Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կողակից մը ընտրելու համար աստուածային ուղղութիւն

Կողակից մը ընտրելու համար աստուածային ուղղութիւն

Կողակից մը ընտրելու համար աստուածային ուղղութիւն

«Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։—ՍԱՂՄՈՍ 32։8

1. Յաջող ամուսնութեան մը համար ի՞նչ ազդակներ անհրաժեշտ են։

ՓԱՀԼԷՎԱՆ մը յանկարծ կը նետուի իր օրօրուող ճօճարանէն, կը կծկուի եւ օդին մէջ վարպետութեամբ կը թաւալի։ Արագօրէն իր մարմինը շտկելով, իր ձեռքերը կ’երկարէ, եւ զինք կը բռնէ միւս կողմը գտնուող ճօճարանի մը վրայ գլխիվայր կախուած փահլէվան մը։ Երկու չմշկորդներ միասին դիւրասահօրէն կը չմշկեն չմշկադաշտի մը մէջ։ Յանկարծ, տղամարդը կը վերցնէ աղջկան եւ զայն օդը կը նետէ։ Ան կը թաւալի, ճկունութեամբ կ’իջնէ մէկ չմուշկի վրայ, ապա կը շարունակէ իրեն հետ սառոյցին վրայ սահիլ։ Երկու ելոյթներն ալ կը թուին դիւրին ըլլալ։ Սակայն, ո՛վ պիտի համարձակէր զանոնք ընել, առանց փորձեր ընելու, կարող ընկերակից մը ունենալու եւ մանաւանդ՝ շիտակ տեսակի առաջնորդութեան կամ հրահանգներու։ Նմանապէս, յաջող ամուսնութիւն մը թերեւս կը թուի պատահական ըլլալ։ Սակայն, անիկա ալ կախեալ է լաւ ընկերակիցէ մը, համակարգուած ջանքերէ, եւ մանաւանդ՝ իմաստուն խրատներէ։ Արդարեւ, պատշաճ առաջնորդութիւնը կենսական է։

2. (ա) Ո՞վ հաստատեց ամուսնութեան կարգադրութիւնը, եւ ի՛նչ նպատակով։ (բ) Ամուսնական կարգ մը կարգադրութիւններ ի՞նչպէս կատարուած են։

2 Ամուրի երիտասարդի կամ երիտասարդուհիի մը համար կողակիցի՝ կեանքի ընկերի՝ մը մասին մտածելը բնական է։ Այն օրէն որ Եհովա Աստուած հաստատեց ամուսնութիւնը, տղամարդու եւ կնոջ ամուսնութիւնը կեանքի բնական ընթացք մը դարձած է։ Սակայն, առաջին մարդը Ադամ, իր կինը չընտրեց։ Եհովա սիրալիր կերպով կին մը հայթայթեց իրեն։ (Ծննդոց 2։18-24) Առաջին զոյգը պիտի բազմանար, եւ ի վերջոյ երկիրը մարդոցմով պիտի լեցուէր։ Այդ առաջին միութենէն ետք, ամուսնական կարգադրութիւնները սովորաբար հարսին ու փեսային ծնողներուն կողմէ կ’ըլլային, երբեմն խնդրոյ առարկայ եղողներուն հաւանութիւնը ստանալէ ետք։ (Ծննդոց 21։21. 24։2-4, 58. 38։6. Յեսուայ 15։16, 17) Թէեւ կարգադրուած ամուսնութիւնները տակաւին սովորական են կարգ մը երկիրներու եւ մշակոյթներու մէջ, սակայն ներկայիս շատեր անձամբ կ’ընտրեն իրենց կողակիցը։

3. Կողակից մը ի՞նչպէս պէտք է ընտրուի։

3 Կողակիցի մը ընտրութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ըլլայ։ Ոմանք կ’ազդուին երեւոյթէն. այսինքն՝ աչքին հաճելի եւ փափաքելի եղածէն։ Ուրիշներ նիւթական օգուտներ կը փնտռեն. անհատ մը՝ որ իրենց լաւ հոգ պիտի տանի եւ իրենց կարիքներն ու փափաքները պիտի գոհացնէ։ Սակայն, այս մօտեցումներէն որեւէ մէկը ինքնին՝ ուրախ եւ գոհացուցիչ յարաբերութեան մը կ’առաջնորդէ՞։ Առակաց 31։30–ը կ’ըսէ. «Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի»։ Ահաւասիկ կարեւոր կէտ մը. Կողակից մը ընտրելու ատեն Եհովան նկատի պէտք է առնուի։

