Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՞ք «շիտակը սխալէն զանազանել»

Կրնա՞ք «շիտակը սխալէն զանազանել»

Կրնա՞ք «շիտակը սխալէն զանազանել»

«Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։10

1. Ներկայիս կեանքը ի՞նչ կերպով կրնայ կնճռոտ ըլլալ, եւ ինչո՞ւ։

«ԳԻՏԵՄ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Այս իրողութիւնը՝ որու անդրադարձաւ Երեմիա, ներկայիս շատ աւելի իմաստ ունի մեզի համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակած էր։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ամէն օր կնճռոտ կացութիւններ կը դիմագրաւենք, որոնք որոշումներու դիմաց կը դնեն մեզ։ Ըլլան պզտիկ թէ մեծ որոշումներ, անոնք կրնան խոր ազդեցութիւն ունենալ մեր ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր բարօրութեան վրայ։

2. Ո՞ր ընտրութիւնները կրնան աննշան թուիլ, սակայն, նուիրուած Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը նկատեն զանոնք։

2 Առօրեայ կեանքին մէջ մեր ըրած ընտրութիւններէն շատեր կրնան սովորական կամ աննշան նկատուիլ։ Օրինակ, ամէն օր կ’ընտրենք մեր հագուելիքը, ուտելիքը, հանդիպելիք անհատները, եւայլն։ Այս ընտրութիւնները գրեթէ ինքնաբերաբար կ’ընենք, առանց երկար մտածելու։ Բայց այս հարցերը իրապէս աննշա՞ն են։ Որպէս նուիրուած Քրիստոնեաներ, խորապէս հետաքրքրուած ենք մեր հագուստին ու երեւոյթին, ուտելիքին ու խմելիքին, ինչպէս նաեւ մեր խօսելակերպին եւ վարուելակերպին նկատմամբ մեր ըրած ընտրութիւններով, քանի որ անոնք անդրադարձ կ’ունենան որպէս Բարձրելոյն՝ Եհովա Աստուծոյ՝ ծառաներ մեր դերին վրայ։ Մեր ուշադրութեան կը յանձնուին Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։—Ա. Կորնթացիս 10։31. Կողոսացիս 4։6. Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10

3. Ո՞ր ընտրութիւնները իրապէս լուրջ կերպով նկատի առնուելու արժանի են։

3 Ընտրութիւններ կան, որոնք աւելի լուրջ են։ Ամուսնանալու կամ ամուրի մնալու որոշումը, զոր օրինակ, վստահաբար խոր ու մնայուն ազդեցութիւն մը ունի անհատին կեանքին վրայ։ Անշուշտ թեթեւ խնդիր մը չէ ամուսնութեան համար շիտակ անհատը ընտրել, որ ձեր կենսատեւ լծակիցը պիտի ըլլայ։ * (Առակաց 18։22) Ասկէ զատ, ընկերներու եւ ընկերակիցներու, նաեւ կրթութեան, աշխատանքի, եւ ժամանցի ու զբօսանքի մէջ մեր ընտրութիւնները ազդեցիկ եւ նոյնիսկ վճռական դեր մը կը խաղան մեր հոգեւորականութեան, հետեւաբար՝ մեր յաւիտենական բարօրութեան մէջ։—Հռովմայեցիս 13։13, 14. Եփեսացիս 5։3, 4

4. (ա) Ո՞ր կարողութիւնը շատ փափաքելի պիտի ըլլար։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պէտք է առնուին։

4 Այս բոլոր ընտրութիւններուն դիմաց գտնուելով, վստահաբար փափաքելի է շիտակը սխալէն, կամ երեւութական շիտակը՝ իսկական շիտակէն զանազանելու կարող ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է»։ (Առակաց 14։12) Ուստի, կրնանք հարց տալ. ‘Ի՞նչպէս կրնանք շիտակը սխալէն զանազանելու կարողութիւնը մշակել։ Որոշումներ տալու մէջ հարկ եղած ուղղութեան համար ո՞ւր կրնանք դիմել։ Անցեալին եւ ներկայիս, մարդիկ այս առնչութեամբ ի՞նչ ըրած են, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղած է’։

