Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի հանդէպ ձեր վստահութիւնը զօրացուցէք

Եհովայի հանդէպ ձեր վստահութիւնը զօրացուցէք

Եհովայի հանդէպ ձեր վստահութիւնը զօրացուցէք

Ոճրային ծրագիր մը գործընթացի մէջ է։ Երկրին բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրարու հետ խորհրդակցելով, նոր օրէնք մը առաջարկելու գաղափարը յղացած են։ Անոնք կ’ուզեն որ Պետութեան կողմէ ընդունելի չեղող պաշտամունքի մը մասնակցիլը, մահուան արժանի յանցանք մը նկատուի։

ԱՍԻԿԱ ձեզի ծանօթ կը թուի՞։ Պատմութիւնը լեցուն է օրէնքին միջոցաւ դաւեր լարելու դիմող մարդոց օրինակներով։ Վերոյիշեալ միջադէպը պատահեցաւ Պարսկական Կայսրութեան մէջ, Դանիէլ մարգարէի օրերուն։ Դարեհ Թագաւորի սահմանած օրէնքը հետեւեալը կը պայմանաւորէր. ‘Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ թագաւորէն զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, առիւծներուն գուբը նետուի’։—Դանիէլ 6։7-9

Մահուան սպառնալիքին ներքեւ Դանիէլ ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան պիտի շարունակէ՞ր իր Աստուծոյն՝ Եհովայի վստահիլ, թէ ոչ՝ պիտի համակերպէր եւ ընէր ինչ որ թագաւորը կը հրամայէր։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց։ Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին։ Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս»։ (Դանիէլ 6։10) Պատմութեան մնացեալ մասը շատ ծանօթ է։ Դանիէլ իր հաւատքին համար առիւծներու գուբը նետուեցաւ, սակայն, Եհովա ‘առիւծներուն բերանները գոցեց’ եւ իր հաւատարիմ ծառան ազատեց։—Եբրայեցիս 11։33. Դանիէլ 6։16-22

Ինքնաքննութեան Ժամանակ մը

Ներկայիս, Եհովայի ծառաները թշնամալից աշխարհի մը մէջ կ’ապրին, իրենց ֆիզիքական ու հոգեւոր բարօրութեան դէմ բազմաթիւ սպառնալիքներ դիմագրաւելով։ Օրինակ, կարգ մը երկիրներու մէջ ցեղային ատելութեան անողորմ պոռթկումին պատճառաւ, բազմաթիւ Վկաներ սպաննուած են։ Ուրիշ տեղեր, Եհովայի ծառաները սովեր, տնտեսական դժուարութիւններ, բնական աղէտներ, լուրջ հիւանդութիւններ, եւ կեանքի սպառնացող այլ պարագաներ դիմագրաւած են։ Ասկէ զատ, անոնք հալածանքի, գործի մէջ ճնշումներու, եւ սխալը ընելու զանազան փորձութիւններու հետ դէմ յանդիման եկած են, որոնք կրնային սպառնալ անոնց հոգեւորականութեան։ Արդարեւ, մեծ Հակառակորդը՝ Սատանան, վճռած է Եհովայի ծառաները կործանել, գործածելով որեւէ միջոց որ կրնայ յաջողիլ։—Ա. Պետրոս 5։8

