Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եսայեայ 53–րդ գլուխը կը պարունակէ հանրածանօթ Մեսիական մարգարէութիւն մը։ 10–րդ համարը կ’ըսէ. «Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի եւ տագնապի հանդիպի [«ցաւերու մատնէ», Արեւմտահայերէն]»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Դիւրին է հասկնալ թէ ինչո՛ւ Եսայեայ 53։10–ի մասին հարցում մը կրնայ յարուցուիլ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները չեն խորհիր որ մեր կարեկից եւ գորովագութ Աստուածը մէկը ճզմելէն կամ ցաւերու մատնելէն հաճոյք կ’առնէ։ Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ Աստուած անմեղները չարչարելով հաճոյք չ’առներ։ (Բ. Օրինաց 32։4. Երեմեայ 7։30, 31) Դարերու ընթացքին, Եհովա երբեմն կրնայ թոյլատրած ըլլալ տառապանքը, իր իմաստութեան եւ սիրոյն հետ համապատասխանող պատճառներով։ Սակայն, վստահաբար, իր սիրելի Որդւոյն՝ Յիսուսի տառապանքին պատճառ եղողը ինք չէր։ Հետեւաբար, այս համարը իրապէս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։

Համարը իր բովանդակութեամբ նկատի առնելը կրնայ օգնել որ իմաստը ըմբռնենք։ Նկատի առէք այն երկու տեղերը ուր ‘հաճութիւն’ բառը կը պատահի։ Եսայեայ 53։10–ին մէջ կը կարդանք. «Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի եւ տագնապի հանդիպի, երբ իր անձը մեղքի համար ողջակիզէ, անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ ու Տէրոջը կամքը [«հաճութիւնը», Արարատ] անոր ձեռքով պիտի յաջողի»։

Աստուածաշունչի ընդհանուր պատգամը ցոյց կու տայ, թէ համարին վերջաւորութեան յիշուած «Տէրոջը հաճութիւնը»՝ Թագաւորութեան միջոցաւ իր կամքը գործադրելուն վրայ կեդրոնացած է։ Եհովա ասիկա ընելով իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ, եւ կարելի պիտի դարձնէ որ ժառանգուած մեղքը, այսինքն՝ մեր մեղքերը, հնազանդ մարդկութեան վրայէն վերցուի։ (Ա. Մնացորդաց 29։11. Սաղմոս 83։18. Գործք 4։24. Եբրայեցիս 2։14, 15. Ա. Յովհաննու 3։8) Այս բոլորը իրագործուելու համար Աստուծոյ Որդին պէտք էր մարդկային արարած մը դառնար եւ փրկանքի զոհը հայթայթէր։ Ինչպէս գիտենք, այս բոլորին ընթացքին Յիսուս տառապեցաւ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ան «իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ»։ Ուստի Յիսուս այդ չարչարանքներէն իրապէս օգտուեցաւ։—Եբրայեցիս 5։7-9

Յիսուս նախապէս գիտէր թէ իր ընտրած վեհ ընթացքը որոշ տառապանք պիտի պատճառէր։ Ասիկա բացայայտ է Յովհաննու 12։23, 24–ի մէջ արձանագրուած իր խօսքերէն, ուր կը կարդանք. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’»։ Այո, Յիսուս գիտէր թէ իր ուղղամտութիւնը պէտք էր պահէր մինչեւ իր տանջալից մահը։ Տեղեկութիւնը կը շարունակէ. «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’. բայց ես եկայ այս ժամուան համար։ ‘Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ’։ Այն ատեն ձայն մը եկաւ երկնքէն. ‘Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ’»։—Յովհաննու 12։27, 28. Մատթէոս 26։38, 39

Այս բովանդակութեան մէջ է որ կրնանք Եսայեայ 53։10–ն հասկնալ։ Եհովա շատ լաւ գիտէր որ իր Որդւոյն փորձառութիւնը, կերպով մը անոր ճզմուիլը պիտի պարփակէր։ Սակայն, ի մտի ունենալով անկէ յառաջ եկած փառաւոր եւ մեծ օգուտը, Եհովա Յիսուսի պատահելիք բաներուն հաճեցաւ։ Այդ առումով է որ Եհովա «հաճեցաւ, որ ան [կամ՝ Մեսիան] ճզմուի»։ Իսկ Յիսուս ալ հաճեցաւ իր իրագործելիք եւ՝ իրագործած բաներուն։ Իրապէս ալ, ինչպէս Եսայեայ 53։10–ն կ’եզրափակէ. ‘Տէրոջը կամքը [«հաճութիւնը», Արարատ] անոր ձեռքով յաջողեցաւ’։