Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրիշ կրօնքներ պէ՞տք է քննէք

Ուրիշ կրօնքներ պէ՞տք է քննէք

Ուրիշ կրօնքներ պէ՞տք է քննէք

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Ամերիկայի մէջ, Միկէլ անունով Եհովայի Վկայ մը կ’ըսէ. «Տարիէ մը ի վեր քրիստոնէական ժողովներու կը յաճախեմ, եւ ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը խօսիմ։ Ապա սկսայ ձայնասփիւռէն կրօնական յայտագիրներ ունկնդրել եւ հեռատեսիլէն՝ կրօնական քարոզիչներ դիտել։ Կը խորհէի որ այսպիսի յայտագիրներ կրնան ինծի օգնել որ ուրիշ կրօնքի պատկանող անհատները աւելի լաւ հասկնամ։ Գիտէի որ անոնց ուսուցումները Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ չէին, սակայն, հետաքրքիր էի»։

Միեւնոյն երկրին մէջ, Հորհէն ճշմարիտ պաշտամունքը ուրիշներու սորվեցնելու նկատմամբ նախանձախնդիր էր։ Սակայն, ժամանակ մը, ան ալ սկսաւ ձայնասփիւռէն եւ հեռատեսիլէն կրօնական յայտագիրներ ունկնդրել։ Ան սովորաբար կ’ըսէր. «Պէտք է գիտնաս թէ ուրիշնե՛ր ինչ կը խորհին»։ Երբ իրեն կը հարցուէր սուտ ուսուցումներու ենթարկուելուն հաւանական վտանգներուն մասին, ան կը պատասխանէր. «Ո՛չ մէկ բան կրնայ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գիտցողի մը հաւատքը խախտել»։ Այս փորձառութիւնները կարեւոր հարցում մը կը յարուցանեն. Իմաստութի՞ւն է ուրիշներու հաւատալիքներուն մտիկ ընել։

Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը Բնորոշել

Առաքեալներուն մահէն ետք, ճշմարիտ պաշտամունքը ապականուեցաւ կեղծ Քրիստոնէութեան բազմաթիւ կերպերու աստիճանական զարգացումով։ Ասիկա նախատեսելով, Յիսուս յայտնեց Քրիստոնէութեան այս կեղծ տեսակները ճշմարիտ Քրիստոնէութենէն զանազանելու կերպերէն մէկը։ Նախ՝ ան ազդարարեց. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են»։ Ապա շարունակեց. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ (Մատթէոս 7։15-23) Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները իրենց սորվեցուցածները կը գործադրեն, եւ իրենց բարի պտուղներով դիւրաւ կը բնորոշուին։ Ինչպէս որ Յիսուս անձամբ ըրաւ, անոնք մարդոց կ’այցելեն, Աստուածաշունչէն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բացատրելու համար։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, անոնք աշխարհի քաղաքականութենէն եւ ընկերային հակաճառութիւններէն հեռու կը կենան։ Անոնք Աստուածաշունչը կ’ընդունին որպէս Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն կը յարգեն որպէս ճշմարտութիւն։ Անոնք Աստուծոյ անունը կը ճանչցնեն։ Իսկ քանի որ կը ջանան Աստուծոյ սորվեցուցած սէրը գործադրել, անոնք պատերազմներու միջամուխ չեն ըլլար։ Փոխարէն, իրարու հետ որպէս եղբայրներ կը վարուին։—Ղուկաս 4։43. 10։1-9. Յովհաննու 13։34, 35. 17։16, 17, 26

Ըստ Սուրբ Գրութիւններուն, կարելի է ‘Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը տեսնել’։ (Մաղաքեայ 3։18) Ներկայիս, ճշմարիտ երկրպագուները մտքով եւ գործով միացած են, առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման։ (Եփեսացիս 4։4-6) Անգամ մը որ հարազատ Քրիստոնեաներու այսպիսի խումբ մը բնորոշէք, ինչո՞ւ հետաքրքիր ըլլաք ուրիշներու հաւատալիքներուն մասին։

