Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խաղաղութեան բարի լուրը Չիափասի լեռնային շրջանները կը հասնի

Խաղաղութեան բարի լուրը Չիափասի լեռնային շրջանները կը հասնի

Խաղաղութեան բարի լուրը Չիափասի լեռնային շրջանները կը հասնի

«Չիափաս նահանգին մէջ յոռեգոյն կոտորածը տեղի ունեցաւ. 45 անպաշտպան հողագործներ, ի ներառեալ 13 երախաներ, սպաննուեցան խումբ մը . . . զինեալներու կողմէ»։ Այսպէս տեղեկագրեց «Էլ Եունիվերսալ» օրաթերթը, 22 Դեկտեմբեր 1997–ին Չիափաս Նահանգի Աքթիէլին մէջ պատահած միջադէպին մասին։

ՉԻԱՓԱՍԸ Մեքսիկայի ծայրագոյն հարաւը գտնուող նահանգն է, Կուաթեմալայի սահմանին վրայ։ Երկար ատեն աղքատութենէ ու չքաւորութենէ տառապող խումբ մը տեղացի Մայա Հնդիկներ, զինեալ ապստամբութիւն մը կազմակերպեցին Յունուար 1994–ին, Էճերսիթօ Զաբաթիսթա տէ Լիպերացիոն Նացիոնալ (ԷԶԼՆ, Ազգային Ազատագրական Զափաթիսթա Բանակ) դրօշին տակ։ Խաղաղ լուծում մը գտնելու համար եղած բանակցութիւնները քաշքշուեցան։ Թէ՛ ըմբոստներուն եւ թէ կառավարական ջոկատներուն կողմէ եղած յարձակումներուն ու բախումներուն հետեւանքը եղաւ արիւնահեղութիւն եւ մահ։ Խռովութիւնները պատճառ եղան որ այդ շրջանի գիւղացիներէն շատերը ապահով վայրեր փախչին։

Այսպիսի անկայուն պայմաններու ներքեւ, մէ՛կ խաղաղասէր խումբ կայ որ քաղաքական պայքարին մէջ չէզոք մնացած է։ Անոնք նախանձախնդրաբար ուշադրութիւնը կ’ուղղեն Աստուծոյ Թագաւորութեան, որպէս մարդոց դիմագրաւած տեղական ու համաշխարհային խնդիրները լուծելու միակ յոյսը։ (Դանիէլ 2։44) Ո՞վ են անոնք։ Եհովայի Վկանե՛րը։ Յիսուսի պատուէրին հնազանդելով, անոնք կը ջանան Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը տանիլ Չիափասի լեռնային շրջաններու ամենէն մեկուսացած մասերը։ (Մատթէոս 24։14) Այսպիսի պայմաններու ներքեւ քարոզելը ի՞նչպէս իրագործուած է, եւ ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք ձգուած են։

«Ես Եհովայի Վկայ մըն Եմ»

Ատոլֆօ անունով երիտասարդ մը, որ տակաւին վերջերս Թագաւորութեան հրատարակիչ մը եղած էր, օրին մէկը Օգոսինկոյի ռատիօկայաններէն մէկուն մէջ կ’աշխատէր։ Յանկարծ, զօրաւոր կերպով դուռը զարնուեցաւ։ Խումբ մը դիմակաւոր մարդիկ ներս խուժեցին եւ իրենց զէնքերը անոր գլխուն դրին։ Հաղորդավարին սենեակը խուժեցին, գործիքներուն տիրացան եւ ձայնասփռեցին թէ կառավարութեան դէմ պատերազմ յայտարարած էին։

Ատոլֆոյի դառնալով, զինեալները անոր հրամայեցին որ իրենց շարժումին միանայ։ Թէեւ Ատոլֆոն տակաւին մկրտուած չէր, սակայն պատասխանեց. «Ես Եհովայի Վկայ մըն եմ»։ Ան բացատրեց թէ խաղաղութեան միակ յոյսը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն էր, եւ հաստատօրէն մերժեց իրեն ներկայացուած տարազն ու զէնքը։ Անոր վճռական կեցուածքը տեսնելով, թոյլ տուին որ երթայ։ Միջադէպը մտաբերելով, Ատոլֆոն կ’ըսէ. «Այդ դէպքը իրապէս հաւատքս զօրացուց»։

