկա կարելի կը դարձնէ»։

Աստուծոյ հոգին նաեւ կը մղէ կղզիաբնակ Վկայ ընտանիքները, որ ուտելիք եւ իջեւան հայթայթեն. ասիկա ոմանց համար բաւակա՛ն զոհողութիւն կը պահանջէ։ Այսպիսի հիւրասիրութիւն վայելողները խորապէս կը գնահատեն զայն։ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքէն Գէնը, նման ծրագրի մը վրայ աշխատած է Ֆրանսական Փոլինեզիայի մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Որպէս ծառաներ եկանք, բայց մեզի հետ թագաւորներու պէս վարուեցան»։ Ուր որ կարելիութիւնը կայ, տեղւոյն Վկաներն ալ շինարարութեան գործին թիկունք կը կանգնին։ Սալոմոն Կղզիներուն մէջ, կիներ շաղախը իրենք խառնեցին, առանց գործիքի։ Հարիւր տղամարդ ու կին անձրեւով կշտացած լեռներ մագլցեցան եւ հոնկէ շուրջ 40 թոն ատաղձ կրեցին։ Պատանիներն ալ այս գործին մէջ բաժին բերին։ Նոր Զելանտայէն աշխատաւոր մը կը մտաբերէ. «Կը յիշեմ կղզիաբնակ պատանի եղբայր մը, որ երկու կամ երեք սիմէնթի տոպրակներ միաժամանակ կը շալկէր։ Իսկ ամբողջ օրը, տաքուն թէ անձրեւին կը թիարկէր խճաքարերը»։

Այս գործին մէջ տեղւոյն Վկաներուն մասնակցութիւն բերելը ուրիշ օգտակարութիւն մըն ալ ունի։ Դիտարանի Ընկերութեան Սամոա մասնաճիւղի գրասենեակը կը տեղեկագրէ. «Կղզիաբնակ եղբայրները հմտութիւններ սորվեցան, զորս կրնան գործածել Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու եւ կիկլոնի գործած աւերները նորոգելու, ինչպէս նաեւ վերակառուցանելու համար։ Անիկա նաեւ անոնց կ’օգնէ որ ապրուստ մը վաստկին, շրջանակի մը մէջ՝ ուր շատերուն համար ասիկա ընելը դժուար է»։

Շինարարութեան Յայտագիրը Լաւ Վկայութիւն մը կու Տայ

Գալինը՝ Հոնիարայի մէջ էր եւ տեսաւ Սալոմոն Կղզիներու Համաժողովի Սրահին շինարարութիւնը։ Ասկէ տպաւորուած, ան Դիտարանի Ընկերութեան տեղական մասնաճիւղի գրասենեակին հետեւեալ տեղեկութիւնը գրեց Փիճն Անգլերէնով. «Ամէնքն ալ միաբան են, ո՛չ մէկը երեսը կախած է, նաեւ՝ մէկ ընտանիք են»։ Անկէ քիչ ետք, երբ ան Արուլիկօ՝ իր գիւղը՝ վերադարձաւ, 40 քիլոմեթր հեռու, ինք եւ իր ընտանիքը իրենց անձնական Թագաւորութեան Սրահը շինեցին։ Ապա Ընկերութեան գրասենեակը ուրիշ նամակ մը ղրկեցին. «Մեր Թագաւորութեան Սրահը՝ նոյնիսկ գրակալ մը՝ պատրաստ է, ուստի կրնա՞նք հոս ալ ժողովներ ունենալ»։ Շուտով կարգադրութիւններ եղան եւ աւելի քան 60 հոգիներ կանոնաւորաբար ներկայ կը գտնուին ժողովներուն։

Եւրոմիութեան խրատատու մը Թուվալուի մէջի ծրագիրը տեսնելով հոն աշխատողի մը ըսաւ. «Կարծեմ ամէն մարդ ձեզի նոյն բանը կ’ըսէ, բայց իմ կարծիքովս, ասիկա պարզապէս հրաշք մըն է»։ Հեռախօսակայանի մը մէջ պաշտօնավարող կին մը, ուրիշ այցելու կամաւորի մը հարցուց. «Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ բոլորդ ալ ա՛յսքան ուրախ էք։ Հոս շա՛տ տաք է»։ Անոնք երբեք չէին տեսած այսպիսի գործնական եւ անձնուրաց կերպով ի գործ դրուած Քրիստոնէութիւն մը։