Աստուծոյ Կողմէ Սիրալիր Ուղղութիւն

4. Կողակից մը ընտրելու առնչութեամբ Աստուած ի՞նչ օգնութիւն հայթայթած է։

4 Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, բոլոր հարցերու մէջ մեզ ուղղելու համար իր գրաւոր Խօսքը հայթայթած է։ Ան կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։ (Եսայեայ 48։17) Ուստի, զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչին մէջ ազդու ուղեգծեր կը գտնուին կողակից մը ընտրելու համար։ Եհովա կ’ուզէ որ մեր ամուսնութիւնները մնայուն եւ ուրախ ըլլան։ Հետեւաբար, ան մեզի օգնութիւն հայթայթած է, որպէսզի այս ուղեգծերը հասկնանք եւ կիրարկենք։ Ասիկա չէ՞ որ պիտի ակնկալէինք մեր սիրալիր Ստեղծիչէն։—Սաղմոս 19։8

5. Ամուսնութեան մէջ մնայուն ուրախութեան համար ի՞նչ բան կենսական է։

5 Երբ Եհովա ամուսնութեան կարգադրութիւնը հաստատեց, ան մտադրեց որ անիկա մնայուն կապ մը ըլլար։ (Մարկոս 10։6-12. Ա. Կորնթացիս 7։10, 11) Այդ պատճառաւ «ինք կ’ատէ կին արձակելը», զայն թոյլատրելով միա՛յն «պոռնկութեան» պարագային։ (Մաղաքեայ 2։13-16. Մատթէոս 19։9) Հետեւաբար, կողակից մը ընտրելը ամենէն լուրջ քայլերէն մէկն է զոր թեթեւի պէտք չէ առնենք։ Քիչ են այն որոշումները որոնք կարողութիւն ունին ուրախութեան կամ տխրութեան նպաստելու։ Մինչ լաւ ընտրութիւն մը կրնայ անհատին կեանքը ճոխացնել եւ զայն գոհացուցիչ դարձնել, անմիտ ընտրութիւն մը կրնայ անվերջ տխրութիւն պատճառել։ (Առակաց 21։19. 26։21) Որպէսզի ուրախութիւնը յարատեւէ, կենսական է իմաստութեամբ ընտրել եւ յօժար ըլլալ մնայուն յանձնառութիւն մը ընել, քանի որ Աստուած ամուսնութիւնը հաստատեց որպէս լծակցութիւն, որ ներդաշնակութեան եւ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ պիտի բարգաւաճէր։—Մատթէոս 19։6

6. Ինչո՞ւ մանաւանդ երիտասարդները եւ երիտասարդուհիները պէտք է զգոյշ ըլլան, երբ կողակից մը կ’ընտրեն, եւ անոնք ի՞նչպէս կրնան ամենէն իմաստուն որոշումը տալ։

6 Յատկապէս երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները զգոյշ պէտք է ըլլան որ ֆիզիքական գրաւչութիւնը եւ զօրաւոր զգացումները իրենց դատողութիւնը չխեղաթիւրեն կողակից մը ընտրելու ատեն։ Արդարեւ, միա՛յն այսպիսի ազդակներու վրայ հիմնուած յարաբերութիւն մը կրնայ շուտով արհամարհանքի կամ նոյնիսկ ատելութեան վերածուիլ։ (Բ. Թագաւորաց 13։15) Միւս կողմէ, մնայուն սէր կրնայ մշակուիլ մինչ մեր կողակիցը կը ճանչնանք, եւ մենք մեզ աւելի լաւ կը հասկնանք։ Նաեւ պէտք է գիտակցինք թէ ի՛նչ որ մեր սիրտը սկիզբը կը փափաքի, անիկա մեզի համար կրնայ լաւագոյնը չըլլալ։ (Երեմեայ 17։9) Անոր համար է որ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած աստուածային ուղղութիւնը շատ կարեւոր է։ Անիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ ի՛նչպէս կրնանք կեանքի մէջ ամենէն իմաստուն որոշումները տալ։ Սաղմոսերգուն Եհովայի բերնով խօսելով, ըսաւ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ (Սաղմոս 32։8. Եբրայեցիս 4։12) Մինչ ամուսնութիւնը կրնայ սիրոյ եւ ընկերակցութեան մեր բնածին կարիքը գոհացնել, անիկա նաեւ խնդիրներ կը յարուցանէ, որոնք հասունութիւն եւ ներատեսութիւն կը պահանջեն։

