Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է հոգեւոր դրախտը

Ի՞նչ է հոգեւոր դրախտը

Ի՞նչ է հոգեւոր դրախտը

ԿՈՒՍԹԱՎՈՆ Պրազիլիոյ մէկ փոքր քաղաքին մէջ մեծցած էր։ * Ան մանկութենէն սորված էր թէ բարի մարդիկը մահուընէ ետք երկինք կ’երթան։ Ան ո՛չ մէկ գաղափար ունէր Աստուծոյ նպատակին մասին, թէ՝ օր մը հաւատարիմ մարդկութիւնը երկրային դրախտի մը մէջ կատարեալ կեանք պիտի վայելէ։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Ուրիշ բան մըն ալ կար որ չէր գիտեր։ Ան տեղեակ չէր որ նոյնիսկ հիմա՛ կրնար հոգեւոր դրախտի մը մէջ ըլլալ։

Այս հոգեւոր դրախտին մասին երբեք լսա՞ծ էք։ Գիտէ՞ք թէ անիկա ինչ է եւ մեզմէ ի՛նչ կը պահանջուի անոր մաս կազմելու համար։ Իրապէս ուրախ ըլլալու փափաքը ունեցող ոեւէ անհատ պէտք է գիտնայ այս դրախտին մասին։

Հոգեւոր Դրախտը Գտնել

Անհատ մը նոյնիսկ հի՛մա կրնայ դրախտի մը մէջ ապրիլ ըսելը, անիրապաշտ կրնայ թուիլ։ Այս աշխարհը դրախտ ըլլալէ շա՛տ հեռու է։ Շատ է թիւը անհատներու, որոնք իրենց մորթին վրայ կը զգան, այն ինչ որ վաղեմի Եբրայեցի թագաւոր մը նկարագրած է. «Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին. անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար, բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար»։ (Ժողովողի 4։1) Հարիւր հազարաւորներ կը տառապին քաղաքական, կրօնական եւ տնտեսական ապականած դրութիւններու ներքեւ, եւ անոնք ո՛չ ամոքում, ո՛չ ալ «մխիթարութիւն տուող» ունին։ Շատ ուրիշներ կը պայքարին իրենց հաշուեցոյցերը վճարելու եւ իրենց զաւակները մեծցնելու համար, նաեւ անհրաժեշտ եղող տասնեակ ուրիշ բաներ կ’ընեն, որպէսզի շարունակեն ապրիլ։ Ասոնք ալ ուրախ պիտի ըլլային եթէ մխիթարութիւն տուող մը ունենային, մէկը՝ որ քիչ մը իրենց բեռը թեթեւցնէր։ Այս բոլորին համար, կեանքը դրախտային ըլլալէ շատ հեռու է։

Հետեւաբար, ո՞ւր է հոգեւոր դրախտը։ Հայերէն «դրախտ» բառը առնչուած է Յունարէն, Պարսկերէն եւ Եբրայերէն բառերուն հետ, որոնց բոլորն ալ զբօսավայրի կամ պարտէզի մը, խաղաղ՝ թարմացուցիչ վայրի մը գաղափարը կը կրեն։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ թէ օր մը երկիրը բառացի դրախտ մը պիտի ըլլայ, պարտիզանման տուն մը՝ մարդկային անմեղ ցեղին համար։ (Սաղմոս 37։10, 11) Ասիկա ի մտի ունենալով, կը տեսնենք թէ հոգեւոր դրախտը աչքերուն ախորժելի եւ ջիղերը հանդարտեցնող միջավայր մըն է, թոյլ տալով որ անհատը իր ընկեր արարածին եւ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն վայելէ։ Ներկայիս այսպիսի դրախտ մը գոյութիւն ունի, եւ անիկա հետզհետէ աւելի անհատներ կ’ընդգրկէ եւ Կուսթավոն գտաւ զայն։

Կուսթավոն 12 տարեկանին որոշած էր Կաթողիկէ վարդապետ մը ըլլալ։ Իր ծնողքին հաւանութեամբ, ան դպրեվանք մտաւ։ Հոն ան երաժշտութեան, թատերգութեան, եւ քաղաքականութեան միջամուխ եղաւ, զորս եկեղեցին կը քաջալերէր պատանիները հրապուրելու համար։ Ան գիտէր թէ վարդապետը պէտք էր ինքզինք ժողովուրդին նուիրէր եւ չէր կրնար ամուսնանալ։ Սակայն, Կուսթավոյի ճանչցած վարդապետներէն եւ ժառանգաւորներէն ոմանք անբարոյութիւն կը գործէին։ Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, շատ չանցած Կուսթավոն ինքզինք խմիչքի տուաւ։ Բացայայտօրէն, ան տակաւին հոգեւոր դրախտ մը գտած չէր։

