Երախտապարտ՝ անգի՛ն յիշատակներուս համար
Կենսագրութիւն
Երախտապարտ՝ անգի՛ն յիշատակներուս համար
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՏՐՈՒՍԻԼԱ ԳԷՅՆ–Ի ԿՈՂՄԷ
Տարին 1933–ն էր. տակաւին նոր ամուսնացած էի Զընօ Գէյնի հետ, որ ինծի պէս շրջավաճառ մը՝ լիաժամ աւետարանիչ մըն էր։ Մեծապէս ոգեւորուած, ծրագրեցի ամուսնոյս միանալ իր նշանակումին մէջ, բայց ասոր համար հեծանիւի մը կարիքը ունէի. այն ատենուան համար ասիկա շատ սուղնոց բան մը կը համարուէր, զոր ձեռք ձգելու կարողութիւն չունէի, քանի որ մեծ ձախորդութեան ընթացքին պայմանները շատ դժուար էին։ Ի՞նչ կրնայի ընել։
ԴԺՈՒԱՐ կացութենէս տեղեակ ըլլալով, տագրերս շրջանի աղբանոցին մէջէն հեծանիւի հին կտորներ փնտռեցին, ինծի համար հեծանիւ մը կազմելու համար։ Ի՛րապէս յաջողեցան եւ անիկա գործի ծառայեց։ Անմիջապէս որ հեծանիւ նստիլ սորվեցայ, ես եւ Զընօն ճամբայ ինկանք, ուրախ զուարթ՝ անցնելով Ուոսթըր եւ Հըրֆըրտ անգլիական գաղութներէն եւ վկայելով մեր հանդիպած բոլոր մարդոց։
Այն ատեն չգիտցայ թէ հաւատքի այս պարզ քայլը յիշատակներով լեցուն կեանքի մը պիտի առաջնորդէր։ Սակայն իմ կեանքիս հոգեւոր հիմը դրուած էր սիրելի ծնողքիս կողմէ։
Մեծ Պատերազմին Դժուար Տարիները
Ծնած եմ 1909–ի Դեկտեմբերին։ Անկէ քիչ ետք, Դարերու Աստուածային Ծրագիրը գրքէն օրինակ մը ստացաւ մայրս եւ 1914–ին ծնողքս զիս տարին «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը» դիտելու Օլտամ, Լէնգըշիրի մէջ։ (Երկուքն ալ ներկայիս Եհովայի Վկաներ անուանուողներուն արտադրութիւնն էին։) Թէեւ դեռատի էի, բայց յստակօրէն կը յիշեմ թէ տուն վերադարձիս տեսած բաներուս համար ուրախութենէս կը ցատկռտէի։ Այն ատեն Ֆրէնգ Հիլին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խումբ մը սկսաւ Ռոչտէյլի մէջ, ուր կը բնակէինք։ Ասոր յաճախելը որպէս
ընտանիք մեզի օգնեց որ Սուրբ Գրքի հասկացողութիւն ձեռք ձգենք։Մեր կեանքի անդորրութիւնը խորտակուեցաւ այդ նոյն տարին, Մեծ Պատերազմին՝ Առաջին Աշխարհամարտին պայթումով, ինչպէս կը կոչենք զայն հիմա։ Հայրս զօրակոչի ենթարկուեցաւ բայց չէզոք դիրք մը բռնեց։ Ան ատեանին մէջ բնութագրուեցաւ որպէս «շատ պարկեշտ մարդ» մը, եւ բազմաթիւ նամակներ հասան «յարգուած տղամարդոցմէ, որոնք կը նշէին թէ իրենք կը հաւատային որ ան անմեղ էր զէնք բռնելու դէմ իր առարկութեան մէջ», գրեց տեղական լրագիրը։
Բայց փոխանակ ամբողջովին ազատ արձակուելու, հայրս գրանցուեցաւ որպէս «միայն Կռիւի Սպասարկութենէն» զերծ։ Ան շուտով ծաղրանքի առարկայ դարձաւ, ինչպէս նաեւ՝ մայրս եւ ես։ Վերջապէս վերստին նկատի առնուեցաւ իր պարագան եւ երկրագործութեան նշանակութիւն ստացաւ, բայց կարգ մը ագարակի տէրեր կացութիւնը շահագործեցին եւ իրեն շատ քիչ կամ ոչինչ կը վճարէին։ Ընտանիքը ապրեցնելու համար մայրս աշխատեցաւ՝ քանի մը ղուրուշի համար՝ սեփական լուացքատան մը մէջ ծանր աշխատելով։ Բայց հիմա կը հասկնամ թէ որքա՜ն կազդուրիչ էր ինծի համար աճումի շրջանի տարիներս անցընել դժուար պայմաններու տոկալով. անիկա ինծի օգնեց որ աւելի կարեւոր եղող հոգեւոր բաները գնահատեմ։
