Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Փրկանքի զոհին հիման վրայ մեղքեր ներելու Եհովայի յօժարակամութեան ի տես, ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ Քրիստոնեաներ ժողովքի երէցներուն խոստովանին։
Ինչպէս կը տեսնուի Դաւիթի ու Բերսաբէի պարագայով, Եհովա ներեց Դաւիթի մեղքը՝ հակառակ որ լուրջ էր՝ Դաւիթի անկեղծ զղջումին պատճառաւ։ Երբ Նաթան մարգարէն իրեն մօտեցաւ, Դաւիթ բացէ ի բաց խոստովանեցաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։—Բ. Թագաւորաց 12։13
Սակայն, Եհովա ոչ միայն մեղաւորի մը անկեղծ խոստովանութիւնը կ’ընդունի եւ ներում կը շնորհէ, այլ նաեւ սիրալիր հայթայթումներ կ’ընէ, օգնելու համար յանցաւորին որ հոգեւորապէս վերակազդուրուի։ Դաւիթի պարագային, օգնութիւնը Նաթան մարգարէին միջոցաւ եկաւ։ Ներկայիս, քրիստոնէական ժողովքին մէջ հոգեւորապէս հասուն տղամարդիկ, կամ երէցներ կան։ Յակոբոս աշակերտ կը բացատրէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը [հոգեւորապէս] հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր»։—Յակոբու 5։14, 15
Փորձառու երէցներ շատ բան կրնան ընել խղճահարուած մեղաւորին սրտին ցաւը թեթեւցնելու համար։ Անոնք կը ջանան մեղաւորին հետ իրենց վերաբերմունքին Գաղատացիս 6։1) Նոյնիսկ երբ անհատ մը իր մեղքը կամաւ չխոստովանի, թերեւս ան մղուի զղջալու երբ երէցները իրեն մօտենան, ինչպէս որ Դաւիթ զղջաց երբ Նաթան իրեն մօտեցաւ։ Երէցներուն այս կերպով տուած օգնութիւնը, յանցագործին կ’օգնէ որ խուսափի նոյն մեղքը կրկնելու վտանգէն եւ խստացած մեղաւոր մը ըլլալու լուրջ հետեւանքներէն։—Եբրայեցիս 10։26-31
մէջ Եհովան ընդօրինակել։ Անոնք երբեք չեն ուզեր խիստ ըլլալ, նոյնիսկ երբ զօրաւոր կրթութիւն տալու հարկը տեսնեն։ Ընդհակառակը, անոնք կարեկցաբար նկատի կ’առնեն անհատին անմիջական կարիքները։ Համբերութեամբ, անոնք կը ջանան մեղաւորին մտածելակերպը ուղղել, Աստուծոյ Խօսքը գործածելով։ (Վստահաբար դիւրին չէ ուրիշներու խոստովանիլ արարքներ՝ որոնց համար անհատը ամօթ կը զգայ, եւ անոնց համար ներում խնդրել։ Ասիկա ներքին զօրութիւն կը պահանջէ։ Սակայն, պահ մը խորհեցէք փոխընտրութեան մասին։ Մարդ մը որ իր մեղքը ժողովքի երէցներուն չէր յայտնած, ըսաւ. «Սրտիս մէջ անվերջ ցաւ կը զգայի։ Քարոզչութեան մէջ ջանքերս աւելցուցի, սակայն խղճահարութիւնս չանհետացաւ»։ Ան խորհեցաւ թէ աղօթքով Աստուծոյ խոստովանիլը բաւարար է, սակայն, բացայայտօրէն պարագան այդ չէր, քանի որ ան Դաւիթ Թագաւորի նման զգացումներ ունեցաւ։ (Սաղմոս 51։8, 11) Որքա՜ն նախընտրելի է ընդունիլ երէցներու միջոցաւ Եհովայի հայթայթած սիրալիր օգնութիւնը։