7. Ինչո՞ւ ոմանք կողակից մը ընտրելու շուրջ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած խրատը կը մերժեն, սակայն ասիկա ի՞նչ բանի կրնայ առաջնորդել։

7 Կողակից մը ընտրելու հարցին մէջ ամուսնութեան Հիմնադրին ըսածներուն հնազանդիլը իմաստութիւն է։ Այսուհանդերձ, երբ ծնողներէ կամ Քրիստոնեայ երէցներէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խրատ մը ստանանք, թերեւս անմիջապէս մերժենք զայն։ Կրնանք խորհիլ թէ անոնք մեզ լիովին չեն հասկնար, իսկ զգացական զօրաւոր ցանկութիւններ թերեւս մեզ մղեն որ սրտին հակումին հետեւինք։ Սակայն, քիչ ետք, երբ կեանքի ամէնօրեայ իրականութիւնները դիմագրաւենք, կրնանք զղջալ որ մեր օգտին համար տրուած իմաստուն խրատը մտիկ չըրինք։ (Առակաց 23։19. 28։26) Թերեւս մենք մեզ գտնենք անսիրալիր ամուսնութեան մը մէջ, ունենալով զաւակներ որոնց հոգ տանելու դժուարութիւնը ունինք, եւ թերեւս նոյնիսկ՝ անհաւատ ամուսին մը։ Որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ եթէ կարգադրութիւն մը որ մեզի մեծ ուրախութիւն կրնայ բերել, մեծ նեղութեան աղբիւր մը դառնայ։

Աստուածպաշտութիւն՝ Գլխաւոր Ազդակ մը

8. Աստուածպաշտութիւնը ի՞նչպէս ամուսնութեան կ’օգնէ որ տոկայ եւ ուրախութիւն բերէ։

8 Անուրանալիօրէն, փոխադարձ հրապոյրը ամուսնութիւնը ամրապնդելու կը նպաստէ։ Սակայն, հասարակաց արժանիքները ա՛լ աւելի կարեւոր են, որպէսզի ամուսնական միութիւնը տոկայ եւ ուրախութիւն յառաջ բերէ։ Եհովա Աստուծոյ երկուքին նուիրումը մնայուն կապ մը կը ստեղծէ եւ միութեան կը նպաստէ, այնպիսի կերպով մը որ ուրիշ ո՛չ մէկ ազդակ կրնայ իրագործել։ (Ժողովողի 4։12) Երբ Քրիստոնեայ զոյգ մը Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքը իրենց կեանքին կորիզը դարձնեն, անոնք հոգեւոր, մտային եւ բարոյական գետնի վրայ միացած կ’ըլլան։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը միասնաբար կ’ուսումնասիրեն։ Անոնք միասնաբար կ’աղօթեն եւ ասիկա անոնց սրտերը կը միացնէ։ Անոնք քրիստոնէական ժողովներուն միասին կ’երթան եւ դաշտի ծառայութեան մէջ միասին կ’աշխատին։ Այս բոլորը կը նպաստեն հոգեւոր կապ մը ստեղծուելու, որ զիրենք իրարու աւելի կը մօտեցնէ։ Աւելի կարեւորը, անիկա Եհովայի օրհնութիւնը կը բերէ։

9. Իսահակի համար կին մը գտնելու համար Աբրահամ ի՞նչ ըրաւ, եւ արդիւնքը ի՛նչ եղաւ։

9 Իր աստուածպաշտութեան պատճառաւ, հաւատարիմ նահապետ Աբրահամ ջանաց Եհովան հաճեցնել, երբ ժամանակը եկաւ որ իր որդւոյն՝ Իսահակի համար կին մը ընտրէր։ Աբրահամ իր տան վստահելի ծառային ըսաւ. «Քեզ երդմնցնեմ Տէրոջմով, որ երկնքի ու երկրի Աստուածն է, որ իմ որդիիս կին չառնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց մէջ ես կը բնակիմ. հապա իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս երթաս ու իմ որդիիս Իսահակին անկէ կին առնես։ . . . [Եհովա] իր հրեշտակը քու առջեւէդ պիտի ղրկէ ու դուն անկէ իմ որդիիս կին պիտի առնես»։ Ռեբեկան յատկանշական կին մը եղաւ, զոր Իսահակ շատ սիրեց։—Ծննդոց 24։3, 4, 7, 14-21, 67

