Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի օրհնութիւնը մեզ կը հարստացնէ

Եհովայի օրհնութիւնը մեզ կը հարստացնէ

Եհովայի օրհնութիւնը մեզ կը հարստացնէ

«Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։—ԱՌԱԿԱՑ 10։22

1, 2. Ինչո՞ւ ուրախութիւնը նիւթական հարստութեան հետ առնչուած չէ։

ՆԻՒԹԱՊԱՇՏԱԿԱՆ հետապնդումներ ներկայիս միլիոնաւոր մարդոց կեանքը կը ղեկավարեն։ Սակայն, նիւթական բաները զանոնք կ’ուրախացնե՞ն։ «Չեմ յիշեր ժամանակ մը՝ երբ մարդիկ իրենց վիճակին նկատմամբ ա՛յսքան անյոյս էին», կ’ըսէ Օսթրէլիըն Ուումընզ Ուիյքլի պարբերաթերթը։ Անիկա կ’աւելցնէ. «Ասիկա ընդունուած կարծիքին հակասող բան մըն է։ Մեզի կ’ըսուի թէ Աւստրալիոյ տնտեսական վիճակը հոյակապ է, թէ կեանքը երբեք ասկէ լաւ եղած չէ։ . . . Այսուհանդերձ, ամբողջ երկրին մէջ յոռետեսութիւնը համատարած է։ Որքան տղամարդիկ, նոյնքան կիներ կը զգան թէ իրենց կեանքին մէջ բանի մը պակասը կայ, սակայն չեն կրնար զայն սահմանել»։ Որքա՜ն ճիշդ է Սուրբ Գրքին ըսածը թէ ո՛չ ուրախութիւնը եւ ո՛չ կեանքը մեր ստացուածքէն կախեալ են։—Ժողովողի 5։10. Ղուկաս 12։15

2 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ մեծագոյն ուրախութիւնը Աստուծոյ օրհնութենէն յառաջ կու գայ։ Այս առնչութեամբ, Առակաց 10։22–ը կ’ըսէ. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ Ագահօրէն նիւթական հարստութիւն դիզելուն հետեւանքը յաճախ՝ տրտմութիւն է։ Տեղին ըլլալով, Պօղոս առաքեալ ազդարարեց. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

3. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ փորձութիւններ կ’ունենան։

3 Միւս կողմէ, տրտմութենէ զերծ օրհնութիւններ կը հասնին բոլոր անոնց վրայ, որոնք «կը շարունակեն Եհովայի ձայնին մտիկ ընել»։ (Բ. Օրինաց 28։2, ՆԱ) Բայց եւ այնպէս, ոմանք կրնան հարց տալ՝ ‘Եթէ Եհովայի օրհնութեան հետ տրտմութիւն խառնուած չէ, ինչո՞ւ Աստուծոյ ծառաներէն շատեր կը տառապին’։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած կը թոյլատրէ մեր փորձութիւնները, սակայն, խորքին մէջ անոնք ծագում կ’առնեն՝ Սատանայէն, իր ամբարիշտ դրութենէն, եւ մեր անկատար խառնուածքէն։ (Ծննդոց 6։5. Բ. Օրինաց 32։4, 5. Յովհաննու 15։19. Յակոբու 1։14, 15) Եհովան՝ ‘ամէն բարի տուրքի ու ամէն կատարեալ պարգեւի’ աղբիւրն է։ (Յակոբու 1։17) Ուստի, իր օրհնութիւնը երբեք տրտմութիւն չի պատճառեր։ Հետեւաբար, նկատի առնենք Աստուծոյ կատարեալ պարգեւներէն քանի մը հատը։

Աստուծոյ Խօսքը՝ Թանկագին Պարգեւ մը

4. Եհովայի ծառաները ի՞նչ օրհնութիւն եւ թանկարժէք պարգեւ մը կը վայելեն այս «վերջին ժամանակ»ի ընթացքին։

