Անարիւն վիրաբուժութիւն՝ «բժշկական հիմնական թեքում մը»
Անարիւն վիրաբուժութիւն՝ «բժշկական հիմնական թեքում մը»
«‘ԱՆԱՐԻՒՆ’ Վիրաբուժութիւն» վերնագրին ներքեւ, Մաքլիընզ պարբերաթերթը տեղեկագրեց թէ Գանատայի տարածքին բժիշկներ «նոր հմտութիւններ զարգացուցած են, որոնք վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, այդպէս կոչուած անարիւն վիրաբուժութիւնը բժշկական հիմնական թեքումի մը վերածած են»։ Ուինիբէկի Առողջապահական Գիտութիւններու Կեդրոնէն Պրայըն Միւրհէտ, անզգայացնող բժիշկ մը, անոնցմէ մէկն է։ Ի՞նչ բան մղեց որ ան անարիւն դարմանումի կերպեր որոնէ։
1986–ին, Տոքթ. Միւրհէտ յանձն առաւ 70 տարեկան մարդու մը արիւնող խոցը վիրահատելու մարտահրաւէրը. մարդը Եհովայի Վկայ մը ըլլալով՝ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած իր հաւատալիքներուն պատճառաւ, արեան ներարկում չպահանջող բժշկական խնամք խնդրած էր։ (Գործք 15։28, 29) Մաքլիընզ կը տեղեկագրէ թէ Տոքթ. Միւրհէտ «հազուադէպօրէն գործածուած մեթոտի մը դիմեց՝ հիւանդին արեան ճնշումը բարձր պահելու համար աղային բաղադրութիւն ներարկելով։ Այս գործելակերպը յաջողեցաւ, եւ ասիկա Միւրհէտի հետզհետէ աւելցող համոզումը հաստատեց թէ՝ ‘մենք չափազանց արեան ներարկումներ կ’ընէինք։ Խորհեցայ թէ ժամանակն է փոխընտրութիւններ որոնելու’»։
Անարիւն վիրաբուժութեան որոնումը «խթանուեցաւ՝ նուիրատրուած արեան հետագայ պաշարին շուրջ եղած մտահոգութիւններով, նաեւ ներարկումով՝ հիւանդութեան ժահրէ վարակուելու շատ մը հիւանդներու ունեցած վախով»։ Նորարար բժիշկներու հետազօտութիւններուն շնորհիւ, ոչ միայն Եհովայի Վկաները, այլեւ շատեր օգտուած են։ Մաքլիընզ–ը կ’ըսէ. «Շատ մը պարագաներու, ներարկումներու կարիքը վերացնելէն զատ, անարիւն վիրաբուժութիւնը արատաւորուած արիւնէ վարակուելու ամենադոյզն վտանգն իսկ կը նուազեցնէ»։ Սակայն, նոյնիսկ «մաքուր» արիւնը կրնայ վարակումի վտանգը առկայ դարձնել՝ հիւանդին ախտազերծական դրութիւնը ժամանակաւորապէս խափանելով։
Անարիւն դարմանումի շուրջ Եհովայի Վկաներու հաստատ համոզումը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած է։ Թերեւս՝ Արիւնը Ի՞նչպէս Կրնայ Փրկել Ձեր Կեանքը գրքոյկը հետաքրքրէ ձեզ։ Եհովայի Վկաները սիրով կրնան ձեզի տալ հատ մը։