«Ժամանակը հասած է»
«Ժամանակը հասած է»
«Հասած է իր ժամը, որ այս աշխարհէն Հօրը մօտ փոխադրուի»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 13։1, Երուսաղէմ
1. Մինչ Հ.Դ. 33–ի Պասեքը կը մօտենայ, Երուսաղէմ ո՞ր ենթադրութիւններով կը վխտայ եւ ինչո՛ւ։
ԻՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ժամանակ՝ Հ.Դ. 29–ին, Յիսուս հունի մը մէջ մտաւ որ զինք պիտի առաջնորդէր իր մահուան, յարութեան եւ փառաւորուելու «ժամ»ուն։ Արդ, Հ.Դ. 33–ի գարունն է։ Յիսուսը սպաննելու հրէական բարձրագոյն ատեանի՝ Սենետրիոնի որոշումէն միայն քանի մը շաբաթ անցած է։ Իրենց ծրագրէն տեղեակ ըլլալով՝ հաւանաբար իր բարեկամը եղող Սենետրիոնի անդամ, Նիկոդէմոսի միջոցաւ՝ Յիսուս Երուսաղէմէն մեկնած է եւ Յորդանան Գետին անդի կողմը գիւղական շրջանը գացած է։ Մինչ Պասեքի տօնը կը մօտենայ, գիւղէն մարդիկ կ’երթան Երուսաղէմ, եւ քաղաքը Յիսուսի մասին եղած ենթադրութիւններով կը վխտայ։ Մարդիկ իրարու կը հարցնեն. «Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, անշուշտ այս տօնին բնաւ պիտի չգայ»։ Քահանայապետներն ու Փարիսեցիները այդ գրգռութիւնը աւելցուցած են, պատուէր տալով որ ո՛վ որ տեսնէ Յիսուսը, իր ուր ըլլալուն մասին զիրենք տեղեակ պէտք է պահէ։—Յովհաննու 11։47-57
2. Մարիամի ո՞ր արարքը հակաճառութեան դուռ կը բանայ, եւ անոր ի նպաստ Յիսուսի պատասխանը «իր ժամ»ուն նկատմամբ ի՛նչ կը նշէ։
Յովհաննու 12։1-8. Մատթէոս 26։6-13) Յիսուս գիտէ թէ «հասած է իր ժամը, որ այս աշխարհէն Հօրը մօտ փոխադրուի»։ (Յովհաննու 13։1) Հինգ օր եւս՝ եւ ան «իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք» պիտի տայ։ (Մարկոս 10։45) Ուստի, ժամանակ չկորսնցնելու ըմբռնում մը կը տեսնուի Յիսուսի բոլոր ըրած ու սորվեցուցած բաներուն մէջ։ Ասիկա մեզի ի՜նչ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ, մինչ կը սպասենք իրերու այս դրութեան վախճանը։ Նկատենք թէ յաջորդ օրը ի՛նչ կը պատահի Յիսուսի։
2 Նիսան 8–ին, Պասեքէն վեց օր առաջ, Յիսուս դարձեալ Երուսաղէմի մօտերը կը գտնուի։ Ան Բեթանիա կու գայ՝ իր սիրելի բարեկամներուն, Մարթայի, Մարիամի ու Ղազարոսի քաղաքը, որ Երուսաղէմէն շուրջ 3 քմ. դուրս կը գտնուէր։ Ուրբաթ իրիկուն է եւ Յիսուս Շաբաթը հոն կ’անցընէ։ Յաջորդ իրիկուն, երբ Մարիամ մեծագին անուշահոտ իւղով կը սպասարկէ իրեն, աշակերտները կ’առարկեն։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Թո՛ղ տուր ատոր, այդ բանը իմ թաղմանս օրուանը համար պահեց։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ են, բայց ես ամէն ատեն ձեզի հետ պիտի չըլլամ»։ (Յիսուսի Յաղթական Մուտքին Օրը
3. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս Երուսաղէմ կը մտնէ Կիրակի՝ 9 Նիսանին, եւ իր շուրջի մարդոց մեծամասնութեան ընդառաջումը ի՞նչ կ’ըլլայ։ (բ) Բազմութեան մասին գանգատ յայտնող Փարիսեցիներուն ի՞նչ պատասխան կու տայ Յիսուս։
3 Կիրակի՝ 9 Նիսանին Յիսուս յաղթական մուտք մը կը գործէ Երուսաղէմ։ Երբ քաղաքին կը մօտենայ՝ իշու մը վրայ հեծած, Զաքարեայ 9։9–ի առ ի կատարում՝ իր շուրջ հաւաքուած մարդոցմէ շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռեն, իսկ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրեն եւ ճամբուն վրայ կը տարածեն։ «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ», կ’աղաղակեն անոնք։ Բազմութեան մէջէն կարգ մը Փարիսեցիներ կ’ուզեն որ Յիսուս յանդիմանէ իր աշակերտները։ Բայց Յիսուս կը պատասխանէ. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։—Ղուկաս 19։38-40. Մատթէոս 21։6-9
