Որբեւարիներուն օգնել իրենց նեղութեան մէջ
Որբեւարիներուն օգնել իրենց նեղութեան մէջ
ՈՐԲԵՒԱՐԻՆԵՐՈՒ մասին ամենէն հանրածանօթ պատմութիւններէն մէկը՝ Աստուածաշունչին մէջ Հռութի եւ իր կեսրոջ՝ Նոեմիի պատմութիւնն է։ Երկուքն ալ որբեւարի էին։ Սակայն, Նոեմի ոչ միայն իր ամուսինը, այլ նաեւ՝ իր երկու որդիները կորսնցուցած էր, որոնցմէ մէկը՝ Հռութի ամուսինն էր։ Քանի որ անոնք կ’ապրէին երկրագործական համայնքի մը մէջ, որ աւելի տղամարդոց աշխատանքէն կախեալ էր, անոնց պարագան ի՛րապէս ողորմելի էր։—Հռութայ 1։1-5, 20, 21
Սակայն, Նոեմի ունէր սքանչելի բարեկամուհի եւ մխիթարիչ մը, իր հարսը՝ Հռութը, որ չուզեց իրմէ բաժնուիլ։ Ժամանակի ընթացքին, Հռութ փաստեց թէ ինք «[Նոեմիին համար] եօթը որդիէ աղէկ է», ոչ միայն Նոեմիի հանդէպ իր խոր սիրոյն, այլեւ՝ Աստուծոյ հանդէպ իր սիրոյն պատճառաւ։ (Հռութայ 4։15) Երբ Նոեմի Հռութի թելադրեց որ իր Մովաբացի ընտանիքին եւ բարեկամներուն վերադառնար, Հռութ պատասխանեց ցարդ արձանագրուած հաւատարմութեան ամենէն սրտաշարժ խօսքերով. «Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։ Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ ու հոն թաղուիմ. Տէրը ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ զիս քեզմէ մահուանէ զատ ուրիշ բան մը զատէ»։—Հռութայ 1։16, 17
Հռութի կեցուածքը Եհովա Աստուծոյ աչքէն չվրիպեցաւ։ Ան Նոեմիի ու Հռութի համեստ ընտանիքը օրհնեց, եւ վերջաւորութեան Հռութ Իսրայելացի Բոոսի հետ ամուսնացաւ։ Նոեմի իր զաւկին պէս հոգ տարաւ անոնց զաւկին, որ Յիսուս Քրիստոսի նախահայրերէն մէկը եղաւ։ Այս պատմութիւնը օրինակ մըն է թէ ի՛նչպէս Եհովա կը գուրգուրայ այն որբեւարիներուն վրայ, որոնք իրեն կը մօտենան եւ իրեն կ’ապաւինին։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ան կը գնահատէ բոլոր անոնք, որոնք սիրալիր կերպով որբեւարիներուն կ’օգնեն անոնց նեղութեանց մէջ։ Ուստի, ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք մեր մէջ գտնուող որբեւարիներուն նեցուկ կանգնիլ։—Հռութայ 4։13, 16-22. Սաղմոս 68։5
Մասնայատուկ՝ Բայց Ոչ Իշխողական
Երբ որբեւարիի մը օգնութիւն կը մատուցանէք, նախընտրելի է յստակ եւ մասնայատուկ ըլլալ, բայց ոչ՝ իշխողական։ Խուսափեցէք տարտամ խօսքերէ, ինչպէս՝ «Եթէ բանի մը կարիքը ունենաս, ինծի իմացուր»։ Ասիկա մսող եւ անօթի անհատի մը «տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք» ըսելուն կը նմանի, առանց անոր օգնութեան ձեռք երկարելու։ (Յակոբու 2։16) Շատեր օգնութիւն չեն խնդրեր երբ բանի մը կարիքը ունենան, եւ լռելեայն կը տառապին։ Այսպիսիներուն օգնելը ներատեսութիւն կը պահանջէ, ըմբռնելով անոնց կարիքները։ Միւս կողմէ, չափէ դուրս նախաձեռնութիւն առնելը՝ ուրիշ խօսքով որբեւարիին կեանքին