10. Ամուսիններուն եւ կիներուն վրայ սուրբ գրային ի՞նչ պարտաւորութիւններ կը դրուին։

10 Եթէ ամուրի Քրիստոնեաներ ենք, աստուածպաշտութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ մշակենք յատկութիւններ, որոնք կարող պիտի ընեն մեզ ամուսնութեան սուրբ գրային պահանջները լեցնելու։ Պօղոս առաքեալ ամուսիններու եւ կիներու պարտաւորութիւններէն ոմանք յիշեց. «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը . . . Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար . . . Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ . . . Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի»։ (Եփեսացիս 5։22-33) Ինչպէս կը տեսնենք, Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերը, սիրոյ եւ յարգանքի կարիքը կը շեշտեն։ Այս խրատին հնազանդիլը Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ ունենալու հետ կապ ունի։ Անիկա սրտագին յանձնառութիւն կը պահանջէ, թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ ժամանակներուն։ Ամուսնութեան մասին մտածող Քրիստոնեաները այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելու կարող պէտք է ըլլան։

Որոշել Ե՛րբ Ամուսնանալ

11. (ա) Աստուածաշունչին մէջ ե՛րբ ամուսնանալու մասին ի՞նչ խրատ տրուած է։ (բ) Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ Ա. Կորնթացիս 7։36–ի մէջ արձանագրուած սուրբ գրային խրատին հետեւելու խոհեմութիւնը։

11 Կենսական է գիտնալ թէ ե՛րբ պատրաստ ենք ամուսնանալու։ Քանի որ ասիկա անհատէ անհատ կը տարբերի, Սուրբ Գրութիւնները տարիք մը չեն սահմաներ։ Սակայն, անոնք ցոյց կու տան թէ աւելի լաւ է սպասել մինչեւ որ «մատղաշ» տարիքը անցընենք, երբ սեռային զօրաւոր զգացումները կրնան լաւ դատողութիւնը խեղաթիւրել։ (Ա. Կորնթացիս 7։36, ՆԱ) Միշէլը կ’ըսէ. «Երբ տեսայ թէ բարեկամներէս շատեր պատանեկան տարիքին կը ժամադրուին եւ կ’ամուսնանան, այս խրատը կիրարկելը երբեմն դժուար գտայ։ Սակայն, անդրադարձայ թէ խրատը Եհովայէն է, եւ ան մեզի կը յայտնէ ինչ որ մեր օգտին համար է։ Մինչ կը սպասէի ամուսնանալ, կրցայ Եհովայի հետ իմ յարաբերութեանս վրայ կեդրոնանալ եւ կեանքի մէջ որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգել, բան մը՝ որ անկարելի է ունենալ պատանեկութեան շրջանին։ Քանի մը տարի ետք, աւելի լաւ պատրաստուած էի ամուսնութեան պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր մէջ յարուցուած խնդիրները ձեռք առնելու»։

12. Ինչո՞ւ խոհեմութիւն չէ պատանեկութեան շրջանին ամուսնանալ։

12 Անոնք որոնք փոքր տարիքին կ’աճապարեն ամուսնանալ, յաճախ կը գիտակցին թէ մինչ չափահաս կը դառնան, իրենց կարիքներն ու փափաքները կը փոխուին։ Այն ատեն կ’անդրադառնան թէ նախապէս իրենց աչքին փափաքելի նկատուած բաները, այժմ այդքան ալ կարեւոր չեն։ Քրիստոնեայ պատանուհի մը վճռած էր 16 տարեկանին ամուսնանալ։ Իր մայրն ու մեծ մայրը այդ տարիքին ամուսնացած էին։ Երբ իր հաւնած երիտասարդը մերժեց այդ տարիքին իր հետ ամուսնանալ, ան ընտրեց ուրիշ անհատ մը, որ յօժար էր այս քայլը առնելու։ Տարիներ ետք, ան մեծապէս զղջաց իր հապճեպով առած որոշումին համար։