4. Երբ Յիսուս քաղաք կը մտնէ, Երուսաղէմի մէջ ինչո՞ւ իրարանցում կ’ըլլայ։
4 Քանի մը շաբաթ առաջ, բազմութեան մէջէն շատեր ականատես եղած էին Յիսուսի միջոցաւ Ղազարոսի յարութեան։ Արդ, անոնք կը շարունակեն այս հրաշքին մասին ուրիշներուն պատմել։ Ուստի, երբ Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ, ամբողջ քաղաքը իրարանցումի մէջ է։ Մարդիկ հարց կու տան. «Ո՞վ է աս»։ Իսկ անոնք կը շարունակեն ըսել՝ «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։ Տեսնելով պատահածը, Փարիսեցիները կ’ողբան. «Բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։—Մատթէոս 21։10, 11. Յովհաննու 12։17-19
5. Ի՞նչ կը պատահի, երբ Յիսուս տաճար կ’երթայ։
5 Երուսաղէմ այցելութեան ատեն իր սովորութեան համաձայն, Մեծ Ուսուցիչը տաճար կ’երթայ սորվեցնելու համար։ Հոն՝ կոյրեր ու կաղեր կու գան իրեն եւ զանոնք կը բժշկէ։ Քահանայապետներն ու դպիրները կը բարկանան, երբ կը տեսնեն ասիկա ու կը լսեն տաճարին մէջ՝ «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի» աղաղակող տղոց ձայնը։ «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք», կը բողոքեն անոնք։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն Մատթէոս 21։15, 16. Մարկոս 11։11
կատարեցիր’»։ Մինչ Յիսուս կը շարունակէ սորվեցնել, ան մօտէն կը զննէ տաճարին մէջի անցուդարձը։—6. Այժմ Յիսուսի մօտեցումը ի՞նչպէս տարբեր է նախկինէն, եւ ինչո՛ւ։
6 Արդ, Յիսուսի մօտեցումը որքա՜ն տարբեր է վեց ամիս առաջուան հետ բաղդատած։ Այն ատեն, ան Տաղաւարահարաց Տօնին համար Երուսաղէմ եկաւ «ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով մը»։ (Յովհաննու 7։10) Իսկ միշտ քայլեր առաւ ապահով կերպով խոյս տալու, երբ իր կեանքին կը սպառնային։ Բայց այժմ բացայայտ կերպով կը մտնէ քաղաք, ուր հրաման տրուած էր որ զինք ձերբակալէին։ Դարձեալ, Յիսուսի սովորութիւնը չէր ինքզինք ծանուցանել որպէս Մեսիան։ (Եսայեայ 42։2. Մարկոս 1։40-44) Ան չէր ուզեր որ իր մասին բերնէ բերան աղմկարար հաղորդումներ կամ խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ տարածուէին։ Արդ, բազմութիւնը բացէ ի բաց զինք կը ծանուցանէ որպէս Թագաւոր եւ Փրկիչ՝ Մեսիան՝ եւ ինք զանոնք լռեցնելու կրօնական առաջնորդներուն խնդրանքը կտրուկ կերպով կը մերժէ։ Ինչո՞ւ այս փոփոխութիւնը։ Քանի որ «ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ», ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ յաջորդ օրն իսկ։—Յովհաննու 12։23
Խիզախ Քայլ մը՝ Ապա Փրկարար Ուսուցումներ
7, 8. Հ.Դ. 33 Նիսան 10–ին Յիսուսի արարքները ի՞նչպէս կ’արտացոլացնեն Հ.Դ. 30–ի Պասեքին տաճարին մէջ իր ըրածը։
7 Երկուշաբթի՝ 10 Նիսանին երբ տաճար կու գայ, Յիսուս նախորդ յետմիջօրէին իր ականատես եղած բաներէն մղուած քայլ կ’առնէ։ Ան կը սկսի ‘դուրս հանել տաճարին մէջ ծախողներն ու գնողները, ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կը կործանէ, եւ թող չտար, որ մէկը տաճարին մէջէն աման մը անցընէ’։ Յանցագործները դատապարտելով, ան կ’ըսէ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’. բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։—Մարկոս 11։15-17
