Ի՛նչպէս կրնանք առաքինութիւն մշակել
Ի՛նչպէս կրնանք առաքինութիւն մշակել
ԱՐԴԻ բառարաններ «առաքինութիւն»ը կը սահմանեն որպէս «բարոյական արժանիք. բարութիւն»։ Անիկա «շիտակ արարք եւ մտածելակերպ, լաւ բնաւորութիւն ունենալ» է։ Բառարանագիր Մարվին Ռ. Վինսընթ կ’ըսէ թէ «առաքինութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառին սկզբնական եւ դասական իմաստը կը նշէր «որեւէ տեսակի գերազանցութիւն»։ Զարմանալի չէ ուրեմն, որ ատեն մը հետեւեալ յատկութիւնները՝ խոհեմութիւնը, քաջութիւնը, ինքնակրթութիւնը, անաչառութիւնը, կարեկցութիւնը, յարատեւութիւնը, պարկեշտութիւնը, խոնարհութիւնը եւ հաւատարմութիւնը՝ առաքինութիւններ նկատուած էին։ Առաքինութիւնը նաեւ սահմանուած է որպէս «շիտակ չափանիշի մը հետ համապատասխան ըլլալ»։
Որո՞ւ գերազանցութեան, բարութեան եւ շիտակի չափանիշներուն հետ համապատասխան պէտք է ըլլանք։ Նիուզուիք պարբերաթերթը ըսաւ. «Բարոյական փիլիսոփայութեան գլխաւոր դպրոցին համաձայն, Լուսաւորականութեան շարժումին յառաջ բերած սկեպտիկութիւնը, շիտակի ու սխալի բոլոր գաղափարները վերածած է անձնական ճաշակի, զգացական նախընտրութեան կամ մշակութային ընտրութեան»։ Սակայն, զուտ ճաշակը կամ նախընտրութիւնը, շիտակը եւ սխալը որոշելու գոհացուցի՞չ կերպ մըն է։ Ո՛չ։ Առաքինութիւն մշակելու համար, կարիքը ունինք բարիի ու չարի վստահելի չափանիշի մը, չափանիշ մը որու միջոցաւ կրնանք դատել թէ որոշ արարք մը, կեցուածք մը կամ յատկութիւն մը շիտակ է թէ սխալ։
Բարոյական Չափանիշներու Միակ Ճշմարիտ Աղբիւրը
Բարոյական չափանիշներու համար միա՛յն մէկ ճշմարիտ Աղբիւր կայ. մարդկութեան Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած։ Առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծելէն քիչ ետք, Եհովա Աստուած հետեւեալ պատուէրը տուաւ. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց ) Եհովա Աստուած ծառին տուաւ այս եզակի անունը, իր արարածներուն ի նպաստ ինչ որ բարի եւ ինչ որ չար է որոշելու իր բացարձակ իրաւունքը նշելու համար։ Այսպէս, բարիի ու չարի Աստուծոյ չափանիշները անհատի մը արարքները, գաղափարները եւ նկարագրի գիծերը դատելու կամ արժեւորելու հիմը կազմեցին։ Առանց այս չափանիշներուն, չենք կրնար ճշգրիտ կերպով շիտակը սխալէն զանազանել։ 2։16, 17
Բարիի ու չարի գիտութեան ծառին առնչութեամբ տրուած պատուէրը, Ադամի ու Եւայի առջեւ ընտրութիւն մը դրաւ. հնազանդիլ՝ թէ չհնազանդիլ։ Անոնց համար, այդ պատուէրին հնազանդիլը առաքինութիւն կը նշանակէր։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովա շարունակեց յայտնել թէ ի՛նչ բան զինք կը հաճեցնէր եւ ի՛նչ բան՝ ոչ, եւ ասիկա մեր օգտին համար Աստուածաշունչին մէջ արձանագրել տուաւ։ Ուստի, առաքինութիւն մշակելը Աստուածաշունչին մէջ նշուած Եհովայի արդար չափանիշներուն համակերպիլ կը նշանակէ։
Աստուծոյ Չափանիշներուն Մօտէն Ծանօթացէք
Քանի որ Եհովա Աստուած բարիի ու չարի չափանիշները որոշած է եւ զանոնք Աստուածաշունչին մէջ յայտնած է, պէտք չէ՞ որ անոնց մօտէն ծանօթանանք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
