Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որպէս քրիստոնեայ «չափահա՞ս» էք

Որպէս քրիստոնեայ «չափահա՞ս» էք

Որպէս քրիստոնեայ «չափահա՞ս» էք

«ԵՐԲ երեխայ էի՝ երեխայի պէս կը խօսէի, երեխայի պէս կը խորհէի, երեխայի պէս կը տրամաբանէի», գրեց Պօղոս առաքեալ։ Իրապէս, ժամանակ մը բոլորս ալ անօգնական երախաներ էինք։ Բայց յաւիտեան այնպէս չմնացինք։ Պօղոս դիտել կու տայ՝ «Իսկ երբ տղամարդ դարձայ, բոլոր երեխայական բաները մէկ կողմ դրի»։—Ա. Կորնթացիս 13։11, Անթիլիաս

Նոյն կերպով, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ որպէս հոգեւոր երախաներ կը սկսին։ Բայց ժամանակի ընթացքին, բոլորն ալ կրնան «հասնի[լ] հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու»։ (Եփեսացիս 4։13) Ա. Կորնթացիս 14։20–ի մէջ, մեզի հետեւեալ յորդորը տրուած է. «Եղբայրնե՛ր, մտքով տղայ մի՛ ըլլաք, հապա . . . մտքով՝ չափահաս» եղէք։

Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ հասուն եւ չափահաս Քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը օրհնութիւն մըն է, մանաւանդ որ անոնց մէջ շատ նորեկներ կան։ Չափահաս Քրիստոնեաներ ժողովքին կայունութիւնը կ’աւելցնեն։ Անոնք իրենց յաճախած ժողովքին տրամադրութեան կամ տիրող հոգիին վրայ դրական ազդեցութիւն մը ունին։

Մինչ ֆիզիքական աճը որոշ չափով ինքնաբերաբար կ’ըլլայ, բայց հոգեւոր աճումը միայն ժամանակով ու ջանքով տեղի կ’ունենայ։ Զարմանալի չէ որ Պօղոսի օրերուն կարգ մը Քրիստոնեաներ տարինե՛ր Աստուծոյ ծառայելով հանդերձ՝ տակաւին «հասունութեան դիմելու» մէջ թերացած էին։ (Եբրայեցիս 5։12. 6։1, ՆԱ) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Տարիներէ Աստուծոյ ծառայող մը ըլլաք, թէ յարաբերաբար աւելի քիչ ժամանակէ ի վեր, տեղին է որ դուք ձեզ պարկեշտօրէն քննէք։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Արդեօք դուք ալ հասուն կամ չափահաս կոչուած Քրիստոնեաներուն մաս կը կազմէ՞ք։ Եթէ ո՛չ, ի՞նչպէս կրնաք հոն հասնիլ։

«Մտքով Չափահաս»

Հոգեւոր երախայ մը դիւրաւ ‘կ’երերայ ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին կը տարուբերուի մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու’։ Անոր համար Պօղոս կը յորդորէ. «Սիրով . . . ամէն բան Անով աճեցնենք որ գլուխ է, այսինքն Քրիստոս»։ (Եփեսացիս 4։14, 15) Անհատ մը ի՞նչպէս կ’ընէ ասիկա։ Եբրայեցիս 5։14–ը կ’ըսէ. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են [«ըմբռնելու կարողութիւնը մարզուած է», ՆԱ] բարին ու չարը զանազանել»ու։

