Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկարատեւ փնտռտուք մը կը վարձատրուի

Երկարատեւ փնտռտուք մը կը վարձատրուի

Երկարատեւ փնտռտուք մը կը վարձատրուի

«ԵՀՈՎԱ՞։ Ո՞վ է Եհովան»։ Ութ տարեկան Սիլվիան այս անունը տեսած էր Հայերէն Աստուածաշունչի մը մէջ, ընտանեկան գանձ մը՝ որ ուրիշ աղջնակի մը կողմէ իրեն ցոյց տրուած էր։ Ան հոս հոն հարցուց, բայց ո՛չ ոք Երեւանի մէջ (Հայաստան), ուր ան կ’ապրէր, կրցաւ իրեն ըսել թէ ո՛վ էր Եհովան. ո՛չ իր ծնողքը, ո՛չ իր ուսուցիչները, ո՛չ ալ այդ շրջանի եկեղեցիին կղերները։

Սիլվիան մեծցաւ, դպրոցը աւարտեց, գործի սկսաւ եւ տակաւին չէր գիտեր թէ ո՛վ է Եհովան։ Երիտասարդ տարիքէն ան ստիպուեցաւ Հայաստանէն հեռանալ. շատ չանցած ինքզինք Լեհաստան գտաւ, ուր ուրիշ գաղթականներու հետ մէկտեղ պզտիկ սենեակի մը մէջ բնակեցաւ։ Իր սենեկակիցներէն մէկը կանոնաւորաբար այցելութիւններ կը ստանար։ Սիլվիա հարցուց. «Ո՞վ կ’ըլլան հիւրերդ»։ Պատասխանը եղաւ. «Եհովայի Վկաներն են, եկած են ինծի Աստուածաշունչը սորվեցնելու»։

Սիլվիայի սիրտը հրճուեցաւ, երբ Եհովայի անունը լսեց։ Ի վերջոյ, ան սկսաւ սորվիլ թէ Եհովան ո՛վ է եւ ան որքա՛ն սիրալիր Աստուած մըն է։ Սակայն, շատ չանցած ան Լեհաստանէն պէտք էր մեկնէր։ Ան փորձեց ապաստանարան գտնել Տանըմարքայի մէջ, Պալթեան Ծովուն անդիի կողմը։ Ան իր հետ միա՛յն քանի մը իրեր ունէր, բայց անոնց մէջ կային Եհովայի Վկաներու կողմէ հրատարակուած սուրբ գրային գրականութիւններ։ Գրականութիւններէն մէկուն վերջին էջին վրայ, Սիլվիա գտաւ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակներու հասցէները։ Ասիկա՝ իր ամենէն կարեւոր ինչքերէն մէկը՝ զինք Եհովայի կապող ազատարար չուանն էր։

Տանըմարքայի մէջ, Սիլվիա գաղթակայան տարուեցաւ, ուր անմիջապէս սկսաւ Եհովայի Վկաները փնտռել։ Իր ունեցած հասցէներու ցանկէն, ան գիտցաւ թէ Դիտարանի Ընկերութեան Տանըմարքայի մասնաճիւղի գրասենեակը, Հոլպէք քաղաքին մէջ կը գտնուէր։ Սակայն, այս քաղաքը ո՞ւր էր։ Սիլվիա շոգեկառքով մը ուրիշ գաղթակայան մը փոխադրուեցաւ, եւ ճամբուն վրայ, շոգեկառքը Հոլպէքէն անցաւ։ Դարձեալ անոր սիրտը հրճուեցաւ։

Քանի մը օր ետք, պայծառ օր մը, Սիլվիա Հոլպէք գացող շոգեկառքը առաւ, եւ կայարանէն մասնաճիւղի գրասենեակը քալեց։ Ան կը յիշէ. «Երբ պարտէզը մտայ, նստարանի մը վրայ նստելով ես ինծի ըսի, ‘Ասիկա՛ է դրախտը’»։ Ան ջերմ ընդունելութիւն գտաւ մասնաճիւղին մէջ, եւ ի վերջոյ իրեն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու կարգադրութիւն մը եղաւ։

Սակայն, անկէ ետք ան քանի մը անգամ փոխադրուեցաւ։ Ամէն անգամ որ նոր գաղթակայան մը փոխադրուէր, Սիլվիա դարձեալ Եհովայի Վկաները կը գտնէր եւ Աստուածաշունչի իր ուսումնասիրութիւնը կը վերսկսէր։ Այսուհանդերձ, երկու տարի ետք, ան բաւական գիտութիւն ձեռք ձգած էր որպէսզի իր կեանքը Եհովայի նուիրէր։ Ան մկրտուեցաւ եւ անկէ քիչ ետք լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց։ 1998–ին, տանըմարքական իշխանութիւնները անոր ապաստանարան շնորհեցին։

Սիլվիա այժմ 26 տարեկան է եւ կը ծառայէ այն վայրին մէջ, որ իրեն դրախտը յիշեցուցած էր՝ Եհովայի Վկաներու Տանըմարքայի մասնաճիւղի գրասենեակը։ Այժմ ան դիտել կու տայ. «Ի՞նչ կրնամ ըսել։ Փոքր տարիքէս Եհովան կը փնտռէի։ Հիմա զինք գտած եմ։ Կ’երազէի կեանքս իր ծառայութեան մէջ անցընել, եւ ահա՛ հիմա Պէթէլի մէջ եմ։ Կ’աղօթեմ որ յառաջիկայ տարիներուն ասիկա իմ տունս ըլլայ»։