Աստուած անոր արցունքները սրբած է
Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն
Աստուած անոր արցունքները սրբած է
ԻՐԵՆՑ կեանքը Եհովայի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հետ ներդաշնակութեան մէջ բերողները մեծապէս կ’օրհնուին։ Թէեւ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ ընելը մի՛շտ դիւրին չէ, սակայն, օգնութիւնն ու քաջալերութիւնը մատչելի է։ (Սաղմոս 84։11) Հարաւ–արեւելեան Ասիայէն եկած հետեւեալ փորձառութիւնը ասիկա ցոյց կու տայ։
Ֆրանսայէն Վկայ մը որ արձակուրդի մէջ էր, Գիմ * անունով խանութպանուհիի մը հետ խօսեցաւ երկրի նկատմամբ Եհովայի նպատակին մասին։ Ան նաեւ Գիմին տուաւ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը։ Գիրքը աչքէ անցընելու ատեն, Գիմ հանդիպեցաւ հետեւեալ խօսքին՝ «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ»։ (Յայտնութիւն 21։4) «Այս համարը ուղղակի յուզեց զիս», կը մտաբերէ Գիմ։ «Ամբողջ օրը խանութին մէջ խօսող ու խնդացող մէկը ըլլալով, ո՞վ կրնար կռահել որ երբ երեկոյեան տուն երթայի, մինչեւ քունի անցնիլս՝ կու լայի»։ Իր վշտին պատճառը յայտնելով, ան կ’ըսէ. «18 տարիէ մարդու մը հետ կը կենակցէի եւ շատ ապերջանիկ էի, քանի որ ան կը մերժէր հետս ամուսնանալ։ Կ’ուզէի այս ապրելակերպին վերջ մը դնել, սակայն, երկար ատենէ իր հետ ապրած ըլլալով, քաջութիւնը չունէի»։
Ասկէ կարճ ժամանակ ետք, Գիմ ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, Լին անունով Եհովայի Վկայի մը հետ։ Գիմ կ’ըսէ. «Աստուածաշունչի ուսուցումները գործադրելու մեծ ցանկութիւն ունէի։ Օրինակի համար, դադրեցայ նախահայրերուս պաշտամունք մատուցանելէ, թէեւ ասիկա ընտանիքիս կողմէ հալածանք բերաւ։ Ասկէ զատ, ջանացի ամուսնութիւնս օրինականացնել, սակայն ընկերս մերժեց ասիկա ընել։ Այս դժուարին ժամանակամիջոցին, Ֆրանսաբնակ Վկան շարունակեց սուրբ գրային գրականութիւններ ղրկել, իսկ Լինը զիս շատ քաջալերեց։ Այս քոյրերուն համբերութիւնն ու սիրալիր աջակցութիւնը օգնեցին ինծի որ յարատեւեմ, մինչեւ որ ընկերոջս ի՛նչպիսի անձ մը ըլլալը կրցայ տեսնել։ Տեղեկացայ թէ ան արդէն իսկ 5 կին եւ 25 զաւակ ունէր։ Ասիկա զինք ձգելու քաջութիւնը տուաւ ինծի։
«Մեծ եւ հանգստաւէտ տուն մը ձգելը եւ փոքր յարկաբաժինի մը մէջ բնակիլը դիւրին չէր։ Ասկէ զատ, նախկին ընկերս ճնշում բանեցուց վրաս որ դարձեալ իր հետ կենակցիմ, մերժելու պարագային սպառնալով նոյնիսկ թթուուտով այլանդակել երեսս։ Եհովայի օգնութեամբ, կրցայ ընել այն ի՛նչ որ շիտակ էր»։ Գիմ շարունակեց յառաջդիմել եւ ի վերջոյ մկրտուեցաւ Ապրիլ 1998–ին։ Ասկէ զատ, իր քոյրերէն երկուքը եւ իր պատանի մանչը սկսան Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։
«Կը խորհէի թէ կեանքս միշտ անյոյս պիտի ըլլար», կ’ըսէ Գիմ։ «Սակայն, այժմ ուրախ եմ եւ այլեւս գիշերները չեմ լար։ Եհովա արդէն իսկ աչքերէս արցունքները սրբած է»։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 4 Անունները փոխուած են։