Երբ այսպիսի պարագաներ դիմագրաւենք, ի՞նչ կրնանք ընել։ Թէեւ բնական է վախնալ երբ անհատի մը կեանքը վտանգի տակ է, սակայն, կրնանք ի մտի ունենալ Պօղոս առաքեալի հաւաստիացնող խօսքերը. «[Եհովա] ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’. այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ’»։ (Եբրայեցիս 13։5, 6) Կրնանք վստահ ըլլալ որ ներկայիս Եհովա իր ծառաներուն հանդէպ նոյն զգացումը ունի։ Սակայն, Եհովայի խոստումը գիտնալը բան մըն է, եւ համոզուած ըլլալը թէ ան մեզի ի նպաստ գործի պիտի լծուի՝ բոլորովին ուրիշ բան է։ Հետեւաբար շատ կենսական է որ քննենք թէ Եհովայի հանդէպ վստահութիւնը ի՛նչ հիման վրայ կերտած ենք, եւ այդ վստահութիւնը զօրացնելու եւ պահպանելու համար մեր կարելին ընենք։ Եթէ ասիկա ընենք, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։7) Այն ատեն, երբ փորձութիւններ գան, պիտի կարենանք պայծառօրէն խորհիլ եւ զանոնք իմաստութեամբ ձեռք առնել։

Եհովայի Վստահելու Հիմը

Վստահաբար, մեր Ստեղծիչին՝ Եհովայի վստահելու բազմաթիւ պատճառներ ունինք։ Անոնցմէ առաջինը այն իրողութիւնն է, թէ Եհովա սիրալիր Աստուած մըն է որ իր ծառաներուն անկեղծօրէն կը հոգայ։ Աստուածաշունչին մէջ անհամար պարագաներ արձանագրուած են, որոնք ցոյց կու տան իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը։ Իր ընտրեալ ժողովուրդին՝ Իսրայէլի հետ Եհովայի գործառնութիւնները նկարագրելով, Մովսէս գրեց. «Զանիկա ամայի երկրի մէջ, անկոխ ու ահագին անապատի մէջ գտաւ. զանիկա պաշտպանեց, խրատեց ու իր աչքին բիբին պէս պահեց»։ (Բ. Օրինաց 32։10) Արդի ժամանակներուն, Եհովա կը շարունակէ լաւ հոգ տանիլ իր ծառաներուն՝ որպէս ամբողջութիւն, թէ՝ անհատապէս։ Օրինակ, երբ Վկաներէն ոմանք Պոսնիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ծայր աստիճան ուտելիքի պակասէ տառապեցան, Եհովա հոգ տարաւ որ անոնք անհրաժեշտ եղող կարիքները ձեռք ձգեն Խրուաթիոյ ու Աւստրիոյ իրենց եղբայրներուն քաջարի ջանքերուն միջոցաւ, որոնք իրենց կեանքը վտանգեցին չափազանց վտանգաւոր շրջաններէ անցնելով, որպէսզի իրենց եղբայրներուն նիւթական նպաստներ բերեն։ *

Քանի որ Եհովա Աստուած Ամենակալ է, անկասկած ան կարող է իր ծառաները պաշտպանել որեւէ պարագայի ներքեւ։ (Եսայեայ 33։22. Յայտնութիւն 4։8) Սակայն, նոյնիսկ երբ Եհովա թոյլ տայ որ իր ծառաներէն ոմանք մինչեւ մահ իրենց հաւատարմութիւնը փաստեն, ան տակաւին նեցուկ կը կանգնի անոնց եւ կ’օգնէ որ իրենց ուղղամտութիւնը պահեն, զիրենք կարող դարձնելով որ մինչեւ վերջ հաստատ, ուրախ եւ հանդարտ մնան։ Ուստի, մենք ալ կրնանք սաղմոսերգուին ունեցած վստահութիւնը ունենալ. «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։ Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին»։—Սաղմոս 46։1, 2

Աստուածաշունչը կը յայտնէ նաեւ թէ Եհովա ճշմարտութեան Աստուած է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ան միշտ իր խոստումներուն տէրն է։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը զինք կը նկարագրէ որպէս «անսուտն» Աստուած։ (Տիտոս 1։2) Քանի որ Եհովա կրկին անգամ յայտնած է իր ծառաները պաշտպանելու ու փրկելու իր պատրաստակամութիւնը, բացարձակապէս վստահ կրնանք ըլլալ թէ ան ո՛չ միայն կարող է, այլեւ՝ պատրաստ է իր խոստումները կատարելու։—Յոբայ 42։2