ղեկը ձեռք առնելը՝ կրնայ վիրաւորական ըլլալ կամ բախումներ յառաջացնել։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը ուրիշներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ հաւասարակշռուած ըլլալուն կարիքը կը շեշտէ։ Քաջալերելով հանդերձ, որ մարդոց հանդէպ անձնուրաց հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք, մեզի կը յիշեցնէ որ ուրիշին գործին խառնուող չըլլանք։—Փիլիպպեցիս 2։4. Ա. Պետրոս 4։15
Հռութ այսպիսի հաւասարակշռուած կեցուածք մը ցուցաբերեց Նոեմիի հանդէպ։ Թէեւ իր կեսրոջ հաւատարմօրէն կառչեցաւ, բայց Հռութ անոր վրայ ճնշում չբանեցուց, ոչ ալ անոր վրայ իշխեց։ Ան տրամաբանական նախաքայլեր առաւ, ինչպէս՝ Նոեմիի եւ իրեն համար ուտելիք ապահովել՝ սակայն Նոեմիի հրահանգներուն ալ հետեւեցաւ։—Հռութայ 2։2, 22, 23. 3։1-6
Անշուշտ, ամէն մէկուն կարիքը կրնայ միւսէն տարբեր ըլլալ։ Նախապէս յիշուած Սանտրան կ’ըսէ. «Նեղութեանս մէջ ինծի հարկ եղածը ունէի՝ շատ սիրելի եւ սիրալիր բարեկամներով շրջապատուած էի»։ Միւս կողմէ, նախապէս յիշուած Իլէյնը կարիքը ունէր առանձին մնալու։ Հետեւաբար, օգտակար ըլլալ կը նշանակէ՝ ներատես ըլլալ, եւ անհատին առանձնութիւնը յարգելու եւ հարկ եղած ատեն անոր ձեռնտու ըլլալու միջեւ հաւասարակշռուած ըլլալ։
Ընտանիքին Օգնութիւնը
Ջերմ եւ սիրալիր ընտանիք մը՝ եթէ գոյութիւն ունենայ՝ շատ բան կրնայ ընել ոգեշնչելու համար որբեւարի մը, թէ ինք պիտի կարենայ գլուխ ելլել իր վիճակին հետ։ Թէեւ ընտանիքի կարգ մը անդամներ կրնան միւսներէն աւելի օգնութիւն մատուցանել, սակայն, բոլորն ալ կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել։ «Եթէ որբեւարի մը զաւակներ կամ թոռներ ունի, թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ»։—Ա. Տիմոթէոս 5։4
Շատ մը պարագաներուն, նիւթական օգնութիւնը կամ ‘հատուցումը’ կրնայ անհրաժեշտ չըլլալ։ Կարգ մը որբեւարիներ իրենց կարիքները հոգալու համար բաւարար նիւթական ունին, իսկ ուրիշներ պետական օժանդակութիւններ ստանալու իրաւունքը ունին, որոնք մատչելի են կարգ մը երկիրներու մէջ։ Սակայն, հոն ուր որբեւարիներ կարօտեալ են, ընտանիքի անդամներ պէտք Յակոբու 1։27
է օգնեն։ Եթէ որբեւարի մը իրեն օգնող մօտիկ ազգականներ չունի, կամ եթէ ազգականները կարող չեն օգնելու, Սուրբ Գրութիւնները կը քաջալերեն որ հաւատակիցներ անոր օգնութեան փութան. