Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իսկական ուրախութիւն ի՛նչպէս գտնել

Իսկական ուրախութիւն ի՛նչպէս գտնել

Իսկական ուրախութիւն ի՛նչպէս գտնել

ՊՈՒՏՏԱՅԱԿԱՆ կրօնական առաջնորդ՝ Տալայի Լաման ըսաւ. «Կը հաւատամ թէ մեր կեանքին իսկական նպատակը՝ ուրախութիւն փնտռել է»։ Ապա բացատրեց, թէ ինք կը հաւատար որ ուրախութիւնը կրնայ իրագործուիլ՝ միտքը եւ սիրտը մարզելով, կամ կրթելով։ «Ամբողջական ուրախութեան հասնելու համար, մեզի հարկ եղող միակ հիմնական գործիքը՝ միտքն է», ըսաւ ան։ Ան կը խորհի թէ Աստուծոյ հաւատալը անհրաժեշտ չէ։ *

Ասոր հակառակը, նկատի առէք Յիսուսը, որ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէր, եւ իր ուսուցումները դարերու ընթացքին հարիւր միլիոնաւոր անհատներու վրայ ազդեցութիւն ունեցած են։ Յիսուս մարդոց ուրախութեամբ հետաքրքրուած էր։ Ան իր համբաւաւոր Լերան Քարոզը սկսաւ ինը երանութիւններով՝ ինը արտայայտութիւններ, որոնք կը սկսին՝ «Երանի՜ . . .» բառով։ (Մատթէոս 5։1-12) Նոյն Քարոզին մէջ, ան իր ունկնդիրներուն սորվեցուց որ իրենց միտքն ու սիրտը քննեն, մաքրեն ու կրթեն՝ վայրագ, անբարոյ ու անձնասէր խորհուրդները, խաղաղ, մաքուր ու սիրալիր խորհուրդներով փոխարինելով։ (Մատթէոս 5։21, 22, 27, 28. 6։19-21) Ինչպէս հետագային իր աշակերտներէն մէկը յորդորեց, պէտք է ‘շարունակենք խորհիլ’ այն բաներու մասին, որոնք ‘ճշմարտութիւնով, պարկեշտութեամբ, արդարութիւնով, մաքրութիւնով, սիրով, բարի համբաւով, առաքինութիւնով, եւ գովութիւնով են’։—Փիլիպպեցիս 4։8

Յիսուս գիտէր թէ իսկական ուրախութիւնը առնչուած է ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան հետ։ Մենք բնոյթով ընկերային ենք, ուստի չենք կրնար իրապէս ուրախ ըլլալ երբ մեկուսանանք, կամ երբ մեր շուրջը գտնուողներուն հետ միշտ կռիւի մէջ ըլլանք։ Կրնանք ուրախ ըլլալ միա՛յն երբ զգանք թէ սիրուած ենք եւ երբ ուրիշները կը սիրենք։ Յիսուս սորվեցուց թէ այսպիսի սիրոյ համար էական է Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը։ Յատկապէս այս կէտին մէջ Յիսուսի ուսուցումը կը տարբերի Տալայի Լամայի ուսուցումէն, քանի որ Յիսուս սորվեցուց թէ մարդիկ Աստուծմէ անկախ ըլլալով չեն կրնար իրապէս ուրախ ըլլալ։ Ինչո՞ւ։—Մատթէոս 4։4. 22։37-39

Ձեր Հոգեւոր Կարիքներուն Մասին Խորհեցէք

Երանութիւններէն մէկը կ’ըսէ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«անոնց որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն», ՆԱ]»։ (Մատթէոս 5։3) Յիսուս ինչո՞ւ այսպէս ըսաւ։ Քանի որ մենք, անասուններէն տարբերուելով՝ հոգեւոր կարիքներ ունինք։ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալով, մենք որոշ տարողութեամբ կրնանք աստուածային յատկութիւններ մշակել, ինչպէս՝ սէր, արդարութիւն, ողորմութիւն, եւ իմաստութիւն։ (Ծննդոց 1։27. Միքիայ 6։8. Ա. Յովհաննու 4։8) Մեր հոգեւոր կարիքներուն մէջ պարփակուած է՝ մեր կեանքին մէջ նպատակ մը ունենալու կարիքը։