Համեստ Սկիզբ մը
Տէնյըլ Հիյուզ, Աստուածաշունչի ջանադիր աշակերտ մը մեր կեանքին մաս կազմեց։ Ան ածխահատ (հանքագործ) մըն էր Ռուպանի մէջ, որ մեր փոխադրուած Օզվէսթրիէն 20 քմ. հեռու գիւղ մըն էր։ Հօբար Տէնը՝ ինչպէս կը կոչէի զինք՝ մեր ընտանիքին հետ յարաբերութեան մէջ էր եւ երբ մեզ տեսնելու գար, իր խօսակցութիւնը միշտ սուրբ գրային նիւթերու շուրջ կը դառնար։ Ան բնաւ պարապաբանութիւն չէր ըներ։ Օզվէսթրի մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան դասարան մը սկսաւ 1920–ին, եւ 1921–ին, Հօբար Տէնը Աստուծոյ Քնարը գրքէն օրինակ մը տուաւ ինծի։ Անիկա ինծի համար գանձ մըն էր, քանի որ անով Աստուածաշունչի ուսուցումները շատ աւելի դիւրին կ’ըմբռնէի։
Կար նաեւ Փրայս Հիյուզը, որ հետագային Լոնտոնի մէջ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղի գրասենեակին վերակացու տեսուչը եղաւ։ * Ան իր ընտանիքին հետ Կալլէսեան սահմանին վրայ, մօտակայ Պռոնիկարթի մէջ կը բնակէր, եւ իր քոյրը՝ Սիսին, մօրս մտերիմ բարեկամուհին եղաւ։
Կը յիշեմ մեր ոգեւորումը 1922–ին, երբ՝ ‘ծանուցանեցէք Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը’ կոչը եղաւ։ Անոր յաջորդող տարիներուն, թէեւ տակաւին դպրոցական էի, սրտանց մասնակցեցայ մասնաւոր թղթիկներու, մանաւանդ՝ Եկեղեցականները Ամբաստանուած թղթիկին ցրուումին, 1924–ին։ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով այդ տասնամեակին վրայ, ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում էր այդքան հաւատարիմ եղբայրներու ու քոյրերու ընկերակցութիւնը, որոնց կարգին էին Մոտ Գլարգը * եւ իր ընկերակիցը՝ Մէրի Կրէնթը,# Էտկար Գլէյը,# Ռապըրթ Հէտլինկթընը, Գէթի Ռապըրթցը, Էտուին Սգինըրը# ինչպէս նաեւ Փըրսի Չէփմէնը, եւ Ճէգ Նէեթընը#. այս վերջին երկուքը Քանատա գացին հոն գործին նպաստելու համար։
«Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին» բնաբանով բանախօսութիւնը ժամանակայարմար վկայութիւն մը եղաւ մեր ընդարձակ թաղամասին մէջ։ 14 Մայիս 1922–ին, Փրայս Հիյուզի ազգականը՝ Սթէնլի Ռոճըրզ, Լիվըրփուլէն եկաւ այս դասախօսութիւնը տալու համար Չըրգի մէջ, որ մեր քաղաքին հիւսիսը կը գտնուէր, եւ այդ երեկոյ աւելի ուշ՝ Օզվէսթրի Շարժապատկերի Սրահին մէջ։ Տակաւին ազդաթերթիկէն օրինակ մը ունիմ, որ այդ մասնաւոր առիթին համար տպուած էր։ Այս ամբողջ ժամանակամիջոցին, մեր պզտիկ խումբը շարունակեց զօրանալ Հըրպըրթ Սինյըրի, Էլպըրթ Լոյտի եւ Ճոն Պլէնիի նման ճամբորդող տեսուչներու այցելութիւններով, որոնք այն ատեն ուխտաւորներ կը կոչուէին։