Մեր Վստահութիւնը Զօրացնելու Կերպեր

Թէեւ մեր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնելու ամէն պատճառ ունինք, սակայն, այս հարցը թեթեւի պէտք չէ առնենք։ Պատճառը այն է թէ աշխարհը ընդհանուր առմամբ Աստուծոյ հանդէպ քիչ հաւատք ունի, եւ այսպիսի կեցուածք մը կրնայ դիւրաւ տկարացնել Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը։ Հետեւաբար, այս վստահութիւնը զօրացնելու եւ պահպանելու համար ծանր ջանք պէտք է թափենք։ Եհովա ասկէ տեղեակ է, եւ ասիկա ընելու համար մեզի միջոցը հայթայթած է։

Նախ եւ առաջ, ան իր գրաւոր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը հայթայթած է, որ կը պարունակէ իր ծառաներուն ի նպաստ Եհովայի կատարած բազմաթիւ հզօր արարքները։ Միայն խորհեցէք. ո՞րքան վստահութիւն կրնաք ունենալ մէկու մը հանդէպ որու միա՛յն անունը գիտէք։ Հաւանաբար, շատ քիչ, եթէ ոչ երբեք։ Պէտք է իր ճամբաները եւ գործերը գիտնաք, որպէսզի իրեն հանդէպ վստահութիւն ունենաք, այդպէս չէ՞։ Մինչ Աստուածաշունչի պատմութիւնները կը կարդանք ու անոնց մասին կը խոկանք, Եհովայի ու իր սքանչելի ճամբաներուն մասին մեր գիտութիւնը կը խորանայ, եւ հետզհետէ աւելի կը գնահատենք իր ա՛յսքան վստահելի ըլլալը։ Այսպիսով իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրանայ։ Սաղմոսերգուն հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ, երբ ջերմեռանդօրէն Աստուծոյ աղօթելով ըսաւ. «Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ. յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։ Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ»։—Սաղմոս 77։11, 12

Աստուածաշունչի կողքին, ունինք հոգեւոր սնունդի ճոխ աղբիւր մը, Եհովայի կազմակերպութեան հրատարակած սուրբ գրային գրականութիւններուն մէջ։ Ուրիշ բաներու կողքին, այս գրականութիւնները յաճախ կը բովանդակեն Աստուծոյ արդի ծառաներուն ոգեւորիչ կենսագրութիւնները, ցոյց տալով թէ Եհովա ի՛նչպէս անոնց օգնութիւն եւ հանգստութիւն տուած է, երբ անոնք անյոյս պարագաներու մէջ գտնուած են։ Օրինակ, Մարթըն Փոցինկըր, որ հետագային Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին մէկ անդամը եղաւ, լուրջ հիւանդութեան մը բռնուեցաւ, երբ իր ծննդավայրէն հեռու՝ Եւրոպայի զանազան շրջաններուն մէջ՝ որպէս ռահվիրայ կը ծառայէր։ Ան դրամ չունէր, եւ ոչ մէկ բժիշկ կ’ուզէր զինք տեսնել։ Սակայն, Եհովա զինք չլքեց։ Ի վերջոյ, տեղական հիւանդանոցի մը գլխաւոր մասնագէտին հետ կապ պահուեցաւ։ Աստուածաշունչի թունդ հաւատացող մը ըլլալով, այս ազնիւ մարդը Եղբայր Փոցինկըրին զաւկի մը պէս ձրիաբար հոգ տարաւ։ Այսպիսի կենսագրութիւններ կարդալը, վստահաբար մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր վստահութիւնը կրնայ զօրացնել։

Իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնելու Եհովայի հայթայթած ուրիշ մէկ արժէքաւոր օգնութիւնն է՝ աղօթքի թանկագին առանձնաշնորհումը։ Պօղոս առաքեալ սիրալիր կերպով մեզի կ’ըսէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6) «Ամէն բան»ը կրնայ պարփակել մեր զգացումները, կարիքները, վախերն ու մտահոգութիւնները։ Մեր աղօթքները ո՛րքան յաճախ եւ սրտանց ըլլան, Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ա՛յնքան աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ։

Երբ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ էր, ան երբեմն կ’առանձնանար, որպէսզի կարենար առանց խանգարուելու աղօթել։ (Մատթէոս 14։23. Մարկոս 1։35) Լուրջ որոշումներ տալէ առաջ, ան նոյնիսկ ամբողջ գիշերը իր Հօր աղօթելով կ’անցընէր։ (Ղուկաս 6։12, 13) Զարմանալի չէ որ Եհովայի հանդէպ Յիսուսի վստահութիւնը ա՛յնքան զօրաւոր էր, որ ան կրցաւ ամենէն սոսկալի փորձութեան տոկալ։ Տանջանքի ցիցին վրայ անոր վերջին խօսքերն էին. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Վստահութեան այս արտայայտութիւնը ցոյց տուաւ թէ իր Հօր հանդէպ իր վստահութիւնը մինչեւ վերջ անխախտ էր, թէեւ Եհովա զինք փրկելու համար չմիջամտեց։—Ղուկաս 23։46

Ամբողջ սրտով իրեն վստահողներուն հետ կանոնաւորաբար ընկերակցիլը, Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կերտելու ուրիշ միջոց մըն է։ Եհովա իր ժողովուրդին պատուիրեց որ կանոնաւորաբար հաւաքուին, իր մասին աւելի սորվելու եւ զիրար քաջալերելու համար։ (Բ. Օրինաց 31։12. Եբրայեցիս 10։24, 25) Այսպիսի ընկերակցութիւն Եհովայի հանդէպ իրենց վստահութիւնը զօրացուց, զիրենք կարող դարձնելով որ հաւատքի վճռական փորձութիւններու տոկան։ Ափրիկեան երկրի մը մէջ, ուր քարոզչութիւնը արգիլուած էր, Եհովայի Վկաները զրկուեցան ոստիկանութեան պաշտպանութենէ, ճամբորդական եւ ամուսնական փաստաթուղթերէ, հիւանդանոցի խնամքէ եւ աշխատանքներէ։ Երբ շրջանի մը մէջ քաղաքացիական պատերազմ ծագեցաւ, մօտակայ ժողովքի մը 39 անդամները, ի ներառեալ երախաներ, շուրջ չորս ամիս անապատին մէջ ցած կամուրջի մը տակ ապրեցան, իրենց գիւղաքաղաքին մէջ եղած ռմբակոծումէն պաշտպանուելու համար։ Այսպիսի խիստ պայմաններու ներքեւ, ամէն օր Աստուածաշունչէն համար մը նկատի առնելը եւ մնացեալ ժողովները ունենալը մեծապէս զօրացուց զանոնք։ Այս կերպով անոնք կրցան այս խիստ դժուարութեան տոկալ, առանց իրենց հոգեւորականութեան վնաս հասնելու։ Այս փորձառութիւնը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ, Եհովայի ժողովուրդին հետ կանոնաւորաբար ժողվուելուն արժէքը։