Աշխարհի ‘Փիլիսոփայութիւններն ու Փուճ Խաբէութիւնները’

5. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպիսի աշխարհի մը մէջ կ’ապրէին։

5 Առաջին դարու Քրիստոնեաները յունա–հռովմէական արժէքներով եւ մտատիպարներով տիրապետուած աշխարհի մը մէջ կ’ապրէին։ Մէկ կողմէ, հռովմէական կենցաղի հանգստաւէտութիւններն ու պերճանքները կային, որոնք շատերու երազանքն էին։ Միւս կողմէ, այն ատենուան մտաւորական խաւը ո՛չ միայն ոգեւորուած էր Պղատոնի եւ Արիստոտէլի փիլիսոփայական գաղափարներով, այլեւ աւելի նոր դպրոցներու՝ Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան գաղափարներով։ Երբ Պօղոս առաքեալ Աթէնք եկաւ իր երկրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին, Եպիկուրեաններու ու Ստոյիկեաններու հետ դէմ յանդիման եկաւ, որոնք կը խորհէին թէ իրենք այս «սերմանաքաղ»էն՝ Պօղոսէն՝ գերակայ էին։—Գործք 17։18

6. (ա) Նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչ ընել փորձուեցան։ (բ) Պօղոս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։

6 Հետեւաբար, դժուար չէ հասկնալ թէ նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք ինչո՛ւ իրենց շուրջ գտնուող մարդոց փառամոլ ընթացքով եւ կենցաղով հրապուրուած էին։ (Բ. Տիմոթէոս 4։10) Այնպէս կը թուէր թէ աշխարհի անբաժան մէկ մասը եղողները բազմաթիւ օգուտներ եւ առաւելութիւններ կը վայելէին, եւ իրենց ըրած ընտրութիւնները տրամաբանական կ’երեւնային։ Այնպէս կը թուէր թէ աշխարհը արժէքաւոր բան մը ունէր տալիք, զոր Քրիստոնեաներու անձնազոհ ապրելակերպը չէր հրամցներ։ Սակայն, Պօղոս առաքեալ ազդարարեց. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս»։ (Կողոսացիս 2։8) Պօղոս ինչո՞ւ այս խօսքերը ըսաւ։

7. Աշխարհի իմաստութիւնը իրապէս ո՞րքան արժէքաւոր է։

7 Պօղոս այդ ազդարարութիւնը տուաւ, քանի որ աշխարհով հրապուրուած անհատներուն մտածելակերպին ետին՝ իսկական դարանակալ վտանգ մը զգաց։ Իր գործածած ‘փիլիսոփայութիւն ու փուճ խաբէութիւն’ արտայայտութիւնը յատկապէս իմաստալից է։ «Փիլիսոփայութիւն» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «իմաստութիւնը սիրել ու հետապնդել»։ Ասիկա ինքնին՝ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը, յատկապէս Առակաց գրքին մէջ, շիտակ գիտութիւն եւ իմաստութիւն ձեռք ձգելը կը քաջալերէ։ (Առակաց 1։1-7. 3։13-18) Սակայն, Պօղոս «փիլիսոփայութիւն»ը կցեց ‘փուճ խաբէութեան’ հետ։ Ուրիշ խօսքով, Պօղոս աշխարհի հրամցուցած իմաստութիւնը փուճ ու խաբուսիկ նկատեց։ Ուռած փուչիկի մը նման, անիկա հաստատուն կ’երեւնար, սակայն, մէջը պարապ էր։ Վստահաբար անօգուտ, նոյնիսկ աղիտալի պիտի ըլլար որ անհատը շիտակի ու սխալի իր ընտրութիւնը աշխարհի ‘փիլիսոփայութեան ու փուճ խաբէութեան’ նման տկար բանի մը վրայ հիմնէր։

