«Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ»
«Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ»
ԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ, ճարտարապետ եւ թագաւոր մըն էր։ Տարեկան աւելի քան 200 միլիոն տոլար եկամուտով, ան երկրի ոեւէ թագաւորէ հարուստ էր։ Այս մարդը իր իմաստութեամբ ալ հռչակաւոր էր։ Իրեն այցելութեան եկած թագուհի մը ա՛յնքան տպաւորուեցաւ, որ բացագանչեց. «Ահա ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ [«բարիք», Արարատ] իմ լսած համբաւէս աւելի է»։ (Գ. Թագաւորաց 10։4-9) Ա՛յս էր դիրքը վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորին։
Սողոմոն թէ՛ հարստութիւն եւ թէ իմաստութիւն ունէր։ Ասոր համար ինք մասնաւորաբար որակելի էր արժեւորելու ու որոշելու թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը իրապէս կենսական էր։ Ան գրեց. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար [«ներատեսութիւն», ՆԱ] կը ստանայ. վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։ Անիկա գոհարներէն պատուական է եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ»։—Առակաց 3։13-15
Սակայն, ո՞ւր կարելի է գտնել իմաստութիւնը։ Անիկա ինչո՞ւ հարստութենէն արժէքաւոր է։ Ի՞նչ են անոր գրաւիչ կողմերը։ Սողոմոնի կողմէ գրուած Աստուածաշունչի Առակաց գրքին 8–րդ գլուխը հրապուրիչ կերպով կը պատասխանէ այս հարցումներուն։ Հոն՝ իմաստութիւնը անձնաւորուած է, որպէս թէ կրնայ խօսիլ կամ գործել։ Իսկ իմաստութիւնը անձնապէս կը յայտնէ իր գրաւչութիւնը, ինչպէս նաեւ իր արժէքը։
Ան ‘կ’Աղաղակէ’
Առակաց 8–րդ գլուխը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Իմաստութիւնը կ’աղաղակէ ու հանճարը կը ձայնակցի քեզի»։ * Այո, իմաստութիւնն ու հանճարը կ’աղաղակեն, բայց ո՛չ այն անբարոյ կնոջ նման, որ մութ վայրերու մէջ դարանամուտ կ’ըլլայ եւ առանձին ու անփորձ երիտասարդին ականջին հրապուրիչ խօսքեր կը փսփսայ։ (Առակաց 7։12) «Անիկա բարձր տեղերու գլուխը եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։ Անիկա դռներուն քով՝ քաղաքներուն բերանը կը կենայ ու դռներուն մուտքը աղաղակելով կ’ըսէ»։ (Առակաց 8։1-3) Իմաստութեան ուժեղ ու համարձակ ձայնը բարձր ու յստակ կերպով կը լսուի հանրային վայրերու՝ դռներուն, խաչմերուկներուն ու քաղաքի մուտքերուն մէջ։ Մարդիկ դիւրաւ կրնան լսել այդ ձայնը ու անոր ընդառաջել։
Ո՞վ կրնայ ժխտել թէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ արձանագրուած աստուածային իմաստութիւնը մատչելի է երկրի վրայ զայն ձեռք ձգել փափաքող ոեւէ մէկուն։ «Աստուածաշունչը պատմութեան մէջ ամենէն շատ կարդացուած գիրքն է», կ’ըսէ Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն։ Ան կ’աւելցնէ. «Աստուածաշունչէն՝ շատ աւելի օրինակներ բաշխուած են քան որեւէ գրքէ։ Աստուածաշունչը նաեւ որեւէ գրքէ աւելի յաճախ եւ աւելի շատ լեզուներու թարգմանուած է»։ Լրիւ Աստուածաշունչը, կամ անկէ մասեր, աւելի քան 2,100 լեզուներով ու բարբառներով մատչելի ըլլալով, մարդկային ընտանիքին աւելի քան
90 տոկոսը իր անձնական լեզուով կրնայ առնուազն Աստուծոյ Խօսքէն մաս մը ձեռք անցընել։Եհովայի Վկաները ամէնուրեք հանրապէս կը ծանուցանեն Աստուածաշունչի պատգամը։ 235 երկիրներու մէջ, անոնք աշխուժօրէն կը քարոզեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը եւ մարդոց կը սորվեցնեն Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած ճշմարտութիւնները։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած անոնց պարբերաթերթերուն իւրաքանչիւրը՝ Դիտարան–ը, որ 140 լեզուներով, իսկ Զարթի՛ր–ը 83 լեզուներով կը տպուին՝ աւելի քան 20 միլիոն շրջաբերութիւն ունի։ Վստահաբար իմաստութիւնը կը շարունակէ հանրային վայրերու մէջ բարձրաձայն աղաղակել։
