Տարեկան ժողով՝ 6 հոկտեմբեր 2001–ին
Տարեկան ժողով՝ 6 հոկտեմբեր 2001–ին
ՓԷՆՍԻԼՎԱՆԻՈՅ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան անդամներուն տարեկան ժողովը տեղի պիտի ունենայ 6 Հոկտեմբեր 2001–ին, Եհովայի Վկաներու Համաժողովի Սրահին մէջ, 2932 Քենետի Պուլվար, Ճըրզի Սիթի, Նիւ Ճըրզի։ Նախ՝ միա՛յն անդամները պիտի ժողվուին կ.ա. ժամը 9։15–ին, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ տարեկան ընդհանուր ժողովը՝ կ.ա. ժամը 10։00–ին։
Ընկերութեան անդամները Քարտուղարին Գրասենեակը հիմակուընէ պէտք է տեղեակ պահեն, եթէ անցեալ տարուան ընթացքին իրենց հասցէն որեւէ կերպով փոխուած է, որպէսզի ծանուցագիրները եւ փոխանորդագիրները Յուլիսի ընթացքին անոնց հասնին։
Փոխանորդագիրները, որոնք անդամներուն պիտի ղրկուին տարեկան ժողովի ծանուցագրին հետ, պէտք է վերադարձուին, որպէսզի Ընկերութեան Քարտուղարին Գրասենեակը հասնին Օգոստոս 1–էն ոչ աւելի ուշ։ Իւրաքանչիւր անդամ իր փոխանորդագիրը պէտք է ամբողջացնէ եւ զայն վերադարձնէ, անոր մէջ յիշելով թէ ժողովին անձամբ ներկայ պիտի գտնուի՞ թէ ոչ։ Իւրաքանչիւր փոխանորդագրի մէջ այս կէտին շուրջ տրուած տեղեկութիւնը յստակ պէտք է ըլլայ, քանի որ անոր հիման վրայ պիտի որոշուի թէ որո՛նք ներկայ պիտի ըլլան։
Կ’ակնկալուի որ ամբողջ նիստը, մէջը ըլլալով գործի պաշտօնական ժողովը եւ տեղեկագրութիւնները, աւարտին կ.ե. ժամը 1։00–ին կամ անկէ քիչ ետք։ Յետմիջօրէի նիստ մը պիտի չըլլայ։ Վայրին սահմանափակ ըլլալուն պատճառաւ, մուտքը տոմսակով պիտի ըլլայ։ Կարգադրութիւններ պիտի չըլլան որ տարեկան ժողովը հեռաձայնային գիծերով ուրիշ լսարաններու հետ կապուի։