‘Չարին Բարի ու Բարիին՝ Չար’ Ըսողները

8. (ա) Մարդիկ խրատի համար որո՞ւ կը դիմեն։ (բ) Ի՞նչպիսի խրատ կը մատուցուի։

8 Ներկայիս պարագաները շատ տարբեր չեն։ Մարդկային իրագործումներու գրեթէ ամէն մարզի մէջ մասնագէտներու թիւը շատ է։ Ամուսնութեան ու ընտանիքի խրատատուներ, սիւնակագիրներ, այդպէս կոչուած բժիշկներ, աստղաբաշխներ, ոգեհարցներ, եւ ուրիշներ պատրաստ են գումարի մը փոխարէն խրատ տալու։ Սակայն, ի՞նչպիսի խրատ կը մատուցուի։ Յաճախ, բարոյականի շուրջ Աստուածաշունչի չափանիշները մէկ կողմ կը դրուին, այդպէս կոչուած նոր բարոյականութեան տեղ տալու համար։ Օրինակ, «նոյն սեռին պատկանող անհատներու ամուսնութիւնը» գրանցել մերժելուն համար կառավարութեան դէմ խօսելով, Քանատայի գլխաւոր լրագիրներէն՝ Տը Կլոպ էնտ Մէյլ–ին մէջ, խմբագրական մը կ’ըսէ. «2000 թուականին, ծիծաղելի բան մըն է, որ իրարու հանդէպ սէր ու յանձնառութիւն ունեցող զոյգերուն ամենասիրելի փափաքը մերժուի, պարզ անոր համար որ նոյն սեռին կը պատկանին»։ Ներկայիս՝ հանդուրժող ըլլալու եւ դատողական չըլլալու թեքում կայ։ Ամէն ինչ յարաբերական կը նկատուի. այլեւս բացարձակ շիտակ եւ բացարձակ սխալ ըսուածը գոյութիւն չունի։—Սաղմոս 10։3, 4

9. Ընկերութեան մէջ յարգելի նկատուած մարդիկ յաճախ ի՞նչ կ’ընեն։

9 Ուրիշներ, ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ յաջող անհատներու՝ հարուստ եւ անուանի եղողներու՝ կը նային, որոշումներ տալու մէջ զանոնք որպէս տիպար նկատելով։ Թէեւ հարուստներն ու անուանիները մերօրեայ ընկերութեան մէջ յարգարժան նկատուած են, սակայն, յաճախ անոնք միայն շրթունքով կը դաւանին պարկեշտութեան եւ վստահութեան նման արժանիքներ։ Հեղինակութիւն եւ նիւթական շահ հետապնդելով՝ շատեր օրէնքները բեկանելու եւ բարոյական սկզբունքները կոխկռտելու նկատմամբ խղճի խայթ չեն զգար։ Համբաւ եւ ժողովրդականութիւն ձեռք ձգելու նպատակաւ, ոմանք անփութօրէն մէկ կողմ կը նետեն հաստատուած արժէքներն ու չափանիշները, նախընտրելով արտառոց ու գայթակղեցուցիչ վարմունք մը։ Հետեւանքը կ’ըլլայ շահախնդրասէր թոյլատու ընկերութիւն մը, որու նշանաբանն է՝ «Ամէն բան թոյլատրելի է»։ Զարմանալի՞ է որ մարդիկ շփոթած եւ կորսուած են շիտակի ու սխալի հարցին մէջ։—Ղուկաս 6։39

10. Բարիի ու չարի մասին Եսայիի խօսքերուն շիտակ ըլլալը ի՞նչպէս փաստուած է։

10 Սխալ առաջնորդութեան հիման վրայ տրուած անխոհեմ որոշումներու աղիտալի հետեւանքները մեր շուրջը կը տեսնենք. քայքայուած ամուսնութիւններ եւ ընտանիքներ, թմրեցուցիչի եւ խմիչքի սխալ գործածութիւն, պատանիներու վայրագ խումբեր, սեռային անբարոյութիւն, սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններ, յիշելու համար միայն քանի մը օրինակներ։ Արդարեւ, ի՞նչպէս կրնանք հակառակը ակնկալել, երբ մարդիկ բարիի ու չարի վերաբերեալ ամէն չափանիշ կամ սկզբունք կը լքեն։ (Հռովմայեցիս 1։28-32) Վիճակը ճիշդ Եսայի մարգարէին ըսածին պէս է. «Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար. որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն, որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն։ Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն եւ իրենց առջեւ խոհական են»։—Եսայեայ 5։20, 21

11. Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ մեր անձին վստահիլ, շիտակը ու սխալը որոշելու մէջ։

11 «Իրենց աչքին իմաստուն» եղող այդ վաղեմի Հրեաներէն Աստուծոյ հաշիւ պահանջելը, ա՛լ աւելի կը շեշտէ շիտակն ու սխալը որոշելու հարցին մէջ մեր անձին վստահելէ խուսափելու կարեւորութիւնը։ Ներկայիս, շատեր համաձայն են՝ «պարզապէս սրտիդ մտիկ ըրէ» կամ՝ «ըրէ այն ինչ որ կը զգաս թէ շիտակ է» գաղափարին հետ։ Այսպիսի մօտեցում մը տրամաբանակա՞ն է։ Աստուածաշունչին համաձայն ո՛չ, քանի որ անիկա կ’ըսէ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ»։ (Երեմեայ 17։9) Որոշում մը տալու համար խաբեբայ ու խիստ չար անհատի մը առաջնորդութեան պիտի վստահէի՞ք։ Անշուշտ ո՛չ։ Հաւանաբար, անոր ըսածին ճի՛շդ հակառակը ընէիք։ Անոր համար Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է, բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի»։—Առակաց 3։5-7. 28։26

Աստուծոյ Ընդունելի Եղածը Սորվինք

12. Ինչո՞ւ «Աստուծոյ կամքը» պէտք է քննենք։

12 Քանի որ շիտակի ու սխալի հարցին մէջ ո՛չ այս աշխարհի իմաստութեան եւ ոչ ալ մեր անձին պէտք է վստահինք, ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընենք։ Նկատի առէք Պօղոս առաքեալի տուած այս բացայայտ խրատը. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ կամքը քննենք։ Աստուածաշունչին մէջ, Եհովա պարզ՝ սակայն զօրաւոր պատճառ մը կու տայ, ըսելով. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն»։ (Եսայեայ 55։9) Հետեւաբար, փոխանակ մեր դատողութեան, կամ զգացումներուն վստահելու, մեզի յորդոր կը տրուի՝ «Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին»։—Եփեսացիս 5։10

13. Յովհաննու 17։3–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը, ի՞նչպէս Աստուծոյ ընդունելի եղածը գիտնալու կարիքը կը շեշտեն։

13 Յիսուս Քրիստոս այս պահանջքը շեշտեց, երբ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան [«գիտութիւն ստանան», ՆԱ] քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) ‘Գիտութիւն ստանալ’ թարգմանուած Յունարէն բառը ‘ճանչնալէն’ շատ աւելի խոր իմաստ մը կը պարունակէ։ Վայնի Բացատրական Բառարան–ին համաձայն, անիկա «ճանչցող անհատին եւ ճանչցուած բանին միջեւ յարաբերութիւն մը ցոյց կու տայ. այս ուղղութեամբ, ճանչցուած բանը ճանչցող անհատին համար արժէքաւոր կամ կարեւոր է, ինչպէս որ է յարաբերութեան հաստատումը»։ Անհատի մը հետ յարաբերութեան մէջ գալը, անհատին ո՛վ ըլլալը կամ անոր անունը ի՛նչ ըլլալը գիտնալէն աւելին կը նշանակէ։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ այդ անհատին սիրած եւ չսիրած բաները գիտնալ, նաեւ անոր արժէքներն ու չափանիշները գիտնալ եւ զանոնք պատուել։—Ա. Յովհաննու 2։3. 4։8

Մեր Ըմբռնելու Կարողութիւնը Մարզենք

14. Ըստ Պօղոսի, հոգեւոր մանուկներու եւ չափահասներու միջեւ գտնուող գլխաւոր տարբերութիւնը ի՞նչ է։