Որոշումի Ժամանակ մը
1929–ին, մկրտուելու որոշումս տուի։ 19 տարեկան էի եւ միեւնոյն ատեն իրական փորձութիւն մը դիմագրաւեցի։ Երիտասարդի մը ծանօթացայ, որուն հայրը քաղաքագէտ մըն էր։ Իրարմէ կ’ախորժէինք Բ. Օրինաց 7։3. Բ. Կորնթացիս 6։14
եւ ամուսնութիւն առաջարկեց ինծի։ Տարի մը առաջ, Կառավարութիւն գիրքը լոյս տեսած էր, ուստի իրեն օրինակ մը տուի։ Բայց շուտով յայտնի եղաւ որ ինք այս գրքին բնաբանով՝ երկնային կառավարութեամբ հետաքրքրուած չէր։ Ուսումնասիրութիւններէս գիտէի որ վաղեմի Իսրայելացիներուն պատուէր տրուած էր որ ամուսնական ուխտի մէջ չմտնէին անհաւատներու հետ եւ թէ այս սկզբունքը Քրիստոնեաներուն ալ կիրարկելի էր։ Ուստի, դժուար ըլլալով հանդերձ, մերժեցի իր առաջարկը։—Պօղոս առաքեալի խօսքերէն ոյժ առի. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։ (Գաղատացիս 6։9) Սիրելի Հօբար Տէնն ալ օգնեց ինծի, երբ գրեց. «Պզտիկ թէ մեծ փորձութիւններու ատեն, Հռովմայեցիս 8։28–ն կիրարկէ», որ կ’ըսէ. «Գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են»։ Դիւրին չէր, բայց գիտէի որ շիտակ որոշում մը տուած էի։ Այդ տարի շրջավաճառներու շարքին միացայ։
Մարտահրաւէրը Ընդունեցի
1931–ին, Եհովայի Վկաներ մեր նոր անունը ստացանք, եւ այդ տարուան մէջ շատ մեծ արշաւ մը կազմակերպեցինք գործածելով գրքոյկ մը՝ Թագաւորութիւնը՝ Աշխարհի Յոյսը խորագրով։ Իւրաքանչիւր քաղաքագէտի, կղերականի եւ առեւտրականի օրինակ մը տրուեցաւ։ Իմ թաղամասս Օզվէսթրիէն մինչեւ Ռէգսհէմ էր, շուրջ 25 քմ. դէպի հիւսիս։ Այս ամբողջ թաղամասը ծածկելը մարտահրաւէր մըն էր։
Յաջորդ տարին, Պըրմինկհէմի համաժողովին մէջ կոչ եղաւ որ 24 կամաւորներու կարիքը կար։ Անմիջապէս, 24 հոգի մեր անունները տուինք ծառայութեան նոր մարզի մը համար, առանց գիտնալու թէ ինչ էր։ Երեւակայեցէք մեր զարմանքը, երբ զոյգ զոյգ նշանակուեցանք, Թագաւորութիւնը ծանուցանող ազդագիրներ հագուած մատուցանելու նոյն գրքոյկը, Թագաւորութիւնը՝ Աշխարհի Յոյսը։
Քանի որ մայր տաճարին շրջակայքը կ’աշխատէինք, շատ ջղագրգիռ էի, բայց ինքզինքս մխիթարեցի ըսելով թէ ոեւէ մէկը զիս չի ճանչնար։ Սակայն առաջին անհատը որ ինծի մօտեցաւ՝ հին դասընկեր մըն էր, որ ինծի նայեցաւ ու ըսաւ. «Այդպէս հագուած ի՞նչ կ’ընես հոս»։ Այս փորձառութեամբ յաղթահարեցի մարդու վախը որ ունէի։
Աւելի Հեռու կը Փոխադրուիմ