Այսպիսի հոգեւոր կարիքներ ի՞նչպէս կրնանք գոհացնել։ Ոչ թէ վերանցական մտորումով կամ զուտ վերլուծողական ներհայեցողութեամբ։ Այլ, Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթէոս 4։4) Նկատի առէք թէ Յիսուս ըսաւ որ Աստուած է մեր կեանքին համար կենսական եղող «ամէն խօսք»ին աղբիւրը։ Կարգ մը հարցումներու պատասխանը միայն Աստուած կրնայ տալ։ Այդ ներատեսութիւնը յատկապէս ժամանակայարմար է ներկայիս, կեանքի նպատակին եւ ուրախութեան ճամբուն մասին եղած տեսութիւններու այլազանութեան ի տես։ Գրավաճառներ լման ենթաբաժիններ կը յատկացնեն այնպիսի գրքերու՝ որոնք ընթերցողներուն առողջութիւն, հարստութիւն եւ ուրախութիւն կը խոստանան։ Ինթըրնէթի վայրեր ստեղծուած են, որոնք յատկապէս ուրախութեան նիւթը կը քննարկեն։

Այսուհանդերձ, այս մարզերուն մէջ մարդկային մտածելակերպը յաճախ մոլորած է։ Անիկա հակումը ունի անձնասէր ցանկութիւնները կամ եսը յագեցնելու։ Անիկա հիմնուած է՝ սահմանափակ գիտութեան եւ փորձառութեան, եւ շատ յաճախ՝ սխալ ենթադրութիւններու վրայ։ Օրինակ, դիւրուսոյց գրքերու հեղինակներուն մէջ հետզհետէ թեքում կայ իրենց գաղափարները հիմնելու «բարեշրջական հոգեբանութեան» վարկածին վրայ, որ կ’ենթադրէ թէ մարդկային զգացումներուն արմատը պէտք է փնտռել մեր ենթադրեալ անասնական նախնիքներուն մէջ։ Իրականութեան մէջ, ուրախութիւն գտնելու որեւէ փորձ որ հիմնուած է մեր Ստեղծիչին դերը անտեսող վարկածի մը վրայ, չի կրնար վաւերական ըլլալ եւ ի վերջոյ յուսախաբութեան պիտի առաջնորդէ։ Վաղեմի մարգարէ մը ըսաւ. «Իմաստունները ամչցան, . . . ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին, ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ»։—Երեմեայ 8։9

Եհովա Աստուած գիտէ մեր կազմուածքը եւ գիտէ թէ ի՛նչ բան մեզ իրապէս կ’ուրախացնէ։ Ան գիտէ թէ մարդը ինչո՛ւ դրաւ երկրի վրայ եւ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ, եւ այս տեղեկութիւնները տուած է մեզի Աստուածաշունչին մէջ։ Այդ գրքին մէջ իր յայտնած բաները արդարամիտ անհատներու սրտի թելին կը դպչին եւ ուրախութիւն կը ներշնչեն։ (Ղուկաս 10։21. Յովհաննու 8։32) Յիսուսի աշակերտներէն երկուքին պարագան այս եղաւ։ Իր մահուընէ ետք անոնք վհատած էին։ Սակայն երբ յարուցեալ Յիսուսի բերնէն անձամբ լսեցին մարդկութեան փրկութեան համար Աստուծոյ նպատակին մէջ իր դերին մասին, անոնք ըսին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր»։—Ղուկաս 24։32