8 Յիսուսի արարքը կ’արտացոլացնէ ինչ որ ըրած էր երեք տարի առաջ, երբ Հ.Դ. 30–ին Պասեքի համար տաճար այցելած էր։ Բայց այս անգամ դատապարտութիւնը աւելի կծու է։ Այժմ, տաճարին մէջի վաճառականներուն կ’ակնարկուի որպէս «աւազակներ»։ (Ղուկաս 19։45, 46. Յովհաննու 2։13-16) Անոնք արժանի են այս անուանումին, քանի որ շատ մեծ գին կը պահանջեն անոնցմէ, որոնք զոհի համար անասուններու պէտք ունին։ Քահանայապետները, դպիրներն ու ժողովուրդին մեծերը կը լսեն Յիսուսի ըրածը եւ դարձեալ զինք սպաննելու կերպեր կը փնտռեն։ Բայց չեն գիտեր թէ ի՛նչպէս մէջտեղէն վերցնեն Յիսուսը, քանի որ ամբողջ ժողովուրդը զարմացած իր ուսուցումին վրայ՝ անոր կապուէր էր։—Մարկոս 11։18. Ղուկաս 19։47, 48
9. Յիսուս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ, եւ տաճարին մէջ իրեն մտիկ ընողներուն ի՞նչ հրաւէր կու տայ։
9 Մինչ Յիսուս կը շարունակէ սորվեցնել տաճարին մէջ, ան կ’ըսէ. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ»։ Այո, ան գիտէ թէ իր մարդկային կեանքին միայն քանի մը օր մնացած է։ Բացատրելէ ետք թէ ի՛նչպէս ցորենի հատիկը պէտք է մեռնի որպէսզի պտուղ տայ՝ որ կը համեմատի իր մահուան եւ ուրիշներուն յաւիտենական կեանք շնորհելու միջոց մը ըլլալուն՝ Յիսուս իր ունկնդիրներուն հրաւէր կու տայ, ըսելով. «Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա»։—Յովհաննու 12։23-26
10. Ի՞նչ էր Յիսուսի զգացումը զինք սպասող տանջալից մահուան նկատմամբ։
10 Իր տանջալից մահուան մասին մտածելով, որ չորս օր ետք տեղի պիտի ունենար, Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն»։ Բայց Յիսուս չէ՛ր կրնար խուսափիլ այն բանէն որ իրեն կը սպասէր։ «Բայց», կ’ըսէ ան, «ես եկայ այս ժամուան համար»։ Արդարեւ, Յիսուս համաձայն է Աստուծոյ ամէն կարգադրութեան հետ։ Ան վճռած է ամէն բանի մէջ Աստուծոյ կամքին համաձայն գործել, մինչեւ իր զոհաբերական մահը։ (Յովհաննու 12։27) Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը մեզի համար. աստուածային կամքին ամբողջական հպատակութիւն։
11. Յիսուս ի՞նչ կը սորվեցնէ այն բազմութեան որ տակաւին նոր լսած է երկնքէն եկած ձայնը։
11 Իր Հօրը համբաւին վրայ իր մահուան ունեցած ազդեցութեան նկատմամբ լաւատեղեակ ըլլալով, Յիսուս կ’աղօթէ. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Տաճարը հաւաքուած բազմութեան ի զարմանք, երկնքէն ձայն մը կու գայ, որ կ’ըսէ. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։ Մեծ Ուսուցիչը այս պատեհութիւնը կը գործածէ բազմութեան ըսելու թէ այս ձայնը ինչո՛ւ լսուեցաւ, իր մահուան հետեւանքը ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ թէ ինչո՛ւ պէտք է հաւատք ընծայեն իրեն։ (Յովհաննու 12։28-36) Վերջին երկու օրերը վստահաբար գործունէութեամբ զեղուն օրեր ըլլալու էին Յիսուսի համար։ Բայց վճռական օրը տակաւին իր դիմաց էր։
Դատապարտութիւններու Օրը
12. Երեքշաբթի 11 Նիսանին, կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս կը փորձեն ծուղակը ձգել Յիսուսը, բայց ի՛նչ արդիւնքով։
