Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշէ՞ք

Կը յիշէ՞ք

Կը յիշէ՞ք

Դիտարան–ի վերջին թիւերը կարդալով գոհ մնացի՞ք։ Շատ աղէկ, կրնա՞ք հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Անհատի մը հետ տարակարծութիւն մը լուծելու հիմնական քայլը ի՞նչ է։

Նախ պէտք է գիտակցինք որ սխալ խորհուրդներու եւ կեցուածքներու ենթակայ ենք։ Ապա լրջօրէն նկատի պէտք է առնենք թէ խնդրին բուն աղբիւրը մե՞նք ենք, թէ ոչ դիմացի անհատը։—8/15, էջ 23

Գործք Առաքելոց 3։21–ի մէջ յիշուած «բոլոր բաներուն վերահաստատուելու ժամանակները» ե՞րբ պիտի գան։

Վերահաստատումը երկու հանգրուանով կու գայ։ Նախ՝ հոգեւո՛ր դրախտի մը վերահաստատումը կայ, որ ի զօրու է 1919–էն ի վեր։ Երկրորդ վերահաստատում մը պիտի գայ, երբ մեր երկիրը ֆիզիքական դրախտի մը վերածուի։—9/1, էջ 17, 18

Ինչպէս Առակաց 6։6-8–ը կը նշէ, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ մրջիւնը իր վրայ իշխող մը չունի, բայց եւ այնպէս մեզի լաւ օրինակ կը հանդիսանայ։

Մրջիւններու խումբին մէջ թագուհի մը կայ, բայց անիկա թագուհի է միայն այն առումով որ հաւկիթ կ’ածէ եւ խումբին մայրն է։ Մրջիւնները աշխատասէր են. մենք ալ իրենց նման պէտք է ըլլանք, ջանալով մեր գործը բարելաւել, նոյնիսկ երբ մեր վրայ հսկող մը չունինք։—9/15, էջ 26

Դ. Թագաւորաց 22։20–ի մէջ արձանագրուած Ողդայի մարգարէութիւնը ճշգրի՞տ էր, երբ կ’ըսէ թէ Յովսիա «խաղաղութեամբ» պիտի մեռնէր, մինչ ան պատերազմի մէջ մահացու վէրք մը ստացաւ։

Այո, ան խաղաղութեամբ մեռաւ այն առումով որ Հ.Դ.Ա. 609-607–ի աղէտէն առաջ մեռաւ, երբ Բաբելոնացիները Երուսաղէմը պաշարեցին եւ կործանեցին։—9/15, էջ 30

Ի՞նչպէս Սողոմոնի կողմէ գովասանք էր կին մը նկարագրել որպէս ‘սիրելի եղնիկ եւ շնորհալի այծեամ’։ (Առակաց 5։18, 19)

Էգ այծքաղ մը, կամ՝ այծեամ մը, հանդարտ բնոյթ եւ վայելուչ երեւոյթ մը ունի։ Այսուհանդերձ ան կրնայ վերապրիլ եւ ծնունդ տալ ապառաժուտ, անհասանելի վայրերու մէջ, ուր ուտելիք գտնելը դժուար է։—10/1, էջ 30, 31

Որո՞նք էին Հէնրի Կրուն եւ Ճորճ Սթոռզը։

Այս երկու տղամարդիկը ապրած են 1800–ական թուականներուն եւ Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտներ եղած են։ Կրուն գիտցաւ թէ Երրորդութիւնը, հոգիի անմահութիւնը եւ դժոխքի կրակի վարդապետութիւնները սուրբ գրային չէին։ Սթոռզը հասկցաւ թէ ոմանք երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ձեռք պիտի ձգէին։ Երկուքն ալ նախակարապետները եղան Չարլզ Թէյզ Ռասըլի, որ այս պարբերաթերթը սկսաւ հրատարակել 1879–ին։—10/15, էջ 26-30

Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը նկատեն անհատը իր անձնական արիւնը գործածելու բժշկական գործընթացը։

Իրենց ուսուցումները Աստուածաշունչին վրայ հիմնելով, անոնք իրենց արիւնը չեն մթերեր, հետագային զայն ներարկելու համար։ Քրիստոնեայ մը ի՛նք կ’որոշէ թէ վիրաբուժական գործողութեան մը, բժշկական քննութեան մը կամ ընթացիկ դարմանի մը մէջ իր արիւնը ի՛նչպէս պիտի գործածուի։ Ան պէտք է նկատի առնէ թէ Աստուածաշունչը արեան մասին ի՛նչ կ’ըսէ եւ չմոռնայ թէ ինք լիովին Աստուծոյ նուիրուած է։—10/15, էջ 30, 31

Այս տարուան սկիզբը կատարուած փորձագիտանք մը ի՞նչ յատկանշական կարիք մը երեւան հանած է համայն աշխարհի Եհովայի Վկաներուն մէջ։

Աւելի քան 11,000 Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը կայ զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ, ուր տնտեսական պայմանները դժուար են։ Շատ մը երկիրներու մէջ Քրիստոնեաներու ըրած նուիրատուութիւնները ժողովի պատշաճ վայրեր կառուցանելու համար կը գործածուին։—11/1, էջ 30

Աստուածաշունչին մէջ պաշտամունքի հետ կապ ունեցող բնագիր լեզուով գործածուած բառերէն ոմանք ի՞նչ են։

Անոնցմէ մէկն է լի·թուր·յիա բառը, որ «հանրային ծառայութիւն» թարգմանուած է։ Կայ նաեւ լա·թրէյա բառը, որ «սրբազան ծառայութիւն» թարգմանուած է։ (Եբրայեցիս 10։11. Ղուկաս 2։36, 37)—11/15, էջ 11, 12

Աստուածաշունչի մէջ Ադամի ու Եւայի արձանագրութենէն ի՞նչ հիմնական դաս մը կրնանք սորվիլ։

Եհովա Աստուծմէ անկախ ըլլալու որեւէ յաւակնոտութիւն բացայայտ յիմարութիւն է։—11/15, էջ 24-27

Սուրբ գրային ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուած կը զօրացնէ իր ծառաները։

Դաւիթ, Ամբակում եւ Պօղոս առաքեալ, բոլորն ալ վկայեցին թէ Եհովա Աստուած զիրենք զօրացուց եւ իրենց կորովը աւելցուց։ (Սաղմոս 60։12. Ամբակումայ 3։19. Փիլիպպեցիս 4։13) Հետեւաբար, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած յօժար եւ կարող է մեզ ալ զօրացնել։—12/1, էջ 10, 11