Օրինակի համար, նկատի առէք նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Գունիհիթոյին դիմակալած թիւրիմացութիւնը, երբ համեստութիւն ցուցաբերեց, ըստ իր մշակոյթին։ Հետագային, սուրբ գրային չափանիշներուն վրայ մօտէն ակնարկ մը նետելը օգնեց իրեն որ աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում մը ունենայ։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը համեստութիւն կը քաջալերէ, եւ չափազանց ինքնավստահութեան եւ յաւակնոտութեան դէմ կը զգուշացնէ։ (Առակաց 11։2. Միքիայ 6։8) Սակայն, երբ Պօղոս առաքեալ «տեսչութեան» որակումները կ’ուրուագծէր, ան խօսեցաւ այս առանձնաշնորհումին «ձգտելու» մասին։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1, ՆԱ) Այս ‘ձգտումը’ ո՛չ միայն առանց պարծենալու կամ յաւակնելու պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ՝ առանց անհարկիօրէն ինքզինք նսեմացնելու։
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ առեւտրական կրկէսին մէջ բարոյական արժանիքներ ցուցաբերելու մասին։ Հարցական մեթոտներ որդեգրելը կամ կառավարական կանոններէն ու տուրքերէն խուսափելու համար կերպեր փնտռելը, ներկայ առեւտրական աշխարհին մէջ սովորական բաներ են։ Սակայն, ուրիշներ ի՛նչ որ ալ ընեն, Աստուածաշունչի չափանիշն է՝ որ մենք ‘պարկեշտ ընթացք մը ցոյց տանք ամէն բանի մէջ’։ (Եբրայեցիս 13։18, Երուսաղէմ) Ուստի, առաքինութիւն կը մշակենք, գործատէրերու, գործաւորներու, յաճախորդներու եւ կառավարութիւններու հետ պարկեշտ եւ անաչառ ըլլալով։ (Բ. Օրինաց 25։13-16. Հռովմայեցիս 13։1. Տիտոս 2։9, 10) Պարկեշտութիւնը անկասկած վստահութիւն եւ բարեկամութիւն կը յառաջացնէ։ Իսկ համաձայնութիւնները գրի առնելը, յաճախ արգելք կը հանդիսանայ թիւրիմացութիւններու եւ բարդութիւններու, որոնք կրնան «դիպուած»ի պատճառաւ ծագիլ։—Ժողովողի 9։11. Յակոբու 4։13, 14
Հագուելակերպի եւ յարդարանքի հարցը ուրիշ մարզ մըն է, որու մէջ առաքինութիւն պէտք է մշակենք։ Հագուստի ընտրութիւնները կը տարբերին մշակոյթի համաձայն, եւ վերջին ոճերուն հոսանքներուն հետ քայլ պահելու ճնշումը կրնայ զօրաւոր ըլլալ։ Սակայն, հա՞րկ է հետեւիլ ելած իւրաքանչիւր նորաձեւութեան։ Աստուածաշունչը կը խրատէ մեզ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Փոխանակ օրէնքներ բանաձեւելու, Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10) Այս հիմնական չափանիշը կը կիրարկուի ե՛ւ տղամարդոց, ե՛ւ կիներուն։ Անշուշտ, մշակութային նախընտրութեան կամ անձնական ճաշակի պատճառաւ հաճելի այլազանութիւններ կարելի են։
Աստուածաշունչը կը բնորոշէ նաեւ Աստուծոյ կողմէ բացայայտօրէն դատապարտուած անբարոյ արարքները։ Ա. Կորնթացիս 6։9, 10–ի մէջ, հետեւեալ ազդարարութիւնը կը կարդանք. «Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ Այս համարները, նախապէս յիշուած Մարիային օգնեցին, որ տեսնէ թէ Ստեղծիչին դրած բարոյական արժանիքի չափանիշին համաձայն, Խուանի հետ իր ունեցած յարաբերութիւնը սխալ էր եւ եթէ կ’ուզէր Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ, անոր վերջ մը պէտք էր դնէր։ Բացայայտօրէն, առաքինութիւն մշակելու համար պէտք է Եհովայի չափանիշներուն շատ մօտէն ծանօթանանք։
Սրտով Սորվեցէք
