Կը յիշէ՞ք
Կը յիշէ՞ք
Դիտարան–ի վերջին թիւերը կարդալով գոհ մնացի՞ք։ Շատ աղէկ, կրնա՞ք հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
• Հռովմայեցիս 5։3-5–ի մէջ (ՆԱ), Պօղոս առաքեալ իր թուած բաներուն մէջ ինչո՞ւ յոյսը վերջին տեղը դրաւ։
Պօղոս Քրիստոնեաներուն կրած կարգ մը բաները թուեց՝ նեղութիւն, համբերութիւն, ընդունելի վիճակ եւ յոյս։ Հոս յիշուած «յոյս»ը այն սկզբնական յոյսը չէ որ անհատ մը Աստուածաշունչէն ձեռք կը ձգէ, այլ անիկա ժամանակի ընթացքին Քրիստոնեայի մը ձեռք ձգելիք՝ զօրացած, աւելի խորացած եւ իր էութիւնը պարուրող յոյսն է։—12/15, էջ 22-23
• Ներկայիս Քրիստոնեայ մը ինչո՞ւ կրնայ հետաքրքրուիլ վաղեմի Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած մարզական խաղերով։
Այդ խաղերուն բնոյթն ու անոնց առնչուած սովորութիւնները հասկնալը կրնայ Աստուածաշունչի կարգ մը համարներուն վրայ լոյս սփռել։ Անոնցմէ ոմանք կ’ակնարկեն՝ ‘օրէնքին համաձայն մրցելու’, ‘ամէն ծանրութիւն մէկդի ձգելու եւ Յիսուսի նայելու’, ‘ընթացքը աւարտելու’ եւ պսակը՝ կամ մրցանակը՝ շահելու։ (Բ. Տիմոթէոս 2։5. 4։7, 8. Եբրայեցիս 12։1, 2. Ա. Կորնթացիս 9։24, 25. Ա. Պետրոս 5։4)—1/1, էջ 28-30
• 1914–ի Յունուարին, բարի լուրը ծանուցանելու ի՞նչ նոր կերպ մը ներկայացուեցաւ։
Այդ տարին «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը» լոյս տեսաւ։ Անիկա կը պարունակէր չորս մասերէ բաղկացած ներկայացում մը, շարժական պատկերներ եւ հարիւրաւոր ապակեայ գունաւոր սահիկներ, որոնց մեծ մասին կ’ընկերակցէին ֆոնոկրաֆ–ի ձայնապնակներու վրայ արձանագրուած բացատրական դասախօսութիւններ։ Այս Տրամայէն քսան օրինակ պատրաստուեցաւ, եւ ընդարձակ կերպով գործածուեցաւ Աստուածաշունչի պատգամը մարդոց սորվեցնելու համար։—1/15, էջ 8-9
• Կառավարիչ Մարմինը ի՞նչպէս կը տարբերի օրինական հիմնարկէ մը։
Մինչ օրինական հաստատութեան մը վարչականները անոր անդամներուն կողմէ կ’ընտրուին, Կառավարիչ Մարմինը մարդու մը կողմէ չի նշանակուիր, այլ՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։ Հարկ չկայ որ Եհովայի Վկաներու գործածած զանազան հաստատութիւններու վարչականները Կառավարիչ Մարմինին անդամները ըլլան։ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւն վերջին տարեկան ժողովին, Կառավարիչ Մարմինին այն անդամները որոնք կը ծառայէին որպէս անոր վարչականներն ու պատասխանատուները, յօժարակամօրէն հրաժարեցան այդ պաշտօններէն։ Այդ պաշտօնները «ուրիշ ոչխարներ»էն հասուն եղբայրներ լեցուցին։ (Յովհաննու 10։16) Հետեւաբար, Կառավարիչ Մարմինը կրնայ հոգեւոր սնունդ պատրաստելու եւ համաշխարհային եղբայրակցութեան հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու համար աւելի ժամանակ տրամադրել։—1/15, էջ 29, 31
• Աստուածաշունչէն ի՞նչ երկու օրինակներ կրնանք նկատի առնել, վհատութեան հետ գլուխ ելլելու համար։
Առաջինը՝ Աննան է, Սամուէլի մայրը։ Ան կրնար վհատութեան անձնատուր ըլլալ, երբ Իսրայէլի քահանայապետը՝ Հեղին, զինք սխալ դատեց։ Ընդհակառակը, ան անկեղծօրէն բայց յարգալից կերպով իրողութիւնները պարզեց անոր։ Ասկէ զատ, Աննան Հեղիի դէմ ոխ չպահեց։ Երկրորդը՝ Մարկոսն է, որ վհատած ըլլալու էր երբ Պօղոս առաքեալ չուզեց զինք իր միսիոնարական ճամբորդութեան մասնակից դարձնել։ Փոխանակ իր այս կորսնցուցած առանձնաշնորհումին համար չափազանց ընկճուելու, ան ծառայութեան մէջ գործունեայ մնաց, Բառնաբասի հետ ճամբորդելով։—2/1, էջ 20-22
• Քրիստոնեաները համակարգիչի սոֆթուէր–ի յայտագիրներու կրկնօրինակներ ուրիշներուն տալու կամ անոնցմէ ստանալու նկատմամբ ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլան։
Համակարգիչի շատ մը յայտագիրներ (ի ներառեալ խաղեր) արտօնագրով մը պաշտպանուած են, սեփականատէրէն եւ գործածողէն պահանջելով որ յայտագիրը միայն մէ՛կ համակարգիչի վրայ զետեղեն։ Սովորաբար, ուրիշներու համար կրկնօրինակներ տպելը իրաւունքի վերապահութեան օրէնքին բռնաբարում մըն է, նոյնիսկ երբ զանոնք ձրիօրէն կու տանք։ Քրիստոնեաները կ’ուզեն ‘այն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տալու’ օրէնքին հնազանդիլ։ (Մարկոս 12։17)—2/15, էջ 28-29
• Որո՞նք էին Քուրիլլոսը եւ Մեթոտիուսը, եւ անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ի՞նչպէս նպաստեցին։
Անոնք իններորդ դարուն, Թեսաղոնիկէ (Յունաստան) ծնած երկու եղբայրներ էին։ Անոնք սլաւական լեզուներուն համար գիրեր հնարեցին եւ Աստուածաշունչի մեծ մասը Սլաւոներէնի թարգմանեցին։—3/1, էջ 28-29
• «Հոգեւոր խորհուրդ» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։—Հռովմայեցիս 8։6
Անիկա կը նշանակէ Եհովայի գործօն ոյժին կողմէ ղեկավարուիլ, տիրապետուիլ եւ մղուիլ։ Կրնանք թոյլ տալ որ Աստուծոյ հոգին մեր մէջ ներգործէ՝ Աստուածաշունչը կարդալով եւ ուսումնասիրելով, սրտանց Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելով, եւ աղօթքով Աստուծոյ հոգին խնդրելով։—3/15, էջ 15
• Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ սխալ հասկցուինք։
Կարեւոր է որ ջանանք հարցը շտկել սիրոյ հոգիով։ Եթէ, ըստ երեւոյթին, ասիկա չյաջողի, մի՛ յուսահատիք։ Եհովայէ հասկացողութիւն եւ օգնութիւն խնդրեցէք. ան «սրտերը կը կշռէ»։ (Առակաց 21։2. Ա. Թագաւորաց 16։7)—4/1, էջ 21-23