1933–ին Զընոյին հետ ամուսնացայ, որ ինծմէ 25 տարեկան մեծ այրի մըն էր։ Իր առաջին կինը Աստուածաշունչի նախանձախնդիր Աշակերտ մը եղած էր եւ Զընօն իր նշանակումին հաւատարիմ մնացած էր անոր մահուընէ ետք։ Շատ չանցած Անգլիայէն անցանք մեր նոր թաղամասը, 150 քմ. հեռուն, Հիւսիսային Կալլէսի մէջ։ Խաւաքարտէ տուփեր, ճամբրուկներ եւ ուրիշ թանկագին իրեր պատահականօրէն զետեղած էինք կողովներու մէջ, զորս ամրացուցած էինք հեծանիւին ղեկին եւ հորիզոնական ձողին միջեւ, բայց եւ այնպէս հասա՛նք մեր նշանակումի վայրը։ Այս նշանակումին մէջ, հեծանիւը անհրաժեշտութիւն մըն էր, անով կ’երթայինք ամէն տեղ, մինչեւ իսկ Կալլէսեան Գատէր Իտրիս լերան գրեթէ գագաթը կը բարձրանայինք, որ մօտաւորապէս 900 մ. բարձրութիւն ունէր։ Շա՛տ վարձահատոյց էր գտնել մարդիկ, որոնք «թագաւորութեան այս բարի լուր»ին կարօտը ունէին։—Մատթէոս 24։14, ՆԱ
Դեռ նոր գացած էինք հոն, երբ տեղացիները մեզի ըսին թէ Թոմ Փրայս անունով մէկը
ճիշդ նոյն բաները կը քարոզէր իրենց։ Վերջապէս գտանք Թոմը, որ Վէլշփուլի մօտ՝ Լոնկ Լերան վրայ կը բնակէր, եւ ի՜նչ զարմանք։ Երբ վկայութեան նոր սկսած էի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող Հաշտութիւն գիրքը տեղաւորած էի իրեն։ Ան առանձին ուսումնասիրած էր զայն, նամակով Լոնտոնէն յաւելեալ գրականութիւն ուզած էր եւ իր նորագիւտ կրօնքը եռանդունօրէն կը բաժնէր ուրիշներու հետ։ Երկար ու շատ հաճելի ժամանակներ անցուցինք միասին, յաճախ երեքս միասնաբար կ’ուսումնասիրէինք եւ զիրար կը քաջալերէինք։Աղէտ մը Օրհնութեան կ’Առաջնորդէ
1934–ին, Հիւսիսային Կալլէսի շրջանին մէջ գտնուող բոլոր շրջավաճառներուն հրաւէր տրուեցաւ որ Ռէգսհէմ քաղաքը երթան, Արդար Իշխանութիւն թղթիկի ցրուումին օգնելու համար։ Այս մասնայատուկ արշաւը սկսելէն օր մը առաջ, ազգային աղէտ մը պատահեցաւ։ Ռէգսհէմէն 3 քմ. հիւսիս գտնուող Կրէսֆորտ ածխահանքին մէջ պայթում մը եղաւ եւ 266 հանքագործներ մահացան։ Աւելի քան 200 երախաներ առանց հօր, իսկ 160 կիներ այրի մնացին։
Պէտք էր այս սգաւորներուն ցանկը պատրաստէինք, անհատապէս իրենց այցելէինք, ու գրքոյկ մը ձգէինք իրենց։ Ինծի տրուած անուններէն մէկն էր Տիկ. Չէտուիք, որուն 19 տարեկան տղան մահացած էր։ Երբ իր քով գացի, իր աւելի մեծ տղան՝ Ճէգը, զինք մխիթարելու համար այցելութեան եկած էր։ Այս երիտասարդը զիս ճանչցած էր, բայց բան մը չըսաւ։ Հետագային ան գրքոյկը կարդաց, ապա փնտռեց ուրիշ գրքոյկ մը՝ Վերջին Պատերազմը՝ որ քանի մը տարի առաջ իրեն տուած էի։
Ճէգը եւ իր կինը՝ Մէյը, բնակարանս գտան եւ եկան յաւելեալ գրականութիւն առնելու։ 1936–ին, անոնք համաձայնեցան որ ժողովները Ռէգսհէմի իրենց տան մէջ տեղի ունենային։ Վեց ամիս ետք, Էլպըրթ Լոյտի այցելութենէն ետք, ժողովք մը հաստատուեցաւ, որու վերակացու տեսուչը եղաւ Ճէգ Չէտուիքը։ Ներկայիս Ռէգսհէմի մէջ երեք ժողովք կայ։
Կեանք՝ Գնչու Սայլատան մը Մէջ