Սուտ Ուսուցիչներէն Զգուշացէք

Աստուածաշունչը կ’ընդունի որ նոյնիսկ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, սուտ ուսուցումներէն վարակուելու վտանգը առկայ է։ Պօղոս առաքեալ ազդարարեց. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ [«ձեզ յափշտակէ որպէս իր զոհը», ՆԱ] փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս»։ (Կողոսացիս 2։8) Այս համարը ի՜նչ վառ պատկեր մը կը գծէ։ Ձեզ յափշտակել ու լափել ուզող գազաններու նման, սուտ ուսուցիչները կրնան իսկական վտանգ մը ըլլալ։

Ճիշդ է որ Պօղոս ուրիշներու հաւատալիքները նկատի առաւ։ Անգամ մը ան իր դասախօսութիւնը սկսաւ, ըսելով. «Ո՛վ Աթենացի մարդիկ, ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ։ Քանզի ես պտըտելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ սեղան մը գտայ, որուն վրայ գրուած էր, Անծանօթ Աստուծոյն»։ (Գործք 17։22, 23) Սակայն, Պօղոս իր միտքը յարատեւաբար Յոյն հռետորներու փիլիսոփայութիւններով չսնուցանեց։

Սուտ կրօնքներու ծագումին եւ հաւատալիքներուն մասին գաղափար ունենալը բան մըն է, եւ անոնցմով սնուցանուիլը ուրիշ բան մըն է։ * Եհովա «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակած է, իր Խօսքին վրայ հիմնուած ուսուցում հայթայթելու համար։ (Մատթէոս 4։4. 24։45) Պօղոս գրեց. «Չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն։ Նախանձի՞ գրգռենք Տէրը»։—Ա. Կորնթացիս 10։20-22

Կարգ մը սուտ ուսուցիչներ թերեւս նախապէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ եղած էին, սակայն ժամանակ մը ճշմարտութենէն հեռանալով սխալի ետեւէն գացին։ (Յուդա 4, 11) Ասիկա մեզ պէտք չէ զարմացնէ։ Օծեալ Քրիստոնեաներու մարմինը ներկայացնող «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին խօսելէ ետք, Յիսուս խօսեցաւ ‘չար ծառային’ մասին, դասակարգ մը՝ որ կը գանգատի ըսելով՝ «Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ», եւ կը սկսի իր ծառայակիցները ծեծել։ (Մատթէոս 24։48, 49) Յաճախ, այս անհատներն ու իրենց հետեւորդները յստակ ուսուցումներ չունին. անոնք միայն հետաքրքրուած են ուրիշներու հաւատքը կործանելով։ Անոնց մասին խօսելով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Եթէ մէկը ձեզի գայ ու այս վարդապետութիւնը չբերէ, զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք»։—Բ. Յովհաննու 10. Բ. Կորնթացիս 11։3, 4, 13-15

Ճշմարտութիւնը փնտռող անկեղծ անհատներ լաւ կ’ընեն եթէ զգուշութեամբ քննեն այլ կրօնքներէ իրենց լսած բաները։ Ժամանակի ընթացքին, Աստուած ճշմարտութիւնը փնտռող պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները պիտի օրհնէ։ Աստուածաշունչը աստուածային իմաստութեան մասին կ’ըսէ. «Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն . . . Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։ (Առակաց 2։4, 5) Աստուածաշունչին եւ քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ Աստուծոյ այս գիտութիւնը գտած ըլլալով եւ տեսած ըլլալով թէ Եհովա ի՛նչպէս կ’օրհնէ այդ գիտութեամբ առաջնորդուողները, ճշմարիտ Քրիստոնեաները չեն շարունակեր կրօնական սուտ ուսուցումներու մտիկ ընել։—Բ. Տիմոթէոս 3։14

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը, որ հրատարակուած է Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, աշխարհի շատ մը կրօնքներու ենթահողին եւ ուսուցումներուն մասին հիմնական տեղեկութիւններ կը հայթայթէ։