Զոհողութիւններ Որոնց Համար Չեն Զղջար

Աստուածաշունչը Բ. Կորնթացիս 9։6–ի մէջ կ’ըսէ. «Ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ»։ Աշխատողները, իրենց ընտանիքները, եւ իրենց ժողովքները կը շարունակեն առատօրէն սերմանել, Խաղաղականի մէջ հաւատակից Վկաներուն օգնելու համար։ Սիտնիի մօտ գտնուող Քինքամպըր քաղաքէն, Ռոս անունով երէց մը կ’ըսէ. «Ժողովքս օդանաւի տոմսակիս մէկ երրորդը նուիրեց, իսկ քեռայրս՝ որ մեր հետ եկաւ՝ յաւելեալ 500 տոլար նուիրեց»։ Ուրիշ կամաւոր մը իր ճամբորդութեան ծախսերը հոգաց՝ իր ինքնաշարժը ծախելով։ Տակաւին ուրիշ մը, հողի կտոր մը ծախեց։ Քեվընը՝ յաւելեալ 900 տոլարի կարիքը ունէր, ուստի որոշեց իր երկու տարու 16 աղաւնիները ծախել։ Ծանօթի մը միջոցաւ, ան յաճախորդ մը գտաւ որ անոնց համար ճի՛շդ 900 տոլար վճարեց։

Տէնիին եւ Շերիլին հարցուեցաւ որ «կ’արժէ՞ր օդանաւի համար եւ ամսաթոշակի կորուստով մօտ 6,000 տոլար ծախսել ասոր համար»։ Անոնք պատասխանեցին. «Անշո՛ւշտ։ Եթէ նոյնիսկ անոր կրկինը պիտի վճարէինք, դարձեալ կ’արժէր»։ Նոր Զելանտայի Նելսոն քաղաքէն Ալընը կ’աւելցնէ. «Թուվալու երթալու համար ծախսած դրամովս կրնայի Եւրոպա երթալ եւ տակաւին դրամ ալ կ’աւելնար։ Բայց նոյն օրհնութիւնները պիտի ստանա՞յի, կամ պիտի կարենա՞յի տարբեր ենթահողէ անհատներու հետ ա՛յսքան շատ բարեկամութիւններ հաստատել, կամ՝ փոխանակ ես ինծի, ուրիշի մը համար բան մը ընել։ Ո՛չ։ Ասկէ զատ, ի՛նչ որ տուի իմ կղզիաբնակ եղբայրներուս, անոնք աւելիով փոխադարձեցին»։

Այս յայտագրի յաջողութեան նպաստող ազդակներէն մէկն է՝ ընտանեկան աջակցութիւնը։ Մինչ կարգ մը կիներ կարող են իրենց այրերուն ընկերակցելու, եւ նոյնիսկ շինարարութեան մասնակցելու, ուրիշներ՝ դպրոցական տարիքի զաւակներ ունին որոնց հոգ պէտք է տանին, կամ ընտանեկան գործ մը, որու պէտք է վերահսկեն։ Գլէյը ըսաւ. «Իմ բացակայութեանս, երախաներուն եւ տան հոգ տանելու կնոջս ցուցաբերած պատրաստակամութիւնը, աւելի մեծ զոհողութիւն մըն էր, քան՝ իմս»։ Արդարեւ, բոլոր այն ամուսինները որոնք չկարողացան իրենց կինը իրենց հետ տանիլ, «Ամէն» պիտի ըսէին այս խօսքերուն։

Թուվալուի մէջի ծրագիրը ամբողջանալէն ի վեր, կամաւորներ կառուցանած են Թագաւորութեան Սրահներ, Համաժողովի Սրահներ, միսիոնարական տուներ, եւ թարգմանութեան գրասենեակներ, Ֆիճիի, Թոնկայի, Բաբուա Նոր Կուինիայի, Նոր Գալիտոնիայի եւ այլ վայրերու մէջ։ Բազմաթիւ ծրագիրներ, մէջը ըլլալով քանի մը հատ Ասիոյ Հարաւ-արեւելեան շրջաններուն համար, տակաւին թուղթի վրայ են։ Բաւարար կամաւորներ պիտի ընդառաջե՞ն։

Ըստ երեւոյթին, ասիկա խնդիր մը պիտի չըլլայ։ Հաուայիի մասնաճիւղի գրասենեակը կը գրէ. «Հոս, շինարարական միջազգային յայտագիրներու բոլոր մասնակցողները, խնդրած են որ զիրենք յիշենք երբ ուրիշ ծրագիր մը ըլլայ։ Հազիւ տուն կը վերադառնան, անոնք կը սկսին ասոր համար խնայողութիւններ ընել»։ Յայտագիրը ի՞նչպէս կրնայ չյաջողիլ, երբ այսպիսի անձնուրաց նուիրումի վրայ Եհովայի առատ օրհնութիւնը աւելցնես։

[Նկար՝ էջ 9]

Ծրագրին համար շինարարական նիւթեր

[Նկար՝ էջ 9]

Աշխատաւորներու խումբ մը՝ շինարարութեան վայրին մէջ

[Նկարներ՝ էջ 10]

Երբ ծրագիրները լրացան, ուրախացանք՝ տեսնելով ինչ որ Աստուծոյ հոգին իրագործած էր