Առաքինութիւնը միայն սխալ բաներէն խուսափիլ չի նշանակեր։ Անիկա բարոյական զօրութիւն ունի։ Առաքինի անհատ մը բարութիւն ունի։ Ուսուցչապետ մը կ’ըսէ. «Առաքինութիւնը . . . կարելի է սորվիլ թէ՛ սրտով եւ թէ մտքով»։ Ուստի, առաքինութիւն մշակելը Աստուծոյ Խօսքին լիովին ծանօթանալէն աւելին կը պարփակէ։ Անիկա կը պահանջէ որ հոն գրուածներուն մասին մտածենք, որպէսզի մեր սիրտը Եհովայի հանդէպ երախտագիտութեամբ լեցուի եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները մեր կեանքին մէջ կիրարկելու մղուինք։
Սաղմոսերգուն բացագանչեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։ (Սաղմոս 119։97) Իսկ Դաւիթ Թագաւոր գրեց. «Նախկին օրերը կը յիշեմ, քու [Աստուծոյ] բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ»։ (Սաղմոս 143։5) Մենք ալ աղօթքով խոկալը պէտք է Աստուածաշունչի եւ անոր վրայ հիմնուած գրականութիւններու ուսումնասիրութեան անբաժան մէկ մասը դարձնենք։
Ճիշդ է որ ժրաջան ուսումնասիրութեան եւ խոկալու համար ժամանակ յատկացնելը մարտահրաւէր մը կրնայ ըլլալ։ Սակայն առաքինութեան հետամուտ ըլլալը կը պահանջէ որ ուրիշ գործունէութիւններէ ժամանակ ծախու առնենք։ (Եփեսացիս 5։15, 16) 24 տարեկան Ահարոնը այս ժամանակը ծախու կ’առնէ ամէն օր, սովորականէն 30 վայրկեան կանուխ արթննալով։ Ան կ’ըսէ. «Սկիզբը, կէս ժամ Աստուածաշունչը ընթերցելու կը տրամադրէի։ Միայն վերջերս է որ խոկալու կարեւորութեան անդրադարձայ։ Ուստի հիմա, այդ ժամանակին կէսը կարդացածիս մասին խոկալու կը տրամադրեմ։ Ասիկա իրապէ՛ս վարձահատոյց եղած է»։ Ուրիշ ատեն ալ կարելի է խոկալ։ Եհովայի ուղղուած սաղմոսի մը մէջ, Դաւիթ երգեց. «Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ»։ (Սաղմոս 63։6) Աստուածաշունչը կը յիշէ նաեւ թէ «Իսահակ իրիկուան դէմ դաշտը ելեր էր մտածելու համար»։—Ծննդոց 24։63
Առաքինութիւն մշակելու մէջ խոկալը մեծ դեր կը խաղայ, քանի որ անիկա կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի նման զգանք եւ իր տեսակէտները մերը դարձնենք։ Օրինակ, Մարիան գիտէր թէ Աստուած պոռնկութիւնը կ’արգիլէ։ Սակայն, ‘չարէն զզուելու եւ բարիին յարելու’ համար, ան պէտք ունէր Աստուածաշունչի կարգ մը կարեւոր համարներու մասին խոկալու։ (Հռովմայեցիս 12։9) Կողոսացիս 3։5–ը (ՆԱ) կարդալէ ետք անոր օգնութիւն տրուեցաւ որ փոփոխութիւններ ընելու կարիքը տեսնէ. հոն յորդոր կը տրուի որ ‘մեր երկրաւոր անդամները սպաննենք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, սեռային ախորժակը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը’։ Մարիան ինքնիրեն հարց տուաւ. ‘Ի՞նչպիսի սեռային ախորժակ պէտք է սպաննեմ։ Ի՞նչ բաներէ պէտք է խուսափիմ, որոնք կրնան անմաքուր ցանկութիւններ արթնցնել։ Հակառակ սեռի պատկանող անհատներու հետ իմ վարուելակերպիս մէջ փոփոխութիւններ պէ՞տք է մտցնեմ’։
Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7) Խորհելու համար լաւ հարցումներ են հետեւեալները. ‘Այս արարքը ընելով ի՞նչ վնաս հասցուցած կ’ըլլամ, ես ինծի, ընտանիքիս կամ ուրիշներուն։ Ի՞նչպէս պիտի ազդուիմ հոգեւորապէս, զգացականօրէն եւ ֆիզիքապէս։ Անցեալին Աստուծոյ օրէնքը բեկանող անհատներուն ի՞նչ պատահած է’։ Այս հարցումներուն մասին խոկալը Մարիան սրտով զօրացուց, եւ կրնայ մեզ ալ զօրացնել։
Խոկալ կը նշանակէ արարքի մը հետեւանքին մասին մտածել։ Պօղոս Քրիստոնեաները կը յորդորէ որ պոռնկութենէ ետ կենան եւ ժուժկալութիւն ի գործ դնեն, որպէսզի «չըլլայ որ այդ բանին մէջ չափէ անցնի մէկը ու իր եղբայրը զրկէ»։ (Օրինակներէն Սորվեցէք