4 «Վերջին ժամանակ»ին ակնարկելով, Դանիէլի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Գիտութիւնը պիտի շատնայ»։ Սակայն, հետեւեալ խօսքերը զայն կը սահմանափակեն. «Բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան»։ (Դանիէլ 12։4, 10) Երեւակայեցէ՛ք։ Աստուծոյ Խօսքը՝ յատկապէս, մարգարէութիւնները՝ այնպիսի աստուածային իմաստութեամբ մը ըսուած են, որ ամբարիշտներ չեն կրնար անոր իսկական իմաստը ըմբռնել, սակայն՝ Եհովայի ժողովուրդը կրնայ։ Աստուծոյ Որդին աղօթեց. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր»։ (Ղուկաս 10։21) Ի՜նչ օրհնութիւն է Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին թանկարժէք պարգեւը՝ Աստուածաշունչը՝ ունենալ, եւ անոնց մէջ գտնուիլ, որոնց Եհովա հոգեւոր ներատեսութիւն շնորհած է։—Ա. Կորնթացիս 1։21, 27, 28. 2։14, 15

5. Ի՞նչ է իմաստութիւնը, եւ զայն ի՛նչպէս կրնանք ձեռք ձգել։

5 Եթէ «վերին իմաստութիւնը» չըլլար, ո՛չ մէկ հոգեւոր ներատեսութիւն պիտի ունենայինք։ (Յակոբու 3։17) Իմաստութիւնը՝ խնդիրներ լուծելու, վտանգներէ խուսափելու, նպատակակէտեր իրագործելու, կամ օգտակար խրատներ հայթայթելու համար, գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը գործածելու կարողութիւնն է։ Ի՞նչպէս կրնանք աստուածային իմաստութիւն ձեռք ձգել։ Առակաց 2։6–ը կ’ըսէ. «Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են»։ Այո, Եհովա մեզ իմաստութեամբ պիտի օժտէ եթէ յարատեւ անոր համար աղօթենք, ինչպէս որ Սողոմոն Թագաւորին «իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ մը» տուաւ։ (Գ. Թագաւորաց 3։11, 12. Յակոբու 1։5-8) Իմաստութիւն ձեռք ձգելու համար, պէտք է շարունակենք նաեւ Եհովայի մտիկ ընել՝ կանոնաւորաբար իր Խօսքը ուսումնասիրելով եւ կիրարկելով։

6. Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները մեր կեանքին մէջ գործադրելը ինչո՞ւ իմաստութիւն է։

6 Աստուածային իմաստութեան ուշագրաւ օրինակներ կրնանք գտնել Աստուածաշունչի օրէնքներուն ու սկզբունքներուն մէջ։ Անոնք ամէն կողմանէ օգտակար են՝ ֆիզիքական, մտային, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ։ Սաղմոսերգուն տեղին ըլլալով երգեց. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։ Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։ Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան։ Տէրոջը վախը սուրբ է, յաւիտեան կը մնայ։ Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են։ Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն»։—Սաղմոս 19։7-10. 119։72

7. Աստուծոյ արդար չափանիշները անտեսելուն հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

7 Միւս կողմէ, Աստուծոյ արդար չափանիշները անտեսողները իրենց փնտռած ուրախութիւնն ու ազատութիւնը չեն գտներ։ Ուշ կամ կանուխ, անոնք կը հասկնան թէ Աստուած ծաղր չ’ըլլար, քանի որ մարդ ի՛նչ որ սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ (Գաղատացիս 6։7) Աստուծոյ սկզբունքները անտեսող միլիոնաւոր անհատներ, աղիտալի հետեւանքներ կը հնձեն, ինչպէս՝ անփափաքելի յղութիւններ, զզուելի հիւանդութիւններ, կամ հիւծող մոլութիւններ։ Եթէ չզղջան եւ իրենց կեանքի ընթացքը չփոխեն, ի վերջոյ իրենց ընթացքը զիրենք պիտի առաջնորդէ մահուան եւ թերեւս՝ Աստուծոյ ձեռքով բնաջնջումի։—Մատթէոս 7։13, 14