Մինչեւ այս ատեն, երբ տեղէ տեղ կը փոխադրուէինք, ուր որ յարմարութիւն ըլլար, հոն կը մնայինք, բայց Զընօն որոշեց որ ժամանակն էր որ մեր անձնական տունը ունենայինք. տուն մը որ տեղէ տեղ կարելի ըլլար փոխադրել։ Ամուսինս՝ ծագումով Գնչու՝ վարպետ ատաղձագործ մըն էր, եւ մեզի գնչուներու յատուկ սայլատուն մը շինեց, որուն անունը Էլիզապէթ դրինք, սուրբ գրային անուն մը, որ կը նշանակէ՝ «Առատութեան Աստուած»։
Անձնապէս կը յիշեմ վայր մը ուր կեցանք՝ գետակի մը մօտ որ մրգաստան մըն էր։ Ինծի համար անիկա ճի՛շդ Դրախտի կը նմանէր։ Այդ սայլատան մէջ միասնաբար մեր ապրած տարիներուն որեւէ բան մեր ուրախութիւնը չխանգարեց, հակառակ անոր որ մեր տեղը լայն չէր։ Ցուրտ եղանակին, անկողինին սաւանները յաճախ սայլատան պատերուն կը փակչէին եւ միշտ ջուրի խտացման պատճառաւ կազմուող կաթիլները դժուարութիւն կը յարուցանէին մեզի։ Ջուրն ալ դուրսէն պէտք էր բերուէր, երբեմն բաւական հեռուէն, բայց միասնաբար այս դժուարութիւնները յաղթահարեցինք։
Ձմեռ մը ես հիւանդացայ եւ շատ քիչ ուտելիք Սաղմոս 37։25–ը. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող»։ Աչքերը ինծի սեւեռելով՝ ըսաւ. «Եթէ շուտով բան մը չպատահի, պիտի մուրանք, եւ չեմ կրնար երեւակայել որ Աստուած թոյլ պիտի տայ որ այդ աստիճանին հասնինք»։ Ապա գնաց որ մեր դրացիներուն վկայէ։
ունէինք, եւ դրամ չունէինք։ Զընօն անկողնին վրայ նստեցաւ, ձեռքերս իր ձեռքերուն մէջ առաւ եւ ինծի կարդացԵրբ Զընօն կէսօրին տուն վերադարձաւ որ ինծի խմելիք բան մը պատրաստէ, նամակ մը կը սպասէր իրեն։ Անոր մէջ կար հօրը կողմէ ղրկուած 50 սթերլինկ։ Քանի մը տարի առաջ Զընօն անտեղի զեղծարարութեամբ ամբաստանուած էր, բայց իր անմեղ ըլլալը այժմ հաստատուած էր։ Այս նուէրը վնասից հատուցում էր։ Որքա՜ն ժամանակին հասաւ։
Օգտակար Դաս մը
Երբեմն տարիներ անցնելէ ետք, եղած բաներէն դաս մը կը սորվինք։ Բացատրեմ. 1927–ին դպրոցը ձգելէս առաջ, ամբողջ դասընկերներուս եւ ուսուցիչներուս վկայեցի, ի բացառեալ մէկէն՝ Լավիանիա Ֆարգլոյէն։ Քանի որ ոեւէ մէկը հետաքրքրուած չէր իմ ծրագիրներովս եւ արդէն Օր. Ֆարգլոյին հետ կապերս շատ լաւ չէին, որոշեցի իրեն բան չըսել։ Երեւակայեցէք զարմանքս՝ եւ ուրախութիւնս՝ երբ 20 տարի ետք մայրս ըսաւ որ այս ուսուցչուհին իր բոլոր նախկին բարեկամներուն եւ աշակերտներուն այցելած էր, անոնց ըսելու համար որ այժմ ինք Եհովայի Վկայ մը եղած էր։
Երբ իրարու հանդիպեցանք, բացատրեցի թէ ինչո՛ւ նախապէս իմ հաւատքիս եւ ծրագիրներուս մասին իրեն չէի խօսած։ Ան հանդարտօրէն լսեց, ապա ըսաւ. «Ես մի՛շտ ճշմարտութիւնը փնտռած եմ։ Անիկա կեանքիս փնտռտուքը եղած է»։ Այս փորձառութիւնը օգտակար դաս մը եղաւ ինծի. բնաւ ետ չկենալ խօսելէ ոեւէ անհատի որ կը հանդիպիմ, եւ՝ առանց կանխադատողութեան։
Ուրիշ Պատերազմ մը եւ Անկէ Ետք