«Իմ Ձայնս Մարդոց Որդիներուն Է»
Անձնաւորուած իմաստութիւնը կը սկսի խօսիլ, ըսելով. «Ո՛վ մարդիկ, ձեզի կը կանչեմ եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է։ Ո՛վ տգէտներ, իմաստութիւն սորվեցէք, ո՛վ անմիտներ, ուշադրութիւն ըրէ՛ք [«խելք հասկացէք», Արարատ]»։—Առակաց 8։4, 5
Իմաստութեան կանչը համերկրային է։ Անիկա ամբո՛ղջ մարդկութեան հրաւէր կու տայ։ Նոյնիսկ տգէտները կամ անփորձները հրաւիրուած են, որպէսզի սրամտութիւն կամ խոհեմութիւն ձեռք ձգեն, իսկ անմիտները՝ հասկացողութիւն։ Արդարեւ, Եհովայի Վկաները կը հաւատան թէ Աստուածաշունչը գիրք մըն է բոլոր մարդոց համար եւ անաչառօրէն կը ջանան քաջալերել բոլորը որ ուշադրութեամբ քննեն զայն, որպէսզի անոր բովանդակած իմաստուն խօսքերը գտնեն։
«Իմ Քիմքս Ճշմարտութիւն Պիտի Խօսի»
Իր կոչը ընդլայնելով, իմաստութիւնը կը շարունակէ. «Լսեցէ՛ք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմ ու իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար։ Քանզի իմ քիմքս ճշմարտութիւն պիտի խօսի, իմ շրթունքս ամբարշտութենէ կը զզուի։ Բերնիս բոլոր խօսքերը արդարութեամբ են եւ անոնց մէջ խոտորնակ ու ծուռ բան չկայ»։ Այո, իմաստութեան ուսուցումները հոյակապ, ուղիղ, ճշմարիտ եւ արդար են։ Անոնց մէջ խոտոր կամ ծուռ բան չկայ։ «Ամէնքն ալ հասկցողին ուղիղ են ու գիտութիւն գտնողներուն շիտակ են»։—Առակաց 8։6-9
Տեղին ըլլալով, իմաստութիւնը կը յորդորէ. «Իմ խրատս առէ՛ք եւ ոչ թէ արծաթ։ Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէ՛ք»։ Այս խնդրանքը խելամիտ է, «վասն զի իմաստութիւնը գոհարներէն աղէկ է եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ»։ (Առակաց 8։10, 11) Բայց ինչո՞ւ։ Ի՞նչ բան իմաստութիւնը հարստութենէն թանկագին կը դարձնէ։
‘Իմ Պտուղս Ոսկիէն Աղէկ Է’
Իրեն մտիկ ընողներուն իմաստութեան պարգեւած նուէրները շատ աւելի թանկարժէք են քան ոսկին, արծաթը կամ գոհարները։ Նշելով այդ պարգեւներուն ի՛նչ ըլլալը, իմաստութիւնը կ’ըսէ. «Ես եմ իմաստութիւնը [«Ես՝ իմաստութիւնս», Արարատ] եւ խոհականութեան մէջ կը բնակիմ եւ խոհեմութեան գիտութիւնը ունիմ։ Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ, հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքը ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ»։—Առակաց 8։12, 13
Իմաստութիւնը խոհականութիւն եւ խոհեմութիւն կու տայ զինք գտնողներուն։ Աստուածային իմաստութիւն ունեցող մարդը Աստուծոյ հանդէպ յարգանք ու երկիւղ ունի, քանի որ «իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է»։ Առակաց 9։10) Ուստի, ան կ’ատէ այն ինչ որ Եհովան կ’ատէ։ Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը եւ ծուռ խօսքերը իրմէ շա՜տ հեռու են։ Չարութիւնը ատելը զինք կը պաշտպանէ հեղինակութիւնը սխալ կերպով գործածելու ապականիչ ազդեցութենէն։ Որքա՜ն կարեւոր է որ քրիստոնէական ժողովքին մէջ պատասխանատու անհատներ եւ տան գլուխներ՝ իմաստութիւն փնտռեն։
(Իմաստութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը, հանճարն ու զօրութիւնը իմս են։ Թագաւորները ինծմով կը թագաւորեն ու նախարարները ինծմով արդարութեան կանոններ կը դնեն։ Ինծմով կ’իշխեն իշխանները, ազնուականներն ու երկրին բոլոր դատաւորները»։ (Առակաց 8։14-16) Իմաստութեան պտուղներուն մաս կը կազմեն ներատեսութիւնը, հասկացողութիւնը եւ զօրութիւնը. յատկութիւններ՝ որոնց շատ պէտքը ունին կառավարիչներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ազնուականներ։ Իմաստութիւնը կենսական է անոնց համար, որոնք հեղինակաւոր դիրքեր ունին, եւ անոնց՝ որ ուրիշները կը խրատեն։