Նկատի առէք որ հասուն անհատներու ըմբռնելու կարողութիւնը գործածութեամբ մարզուած է, կամ անոնք Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու փորձառութիւնը ունին։ Բացայայտ է ուրեմն որ անհատ մը մէկ օրէն միւսը հասուն չի դառնար. հոգեւորապէս աճիլը ժամանակի կը կարօտի։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, անձնական ուսումնասիրութեամբ շատ բան կրնաք ընել ձեր հոգեւոր աճումը դիւրացնելու համար, մանաւանդ՝ Աստուծոյ Խօսքին խորունկ բաները սերտելով։ Վերջերս, Դիտարան–ը շատ խորունկ բաներու մասին խօսած է։ Հասուն անհատներ խոյս չեն տար այսպիսի յօդուածներ ուսումնասիրելէ, պարզ անոր համար որ անոնք «քանի մը դժուարիմաց» բաներ կը պարունակեն։ (Բ. Պետրոս 3։16) Ընդհակառակը, անոնք ջանադրութեամբ կը լափեն այսպիսի հաստատուն կերակուր։

Եռանդուն Քարոզիչներ եւ Ուսուցիչներ

Յիսուս իր աշակերտներուն պատուէր տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Քարոզչութեան եռանդուն կերպով մասնակցիլն ալ կ’արագացնէ ձեր հոգեւոր աճումը։ Ջանք թափեցէք ձեր պարագաներուն ներած չափով լիովին մասնակցիլ անոր։—Մատթէոս 13։23

Երբեմն, կեանքի ճնշումները քարոզչութեան համար ժամանակ գտնելը կրնան դժուարացնել։ Բայց որպէս քարոզիչ ‘ջանք ընելով’ ցոյց կու տաք որ «բարի լուր»ին կարեւորութիւն կ’ընծայէք։ (Ղուկաս 13։24. Հռովմայեցիս 1։16) Այս կերպով, կրնաք ‘օրինակ ըլլալ հաւատացեալներուն’։—Ա. Տիմոթէոս 4։12

Ուղղամտութիւն Պահողներ

Հասունութեան դիմելը իր մէջ կը բովանդակէ ուղղամտութիւն պահելու համար ջանք թափել։ Ինչպէս արձանագրուած է Սաղմոս 26։1–ի մէջ, Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, զիս դատէ, վասն զի իմ անարատութիւնովս [«ուղղամտութիւնովս», ՆԱ] քալեցի»։ Ուղղամտութիւնը՝ բարոյական ողջամտութիւն եւ ամբողջականութիւն է։ Բայց անիկա կատարելութիւն չի նշանակեր։ Դաւիթ անձամբ բազմաթիւ լուրջ մեղքեր գործեց։ Բայց քանի որ յանդիմանութիւն եւ սրբագրութիւն ընդունեց, ան ցոյց տուաւ որ իր սրտին մէջ տակաւին անկեղծ սէր ունէր Եհովա Աստուծոյ հանդէպ։ (Սաղմոս 26։2, 3, 6, 8, 11) Ուղղամտութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ սրտի ամբողջական նուիրում։ Դաւիթ իր որդւոյն՝ Սողոմոնի ըսաւ. «Քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով . . . ծառայութիւն ըրէ՛»։—Ա. Մնացորդաց 28։9

Ուղղամիտ ըլլալ կը նշանակէ «աշխարհին մէկ մասը չըլլալ», ազգերուն քաղաքականութիւններէն եւ պատերազմներէն հեռու մնալով։ (Յովհաննու 17։16, ՆԱ) Պոռնկութեան, շնութեան եւ թմրամոլութեան նման պիղծ սովորութիւններէն ալ պէտք է խուսափինք։ (Գաղատացիս 5։19-21) Բայց ուղղամիտ ըլլալը այս բաներէն խուսափելէն աւելին կը նշանակէ։ Սողոմոն զգուշացուց. «Մեռած ճանճերը իւղագործին իւղը գարշահոտ կ’ընեն։ Քիչ մը անմտութիւնն ալ իմաստութեամբ եւ պատուով երեւելի սեպուած մարդը այնպէս կ’ընէ»։ (Ժողովողի 10։1) Այո, նոյնիսկ «քիչ մը անմտութիւն»ը, ինչպէս հակառակ սեռի հետ անպատշաճ շարժուձեւը, կամ քծնական վարմունքը, կրնայ «իմաստութեամբ եւ պատուով երեւելի սեպուած» անհատին համբաւը քանդել։ (Յոբայ 31։1) Ուստի, ձեր հասունութիւնը ցոյց տուէք, ջանալով ձեր ամէն վարմունքին մէջ օրինակելի ըլլալ, նոյնիսկ «չար երեւոյթ ունեցող բանէ» հեռու մնալով։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։22, Գինկ Ճէյմս Թարգմանութիւն