Ի վերջոյ կացութիւնը կայուն եղաւ, սակայն շրջանը տակաւին զինուորական հսկողութեան ներքեւ մնաց։ Հակառակ ասոր, Ատոլֆոն հաճոյքով ընդունեց այդ շրջանին մէջ Քրիստոնեաներու մեկուսացած խումբի մը հետ աշխատելու տեղւոյն ժողովքի երէցներուն տուած հրաւէրը։ Անցարգելներէն անցնելու ժամանակ, երբ ինքզինք կը ճանչցնէր որպէս Եհովայի Վկայ, զինուորները իրեն հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերէին։ Հետագային ան մկրտուեցաւ եւ գոհունակութիւնը ունեցաւ այդ մեկուսացած խումբին օգնելու որ Եհովայի Վկաներու ժողովք մը դառնայ։ Ատոլֆոն ըսաւ. «Այժմ որ մկրտուած եմ, կրնամ լման համոզումով ըսել թէ Եհովայի Վկայ մըն եմ»։

«Եհովա Մեզ Զօրացուց»

ԷԶԼՆ–ը ձայնասփիւռէն կառավարութեան դէմ պատերազմ յայտարարելէ քիչ ետք, գիւղաքաղաքին բնակիչները շրջանէն փախան։ Ֆրանսիսգօ անունով լիաժամ ծառայ մը՝ կամ ռահվիրայ մը՝ բացատրեց թէ Եհովա ի՛նչպէս զօրացուց զինք եւ իր կինը, այն բոլոր բաներու ընթացքին, որոնց մէջէն անցան։

«Որոշեցինք շրջանի մը մէջ ապաստանիլ, որ քալելով երեք ժամու չափ հեռու էր։ Հոն ժողովք մը կար, հետեւաբար եղբայրներուն հետ պիտի ըլլայինք։ Շատ չանցած մեր շրջանային համաժողովին ժամանակը հասաւ, որ տեղի պիտի ունենար Փալէնքի մէջ։ Ես ու կինս չուզեցինք ռահվիրաներու մասնաւոր ժողովէն բացակայիլ, սակայն լսեցինք թէ ԷԶԼՆ համաժողովի տանող ճամբան փակած էր։ Որոշեցինք մացառներու ճամբով երթալ, որ ինը ժամ տեւեց։ Ճիշդ ժամանակին հասնելով կրցանք ռահվիրաներու ժողովին ներկայ ըլլալ, զայն՝ ինչպէս նաեւ, համաժողովի լման յայտագիրը՝ վայելելով։

«Երբ վերադարձանք, մեր տունը հրդեհուած, իսկ մեր անասունները գողցուած գտանք։ Միա՛յն պզտիկ պայուսակ մը հագուելիք մնացած էր։ Մեր կորուստին համար վշտացանք, բայց Օգոսինկոյի մեր եղբայրները մեզ իրենց տուները ընդունեցին։ Նաեւ մեզի կարգ մը արհեստներ սորվեցուցին, որոնց մասին որպէս հողագործ երբեք գաղափար չունէինք։ Եղբայր մը ինծի լուսանկարչութիւն սորվեցուց, ուրիշ մը՝ հնակարկատութիւն։ Այս կերպով է որ ես ու կինս մինչեւ այսօր մեր ապրուստը կը ճարենք, առանց մեր ռահվիրայական ծառայութիւնը դադրեցնելու։ Պատահածին մասին խորհելով, կրնանք տեսնել որ թէեւ մեզի համար դիւրին չէր տոկալը, սակայն Եհովա մեզ զօրացուց»։