14 Ուստի ի՞նչպէս կրնանք շիտակը սխալէն զանազանելու կարողութիւնը ձեռք ձգել։ Առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերը պատասխանը կը հայթայթեն։ Ան գրեց. «Այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։ Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։ Հոս, Պօղոս «կաթ»ը՝ որ նախորդ համարին մէջ նկարագրեց որպէս «Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները», հակադրեց «հաստատուն կերակուր»ին հետ, որ կը պատկանի «չափահասներուն», որոնց «զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են [«ըմբռնելու կարողութիւնը մարզուած է», ՆԱ] բարին ու չարը զանազանել»։—Եբրայեցիս 5։12-14

15. Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու համար ինչո՞ւ ծանր պէտք է աշխատինք։

15 Ասիկա կը նշանակէ թէ, նախ եւ առաջ, պէտք է ծանր աշխատինք Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջի Աստուծոյ չափանիշներուն մասին ճշգրիտ հասկացողութիւն մը ձեռք ձգելու համար։ Ըրէ՛ եւ մի՛ ըներներու ցանկ մը չենք փնտռեր որ մեզի ըսէ թէ ի՛նչ կրնանք եւ ի՛նչ չենք կրնար ընել։ Աստուածաշունչը այսպիսի գիրք մը չէ։ Հապա՝ Պօղոս բացատրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Այդ ուսուցումէն, յանդիմանութենէն եւ խրատէն օգտուելու համար, մեր միտքն ու մտածելու կարողութիւնը գործի պէտք է լծենք։ Ասիկա ջանք կը պահանջէ, սակայն արդիւնքը՝ ‘կատարեալ ու ամէն բարի գործերու պատրաստուած ըլլալը’՝ վարձահատոյց է։—Առակաց 2։3-6

16. Ի՞նչ կը նշանակէ զգայարանքները մարզել։

16 Ապա, ինչպէս Պօղոս նշեց, չափահասներուն «զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»ու։ Հոս հարցին բուն կէտին կը հասնինք։ «Ըմբռնելու կարողութիւնը մարզուած է» արտայայտութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են», «մարզուած են» (մարզիկի մը նման)։ Փորձառու մարզիկ մը, ընտրուած սարքի մը վրայ, ինչպէս՝ պարանի կամ ձողի մը վրայ, կրնայ այնպիսի արագ շարժումներ ընել, որպէս թէ ձգողականութեան կամ բնութեան այլ օրէնքները կ’անտեսէ։ Ան միշտ իր մարմինը ամբողջովին հակակշռի տակ կը պահէ եւ գրեթէ ինքնաբերաբար կը զգայ թէ ի՛նչ շարժումներ պէտք է ընէ, որպէսզի իր ներկայացումը յաջողութեամբ ամբողջացնէ։ Այս բոլորը խիստ մարզումի եւ անխոնջ փորձերու արդիւնքն են։

17. Ի՞նչ առումով մարզիկներու նման պէտք է ըլլանք։

17 Մենք ալ պէտք է մարզիկի մը նման մարզուինք՝ հոգեւոր առումով, վստահ ըլլալու համար որ մեր տուած որոշումները եւ ըրած ընտրութիւնները միշտ շիտակ են։ Պէտք է ամէն ատեն մեր զգայարանքներուն եւ մարմնի անդամներուն վրայ լաւ հսկողութիւն ունենանք։ (Մատթէոս 5։29, 30. Կողոսացիս 3։5-10) Օրինակ, ձեր աչքերը կը կրթէ՞ք որ անբարոյ պատկերներու չնային կամ ձեր ականջները՝ որ նուաստացուցիչ երաժշտութիւն կամ խօսակցութիւն մտիկ չընեն։ Ճիշդ է որ այսպիսի վատառողջ նիւթեր մեզ պատած են։ Այսուհանդերձ, տակաւին մեզմէ կախեալ է թէ անոնք մեր սրտին եւ մտքին մէջ արմատ պիտի կապե՞ն թէ ոչ։ Կրնանք սաղմոսերգուն ընդօրինակել որ ըսաւ. «Աչքերուս առջեւ չար բան մը պիտի չդնեմ, մոլորածներուն գործը կ’ատեմ, թող անիկա ինծի չփակչի։ . . . Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի»։—Սաղմոս 101։3, 7, Արեւմտահայերէն