Օր մը, Կուսթավոն սուրբ գրային թերթիկ մը կարդաց, որ կը խօսէր երկրային դրախտի մը մասին։ Ասիկա կեանքի նպատակին մասին մտածելու առիթ տուաւ իրեն։ Ան կ’ըսէ. «Սկսայ շատ յաճախ Աստուածաշունչը կարդալ, սակայն, չէի հասկնար։ Նոյնիսկ չնկատեցի թէ Աստուած անուն մը ունէր»։ Ան դպրեվանքը ձգեց եւ Եհովայի Վկաներուն մօտեցաւ, Աստուածաշունչը հասկնալու համար օգնութիւն խնդրելով։ Անկէ ետք, ան արագօրէն յառաջդիմեց եւ շատ չանցած իր կեանքը Աստուծոյ նուիրեց։ Կուսթավոն սկսած էր հոգեւոր դրախտին մասին սորվիլ։

Աստուծոյ Անունը Կրող Ժողովուրդ մը

Կուսթավոն սորվեցաւ թէ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, Աստուածաշունչի աշակերտի մը համար պարզապէս կողմնակի տեղեկութիւն մը չէ։ (Ելից 6։3) Անիկա ճշմարիտ պաշտամունքի կենսական մէկ մասն է։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ (Մատթէոս 6։9) Քրիստոնեայ դարձած հեթանոսներու մասին խօսելով, Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Աստուած . . . հոգածութիւն ցոյց տուաւ՝ հեթանոսներէն առնելու ժողովուրդ մը, որ կրէր իր անունը»։ (Գործք 15։14, Երուսաղէմ) Առաջին դարուն, ‘իր անունը կրող ժողովուրդը’ քրիստոնէական ժողովքն էր։ Ներկայիս, Աստուծոյ անունը կրող ժողովուրդ մը կա՞յ։ Այո՛, եւ Կուսթավոն գիտակցեցաւ թէ՝ Եհովայի Վկաներն են այդ ժողովուրդը։

Եհովայի Վկաները գործունեայ են 235 երկիրներու եւ հողամասերու մէջ։ Անոնք աւելի քան վեց միլիոն քարոզիչներ են, եւ յաւելեալ ութը միլիոն հետաքրքրուած անհատներ իրենց ժողովներուն ներկայ գտնուած են։ Իրենց հանրային ծառայութեամբ հանրածանօթ ըլլալով, անոնք Յիսուսի խօսքերը կը կատարեն. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։ (Մատթէոս 24։14) Սակայն, Կուսթավոն ինչո՞ւ զգաց թէ Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցելով, հոգեւոր դրախտ մը գտած էր։ Ան կ’ըսէ. «Աշխարհի մէջ եւ մանաւանդ դպրեվանքին մէջ տեսած բաներս, Եհովայի Վկաներուն մէջ գտած բաներուս հետ բաղդատեցի։ Մեծագոյն տարբերութիւնը՝ Վկաներուն միջեւ եղած սէրն է»։

Ուրիշներ Եհովայի Վկաներուն մասին նոյնանման նկատողութիւններ ըրած են։ Միրիըմ անունով Պրազիլիացի երիտասարդուհի մը, ըսաւ. «Չէի գիտեր ի՛նչպէս ուրախ ըլլալ՝ նոյնիսկ ընտանիքիս մէջ։ Առաջին անգամ Եհովայի Վկաներուն մէջ գործի դրուած սէրը տեսայ»։ Քրիսթյան անունով մարդ մը ըսաւ. «Երբեմն ոգեհարցութեամբ կը զբաղէի, սակայն, կրօնքը ինծի համար կարեւոր չէր։ Իմ ընկերային դիրքս եւ որպէս երկրաչափ իմ գործս աւելի կ’արժեւորէի։ Այսուհանդերձ, երբ կինս սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, իր մէջ փոփոխութիւն տեսայ։ Իրեն այցելող Քրիստոնեայ կիներուն ուրախութիւնն ու նախանձախնդրութիւնն ալ զիս տպաւորեցին»։ Մարդիկ Եհովայի Վկաներուն մասին ինչո՞ւ այսպիսի բաներ կ’ըսեն։