Վերջապէս, Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնելու համար, պէտք է Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ գործունեայ ըլլանք, միշտ պատրաստ՝ բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնելու։ Ասիկա ցոյց տրուեցաւ Քանատայի մէջ նախանձախնդիր պատանուհի հրատարակիչի մը ոգեւորիչ փորձառութենէն, որ արեան անբուժելի խլիրդէ կը տառապէր։ Հակառակ իր լուրջ հիւանդութեան, ան փափաքեցաւ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ, այսինքն՝ լիաժամ քարոզիչ մը։ Իր հիւանդութեան ժամանակաւոր բարելաւման ընթացքին, ան կրցաւ մէկ ամիս որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել։ Ապա իր վիճակը վատթարացաւ եւ քանի մը ամիս ետք մահացաւ։ Սակայն, ան հոգեւորապէս զօրաւոր մնաց մինչեւ վերջ, Եհովայի հանդէպ իր հաւատքը պահ մը իսկ չխախտելով։ Անոր մայրը կը մտաբերէ. «Մինչեւ վերջ, ան ուրիշներով աւելի հետաքրքրուած էր՝ քան իր անձով։ Զանոնք կը քաջալերէր որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն, անոնց ըսելով՝ ‘Դրախտին մէջ միասին պիտի ըլլանք’»։

Եհովայի Հանդէպ Մեր Վստահութիւնը Ապացուցանենք

«Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ (Յակոբու 2։26) Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենալու մասին Յակոբոսի ըսածը, կրնայ նաեւ Իրեն հանդէպ մեր ունեցած վստահութեան ակնարկել։ Ո՛րքան ալ ըսենք թէ Աստուծոյ կը վստահինք, անիկա անիմաստ է, մինչեւ որ այդ վստահութիւնը մեր գործերով չապացուցանենք։ Աբրահամ անվերապահօրէն Եհովայի վստահեցաւ եւ այդ վստահութիւնը ապացուցանեց Իր պատուիրաններուն անվարանօրէն հնազանդելով, իր որդին՝ Իսահակը՝ զոհելու պատրաստ ըլլալու աստիճան։ Այսպիսի ուշագրաւ վստահութեան եւ հնազանդութեան պատճառաւ, Աբրահամ ճանչցուեցաւ որպէս Եհովայի բարեկամը։—Եբրայեցիս 11։8-10, 17-19. Յակոբու 2։23

Պէտք չունինք սպասելու որ մեր վրայ խիստ փորձութիւն մը գայ, որպէսզի Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ցոյց տանք։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ»։ (Ղուկաս 16։10) Պէտք է սորվինք Եհովայի վստահիլ մեր առօրեայ բոլոր գործունէութիւններուն մէջ, իրեն հնազանդելով նոյնիսկ աննշան թուող բաներու մէջ։ Երբ այսպիսի հնազանդութենէն յառաջ եկած օգուտները տեսնենք, մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրանայ, մեզ կարող դարձնելով որ աւելի մեծ կամ աւելի դժուար փորձութիւններ դիմագրաւենք։

Մինչ այս աշխարհը իր աղիտալի վախճանին կը մօտենայ, շատ հաւանաբար Եհովայի ծառաները աւելի փորձութիւններ եւ վտանգներ դիմագրաւեն։ (Գործք 14։21. Բ. Տիմոթէոս 3։12) Հիմա իսկ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր եւ բացարձակ վստահութիւն կերտելով, կրնանք իր խոստացած նոր աշխարհին մէջ ապրելու յոյսը տածել, ըլլայ անիկա մեծ նեղութենէն վերապրելով թէ՝ յարութիւն առնելով։ (Բ. Պետրոս 3։13) Թող որ երբեք թոյլ չտանք որ մեր վստահութիւնը նուազելով, Եհովայի հետ մեր թանկարժէք յարաբերութիւնը վնասուի։ Այն ատեն, ինչ որ Դանիէլի ըսուեցաւ առիւծներու գուբէն ազատուելէն ետք, մեզի ալ կրնայ ըսուիլ. «Անոր վրայ ոեւէ վնաս չտեսնուեցաւ, վասն զի իր Աստուծոյն հաւատաց [«վստահեցաւ», ՆԱ]»։—Դանիէլ 6։23

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1994, էջ 23-27 (Անգլերէն)։

[Նկար՝ էջ 9]

Մարթըն Փոցինկըրի նման Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն կենսագրութիւնները կարդալը՝ հաւատք կը զօրացնէ