Ատեն մը գայլեր էինք՝ այժմ ոչխարներ ենք
Ատեն մը գայլեր էինք՝ այժմ ոչխարներ ենք
Երբ Սաքինան ու ես երախաներ էինք՝ դրացիներ էինք։ Սաքինան հսկայ ու հուժկու էր, իսկ ես՝ փոքր ու նիհար։ Յաճախ իրարու հետ կը վիճէինք, բայց օր մը լուրջ կռիւ մը ունեցանք։ Այդ օրուընէ սկսեալ, ո՛չ իրարու հետ խօսեցանք ո՛չ ալ իրարու բարեւեցինք։ Ի վերջոյ, փոխադրուեցանք եւ իրարու հետքը կորսնցուցինք։
1994–ին, սկսայ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ կամաց կամաց անձնաւորութիւնս փոխուեցաւ։ Չորս տարի ետք, երբ Պուճումպարայի մէջ, Պուրունտի, մեր միօրեայ մասնաւոր համաժողովին գացած էի, անակնկալի եկայ՝ Սաքինային հետ դէմ դիմաց գալով։ Ուրախ էի որ ան ներկայ էր, սակայն պաղ բարեւ մը փոխանակեցինք։ Այդ նոյն օրուան յետմիջօրէին, աչքերուս չհաւատացի երբ զինք մկրտութեան թեկնածուներուն մէջ տեսայ։ Ինք ալ արմատական փոփոխութիւններ ըրած էր։ Ան այլեւս այդ կռուազան անհատը չէր՝ որու հետ շատ յաճախ կը կռուէի։ Ի՜նչ հոյակապ էր տեսնել՝ Աստուծոյ հանդէպ իր նուիրումը խորհրդանշելու համար ջուրի մկրտութեան ենթարկուիլը։
Երբ ան ջուրէն դուրս եկաւ, իր մօտ վազելով զինք ողջագուրեցի եւ ականջին փսփսալով ըսի. «Կը յիշե՞ս ինչպէս կը կռուէինք»։ «Այո», պատասխանեց ան, «կը յիշեմ, բայց անիկա անցեալին էր։ Այժմ նոր անձ մըն եմ»։
Երկուքս ալ ուրախ ենք որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գտած ենք, որ կը միացնէ, եւ մեր գայլանման անձնաւորութիւնը փոխելով, մեզ Մեծ Հովիւին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ ոչխարները դարձուցած է։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իրապէ՛ս կեանքեր կը փոխէ։