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. ‘Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը’»։—Անոնք որոնք Աստուածաշունչի այս սկզբունքներուն համաձայն կը գործեն, իրապէս ‘պատուած կ’ըլլան որբեւարիները’։ (Ա. Տիմոթէոս 5։3) Իրականութեան մէջ, անհատ մը պատուել կը նշանակէ անոր հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։ Անհատ մը որ պատուուած է, ինքզինք փափաքելի եւ յարգուած կը զգայ։ Անոնք չեն զգար թէ ուրիշներ պարզապէս պարտաւորութեան զգացումէ մղուած կ’օգնեն իրենց։ Թէեւ Հռութ ժամանակ մը որբեւարի էր, բայց ան ի՛րապէս պատուեց Նոեմին, յօժար ու սիրալիր կերպով Նոեմիի ֆիզիքական եւ զգացական կարիքները հոգալով։ Արդարեւ, Հռութ իր վերաբերմունքով շուտով լաւ համբաւ շահեցաւ, այնպէս որ իր ապագայ ամուսինը անոր ըսաւ. «Իմ քաղաքիս բոլոր ժողովուրդը գիտէ որ դուն առաքինի կին մըն ես»։ (Հռութայ 3։11) Նոյն ատեն, Աստուծոյ հանդէպ Նոեմիի սէրը, անոր անպահանջ բնաւորութիւնը, եւ իրեն ի նպաստ Հռութի թափած ջանքերուն հանդէպ իր խոր գնահատութիւնը, անկասկած պատճառ եղան որ Հռութ հաճոյքով անոր օգնութիւն մատուցանէ։ Նոեմին մերօրեայ որբեւարիներուն համար ի՜նչ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ։
Աստուծոյ Մօտեցէք
Անշուշտ, ընտանիքի անդամներ եւ բարեկամներ չեն կրնար կողակիցի մը ձգած պարապութիւնը լեցնել։ Այս պատճառաւ հարկ է որ սգաւորը յատկապէս մօտենայ ‘գթութեան Հօր եւ ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ’։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Նկատի առէք բարեպաշտ որբեւարիի մը՝ Աննայի օրինակը, որ Յիսուսի ծնած ժամանակ 84 տարեկան էր։
Երբ Աննայի ամուսինը իրենց ամուսնութենէն եօթը տարի ետք մահացաւ, ան մխիթարութեան համար Եհովայի դիմեց։ «[Ան] տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ»։ (Ղուկաս 2։36, 37) Եհովա հատուցանե՞ց Աննայի աստուածապաշտութիւնը։ Այո՛։ Ան շատ մասնայատուկ կերպով մը Աննայի հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ, թոյլ տալով որ Աննան տեսնէր այն մանուկը, որ մեծնալէն ետք աշխարհի Փրկիչը պիտի ըլլար։ Ասիկա որքա՜ն ոգեւորեց եւ մխիթարեց Աննան։ Բացայայտօրէն, ան փորձառաբար գիտցաւ Սաղմոս 37։4–ի ճշմարիտ ըլլալը. «Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները»։
Աստուած Քրիստոնեայ Հաւատակիցներու Միջոցաւ կը Գործէ
Իլէյնը կ’ըսէ. «Տէյվիտին մահէն ետք երկար ժամանակ մարմինս կը ցաւէր, կարծես թէ կուրծքի վանդակիս մէջ դանակ կը մտցնէին։ Խորհեցայ թէ անմարսողութեան հետեւանք էր։ Օր մը ցաւը ա՛յնքան սաստկացաւ որ մտածեցի անպայման բժիշկ մը տեսնել։ Ներատես ու հոգեւոր քոյր մը՝ որ բարեկամուհիս ալ էր, խորհուրդ տուաւ որ պատճառը վիշտս կրնար ըլլալ, եւ զիս քաջալերեց որ Եհովայէ օգնութիւն եւ մխիթարութիւն խնդրեմ։ Անմիջապէս իր խրատը գործադրեցի եւ լռելեայն՝ բայց սրտանց, աղօթք մը մատուցանեցի, Եհովայէ խնդրելով որ վշտիս մէջ ինծի օգնէ։ Իրապէ՛ս ալ օգնեց»։ Իլէյնը սկսաւ աւելի լաւ զգալ, եւ շատ չանցած նոյնիսկ անոր ֆիզիքական ցաւը անհետացաւ։