Իսկական իմաստութիւնը դիւրամատչելի է բոլորին։ Բայց ամէն մարդ չի գտներ զայն։ Ոմանք զայն կը մերժեն կամ անկէ խոյս կու տան, նոյնիսկ երբ անիկա իրենց սեմին կը գտնուի։ «Ես կը սիրեմ զիս սիրողները», կ’ըսէ իմաստութիւնը, «զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն»։ (Առակաց 8։17) Իմաստութիւնը մատչելի է միայն անոնց, որոնք լրջօրէն զայն կը փնտռեն։
Իմաստութեան ճամբաները ուղիղ ու արդար են։ Անիկա զինք փնտռողները կը վարձատրէ։ Իմաստութիւնը կ’ըսէ. «Իմ քովս հարստութիւն ու փառք, ընտիր ստացուածք եւ արդարութիւն կայ։ Իմ պտուղս ոսկիէն ու զուտ ոսկիէն եւ իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է։ Ես արդարութեան ճամբուն մէջ, իրաւունքի շաւիղներուն մէջ կը քալեմ, որպէս զի զիս սիրողներուն ստացուածք պարգեւեմ, անոնց գանձարանը լեցնեմ»։—Առակաց 8։18-21
Խոհեմութեան, խոհականութեան, խոնարհութեան, ներատեսութեան, գործնական իմաստութեան եւ հասկացողութեան նման հոյակապ յատկութիւններու ու յատկանիշներու կողքին, իմաստութիւնը հարստութիւն ու պատիւ ալ կը պարգեւէ։ Իմաստուն անհատ մը կրնայ արդար միջոցներով հարստութիւն վաստկիլ եւ հոգեւորապէս ծաղկիլ։ (Գ. Յովհաննու 2) Իմաստութիւնը պատիւ ալ կը բերէ անհատին։ Ասկէ զատ, անհատը իր ձեռք ձգած բաներով բաւարարութիւն կը զգայ եւ կ’ունենայ մտքի խաղաղութիւն ու մաքուր խիղճ մը Աստուծոյ հանդէպ։ Այո, երանելի է այն մարդը որ իմաստութիւն կը գտնէ։ Իմաստութեան պտուղը ա՛րդարեւ, զուտ ոսկիէն եւ ընտիր արծաթէն նախընտրելի է։
Այս խրատը շա՛տ տեղին է, քանի որ կ’ապրինք նիւթապաշտ աշխարհի մը մէջ, ուր շեշտ դրուած է որեւէ միջոցով ու որեւէ գնով հարստանալու վրայ։ Բնա՛ւ մեր մտքէն չհեռացնենք իմաստութեան ունեցած արժէքը, կամ բնա՛ւ անիրաւ միջոցներու չդիմենք, հարստութիւն վաստկելու համար։ Հարստութիւն շահելու համար բնա՛ւ չանտեսենք իմաստութիւն մատակարարող կարգադրութիւնները՝ մեր քրիստոնէական ժողովները, Աստուածաշունչի մեր անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած գրականութիւնները։—Մատթէոս 24։45-47
«Դարեր Առաջ Շինուեցայ»
Առակաց 8–րդ գլուխին մէջ գտնուած անձնաւորուած իմաստութիւնը պարզապէս վերացական յատկութեան մը յատկանիշները բացատրելու միջոց մը չէ։ Անիկա խորհրդանշականօրէն ակնարկում կ’ընէ Եհովայի կարեւորագոյն ստեղծագործութեան։ Իմաստութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն, երկիրը ստեղծելէ առաջ, իր գործին սկիզբը, դարեր առաջ շինուեցայ։ Սկիզբէն, երկիրը կազմուելէն առաջ։ Անդունդները չեղած, առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած ես ծնած էի։ Լեռները չտեղաւորուած, բլուրներէն առաջ ես ծնած էի։ Տակաւին երկիրն ու դաշտերը եւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած»։—Առակաց 8։22-26
Անձնաւորուած իմաստութեան մասին վերոյիշեալ նկարագրութիւնը որքա՛ն լաւ կը համեմատի Սուրբ Գրքին մէջ «Բան»ին համար ըսուածներուն հետ։ «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած [«աստուած մըն», ՆԱ] էր»։ (Յովհաննու 1։1) Անձնաւորուած իմաստութիւնը այլաբանօրէն կը ներկայացնէ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, իր նախամարդկային գոյութեան մէջ։ *