Քարոզչութեան Պտուղը

Չիափասի Վկաները թոյլ չտուին որ դժուարութիւններն ու վտանգը արգելք հանդիսանան բարի լուրը այդ շրջանի մարդոց տանելու մասնայատուկ ջանքերուն մէջ բաժին բերելու։ Օրինակ, 1995–ի Ապրիլին եւ Մայիսին, անոնք համայն աշխարհի մէջ գտնուող իրենց Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն միանալով, Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 34–ը բաշխելու արշաւին մասնակցեցան, որու շատ յարմար խորագիրն էր՝ Կեանքը Ինչո՞ւ Այսքան Լեցուն Է Խնդիրներով։

Արշաւի ընթացքին, Փուէպլօ Նուէպօ կոչուած շրջանին մէջ, Սիրօ անունով կանոնաւոր ռահվիրայ մը, հետաքրքրուած ընտանիք մը գտաւ։ Երեք օր ետք վերադառնալով, ան կրցաւ անոնց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Սակայն, երբ Սիրօ եւ իր ընկերակիցը վերադարձան ընտանիքին հետ ուսումնասիրութիւնը շարունակելու համար, ընտանիքին հայրը տունը չէր։ Փոխարէն, դիմակաւորներու խումբ մը իրեն կը սպասէր, վնաս հասցնելու նպատակաւ։ Սիրոյին եւ իր ընկերակիցին հարցուցին թէ ի՛նչ կը փնտռէին եւ սպառնացին սպաննել զանոնք։ Անձայն Եհովայի աղօթելէ ետք, այս երկու Քրիստոնեաները խիզախօրէն բացատրեցին թէ եկած էին այս ընտանիքին Աստուածաշունչը սորվեցնելու։ Ասոր վրայ, դիմակաւոր մարդիկը զիրենք ազատ արձակեցին։ Պատճառով մը, այդ ընտանիքին հայրը այդ օրը երբեք տուն չեկաւ։

Գրեթէ երեք տարի ետք, Սիրոն օր մը անակնկալի եկաւ երբ այս մարդը իր դրան առջեւ գտաւ։ Սիրոն ո՜րքան ուրախացաւ երբ լսեց որ անոր ամբողջ ընտանիքը մկրտուած էր եւ թէ այժմ Կուաթեմալայի մէջ գտնուող ժողովքի մը հետ կ’ընկերակցէին։ Աղջիկներէն մէկը նոյնիսկ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ կը ծառայէր։

Հոգեւոր Սնունդի Հանդէպ Գնահատութիւն

Հակառակ Չիափասի մէջ յարատեւող դժուարութիւններուն, նահանգային տեսուչ մը կը տեղեկագրէ թէ այդ շրջանի Վկաները իրապէս կը գնահատեն ժողովներու կարեւորութիւնը։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ան կը պատմէ ինչ որ վերջերս տեղի ունեցաւ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի մը ընթացքին, որ առաւօտ կանուխ պիտի սկսէր, որպէսզի ներկաները կարենային ցերեկուան յարաբերաբար ապահով ժամերուն տուն վերադառնալ։ Թէեւ անոնց մեծամասնութիւնը համաժողովի վայրը հասնելու համար երեք ժամէն աւելի մացառներուն մէջէն պէտք էր քալէր, սակայն առաւօտեան ժամը 7։00–ին ամէն ոք իր աթոռին վրայ նստած էր։ Ներկաներուն մէջ կային ԷԶԼՆ խումբին պատկանող վեց անդամներ, որոնք մտիկ կ’ընէին եւ կը ծափահարէին, ըստ երեւոյթին, յայտագրէն կ’ախորժէին։ Անոնք ալ երեք ժամ քալած էին համաժողովին ներկայ գտնուելու համար։ Անոնցմէ քսան հոգի նաեւ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան, որ տեղի ունեցաւ տեղական Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ։