13. Կանուխ ամուսնացողները յաճախ ի՞նչ մարզերու մէջ թերահաս կ’ըլլան։

13 Երբ ամուսնանալ կը մտածենք, կարեւոր է որ այս հարցին շուրջ հասուն հասկացողութիւն մը ունենանք։ Վաղաժամ ամուսնութիւնը բազմաթիւ խնդիրներ կը յարուցանէ, զորս դեռատի զոյգ մը ձեռք առնելու հաւանաբար պատրաստ չըլլայ։ Անոնք կրնան հարկ եղած փորձառութիւնը եւ հասունութիւնը չունենալ, ամուսնութեան եւ զաւակներ մեծցնելու ճնշումներուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Ամուսնութեան քայլը պէտք է առնուի միա՛յն երբ մենք ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստ ենք մնայուն լծակցութիւն մը յանձն առնելու։

14. Ամուսնութեան մէջ ճնշիչ կացութիւններ ձեռք առնելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։

14 Պօղոս գրեց թէ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան»։ (Ա. Կորնթացիս 7։28) Խնդիրներ պիտի ծագին, քանի որ իրարմէ տարբեր երկու անձնաւորութիւններ կան, եւ անոնց տեսակէտները իրարմէ տարբեր պիտի ըլլան։ Մարդկային անկատարութեան պատճառաւ, ամուսնական կարգադրութեան մէջ մեր սուրբ գրային դերը լիովին կատարելը կրնայ դժուար ըլլալ։ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Կողոսացիս 3։18, 19. Տիտոս 2։4, 5. Ա. Պետրոս 3։1, 2, 7) Ճնշիչ կացութիւնները սիրալիր կերպով լուծելու համար, աստուածային ուղղութիւններ փնտռելը եւ անոնց հետեւիլը հասունութիւն եւ հոգեւոր կայունութիւն կը պահանջէ։

15. Ծնողներ իրենց զաւակները ամուսնութեան համար պատրաստելու մէջ ի՞նչ դեր կրնան խաղալ։ Օրինակ մը տուէք։

15 Ծնողներ կրնան իրենց զաւակները ամուսնութեան համար պատրաստել, անոնց օգնելով որ աստուածային ուղղութեան հետեւելու կարեւորութիւնը ըմբռնեն։ Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական գրականութիւնները հմտօրէն գործածելով, ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որոշելու համար թէ իրե՛նք կամ իրենց ապագացու կողակիցը պատրա՞ստ են ամուսնութեան յանձնառութիւնը ընելու թէ ոչ։ * Տասնըութ տարեկան Պլասըմը կը խորհէր թէ իր ժողովքէն երիտասարդի մը սիրահարուած էր։ Ան լիաժամ ռահվիրայ մըն էր, եւ անոնք կ’ուզէին ամուսնանալ։ Սակայն, Պլասըմի ծնողքը իրմէ խնդրեցին որ մէկ տարի սպասէ, զգալով թէ տակաւին շատ փոքր էր։ Հետագային Պլասըմը գրեց. «Շա՜տ երախտապարտ եմ որ այդ իմաստուն խրատին մտիկ ըրի։ Տարի մը ետք, քիչ մը հասունութիւն ձեռք ձգեցի եւ տեսայ որ այս երիտասարդը լաւ կողակիցի մը հարկ եղած յատկութիւնները չունէր։ Հետագային, ան կազմակերպութենէն հեռացաւ, իսկ ես խուսափեցայ աղէտէ մը որ կրնար կեանքս քանդել։ Ի՜նչ հոյակապ է ունենալ իմաստուն ծնողներ, որոնց դատողութեան կրնա՛ք ապաւինիլ»։

‘Միայն Տէրոջմով Ամուսնանալ’

16. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան փորձուիլ ‘Տէրոջմով ամուսնանալու’ հարցին մէջ։ (բ) Երբ անհաւատի մը հետ ամուսնանալու փորձութեան դիմաց գտնուին, Քրիստոնեաներ որո՞ւ մասին պէտք է մտածեն։