Կարելի՞ է դպրոցներու մէջ սորվեցնել առաքինութիւնը։ Այս հարցումը հազարամեակներէ ի վեր շփոթեցուցած է մտաւորականները։ Յոյն իմաստասէր՝ Պղատոն համամիտ էր ասոր։ Միւս կողմէ, Արիստոտէլ պատճառաբանեց թէ առաքինութիւնը վարժութեամբ ձեռք կը ձգուի։ Թղթակից մը այս հարցին շուրջ եղած բանավէճերը հետեւեալ կերպով ամփոփեց. «Կարճ խօսքով, առաքինութեան բարոյագիտութիւնը առանձին կարելի չէ սորվիլ։ Ո՛չ ալ դասագրքերէն կարելի է սորվիլ զայն։ Լաւ նկարագիր մը յառաջ կու գայ ապրելով համայնքներու մէջ . . . ուր առաքինութիւնը կը քաջալերուի ու կը վարձատրուի»։ Բայց ո՞ւր կրնանք իրապէս առաքինի անհատներ գտնել։ Թէեւ շատ մը մշակոյթներ առաքինութեան կարգ մը օրինակներ կը մատուցանեն, առնուազն իրենց դիցաբանական հերոսներուն եւ պատմութիւններուն մէջ, սակայն Աստուածաշունչը իսկական օրինակներու երկար շարք մը կը բովանդակէ։
Առաքինութեան ամենէն յատկանշական օրինակը Եհովան ինքն է։ Ան միշտ առաքինի կերպով կը վարուի եւ կ’ընէ այն ինչ որ արդար եւ բարի է։ Կրնանք առաքինութիւն մշակել «Աստուծոյ նմանող»ներ ըլլալով։ (Եփեսացիս 5։1) Իսկ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, ‘մեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւինք’։ (Ա. Պետրոս 2։21) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը շատ մը հաւատարիմ անհատներու մասին դրուագներ կը պարունակէ, ինչպէս՝ Աբրահամ, Սառա, Յովսէփ, Հռութ, Յոբ, Դանիէլ եւ իր երեք Եբրայեցի ընկերները։ Պէտք չէ մոռնանք Եհովայի արդի ծառաներուն մէջ եղող առաքինութեան օրինակները։
Կրնանք Յաջողիլ
Կրնա՞նք Աստուծոյ աչքին առաքինի եղած բաները ընելու մէջ իրապէս յաջողիլ։ Անկատարութիւն ժառանգած ըլլալով, երբեմն մեր ներսիդին՝ մտքին ու մարմնին միջեւ՝ սաստիկ պայքար մը կրնայ ծագիլ. պայքար մը՝ առաքինութեամբ վարուելու փափաքին եւ մեր մեղաւոր հակումներուն հետեւելու միջեւ։ (Հռովմայեցիս 5։12. 7։13-23) Սակայն, Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի է պայքարէն յաղթական դուրս գալ։ (Հռովմայեցիս 7։24, 25) Եհովա իր Խօսքը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններ հայթայթած է։ Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն ուսումնասիրելով եւ անոր պարունակութեան մասին աղօթքով խոկալով, կրնանք սրտով մաքուր ըլլալ։ Այսպիսի մաքուր սրտէ մը յառաջ կրնան գալ առաքինի խորհուրդներ, խօսքեր եւ արարքներ։ (Ղուկաս 6։45) Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակներուն վրայ հիմնուելով, կրնանք բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը կերտել։ Իսկ վստահաբար շատ բան կրնանք սորվիլ ներկայիս հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայող անհատներէն։
Պօղոս առաքեալ իր ընթերցողները յորդորեց որ շարունակեն ‘խորհիլ’ առաքինութեան եւ գովասանքի արժանի եղող այլ բաներու մասին։ Ասիկա ընելը անկասկած Աստուծոյ օրհնութիւնը պիտի բերէ։ (Փիլիպպեցիս 4։8, 9) Եհովայի օգնութեամբ, կրնանք առաքինութիւն մշակելու մէջ յաջողիլ։
[Նկար՝ էջ 6]
Խոկալը՝ Աստուածաշունչի ձեր ուսումնասիրութեան մէկ մասը դարձուցէք
[Նկար՝ էջ 7]
Բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը կերտեցէք Քրիստոս Յիսուսը ընդօրինակելով