Հրոսակային շարժումին պատկանող ուրիշ երիտասարդ մը, իր մեծաւորներուն կողմէ նշանակում ստացած էր մացառուտ որոշ շրջանի մը վրայ հսկելու։ Երբ այդ շրջանը հասաւ, ան տեսաւ որ բոլոր բնակիչները՝ որոնց մեծամասնութիւնը Եհովայի Վկաներ էին՝ փախած էին։ Ուստի, լքուած տուներէն մէկուն մէջ տեղաւորուեցաւ։ Շատ ընելիք չունենալով, տան մէջ ասդին անդին ցրուած կարգ մը գիրքեր հաւաքեց եւ սկսաւ զանոնք կարդալ։ Պատահեցաւ որ ասոնք Դիտարանի Ընկերութեան գրականութիւններն էին, որոնք Վկաները իրենց ետին ձգած էին։ Իր առանձնութեան մէջ, երիտասարդը իր կարդացածին մասին խոկալու ժամանակ ունեցաւ։ Ան որոշեց իր կեանքը փոխել եւ իր զէնքերէն հրաժարիլ։ Շուտով Վկաները գտաւ եւ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Վեց ամիս ետք, ուրիշներուն բարի լուրին մասին կը խօսէր։ Ինք եւ իր ընտանիքէն երեք ուրիշներ, որոնք ժամանակին հրոսակային շարժումի համակիրներ էին, այժմ մկրտուած Քրիստոնեաներ են։

Դրական Կողմը Տեսնել

Թէեւ այս պայքարը շատ նեղութիւններ պատճառեց, սակայն իրականութեան մէջ, անիկա քարոզչութեան հանդէպ մարդոց տեսակէտին վրայ դրական ազդեցութիւն մը ունեցաւ։ Կռիւը ծայր տուած քաղաքէն երէց մը կը պատմէ. «Կռիւը սկսելէն գրեթէ հինգ օր ետք, քարոզչութեան գործը կազմակերպեցինք, թէ՛ քաղաքէն ներս եւ թէ քաղաքէն դուրս։ Մարդիկ մեծ ցանկութեամբ մեզի մտիկ կ’ընէին։ Մեծ քանակով Աստուածաշունչի գրականութիւններ տեղաւորեցինք եւ կարգ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսանք։ Շրջան մը կար, ուր շատեր ճշմարտութեան հակառակ էին, սակայն հիմա, կռիւներուն պատճառաւ, անոնք մտիկ կ’ընեն, Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն եւ ժողովներուն ու համաժողովներուն ներկայ կը գտնուին»։

Եղբայրները ուրախ են որ իրենց աստուածպետական գործունէութիւնները կրցած են շարունակել, հակառակ տիրող շատ անկայուն վիճակներուն։ Կառավարական զօրքերը ու ԷԶԼՆ–ը տեղեակ պահելով, անոնք կը շարունակեն իրենց համաժողովները ունենալ, որոնք հոգեւորապէս կը զօրացնեն զիրենք։ Շրջանային տեսուչներուն այցելութիւններն ալ քարոզչութեան գործը շարունակելու զօրաւոր մղում տուած են։ Հետաքրքրականօրէն, նոյնիսկ պայքարին մաս կազմողներէն քաջալերութիւն կը ստանանք, որոնք յաճախ կը յորդորեն Վկաները որ շարունակեն իրենց քարոզչութիւնը։

Թէեւ Չիափասի մէջ ժողովուրդին քաշած դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին որոշ չափով նուազած են, սակայն, անոնք վերջ չեն գտած։ Մէկ բան որոշ է, թէ Եհովայի Վկաները վճռած են անխոնջօրէն շարունակել Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին բարի լուրը մարդոց տանիլ։ (Գործք 10։34-36. Եփեսացիս 6։15) Անոնք Երեմիա մարգարէին նման կը գիտակցին թէ՝ «մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Միա՛յն Իր որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է որ կրնայ աշխարհի մէջ եղած անարդարութեան եւ աղքատութեան լուծում մը բերել։—Մատթէոս 6։10

[Քարտէս՝ էջ 9]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Մեքսիկայի Ծոց

ՉԻԱՓԱՍ

ԿՈՒԱԹԵՄԱԼԱ

Խաղաղական Ովկիանոս

[Նկարին աղբիւրը]

Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.

[Նկար՝ էջ 9]

Վկաները ծառայութեան կ’երթան Չիափասի լեռնային շրջաններուն մէջ