12 Երեքշաբթի՝ 11 Նիսանին, Յիսուս անգամ մը եւս տաճար կ’երթայ ուսուցանելու համար։ Հակառակորդ ունկնդիրներ ներկայ են։ Յիսուսի նախորդ օրուան արարքներուն ակնարկելով, քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը կը հարցնեն իրեն. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»։ Վարպետ Ուսուցիչը իր պատասխանով շփոթութեան կը մատնէ զանոնք եւ իր հակառակորդներուն որքա՛ն ամբարիշտ ըլլալը քօղազերծելու համար երեք կենսալից առակներ կը պատմէ անոնց, երկուքը այգիի՝ ու մէկը հարսանեկան խնճոյքի մասին։ Իրենց լսած բաներէն զայրացած, կրօնական առաջնորդները կ’ուզեն ձերբակալել զինք։ Բայց կը վախնան ժողովուրդէն, որ Յիսուսը մարգարէ կը նկատէ։ Ուստի, անոնք խորամանկութեամբ կը փորձեն որ ան բան մը ըսէ, որպէսզի Մատթէոս 21։23–22։46
ձերբակալութեան արժանի նկատեն զինք։ Յիսուսի տուած պատասխանները կը պապանձեցնեն զիրենք։—13. Յիսուս դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն մասին ի՞նչ խրատ կու տայ իր ունկնդիրներուն։
13 Քանի որ դպիրներն ու Փարիսեցիները կը դաւանին Աստուծոյ Օրէնքը սորվեցնել, ուստի Յիսուս իր ունկնդիրներուն հետեւեալ յորդորը կու տայ. «Ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ»։ (Մատթէոս 23։1-3) Հանրապէս կատարուած ի՜նչ պախարակում։ Բայց Յիսուս այսքանով չի բաւարարուիր։ Ասիկա տաճարին մէջ իր վերջին օրն է եւ արձագանգող որոտումի նման, խիզախօրէն մէկը միւսին ետեւէն քօղազերծումներ կ’ընէ։
14, 15. Յիսուս ի՞նչ կծու դատապարտութիւններ կը տեղացնէ դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն վրայ։
14 Յիսուս վեց անգամ կը կրկնէ՝ «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ»։ Զանոնք կեղծաւոր կը կոչէ, քանի որ՝ ինչպէս ինք կ’ըսէ, անոնք մարդոց առջեւ երկնքի Թագաւորութիւնը կը գոցեն, թոյլ չտալով որ մարդիկ հոն մտնեն։ Այս կեղծաւորները ծով ու ցամաք կը ճամբորդեն նորահաւատ մը ընելու համար, միայն զայն յաւիտենական բնաջնջումի արժանի ընելու համար։ Օրէնքին ծանր բաները՝ «դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը» անտեսելով, մեծ արժէք կու տան տասանորդ վճարելու։ Արդարեւ, «գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրեն, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են». իրենց ներքին փտածութիւնն ու նեխածութիւնը պահուած են բարեպաշտութեան դրսերեւոյթին ներքեւ։ Ասկէ զատ, անոնք մարգարէներուն գերեզմանները կը շինեն ու կը զարդարեն՝ իրենց բարեգործութիւնը ցոյց տալու համար, հակառակ անոր որ անոնք ‘մարգարէները սպաննողներուն զաւակներն են’։—Մատթէոս 23։13-15, 23-31
15 Իր հակառակորդներուն հոգեւոր արժէքներէն զուրկ ըլլալը դատապարտելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի կո՛յր առաջնորդներ»։ Անոնք բարոյապէս կոյր են, քանի որ աւելի շեշտ կը դնեն տաճարի ոսկիին վրայ, քան թէ այդ պաշտամունքի վայրին հոգեւոր արժէքին վրայ։ Յիսուս շարունակելով աւելի սաստիկ բառերով կը պախարակէ զիրենք։ «Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ», կ’ըսէ ան, «ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն»։ Այո, Յիսուս անոնց կ’ըսէ թէ քանի որ ամբարիշտ ընթացքի կը հետեւին, յաւիտենական կործանում պիտի կրեն։ (Մատթէոս 23։16-22, 33) Թող որ մենք ալ Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելու մէջ խիզախ ըլլանք, նոյնիսկ երբ անիկա սուտ կրօնքը քօղազերծել պահանջէ։
16. Մինչ Ձիթենեաց Լերան վրայ նստած է Յիսուս ի՞նչ կարեւոր մարգարէութիւն մը կու տայ իր աշակերտներուն։