Ի՞նչ Է Հոգեւոր Դրախտը

Եհովայի Վկաները աչքառու դարձնող բաներէն մէկն է՝ Աստուածաշունչի գիտութեան հանդէպ անոնց ունեցած գնահատութիւնը։ Անոնք կը հաւատան թէ Աստուածաշունչը ճշմարիտ է եւ թէ անիկա Աստուծոյ Խօսքն է։ Հետեւաբար, անոնք պարզապէս իրենց կրօնքին հիմնական բաները գիտնալով չեն բաւարարուիր։ Անոնք անձնական ուսումնասիրութեան եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան շարունակական յայտագիր մը ունին։ Անհատ մը Եհովայի Վկաներուն հետ ո՛րքան երկար ժամանակ ընկերակցի, ա՛յնքան աւելի կը սորվի Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մէջ յայտնուած Իր կամքին մասին։

Այսպիսի գիտութիւն Եհովայի Վկաները կ’ազատագրէ այն բաներէն, որոնք մարդոց ուրախութիւնը կը խլեն, ինչպէս՝ նախապաշարումներ եւ վնասակար գաղափարներ։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ», եւ Եհովայի Վկաները այս խօսքին ճշմարիտ ըլլալը զգացած են։ (Յովհաննու 8։32) Ատեն մը ոգեհարցութեամբ զբաղող Ֆերնանտոն, կ’ըսէ. «Յաւիտենական կեանքի մասին սորվիլը մեծ հանգստութիւն պատճառեց։ Կը վախնայի որ ծնողքս կամ ես մեռնէինք»։ Ճշմարտութիւնը Ֆերնանտոն ազատագրեց ոգեղէն աշխարհի եւ այդպէս կոչուած հանդերձեալ կեանքի վախէն։

Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ գիտութիւնը սերտօրէն առնչուած է դրախտին հետ։ Եսայի մարգարէն ըսաւ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի բոլոր երկիր Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսայեայ 11։9

Անշուշտ, գիտութիւնը ինքնին բաւարար չէ Եսայիի նախագուշակած խաղաղութիւնը բերելու համար։ Անհատ մը պէտք է իր սորվածին համաձայն գործէ։ Ֆերնանտոն հետեւեալը ըսաւ. «Երբ անհատ մը հոգիին պտուղները մշակէ, ան հոգեւոր դրախտին մէջ իր մասնակցութիւնը բերած կ’ըլլայ»։ Ֆերնանտոն Պօղոս առաքեալի խօսքերուն կ’ակնարկէր, որ Քրիստոնեայի մը մշակելիք բարի յատկութիւնները կոչեց՝ «հոգիին պտուղը»։ Ան զանոնք թուեց հետեւեալ շարքով՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։—Գաղատացիս 5։22, 23

Կը տեսնէ՞ք թէ ինչո՛ւ այսպիսի յատկութիւններ մշակելու համար ջանք թափող անհատներէ բաղկացած համայնքի մը հետ ընկերակցիլը, արդարեւ դրախտի մը մէջ ըլլալու կը նմանի։ Սոփոնիա մարգարէին կողմէ նախագուշակուած հոգեւոր դրախտը, այսպիսի ժողովուրդի մը մէջ գոյութիւն պիտի ունենար։ Ան ըսաւ. «Անօրէնութիւն պիտի չընեն ու սուտ պիտի չխօսին, անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի. քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին ու վախցնող պիտի չըլլայ»։—Սոփոնեայ 3։13

Սիրոյ Կենսական Դերը

Թերեւս նկատեցիք թէ Պօղոսի յիշած հոգիին պտուղներուն առաջինը՝ սէրն է։ Ասիկա յատկութիւն մըն է որու մասին Աստուածաշունչը շատ կը խօսի։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Ճիշդ է որ Եհովայի Վկաները կատարեալ չեն։ Երբեմն անոնք իրարու միջեւ անհատական խնդիրներ կ’ունենան, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսի առաքեալները ունէին։ Սակայն, անոնք ի՛րապէս զիրար կը սիրեն, եւ մինչ այս յատկութիւնը կը մշակեն, անոնք սուրբ հոգիին օգնութիւնը կը հայցեն։