Հաւատարիմ Անհատներ

Չափահաս Քրիստոնեայ մը հաւատարիմ ալ է։ Ինչպէս կը կարդանք Եփեսացիս 4։24–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները կը յորդորէ. «Նոր մարդը [«անձնաւորութիւնը», ՆԱ] ձեր վրայ հագ[է]ք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով [«հաւատարմութիւնով», ՆԱ] ստեղծուած է»։ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «հաւատարմութիւն» բառը իր սկզբնական լեզուին մէջ սրբութեան, արդարութեան, երկիւղածութեան գաղափարը ունի։ Հաւատարիմ անհատ մը նուիրուած եւ բարեպաշտ է. ան Աստուծոյ հանդէպ իր բոլոր պարտականութիւնները զգուշութեամբ կը կատարէ։

Այսպիսի հաւատարմութիւն մշակելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։ Անոնցմէ մէկն է ձեր ժողովքի երէցներուն հետ համագործակցութիւնը։ (Եբրայեցիս 13։17) Գիտակցելով որ Քրիստոս է քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը, հասուն Քրիստոնեաներ հաւատարիմ կ’ըլլան «Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու» համար նշանակուած անհատներուն։ (Գործք 20։28) Որքա՜ն անտեղի պիտի ըլլար նշանակուած երէցներուն հեղինակութիւնը հարցի տակ դնել կամ զայն նսեմացնել։ Նաեւ, պէտք է հաւատարմութեան զգացում մը ունենաք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին եւ այն գործակալներուն հանդէպ, որոնք կը գործածուին ‘ատենին հոգեւոր կերակուր տալու’ համար։ (Մատթէոս 24։45) Անյապաղ կարդացէք ու կիրարկեցէք Դիտարան–ին ու անոր ընկերակից հրատարակութիւններուն տեղեկութիւնները։

Սէրը Ձեր Գործերով Ցոյց Տուէք

Պօղոս Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։3) Սիրոյ մէջ աճիլը հոգեւոր աճման շատ կարեւոր երեսակներէն մէկն է։ Յովհաննու 13։35–ի մէջ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ Այսպիսի եղբայրական սէր պարզապէս յոյզերով ու զգացումներով չի յատկորոշուիր։ Հին եւ Նոր Կտակարաններու Բառերուն Վայնի Բացատրական Բառարան–ը նկատել կու տայ. «Սէրը միայն զայն մղող արարքներով կրնայ գիտցուիլ»։ Այո, այս ուղղութեամբ կրնաք հասունութեան դիմել, սէրը գործերու վերածելով։

Հռովմայեցիս 15։7–ի մէջ, զոր օրինակ, կը կարդանք՝ «մէկզմէկ ընդունեցէք»։ Սէր ցոյց տալու կերպերէն մէկն է ձեր հաւատակիցներուն ու նորեկներուն ջերմ ու խանդավառօրէն բարեւել ժողովքային հանդիպումներուն։ Անձնապէս ճանչցէք զանոնք։ Ուրիշներուն ‘շահը փնտռեցէք’։ (Փիլիպպեցիս 2։4) Թերեւս կրնաք հիւրասիրութիւն ցոյց տալ եւ տարբեր անհատներ հրաւիրել ձեր տունը։ (Գործք 16։14, 15) Ուրիշներուն անկատարութիւնները երբեմն ձեր սէրը փորձի կ’ենթարկեն, բայց «սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալ» սորվելով, ցոյց կու տաք որ չափահաս էք։—Եփեսացիս 4։2