16 Արդ, Յիսուս կը մեկնի տաճարէն։ Արեւնամուտի ժամանակ, ինք եւ իր աշակերտները Ձիթենեաց Լեռը կը բարձրանան։ Մինչ հոն նստած են, Յիսուս տաճարի կործանման մասին իր մարգարէութիւնը, ու իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին նշանը կու տայ։ Այս մարգարէական խօսքերուն իմաստը մինչեւ մեր օրերը կը հասնի։ Այդ իրիկուն, Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ նաեւ. «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու»։—Մատթէոս 24։1-14. 26։1, 2
Յիսուս ‘Իրենները Մինչեւ Վերջ կը Սիրէ’
17. (ա) Նիսան 14–ի Պասեքի ընթացքին, Յիսուս 12–ին ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։ (բ) Իսկարիովտացի Յուդան ղրկելէ ետք, Յիսուս ի՞նչ յիշատակում կը հաստատէ։
17 Յաջորդ 2 օրերուն՝ 12 եւ 13 Նիսանին՝ Յիսուս տաճարին մէջ բացայայտ կերպով չ’երեւնար։ Կրօնական առաջնորդները կը փորձեն զինք սպաննել եւ ինք չ’ուզեր որ իր առաքեալներուն հետ Պասեքը տօնելուն որեւէ բան արգելք հանդիսանայ։ Հինգշաբթի՝ 14 Նիսանին, արեւը կը սկսի մայր մտնել. որպէս մարդ երկրի վրայ Յիսուսի կեանքին վերջին օրն է։ Այդ երեկոյ, Յիսուս եւ իր առաքեալները Երուսաղէմ տան մը մէջ կը գտնուին, ուր իրենց համար պատրաստութիւն կը տեսնուի որ Պասեքը տօնեն։ Մինչ միասնաբար Պասեքը կ’ուտեն, ան 12–ին խոնարհութեան գեղեցիկ դաս մը կը սորվեցնէ՝ անոնց ոտքերը լուալով։ Իսկարիովտացի Յուդան ղրկելէ ետք՝ որ համաձայնած էր իր Տէրը մատնել 30 կտոր արծաթի փոխարէն, որ ըստ Մովսիսական Օրէնքին, պարզ ծառայի մը գինն էր՝ Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը կը հաստատէ։—Ելից 21։32. Մատթէոս 26։14, 15, 26-29. Յովհաննու 13։2-30
18. Յիսուս սիրալիր կերպով յաւելեալ ի՞նչ բաներ կը սորվեցնէ իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն, եւ զանոնք ի՞նչպէս կը պատրաստէ իր մօտալուտ մեկնումին համար։
18 Յիշատակատօնի հաստատումէն ետք, առաքեալները տաք վիճաբանութեան մը կը բռնուին, Ղուկաս 22։24-30) Յիսուս կը պատուիրէ նաեւ որ զիրար սիրեն, ինչպէս ինք սիրած էր զիրենք։ (Յովհաննու 13։34) Մինչ տակաւին սենեակին մէջ է, Յիսուս սիրալիր կերպով զիրենք կը պատրաստէ իր մօտալուտ մեկնումին համար։ Զիրենք կը վստահեցնէ որ պիտի շարունակէ իրենց բարեկամը մնալ, կը քաջալերէ որ հաւատք ունենան եւ կը խոստանայ սուրբ հոգիով օգնել իրենց։ (Յովհաննու 14։1-17. 15։15) Տունէն մեկնելէ առաջ, Յիսուս իր Հօրը կը պաղատի. «Ժամանակը հասեր է, փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ»։ Արդարեւ, Յիսուս իր առաքեալները պատրաստած է իր մեկնումին համար եւ վստահաբար ‘իրենները մինչեւ վերջն ալ կը սիրէ’։—Յովհաննու 13։1. 17։1
թէ իրենցմէ ո՛վ մեծ է։ Փոխանակ զիրենք յանդիմանելու, Յիսուս համբերութեամբ անոնց կը սորվեցնէ ուրիշներուն ծառայելու արժէքը։ Գնահատելով որ իր փորձութիւններուն մէջ իրեն հետ մնացած են, անոնց հետ անձնապէս թագաւորութեան մը համար ուխտ կ’ընէ։ (19. Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Յիսուս ինչո՞ւ մեծ տանջանքի մէջ է։