Որպէս արդիւնք, անոնց ընկերակցութիւնը անզուգական է։ Անոնց մէջ ցեղապաշտութիւն կամ պառակտիչ ազգայնականութիւն չկայ։ Իրականութեան մէջ, Վկաներէն շատեր որոնք 20–րդ դարու վերջին տարիներուն էթնիք մաքրագործում եւ ցեղասպանութիւն դիմագրաւեցին, զիրար պաշտպանեցին՝ նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով։ Թէեւ «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» եկած են, սակայն անոնք կը վայելեն միութիւն մը, զոր դժուար է ըմբռնել, եթէ անձամբ անոր փորձառութիւնը չունենաք։—Յայտնութիւն 7։9

Աստուծոյ Կամքը Կատարողներուն Մէջի Դրախտը

Հոգեւոր դրախտին մէջ ագահութեան, անբարոյութեան եւ անձնասիրութեան տեղ չկայ։ Քրիստոնեաներուն ըսուած է. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Երբ մաքուր ու բարոյական կեանք մը ապրինք եւ այլ կերպերով Աստուծոյ կամքը կատարենք, հոգեւոր դրախտի շինութեան կ’օգնենք եւ մեր անձնական ուրախութեան կը նպաստենք։ Գարլան ասոր գիտակցեցաւ։ Ան ըսաւ. «Հայրս ինծի ծանր աշխատիլ սորվեցուց, նիւթական գետնի վրայ անկախ ըլլալու համար։ Թէեւ համալսարանական ուսումնասիրութիւններս ապահովութեան որոշ զգացում մը տուին, բայց ընտանեկան միութեան եւ ապահովութեան կարօտը ունէի, զոր միա՛յն Աստուծոյ Խօսքին գիտութիւնը մեզի կրնայ տալ»։

Անշուշտ, հոգեւոր դրախտը վայելելը կեանքի ֆիզիքական խնդիրները չի վերցներ։ Քրիստոնեաները տակաւին կը հիւանդանան։ Իրենց ապրած երկրին պետութիւնը կրնայ քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ մխրճուիլ։ Շատեր կը տառապին աղքատութենէ։ Այսուհանդերձ, Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը ունենալը՝ որ հոգեւոր դրախտին կարեւոր մէկ մասն է՝ կը նշանակէ թէ կրնանք օգնութեան համար իրեն դիմել։ Արդարեւ, ան մեզ կը հրաւիրէ որ ‘մեր հոգը իր վրան ձգենք’, եւ շատեր կրնան վկայել թէ ան ի՜նչ հոյակապ կերպով անոնց թիկունք կանգնած է ամենադժուար կացութիւններու մէջ։ (Սաղմոս 55։22. 86։16, 17) Աստուած կը խոստանայ իր երկրպագուներուն հետ ըլլալ նոյնիսկ «մահուան շուքի ձորին մէջ»։ (Սաղմոս 23։4) Մեզի թիկունք կանգնելու Աստուծոյ պատրաստակամութեան վրայ վստահութիւն ունենալը կ’օգնէ որ ‘ամէն մտքէ վեր եղող Աստուծոյ խաղաղութիւնը’ պահպանենք, որ հոգեւոր դրախտին բանալիներէն մէկն է։—Փիլիպպեցիս 4։7

Հոգեւոր Դրախտին Նպաստել

Շատեր հաճոյք կ’առնեն զբօսավայր մը կամ պարտէզ մը այցելելով։ Անոնք կը սիրեն անոր մէջ ճեմել, կամ նստարանի մը վրայ նստիլ եւ շրջապատը վայելել։ Նոյն կերպով, շատեր հաճոյք կ’առնեն Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցելէն։ Անոնք այս ընկերակցութիւնը թարմացուցիչ, խաղաղարար եւ կազդուրիչ կը գտնեն։ Սակայն, գեղեցիկ պարտէզ մը խնամքի կը կարօտի, դրախտային մնալու համար։ Նմանապէս, հոգեւոր դրախտ մը գոյութիւն ունի ոչ–դրախտային այս աշխարհին մէջ, պարզ անոր համար որ Եհովայի Վկաները զայն կը մշակեն, իսկ Աստուած անոնց ջանքերը կ’օրհնէ։ Ուստի, անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ իմաստալից կերպով այս դրախտին նպաստել։