Այս ուրախութիւնը կ’աւելնայ երբ թոյլ տանք որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մեր կեանքը ուղղէ։ Այս առնչութեամբ, ուրախութիւնը կրնայ նմանցուիլ ծիածանի մը։ Անիկա կը յայտնուի երբ պայմանները նպաստաւոր են, սակայն աւելի կը շողշողայ, նոյնիսկ կրկնակի ծիածանի մը կը վերածուի, երբ պայմանները իտէալական ըլլան։ Այժմ նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ թէ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն կիրարկումը ի՛նչպէս աւելի մեծ ուրախութեան կրնայ նպաստել։

Ձեր Կեանքը Պարզ Պահեցէք

Նախ՝ հարստութեան հարցին շուրջ Յիսուսի տուած խրատը նկատի առէք։ Հարստութիւն հետապնդելը կեանքին գլխաւոր նպատակը ընելու դէմ զգուշացնելէ ետք, Յիսուս արտակարգ արտայայտութիւն մը ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ»։ (Մատթէոս 6։19-22) Հիմնականօրէն, ան ըսել ուզեց որ եթէ մենք անյագօրէն հարստութիւն, հեղինակութիւն կամ մարդոց հետապնդած նպատակակէտերէն որեւէ մէկը հետապնդենք՝ աւելի կարեւոր բաները պիտի կորսնցնենք։ Ի վերջոյ՝ ինչպէս Յիսուս ուրիշ առիթով մը ըսաւ՝ «մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ (Ղուկաս 12։15) Եթէ իրապէս կարեւոր եղող բաները առաջնակարգ տեղը դնենք, ինչպէս՝ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը, ընտանեկան պատասխանատուութիւնները, եւ ասոնց հետ առնչուած այլ հարցեր, այն ատեն մեր «աչք»ը «պարզ»՝ յստակ պիտի ըլլայ։

Նշենք թէ Յիսուս ճգնաւորութիւն կամ ծայրայեղ ինքնամերժում չէր քաջալերեր։ Ամենայնդէպս, Յիսուս ինք ճգնաւոր մը չէր։ (Մատթէոս 11։19. Յովհաննու 2։1-11) Ընդհակառակը, ան սորվեցուց թէ անոնք որոնք կեանքը պարզապէս հարստութիւն դիզելու պատեհութիւն մը կը նկատեն, շատ բան կը կորսնցնեն կեանքէն։

Կանուխ տարիքէն հարստացած կարգ մը անհատներու մասին խօսելով, Սան Ֆրանսիսգոյէն (Ա.Մ.Ն.) հոգեբոյժ մը ըսաւ թէ անոնց համար դրամը «ընկճուածութեան եւ շփոթութեան արմատն է»։ Ան աւելցուց թէ այս անհատները «երկու կամ երեք տուն, ինքնաշարժ մը կը գնեն, եւ անպէտ բաներու համար դրամ կը ծախսեն։ Իսկ երբ ասոնք գոհացում չպատճառեն [այսինքն, չուրախացնեն զիրենք], կը յուսալքուին, պարապութիւն կը զգան եւ չեն գիտեր ինչպէս անցընել իրենց կեանքը»։ Միւս կողմէ, անոնք որոնք նիւթապէս պարզ կեանք մը վարելու եւ հոգեւոր բաներու ժամանակ տրամադրելու շուրջ Յիսուսի տուած խրատին կը հետեւին, շատ աւելի հաւանականութիւն ունին իսկական ուրախութիւն գտնելու։

