Քաջարի ուղղամիտներ նացիական հալածանքին վրայ յաղթանակ կը տանին
Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք
Քաջարի ուղղամիտներ նացիական հալածանքին վրայ յաղթանակ կը տանին
«ՈՐԴԵԱ՛Կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի զիս անարգողին պատասխան տամ»։ (Առակաց 27։11, Արեւմտահայերէն) Այս ջերմ յորդորը կը յայտնէ թէ Աստուծոյ մտացի արարածները կրնան Եհովայի սիրտը ուրախացնել՝ իրենց հաւատարմութեամբ։ (Սոփոնեայ 3։17) Սակայն, անարգողը՝ Սատանան՝ վճռած է Եհովայի ծառայողներուն ուղղամտութիւնը բեկանել։—Յոբայ 1։10, 11
Սատանան մեծ բարկութիւն ցոյց տուած է Եհովայի ժողովուրդին հանդէպ, մասնաւորաբար Ի. դարու սկիզբէն ի վեր, երբ ան երկնքէն դէպի երկրի շրջակայքը նետուեցաւ։ (Յայտնութիւն 12։10, 12) Այսուհանդերձ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները «կատարեալ ու հաստատօրէն համոզուած» կեցած՝ եւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահած են։ (Կողոսացիս 4։12, ՆԱ) Հակիրճօրէն նկատի առնենք այսպիսի ուղղամտութեան ուշագրաւ օրինակ մը. Բ. Աշխարհամարտէն առաջ ու անոր ընթացքին, Գերմանիոյ մէջ Եհովայի Վկաներու օրինակը։
Նախանձախնդիր Գործունէութիւնը Ուղղամտութեան Փորձերու կ’Առաջնորդէ
1920–ական տարիներուն եւ 1930–ականի սկիզբը, Պիպըլֆորշըր–ները՝ ինչպէս Եհովայի Վկաները Գերմանիոյ մէջ կը ճանչցուէին այն ատեն՝ մեծ քանակութեամբ սուրբ գրային գրականութիւն բաշխեցին։ 1919-1933–ի միջեւ, անոնք Գերմանիոյ մէջ իւրաքանչիւր ընտանիքի միջին հաշուով ութ գիրք, գրքոյկ կամ պարբերաթերթ տեղաւորեցին։
Այն ատեն, Գերմանիան մէկն էր այն երկիրներէն, ուր Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն թիւը շատ էր։ Արդարեւ, 1933–ին համայն աշխարհի մէջ Տէրունական Ընթրիքին մասնակցող 83,941 անհատներուն մօտաւորապէս 30 տոկոսը Գերմանիա կ’ապրէր։ Շատ չանցած, այս Գերմանացի Վկաները ուղղամտութեան դժնդակ փորձութիւններէ անցան։ (Յայտնութիւն 12։17. 14։12) Գործերէն հեռացումներուն, տուներու վրայ յարձակումներուն եւ դպրոցներէն վտարումներուն շուտով յաջորդեցին ծեծեր, ձերբակալումներ եւ բանտարկութիւն։ (Պատկեր 1) Հետեւաբար, Բ. Աշխարհամարտի տանող տարիներուն, Եհովայի Վկաները կեդրոնացման ճամբարներու մէջ գտնուողներուն 5-10 տոկոսը կը կազմէին։
Նացիները Ինչո՛ւ Հալածեցին Վկաները
Սակայն, Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ նացիական վարչութեան զայրոյթը գրգռեցին։ Պատմութեան ուսուցիչ Իան Գըրշաու իր գրքին մէջ՝ Հիթլէր—1889-1936՝ Գոռոզ՝ կը նշէ թէ Վկաները հալածանքի թիրախ դարձան, քանի որ մերժեցին «Նացի պետութեան բոլոր պահանջներուն զիջիլ»։
Պատմութեան ուսուցիչ Ռապըրթ Փ. Էրիգսընի եւ հրէական սերտողութիւններու ուսուցիչ Սուզաննա Հէշըլի կողմէ մշակուած՝ Դաւաճանութիւն—Գերման Եկեղեցիները եւ Ողջակիզութիւնը խորագրով գիրքը, կը բացատրէր թէ Վկաները «մերժեցին մասնակից ըլլալ բռնութեան կամ զինուորական ուժի գործածութեան . . . Վկաները կը հաւատային քաղաքական չէզոքութեան, որ կը նշանակէր