Նախ՝ Եհովայի Վկաներու ժողովքներէն մէկուն հետ պէտք է ընկերակցիք, անոնց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէք, եւ հոգեւոր դրախտին հիմը կազմող Աստուածաշունչի գիտութիւնը ձեռք ձգէք։ Գարլան նշեց. «Առանց հոգեւոր սնունդի, հոգեւոր դրախտ գոյութիւն չունի»։ Ասիկա կը պարփակէ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը կարդալ եւ ձեր կարդացածին մասին մտածել։ Ձեռք ձգուած գիտութիւնը, ձեզ Եհովա Աստուծոյ աւելի պիտի մօտեցնէ եւ պիտի սկսիք զինք սիրել։ Նաեւ պիտի սորվիք աղօթքի միջոցաւ իրեն հետ խօսիլ, եւ խնդրել իր առաջնորդութիւնը եւ իր հոգին, որ ձեզի թիկունք կանգնի մինչ իր կամքը կը կատարէք։ Յիսուս մեզի ըսաւ որ աղօթքի մէջ յարատեւենք։ (Ղուկաս 11։9-13) Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Անդադար աղօթք ըրէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Աղօթքով Աստուծոյ հետ խօսելու առանձնաշնորհումը՝ կատարեալ վստահութեամբ թէ ան կը լսէ ձեզ՝ հոգեւոր դրախտին կարեւոր մէկ մասն է։

Ժամանակի ընթացքին, ձեր սորված բաները ձեր կեանքը պիտի բարեփոխեն, եւ ի վերջոյ պիտի փափաքիք անոնց մասին ուրիշներու հետ խօսիլ։ Այն ատեն պիտի կարենաք Յիսուսի պատուէրին հնազանդիլ. «Այնպէս թող լուսաւոր[է] ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 5։16) Ուրիշներու հետ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի գիտութիւնը բաժնելը եւ մարդկութեան հանդէպ անոնց ցուցաբերած մեծ սէրը գովաբանելը, մեծ ուրախութիւն կը պատճառեն։

Ժամանակը կը մօտենայ, երբ ամբողջ երկիրը բառացի դրախտ մը պիտի ըլլայ՝ ապականութենէ զերծ պարտիզանման վայր մը եւ հաւատարիմ մարդկութեան համար յարմար տուն մը։ Այս «չար ժամանակներուն» մէջ հոգեւոր դրախտի մը գոյութիւնը Աստուծոյ զօրութեան ապացոյցն է եւ նմոյշ մը՝ թէ ան ի՛նչ կրնայ իրագործել եւ պիտի իրագործէ ապագային։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

Նոյնիսկ հիմա, հոգեւոր դրախտը վայելողները Եսայեայ 49։10–ի հոգեւոր կատարումին փորձառութիւնը կ’ունենան. «Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւին, խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնէ անոնց, քանզի անոնց ողորմութիւն ընողը պիտի առաջնորդէ անոնց ու ջուրի աղբերակներու քով պիտի տանի զանոնք»։ Խոսէ ասոր ճշմարիտ ըլլալուն կը վկայէ։ Ան կ’երազէր անուանի երաժիշտ մը ըլլալ, սակայն քրիստոնէական ժողովքին հետ Աստուծոյ ծառայելու մէջ աւելի գոհունակութիւն գտաւ։ Ան կ’ըսէ. «Այժմ իմաստալից կեանք մը կը վայելեմ։ Քրիստոնէական եղբայրակցութեան մէջ ապահով կը զգամ, եւ գիտեմ թէ Եհովա սիրալիր հայր մըն է, որու կրնանք վստահիլ»։ Խոսէի եւ իրեն նման միլիոնաւոր ուրիշներու ուրախութիւնը, լաւ կերպով նկարագրուած է Սաղմոս 64։10–ին մէջ. «Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ»։ Հոգեւոր դրախտի ի՜նչ հոյակապ նկարագրութիւն մը։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Յիշուած անհատները իրական անձնաւորութիւններ են, սակայն կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 10]

Մինչ հոգեւոր դրախտը կը վայելէք, զայն ընդլայնելու մէջ ձեր բաժինը բերէք