Ձեր Զգայարանքները Մարզեցէք՝ Գործածութեամբ

18. Զգայարանքները մարզելու մասին Պօղոսի տուած բացատրութեան մէջ, «գործածութեամբ» արտայայտութեամբ ի՞նչ ըսել կ’ուզուի։

18 Ի մտի ունեցէք թէ «սովորութեամբ» կամ «գործածութեամբ» (ՆԱ) է որ կրնանք մեր զգայարանքները մարզել բարին ու չարը զանազանելու համար։ Ուրիշ խօսքով, ամէն անգամ որ որոշումի մը առջեւ գտնուինք, պէտք է սորվինք մեր մտային կարողութիւնները գործածել, հասկնալու համար թէ սուրբ գրային ո՛ր սկզբունքները պարփակուած են եւ անոնք ի՛նչպէս կրնան կիրարկուիլ։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ հայթայթուած՝ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած գրականութիւնները հետազօտելու սովորութիւնը մշակեցէք։ (Մատթէոս 24։45) Անշուշտ, կրնանք հասուն Քրիստոնեաներու օգնութիւնը հայցել։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու համար մեր թափած անձնական ջանքերը, նաեւ իր ուղղութիւնը եւ հոգին խնդրելու համար Աստուծոյ ուղղուած մեր աղօթքները, ի վերջոյ ճոխ օրհնութիւններ պիտի յառաջացնեն։—Եփեսացիս 3։14-19

19. Ի՜նչ օրհնութիւններ ձեռք կրնանք ձգել, եթէ մեր զգայարանքները աստիճանաբար մարզենք։

19 Մինչ մեր զգայարանքները աստիճանաբար կը մարզենք, մեր նպատակն է որ ‘ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու’։ (Եփեսացիս 4։14) Հապա, Աստուծոյ ընդունելի եղած բաներուն մասին մեր ունեցած գիտութեան ու հասկացողութեան վրայ հիմնուելով, կրնանք իմաստուն որոշումներ տալ, անոնք ըլլան մեծ թէ պզտիկ, որոնք մեզի համար օգտակար են, մեր հաւատակիցներուն համար շինիչ են եւ ամէն բանէ աւելի՝ հաճելի են մեր երկնաւոր Հօրը։ (Առակաց 27։11) Այս դժուար օրերուն ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն եւ պաշտպանութիւն մըն է։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Բժ. Թոմաս Հոլմզի եւ Բժ. Ռիչըրտ Ռէի կողմէ պատրաստուած, կեանքի մէջ մարդիկը ամենէն շատ ընկճող աւելի քան 40 ցանկագրուած բաներուն գլխաւոր երեքը՝ նկատուած են կողակիցի մը մահը, ամուսնալուծումը եւ կողակիցներու բաժանումը։ Ամուսնանալը եօթներորդը կը դասուի։

Կրնա՞ք բացատրել

• Շիտակ որոշումներ տալու համար ի՞նչպիսի կարողութեան կարիքը կայ։

• Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ կարկառուն մարդոց նայիլ կամ մեր անձնական զգացումներուն վստահիլ, երբ բանի մը շիտակ կամ սխալ ըլլալը պիտի որոշենք։

• Երբ որոշումներ կու տանք, ինչո՞ւ վստահ պէտք է ըլլանք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ ընդունելին, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

• Ի՞նչ կը նշանակէ ‘մեր զգայարանքները մարզել’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

Առաջնորդութեան համար հարուստ եւ անուանի մարդոց յուսալը անօգուտ է

[Նկար՝ էջ 10]

Մարզիկի մը նման, մեր բոլոր զգայարանքներն ու մարմնի անդամները ամբողջովին հակակշռի տակ պէտք է առնենք