Մինչ 1930–ական տարիները իրենց աւարտին կը մօտենային, պատերազմի ամպերը անգամ մը եւս սկսան կուտակուիլ։ Ինծմէ 10 տարեկան փոքր եղբայրս՝ Տէնիսը, զօրակոչի պիտի չենթարկուէր, պայմանաւ որ իր աշխարհիկ գործին մէջ մնար։ Ան բնաւ ճշմարտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած չէր, ուստի ամուսինս եւ ես տեղւոյն ռահվիրաներէն՝ Ռուբըրթ Պրէտպըրիէն եւ իր եղբօրմէն՝ Տէյվիտէն՝ խնդրեցինք որ այցելէին իրեն։ Անոնք գացին եւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցին իրեն հետ։ Տէնիսը 1942–ին մկրտուեցաւ, հետագային ռահվիրայական ծառայութեան ձեռնարկեց եւ 1957–ին ճամբորդող տեսուչ նշանակուեցաւ։
Մեր աղջիկը՝ Էլիզապէթը ծնաւ 1938–ին եւ ընտանիքին կարիքներուն համաձայն, Զընօն մեր սայլատունը մեծցուց։ Երբ մեր երկրորդ աղջիկը՝ Եունիսը ծնաւ 1942–ին, տեսանք որ իմաստութիւն էր աւելի կայուն տուն մը փնտռել։ Այս պատճառաւ Զընօն ռահվիրայութիւնը ձգեց քանի մը տարի եւ Ռէգսհէմի մօտ պզտիկ տուն մը փոխադրուեցանք։ Հետագային, Միտլիճ հաստատուեցանք, որ Չէշայրի կից էր։ Հոն է որ իմ սիրելի ամուսինս մահացաւ 1956–ին։
Մեր երկու աղջիկները լիաժամ աւետարանիչներ եղան եւ երկուքն ալ ուրախ ամուսնութիւններ կնքած են։ Եունիսը եւ իր ամուսինը՝ երէց մը՝ տակաւին որպէս մասնաւոր ռահվիրայ կը ծառայեն Լոնտոնի մէջ։ Էլիզապէթին ամուսինն ալ երէց մըն է եւ ուրախ եմ որ իրենք, իրենց զաւակները եւ իմ չորս թոռնորդիներս մօտս կ’ապրին, Փրէսթըն, Լէնգըշըրի մէջ։
Երախտապարտ եմ որ դռնէս դուրս ելլելով ճամբուն դիմացի կողմը կրնամ քալել Թագաւորութեան Սրահ երթալու համար։ Վերջերս, Կուճարաթի լեզուն խօսող խումբին մաս կը կազմեմ, որոնք հոս կը հաւաքուին։ Այս լեզուն սորվիլը դիւրին չեղաւ, քանի որ քիչ մը ականջս ծանրացած է հիմա։ Երբեմն դժուար է ձայնի թոներու նրբերանգները ընկալել, որու մէջ երիտասարդները կը յաջողին։ Բայց անիկա հետաքրքրական մարտահրաւէր մըն է։
Տակաւին կրնամ տունէ տուն քարոզել եւ իմ տանս մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել։ Երբ բարեկամներ այցելութեան գան, ինծի համար միշտ հաճոյք է անցեալի կարգ մը փորձառութիւնները պատմել։ Երախտապարտ եմ այն անգին օրհնութիւններու յիշատակներուս համար, զորս ստացայ ընկերակցելով Եհովայի ժողովուրդին հետ՝ մօտաւորապէս 90 տարիներ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 13 Փրայս Հիյուզի կենսագրութիւնը հրատարակուեցաւ 1 Ապրիլ 1963–ի Դիտարան–ին մէջ՝ «Հաւատարիմ Կազմակերպութեան Հետ Համաքայլ Ընթանալ» նիւթին ներքեւ։
^ պարբ. 14 Այս հաւատարիմ ծառաներուն կենսագրութիւնները կը գտնուին Դիտարան–ի նախկին թիւերուն մէջ։
[Նկար՝ էջ 25]
«Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին» դասախօսութիւնը ծանուցանող ազդաթերթիկը՝ զոր լսեցի 14 Մայիս 1922–ին
[Նկար՝ էջ 26]
1933–ին՝ մեր ամուսնութենէն կարճ ժամանակ ետք՝ Զընոյին հետ
[Նկար՝ էջ 26]
Ամուսնոյս շինած «Էլիզապէթ» սայլատան կողքին կայնած