Յատկապէս ժողովքի երէցները կրնան բարեկամական մօտեցում մը ցոյց տալ, սգաւոր որբեւարիներուն հետ ազնուութեամբ վարուելով։ Փափկանկատ եւ ներատես կերպով, կանոնաւորաբար հոգեւոր աջակցութիւն եւ մխիթարութիւն հայթայթելով, երէցները կրնան անոնց օգնել որ Եհովայի մօտիկ մնան, հակառակ իրենց դժուարութիւններուն։ Երբ անհրաժեշտ ըլլայ, երէցները կրնան նիւթական օգնութեան համար ալ կարգադրութիւն ընել։ Այսպիսի կարեկից եւ ներատես երէցներ ի՛րապէս «հովին դէմ դնող պատսպարանին պէս» են։—Եսայեայ 32։2. Գործք 6։1-3
Մշտատեւ Մխիթարութիւն՝ Երկրի Նոր Թագաւորէն
Ան՝ զոր տարեց Աննան շուրջ երկու հազար տարի առաջ տեսնելով ուրախացաւ, ներկայիս՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը եղած է։ Այս կառավարութիւնը շուտով բնաջինջ պիտի ընէ վշտի բոլոր պատճառները, ի ներառեալ՝ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը կ’ըսէ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ . . . Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Նկատեցի՞ք թէ այս համարը կ’ակնարկէ «մարդոց»։ Այո՛, մարդիկ մահուընէ եւ անոր պատճառած սուգէն ու աղաղակէն պիտի ազատագրուին։
մահը։ Այս առնչութեամբՍակայն, ասկէ աւելի բարի լուր մը կայ։ Աստուածաշունչը նաեւ մեռելներու յարութիւն կը խոստանայ։ «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Յիսուսի մեռելներէն յարուցանած Ղազարոսին նման, անոնք դուրս պիտի գան որպէս մարդկայիններ՝ եւ ո՛չ թէ որպէս հոգեղէն արարածներ։ (Յովհաննու 11։43, 44) Անոնք որոնք անկէ ետք ‘բարի կը գործեն’, մարդկային կատարելութեան պիտի հասնին եւ անձամբ Եհովայի հայրական հոգատարութիւնը պիտի վայելեն, երբ ան ‘իր ձեռքը բանալով ամէն կենդանիի փափաքը լեցնէ’։—Սաղմոս 145։16
Անոնք որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են եւ այս հաստատ յոյսին հաւատք կ’ընծայեն, զայն մխիթարութեան մեծ աղբիւր մը կը նկատեն։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13) Ուստի, եթէ որբեւարի մըն էք, ամէն օր ձեզի հարկ եղած մխիթարութեան եւ օգնութեան համար անդադար աղօթք ըրէք, որպէսզի կարենաք ձեր զանազան բեռները կրել։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Ա. Պետրոս 5։7) Իսկ ամէն օր ժամանակ յատկացուցէք Աստուծոյ Խօսքը կարդալու, որպէսզի Աստուծոյ գաղափարները կարենան ձեզ մխիթարել։ Եթէ այս բաները ընէք, անձամբ պիտի տեսնէք թէ, հակառակ որպէս որբեւարի ձեր դիմագրաւած բոլոր նեղութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, Եհովա ի՛նչպէս կրնայ ձեզի օգնել որ խաղաղութիւն գտնէք։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Օգտակար ըլլալ կը նշանակէ՝ անհատին առանձնութիւնը յարգելուն եւ հարկ եղած ատեն անոր ձեռնտու ըլլալուն միջեւ հաւասարակշռուած ըլլալ
[Նկար՝ էջ 7]
Տարեց ու որբեւարի Աննան Աստուծոյ կողմէ օրհնուեցաւ