19 Կէս գիշերը բաւական անցած ըլլալու է երբ Յիսուս եւ իր 11 հաւատարիմ առաքեալները կը հասնին Գեթսեմանիի պարտէզը։ Ան շատ անգամ հոն գացած էր իր առաքեալներուն հետ։ (Յովհաննու 18։1, 2) Քանի մը ժամէն, Յիսուս պիտի մեռնի որպէս արհամարհելի ոճրագործ մը։ Իր դիմաց գտնուող փորձառութեան տանջանքը եւ իր Հօրը անուան վրայ անոր բերելիք նախատինքը այնքան սաստիկ է, որ Յիսուսի քրտինքը արեան կաթիլներու նման գետին կ’իյնայ՝ մինչ կ’աղօթէ։ (Ղուկաս 22։41-44) Յիսուս իր առաքեալներուն կ’ըսէ՝ «Ժամը հասաւ»։ «Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։ Մինչ տակաւին կը խօսի, Իսկարիովտացի Յուդան կը մօտենայ, ջահեր ու սուրեր ունեցող մեծ բազմութեան մը հետ։ Եկած են Յիսուսը ձերբակալելու։ Ան չ’ընդդիմանար, այլ բացատրութիւն տալով կ’ըսէ. «Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։—Մարկոս 14։41-43. Մատթէոս 26։48-54
Որդին Մարդոյ Փառաւորուած
20. (ա) Յիսուսի ձերբակալութեան ի՞նչ դաժանութիւններ կը յաջորդեն։ (բ) Մեռնելէն ճիշդ առաջ Յիսուս ինչո՞ւ կ’աղաղակէ՝ «ամէն բան կատարուեցաւ»։
20 Իր ձերբակալութենէն ետք, Յիսուս սուտ վկաներու կողմէ կ’ամբաստանուի, նախապաշարուած դատաւորներու կողմէ կը դատապարտուի, Պոնտացի Պիղատոսի կողմէ մահուան վճիռ կը ստանայ, քահանաներու եւ խուժանի կողմէ կը ծաղրուի եւ զինուորներու կողմէ կը քամահրուի եւ կը չարչարուի։ (Մարկոս 14։53-65. 15։1, 15. Յովհաննու 19։1-3) Ուրբաթ կէսօրին, Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ կը գամուի եւ անտանելի ցաւերու կ’ենթարկուի, մինչ իր մարմնին ծանրութեան ներքեւ ձեռքերուն ու ոտքերուն վէրքերը գամուած տեղէն կը պատռին։ (Յովհաննու 19։17, 18) Կէսօրէ ետք ժամը երեքի ատենները, Յիսուս կ’աղաղակէ. «Ամէն բան կատարուեցաւ»։ Այո, ան կատարած է ամէ՛ն բան, որու համար երկիր եկած էր։ Իր հոգին Աստուծոյ յանձնելով, իր գլուխը կը խոնարհեցնէ ու կը մեռնի։ (Յովհաննու 19։28, 30. Մատթէոս 27։45, 46. Ղուկաս 23։46) Անկէ երեք օր ետք, Եհովա կը յարուցանէ իր Որդին։ (Մարկոս 16։1-6) Իր յարութենէն քառասուն օր ետք, Յիսուս երկինք կը համբառնայ ու կը փառաւորուի։—Յովհաննու 17։5. Գործք 1։3, 9-12. Փիլիպպեցիս 2։8-11
21. Ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսը։
21 Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի ‘քայլերուն մօտէն հետեւիլ’։ (Ա. Պետրոս 2։21, ՆԱ) Իրեն նման, թող որ մենք ալ Թագաւորութիւնը քարոզելու ու աշակերտելու մէջ ջանադիր ըլլանք եւ Աստուծոյ Խօսքը խիզախ ու համարձակօրէն խօսինք։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Գործք 4։29-31. Փիլիպպեցիս 1։14) Բնա՛ւ մեր աչքէն թող չվրիպի թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ուր կը գտնուինք, կամ բնա՛ւ չթերանանք իրար սիրոյ ու բարեգործութեան մղելու մէջ։ (Մարկոս 13։28-33. Եբրայեցիս 10։24, 25) Ձգենք որ մեր ամբողջ վարուելակերպը ղեկավարուի Եհովա Աստուծոյ կամքը կատարելով եւ գիտակցելով որ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք։—Դանիէլ 12։4
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Իր մահուան մօտ ըլլալը գիտնալը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Երուսաղէմի տաճարին մէջ Յիսուսի վերջին ծառայութեան վրայ։
• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յիսուս ‘իրենները սիրեց մինչեւ վերջ’։
• Յիսուսի կեանքին վերջին ժամերուն պատահած դէպքերը իր մասին ի՞նչ ցոյց կու տան։
• Մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Յիսուս «մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»