Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մնայուն տպաւորութիւններ

Մնայուն տպաւորութիւններ

Մնայուն տպաւորութիւններ

ԱՄԷՆ տարի, Եհովայի Վկաները իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, իրարու քով կը հաւաքուին քրիստոնէական համաժողովներու համար։ Ասիկա կ’ընեն հոգեւորապէս շինիչ դաստիարակութիւն եւ ընկերակցութիւն վայելելու համար։ Սակայն իրենց համաժողովներուն այլ երեսակներն ալ կրնան այցելուներու վրայ մնայուն տպաւորութիւն ձգել։

Օրինակ, Յուլիս 1999–ին, Մոզամպիկի մէջ հազարաւոր Վկաներ իրարու քով հաւաքուեցան «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» բնաբանով Նահանգային Համաժողովի երեք ճոխ օրերը վայելելու համար։ Ներկաներէն շատեր առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կը գտնուէին նահանգային համաժողովի մը։ Անոնք ո՛չ միայն բեմէն ըսուած խօսքերով տպաւորուեցան, այլ նաեւ իրենց շուրջ տեսած բաներով։

Մափութոյի Համաժողովի Սրահին մէջ, անհատ մը սապէս արտայայտուեցաւ. «Կեանքի՛ս մէջ այսպիսի գեղեցիկ վայր մը տեսած չեմ։ Լուացարանները օճառ եւ հայելիներ ունէին, եւ անոնք նոյնիսկ մաքուր կը հոտէին։ Շրջապատը խաղաղ էր, առանց երախաներու կռուըտուքին ու հրմշտուքին։ Տեսայ ուրախ, դեռատի անհատներ որոնք քաջալերական բաներու մասին կը խօսակցէին։ Բոլորին լաւ հագուելակերպն ալ զիս տպաւորեց։ Յաջորդ անգամ, զաւակներս պիտի բերեմ եւ ամուսինիս պիտի համոզեմ թէ ընտանեօք պէտք է այս համաժողովին ներկայ գտնուինք»։

Այո, Եհովայի Վկաներու պարկեշտութիւնը, ուղղամտութիւնը եւ ֆիզիքական մաքրութիւնը աննկատ չեն մնար։ Վկաները ինչո՞ւ տարբեր են։ Քանի որ անոնք իրապէ՛ս կը ջանան գործադրել ինչ որ Աստուածաշունչէն կը սորվին։ Կրնաք դուք ալ այս տարի անոնց հետ ներկայ գտնուիլ իրենց նահանգային համաժողովներուն, կամ՝ տեղական Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող շաբաթական ժողովներուն երթալ ու անձամբ տեսնել։

[Նկար՝ էջ 32]

ԶԱՄՊԻԱ

[Նկար՝ էջ 32]

ՔԵՆԻԱ

[Նկար՝ էջ 32]

ՄՈԶԱՄՊԻԿ