թէ անոնք ո՛չ կը քուէարկէին Հիթլէրի, ո՛չ ալ Հիթլէրի դիմաց բարեւի կը կենային»։ Նոյն աղբիւրը կը շարունակէ ըսել, թէ ասիկա Նացիներուն զայրոյթը գրգռեց եւ Վկաները վնասներու ենթարկեց, քանի որ «Ազգային Ընկերվարութիւնը այսպիսի մերժումի չէր հանդուրժեր»։Համաշխարհային Բողոք եւ Վճռական Յարձակում
9 Փետրուար 1934–ին, Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ այն ժամանակ գործին գլուխը կը գտնուէր, մասնայատուկ բանբերի մը հետ նացիական անհանդուրժողութեան դէմ բողոքի նամակ մը յղեց Հիթլէրին։ (Պատկեր 2) Ռատըրֆորտի նամակէն ետք, 7 Հոկտեմբեր 1934–ին, 50 երկիրներէ՝ Գերմանիան ալ ներառեալ՝ Եհովայի Վկաներ շուրջ 20,000 բողոքի նամակներ ու հեռագիրներ ղրկեցին Հիթլէրի։
Նացիները ասոնց ընդառաջեցին՝ իրենց հալածանքը սաստկացնելով։ 1 Ապրիլ 1935–ին, ամբողջ երկրին մէջ Վկաները արգիլուեցան։ Իսկ 28 Օգոստոս 1936–ին, Կեսթափոն անոնց դէմ վճռական յարձակումի մը ձեռնարկեց։ Սակայն, Վկաները «շարունակեցին պարսաւագրեր ցրուել եւ այլ կերպով իրենց հաւատքը պահել», կը նշէ Դաւաճանութիւն—Գերման Եկեղեցիները եւ Ողջակիզութիւնը։
Օրինակ, 12 Դեկտեմբեր 1936–ին, ուղղակի Կեսթափոյին քթին տակ, շուրջ 3,500 Վկաներ իրենց ենթարկուած գէշ վերաբերմունքին շուրջ տպագրուած բանաձեւէն տասնեակ հազարաւոր օրինակներ ցրուեցին։ Այս արշաւին մասին, Դիտարան–ը տեղեկագրեց. «Անիկա մեծ յաղթանակ եւ ծանր հարուած մըն էր թշնամիին, աննկարագրելի ուրախութիւն պատճառելով հաւատարիմ աշխատաւորներուն»։—Հռովմայեցիս 9։17
Հալածանքը կը Ձախողի՛
Նացիները շարունակեցին Եհովայի Վկաներուն ետեւէն իյնալ։ Մինչեւ 1939, անոնցմէ վեց հազար բանտարկուած՝ եւ հազարաւորներ կեդրոնացման ճամբարներ ղրկուած էին։ (Պատկեր 3) Բ. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, ի՞նչ էր կացութիւնը։ Բանտարկուած Վկաներէն շուրջ 2,000–ը մեռած, եւ աւելի քան 250–ը սպաննուած էին։ Այսուհանդերձ, Էրիգսըն եւ Հէշըլ ուսուցիչները գրեցին՝ «Եհովայի Վկաներու մեծամասնութիւնը իրենց հաւատքին կառչած մնացին, հակառակ նեղութիւններու»։ Որպէս հետեւանք, երբ Հիթլէրի վարչաձեւը ինկաւ, աւելի քան հազար Վկաներ ճամբարներէն յաղթական դուրս եկան։—Պատկեր 4. Գործք 5։38, 39. Հռովմայեցիս 8։35-37
Ի՞նչ բան Եհովայի ծառաներուն հալածանքի տոկալու զօրութիւն տուաւ։ Կեդրոնացման ճամբարի վերապրողներէն Ատոլֆ Արնոլտ բացատրեց. «Նոյնիսկ երբ վշտահարուած ես, Եհովա կը տեսնէ քեզ, գիտէ թէ ինչերէ կ’անցնիս եւ քեզի պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ, կացութեան հետ գլուխ ելլելու եւ հաւատարիմ մնալու համար։ Իր ձեռքը բնա՛ւ կարճ չէ»։
Սոփոնիայի խօսքերը որքա՜ն լաւ կերպով կը կիրարկուին այդ հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն։ Ան ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ»։ (Սոփոնեայ 3։17) Կը մաղթենք որ ներկայիս ճշմարիտ Աստուծոյ բոլոր երկրպագուները ընդօրինակեն այդ հաւատարիմ Վկաներուն հաւատքը, որոնք ուղղամիտ մնացին նացիական հալածանքի դիմաց, եւ նոյն կերպով ուրախացնեն Եհովայի սիրտը։—Փիլիպպեցիս 1։12-14
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 8]
Państwowe Muzeum Oświȩcim-Brzezinka, courtesy of the USHMM Photo Archives