Մաքուր Պաշտամունքը Յառաջ Տանելու Համար Մեր Ունեցածը Գործածենք

Անցեալին, Աստուծոյ ժողովուրդէն բոլորը չէին որ Եհովայի տաճարին թիկունք կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան կը գիտակցէին։ Անոր համար Աստուած Անգէ ու Մաղաքիա մարգարէները ղրկեց այս ուղղութեամբ իր ժողովուրդը խթանելու համար։ (Անգեայ 1։2-6. Մաղաքեայ 3։10) Ներկայիս, հասուն Քրիստոնեաները իրենց ունեցածը կը գործածեն Եհովայի պաշտամունքին թիկունք կանգնելու համար։ Այսպիսիները ընդօրինակեցէք, Ա. Կորնթացիս 16։1, 2–ի (Անթիլիաս) սկզբունքին հետեւելով, ժողովքին եւ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային գործին նպաստելու համար կանոնաւորաբար ‘խնայողութիւն մը մէկ կողմ դնելով’։ Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ. «Ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ»։—Բ. Կորնթացիս 9։6

Մի՛ անտեսէք ձեր ձեռքին մէջ եղած կարգ մը ուրիշ բաներ, ինչպէս ձեր ժամանակը եւ կորովը։ Ջանացէք ‘ժամանակը ծախու առնել’ աւելի նուազ կարեւոր գործունէութիւններէն։ (Եփեսացիս 5։15, 16. Փիլիպպեցիս 1։10) Սորվեցէք ձեր ժամանակը աւելի ազդու կերպով գործածել։ Այսպէս ընելով աւելի կարելիութիւն պիտի ունենաք Եհովայի պաշտամունքը յառաջ տանող Թագաւորութեան Սրահի վերանորոգման, եւ այլ ծրագիրներու, մասնակցելու։ Ձեր ունեցածը այս կերպով գործածելը յաւելեալ ապացոյց պիտի տայ որ դուք չափահաս Քրիստոնեայ մը ըլլալու ճամբուն մէջ էք։

Հասունութեան Դիմեցէ՛ք

Այն տղամարդիկը եւ կիները որոնք աշխատասէր եւ գիտութիւնը սիրող են, եռանդուն քարոզիչներ են, անթերի ուղղամտութիւն ունին, հաւատարիմ ու սիրալիր են եւ Թագաւորութեան գործին ֆիզիքական ու նիւթական օժանդակութիւն տալու պատրաստ են՝ իրապէս օրհնութիւն մըն են։ Զարմանալի չէ որ Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք [«հասունութեան դիմենք», ՆԱ]»։—Եբրայեցիս 6։1

Դուք չափահաս եւ հասո՞ւն Քրիստոնեայ մըն էք, թէ ոչ կերպով մը տակաւին հոգեւոր երախայ մըն էք։ (Եբրայեցիս 5։13) Երկու պարագային ալ, որոշեցէք անձնական ուսումնասիրութեան, քարոզչութեան ու ձեր եղբայրներուն սէր ցոյց տալու մէջ ջանադիր ըլլալ։ Հասուն անհատներէն եկած որեւէ խրատ կամ յանդիմանութիւն սիրով ընդունեցէք։ (Առակաց 8։33) Քրիստոնէական ձեր ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրեցէք։ Ժամանակի ընթացքին եւ ջանքով, դո՛ւք ալ կրնաք «հասնիլ հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու»։—Եփեսացիս 4։13

[Մէջբերում՝ էջ 27]

Չափահաս Քրիստոնեաներ ժողովքին կայունութիւնը կ’աւելցնեն։ Անոնք իրենց յաճախած ժողովքին տրամադրութեան կամ տիրող հոգիին վրայ դրական ազդեցութիւն մը ունին

[Նկարներ՝ էջ 29]

Հասուն անհատներ ժողովքի հոգիին կը նպաստեն՝ ուրիշներով հետաքրքրուելով