Հաուայիի մէջ ապրող Թոմ անունով շինարար մը, ուզեց որպէս կամաւոր պաշտամունքի վայրեր շինելու գործին մասնակցիլ Խաղաղական կղզիներուն մէջ՝ ուր մարդիկ աղքատ են։ Թոմ այս խոնարհ մարդոց մէջ բան մը նկատեց։ Ան ըսաւ. «Այս կղզիներուն մէջ գտնուող Քրիստոնեայ եղբայրներս ու քոյրերս իրապէս ուրախ էին։ Անոնք ինծի օգնեցին աւելի յստակօրէն ըմբռնելու, թէ ուրախութեան գաղտնիքը դրամն ու ստացուածքը չեն»։ Ան նաեւ մօտէն դիտեց կղզիներուն մէջ իր հետ աշխատող կամաւորները եւ նկատեց թէ որքա՜ն գոհունակ էին։ Թոմ ըսաւ. «Անոնք կրնային շատ դրամ շահիլ։ Սակայն, ընտրեցին՝ հոգեւոր բաները առաջնակարգ տեղը դնել եւ պարզ կենցաղ մը ունենալ»։ Այս օրինակներէն ազդուած, Թոմ իր կեանքը պարզացուց, որպէսզի կարենար իր ընտանիքին եւ հոգեւոր հետապնդումներուն համար աւելի ժամանակ տրամադրել, քայլ մը՝ որու համար բնաւ չէ զղջացած։

Ուրախութիւն եւ Արժանապատուութիւն

Ուրախ ըլլալու համար կենսական է որ անհատը ինքն իր անձին հանդէպ յարգանք, կամ արժանապատուութեան զգացում մը ունենայ։ Մարդկային անկատարութեան եւ անկէ առթած տկարութեան պատճառաւ, ոմանք իրենց անձին նկատմամբ բացասական տեսակէտ մը ունին, եւ շատեր մանկութենէն ունին այս զգացումը։ Խոր արմատ կապած զգացումներ նուաճելը կրնայ դժուար ըլլալ, սակայն, անկարելի չէ։ Լուծումը Աստուծոյ Խօսքը գործադրելուն մէջ կը կայանայ։

Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ Ստեղծիչը մեր մասին ի՛նչ կը զգայ։ Իր տեսակէտը ոեւէ մարդու՝ նոյնիսկ մե՛ր իսկ անձնական տեսակէտէն կարեւոր չէ՞։ Սիրոյ մարմնացումը ըլլալով, Աստուած մեզ կը դիտէ առանց կանխադատողութեան կամ յիշաչարութեան։ Ան կը տեսնէ ինչ որ ենք, նաեւ՝ ինչ որ կրնանք ըլլալ։ (Ա. Թագաւորաց 16։7. Ա. Յովհաննու 4։8) Արդարեւ, ան զինք հաճեցնել փափաքողները թանկարժէք կը նկատէ, այո՛, ցանկալի, ինչ որ ալ ըլլան անոնց անկատարութիւնները։—Դանիէլ 9։23. Անգեայ 2։7

Անշուշտ, Աստուած մեր տկարութիւններն ու մեր գործած մեղքերը չ’անտեսեր։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ շիտակը ընելու համար ծանր աշխատինք, եւ երբ ասիկա ընենք ան մեզի զօրավիգ կը կանգնի։ (Ղուկաս 13։24) Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ»։ Նաեւ կ’ըսէ. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։ Բայց քու քովդ է թողութիւնը, որպէս զի քեզմէ վախնան»։—Սաղմոս 103։13. 130։3, 4

Ուստի, սորվեցէք դուք ձեզ Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտել։ Անհատի մը ուրախութեան մեծապէս կը նպաստէ գիտնալ թէ Աստուած զինք սիրողները ցանկալի կը նկատէ եւ անոնց վրայ վստահութիւն ունի՝ նոյնիսկ եթէ անոնք իրենք զիրենք անարժէք նկատեն։—Ա. Յովհաննու 3։19, 20