Յիսուս Քրիստոս «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ[ն է]։ Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար»։ (Կողոսացիս 1։15, 16) Անձնաւորուած իմաստութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Երբ [Եհովան] երկինքները կը պատրաստէր ու անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, ես հոն էի։ Երբ վերի ամպերը կ’ուժովցնէր եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր, երբ ծովուն կանոն կը դնէր, որպէս զի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլեն ու երբ երկրի հիմերը կը ձգէր, այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էի եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։ Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանայի ու իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր»։ (Առակաց 8։27-31) Եհովայի անդրանիկ որդին հո՛ն՝ իր Հօրը կողքին էր, աշխուժօրէն աշխատելով անոր հետ՝ որ երկնքի ու երկրի անզուգական Ստեղծիչին է։ Երբ Եհովա ստեղծեց առաջին մարդը, Իր Որդին այս ծրագրին մասնակից եղաւ իրեն հետ՝ որպէս Ճարտարապետ։ (Ծննդոց 1։26) Զարմանալի չէ որ Աստուծոյ Որդին հետաքրքրուած է եւ նոյնիսկ խանդաղատանք ունի մարդկութեան հանդէպ։
«Երանի՜ Այն Մարդուն որ Ինծի Մտիկ կ’Ընէ»
Որպէս անձնաւորուած իմաստութիւն, Աստուծոյ Որդին կ’ըսէ. «Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք, վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։ Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛ք ու զանիկա մի՛ մերժէք։ Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ, ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ։ Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ ու Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ։ Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ’ընէ։ Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն»։—Առակաց 8։32-36
Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ իմաստութեան բուն մարմնացումն է, «որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են»։ (Կողոսացիս 2։3) Ուստի, ուշադիր կերպով իրեն մտիկ ընենք եւ մօտէն իր քայլերուն հետեւինք։ (Ա. Պետրոս 2։21) Զինք մերժելով բրտօրէն վարուած կ’ըլլանք մեր հոգիին հետ եւ մահը սիրած կ’ըլլանք, քանի որ «ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ»։ (Գործք 4։12) Իրապէս, թող որ Յիսուսը ընդունինք որպէս մէ՛կը, զոր Աստուած հայթայթած է մեր փրկութեան համար։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16) Այս կերպով պիտի ունենանք այն ուրախութիւնը որ կու գայ ‘կեանքը գտնելէն եւ Եհովայի շնորհքը ունենալէն’։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 6 «Իմաստութիւն» բառը Եբրայերէնի մէջ իգական սեռի կը պատկանի։ Անոր համար կարգ մը թարգմանութիւններ իգական սեռի պատկանող դերանուններ կը գործածեն, երբ իմաստութեան կ’ակնարկեն։
^ պարբ. 25 Այն իրողութիւնը թէ Եբրայերէնի մէջ «իմաստութիւն» բառը միշտ իգական սեռով տրուած է, ասիկա արգելք չէ որ իմաստութիւնը գործածուի Աստուծոյ Որդին ներկայացնելու համար։ «Աստուած սէր է» արտայայտութեան մէջ Յունարէն «սէր» բառն ալ իգական սեռի կը պատկանի։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Սակայն ան Աստուծոյ ակնարկելու համար գործածուած է։
[Նկարներ՝ էջ 26]
Իմաստութիւնը կենսական է պատասխանատու դիրքերու վրայ եղողներուն
[Նկարներ՝ էջ 27]
Իմաստութիւն մատակարարող կարգադրութիւնները մի՛ անտեսէք