16 Քրիստոնեաներուն համար Եհովայի ուղղութիւնը շատ յստակ է. ‘Միայն Տէրոջմով ամուսնացէք’։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Քրիստոնեայ ծնողներ եւ զաւակներ այս առնչութեամբ կրնան փորձուիլ։ Ի՞նչպէս։ Թերեւս երիտասարդներ փափաքին ամուսնանալ, սակայն կրնայ ըլլալ որ ժողովքին մէջ յարմար անհատներ չգտնուին։ Առնուազն այդպէս կը թուի ըլլալ։ Թերեւս որոշ շրջանի մը մէջ տղամարդոց թիւը կիներէն նուազ է, կամ ալ յարմար անհատ մը չկայ։ Ժողովքին նուիրուած մէկ անդամը չեղող երիտասարդ մը կրնայ Քրիստոնեայ երիտասարդուհիի մը հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տալ (կամ հակառակը), եւ ասիկա կրնայ ճնշում բանեցնել Եհովայի դրած չափանիշներուն մէջ զիջումներ ընելու։ Այսպիսի պայմաններու ներքեւ, լաւ կ’ըլլայ եթէ Աբրահամի օրինակին մասին մտածենք։ Աստուծոյ հետ իր լաւ յարաբերութիւնը պահպանելու կերպերէն մէկն էր՝ վստահ ըլլալ որ իր որդին Իսահակը, Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուի մը հետ կ’ամուսնանար։ Իսահակ նոյնը ըրաւ իր որդւոյն Յակոբի պարագային։ Ասիկա խնդրոյ առարկայ բոլոր անհատներէն ջանք պահանջեց, սակայն, Աստուած հաճեցուց եւ իր օրհնութեան արժանացուց զանոնք։—Ծննդոց 28։1-4

17. Ինչո՞ւ անհաւատի մը հետ ամուսնանալը հաւանաբար աղիտալի կ’ըլլայ, եւ ‘միայն Տէրոջմով ամուսնանալու’ ամենէն կարեւոր պատճառը ի՞նչ է։

17 Շատ քիչ պարագաներու, անհաւատը ի վերջոյ Քրիստոնեայ մը դարձած է։ Սակայն, անհաւատներու հետ ամուսնանալը յաճախ աղիտալի եղած է։ Անյարմար կերպով լծակից եղողները միեւնոյն հաւատալիքները, չափանիշները կամ նպատակակէտերը չեն բաժներ։ (Բ. Կորնթացիս 6։14) Ասիկա հաղորդակցութեան եւ ամուսնական ուրախութեան վրայ վնասակար ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ։ Օրինակ, Քրիստոնեայ կին մը մեծ ցաւ կը զգար այն իրողութեան ի տես, թէ շինիչ ժողովէ մը ետք, տունը չէր կրնար իր անհաւատ կողակիցին հետ հոգեւոր բաներ խօսիլ։ Անշուշտ, ասկէ աւելի կարեւորը այն է որ ‘Տէրոջմով ամուսնանալը’ Եհովայի հանդէպ հաւատարմութեան հարց է։ Երբ Աստուծոյ Խօսքին ենթարկուինք, մեր սրտերը մեզ չեն դատապարտեր, քանի որ «իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք»։—Ա. Յովհաննու 3։21, 22

18. Երբ ամուսնութեան մասին կը խորհիք, ո՞ր կարեւոր հարցերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայէք եւ ինչո՛ւ։

18 Երբ ամուսնութեան մասին կը խորհիք, ապագացու կողակիցին արժանիքներն ու հոգեւորականութիւնը ձեր գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ։ Քրիստոնէական անձնաւորութիւն մը, Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ բոլորանուէր նուիրումը, շա՛տ աւելի արժէքաւոր են քան՝ ֆիզիքական գրաւչութիւնը։ Անոնք որոնք հոգեւորապէս զօրաւոր կողակիցներ ըլլալու իրենց պարտականութիւնը կը գնահատեն եւ կը կատարեն, Աստուծոյ հաճութիւնը կը վայելեն։ Ամոլ մը մեծագոյն զօրութիւնը կը ստանայ, երբ երկու կողակիցներն ալ Ստեղծիչին հանդէպ նուիրում ունենան եւ իր ուղղութիւնը լիովին ընդունին։ Այս կերպով Եհովան կը պատուուի, եւ ամուսնութիւնը կը սկսի հոգեւոր հաստատ հիմի մը վրայ, որ մնայուն միութեան մը պիտի նպաստէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 15 Տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 1999, էջ 3-7։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Լաւ կողակից մը ընտրելու մէջ ինչո՞ւ աստուածային ուղղութեան կարիքը կայ։

• Աստուածպաշտութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ ամուսնական կապը զօրացնելու։

• Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակները ամուսնութեան համար պատրաստել։

• Ինչո՞ւ կարեւոր է ‘միայն Տէրոջմով ամուսնանալ’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Կողակից մը ընտրելու նկատմամբ Աստուծոյ խրատը կիրարկելը շատ ուրախութիւն կրնայ պատճառել

[Նկարներ՝ էջ 18]

‘Միայն Տէրոջմով ամուսնանալը’ ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