Յոյս՝ Ուրախութեան Համար Կենսական

Դրական հոգեբանութիւն կոչուած ժողովրդական ընթացիկ գաղափար մը կ’ըսէ թէ՝ դրական մտածելակերպով եւ անձնական զօրութիւններուն վրայ կեդրոնանալով մշակուած լաւատեսութիւնը՝ կրնայ ուրախութեան առաջնորդել։ Քիչեր կրնան ժխտել թէ կեանքի եւ ապագայի նկատմամբ լաւատես ըլլալը մեր ուրախութիւնը կրնայ աւելցնել։ Սակայն, այսպիսի լաւատեսութիւն մը իրողութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ, եւ ոչ թէ՝ բարեբաղձիկ մտածումի մը։ Ասկէ զատ, ոչ մէկ լաւատեսութիւն կամ դրական մտածելակերպ պիտի վերացնէ պատերազմը, սովը, հիւանդութիւնը, ապականութիւնը, ծերութիւնը, կամ մահը, բաներ՝ որոնք շատերու ուրախութիւնը կը խլեն։ Այսուհանդերձ, լաւատեսութիւնը իր տեղը ունի։

Հետաքրքրականօրէն, Աստուածաշունչը լաւատեսութիւն բառը չի գործածեր. անիկա աւելի զօրաւոր բառ մը կը գործածէ, որ է՝ յոյս։ Վայնի Բացատրական Ամբողջական Բառարան–ը Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «յոյս» բառը կը սահմանէ որպէս՝ «նպաստաւոր եւ վստահ ակնկալութիւն . . . լաւ բանի ուրախ ակնկալութիւնը»։ Աստուածաշունչի գործածութեան մէջ, յոյսը՝ պարագայ մը լաւատեսութեամբ դիտելէն աւելի՛ն կը նշանակէ։ Անիկա կ’ակնարկէ նաեւ այն բանին, որու վրայ անհատի մը յոյսը հիմնուած է։ (Եփեսացիս 4։4. Ա. Պետրոս 1։3) Օրինակ, քրիստոնէական յոյսը այն է՝ որ նախորդ պարբերութեան մէջ յիշուած բոլոր անբաղձալի բաները շուտով վերջ պիտի գտնեն։ (Սաղմոս 37։9-11, 29) Սակայն անիկա ասկէ աւելին կը պարփակէ։

Քրիստոնեաները կը սպասեն այն ժամանակին, երբ հաւատարիմ մարդիկ դրախտ երկրի մը վրայ կատարեալ կեանքի պիտի հասնին։ (Ղուկաս 23։42, 43) Այդ յոյսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն տալով, Յայտնութիւն 21։3, 4–ը կ’ըսէ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան . . . եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։

Այսպիսի ապագայ մը ակնկալող ոեւէ մէկը ամէն պատճառ ունի ուրախ ըլլալու, նոյնիսկ երբ իր ներկայ պարագաները այնքան ալ բաղձալի չեն։ (Յակոբու 1։12) Ուստի, ինչո՞ւ Աստուածաշունչը չքննէք, տեսնելու համար թէ ինչո՛ւ կրնաք անոր հաւատք ընծայել։ Ձեր յոյսը զօրացուցէք՝ ամէն օր Աստուածաշունչ կարդալու համար ժամանակ տրամադրելով։ Ասիկա ընելը ձեզ հոգեւորապէս պիտի զօրացնէ, պիտի օգնէ որ մարդոց ուրախութիւնը խլող բաներէն խուսափիք, եւ ձեր մէջ գոհունակութեան զգացում պիտի կերտէ։ Այո, իսկական ուրախութեան մեծագոյն գաղտնիքը Աստուծոյ կամքը կատարելն է։ (Ժողովողի 12։13) Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հնազանդութեան վրայ հիմնուած կեանք մը՝ ուրախ կեանք մըն է, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։—Ղուկաս 11։28

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Պուտտայականի մը համար Աստուծոյ հաւատալը անհրաժեշտ չէ։

[Նկարներ՝ էջ 5]

Կարելի չէ ուրախութիւն գտնել՝ հարստութիւն դիզելով, մեկուսանալով, կամ մարդկային սահմանափակ գիտութեան վստահելով

[Նկար՝ էջ 6]

Աստուծոյ Խօսքին հնազանդութեան վրայ հիմնուած կեանք մը ուրախ կեանք մըն է

[Նկար՝ էջ 7]

Քրիստոնէական յոյսը անհատը կ’ուրախացնէ