8. Աստուծոյ Խօսքը սիրողները ինչո՞ւ ուրախ են։

8 Սակայն, Աստուծոյ Խօսքը սիրողներուն ու կիրարկողներուն վրայ օրհնութիւններ պիտի տեղան, հիմա՛ եւ յաւիտեան։ Անոնք Աստուծոյ օրէնքին միջոցաւ ազատագրուած կը զգան, իրապէս ուրախ են, եւ անձկութեամբ կը սպասեն այն ժամանակը երբ մեղքէն ու անոր մահացու հետեւանքներէն պիտի ազատուին։ (Հռովմայեցիս 8։20, 21. Յակոբու 1։25) Այս յոյսը ստոյգ է, քանի որ հիմնուած է մարդկութեան տուած Աստուծոյ ամենէն սիրալիր պարգեւին՝ իր միածին Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհագործութեան վրայ։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16. Հռովմայեցիս 6։23) Այսպիսի գերադրական պարգեւ մը մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն խորութիւնը կը հաստատէ, եւ անվերջ օրհնութիւններ կ’երաշխաւորէ բոլոր անոնց որոնք կը շարունակեն Եհովայի մտիկ ընել։—Հռովմայեցիս 8։32

Երախտապարտ՝ Սուրբ Հոգիի Պարգեւին Համար

9, 10. Եհովայի սուրբ հոգիի պարգեւէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։ Օրինակ մը տուէք։

9 Աստուծոյ ուրիշ մէկ սիրալիր պարգեւը, որուն համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք՝ իր սուրբ հոգին է։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ Երուսաղէմի մէջ գտնուող բազմութիւնը յորդորեց, ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ սուրբ հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ (Գործք 2։38) Ներկայիս, Եհովա սուրբ հոգի կու տայ իր նուիրուած ծառաներուն, որոնք զայն կը խնդրեն եւ իր կամքը ընել կը փափաքին։ (Ղուկաս 11։9-13) Անցեալին, տիեզերքի այս ամենէն զօրեղ ոյժը՝ Աստուծոյ սուրբ հոգին կամ գործօն ոյժը՝ հաւատքի տէր տղամարդիկը եւ կիները զօրացուց, ի ներառեալ՝ նախկին Քրիստոնեաները։ (Զաքարեայ 4։6. Գործք 4։31) Անիկա կրնայ նոյնը ընել մեզի ալ, նոյնիսկ երբ որպէս Եհովայի ժողովուրդ հսկայական խոչընդոտներ կամ դժուարութիւններ դիմագրաւենք։—Յովելեայ 2։28, 29

10 Նկատի առէք Լորըլի օրինակը, որ մանկական անդամալուծութենէ կը տառապէր եւ 37 տարի երկաթէ թոքի մը մէջ ապրեցաւ։ * Հակառակ իր չափազանց ծանր վիճակին, ան մինչեւ իր մահը եռանդունօրէն Աստուծոյ ծառայեց։ Այս տարիներու ընթացքին, Եհովայի ճոխ օրհնութիւնները տեղացին Լորըլի վրայ։ Օրինակ, ան կրցաւ շուրջ 17 անհատներու օգնել, որպէսզի Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութիւնը ստանան, թէեւ ան օրուան 24 ժամը իր երկաթէ գործիքին մէջ կ’անցընէր։ Իր պարագան մեր միտքը կը բերէ Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։10) Այո, բարի լուրը քարոզելու մէջ մեր ունեցած որեւէ յաջողութիւն, մեր կարողութեան ու զօրութեան շնորհիւ չէ, այլ Աստուծոյ օգնութեան շնորհիւ է, որ սուրբ հոգին կու տայ անոնց, որ կը շարունակեն իր ձայնին մտիկ ընել։—Եսայեայ 40։29-31

11. Աստուծոյ հոգին ի՞նչ յատկութիւններ կը յառաջացնէ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնողներուն մէջ։

11 Եթէ հնազանդօրէն Աստուծոյ մտիկ ընենք, իր հոգին մեր մէջ կ’արտադրէ սիրոյ, ուրախութեան, խաղաղութեան, երկայնամտութեան, քաղցրութեան, բարութեան, հաւատարմութեան, հեզութեան եւ ժուժկալութեան յատկութիւնները։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Այս «հոգիին պտուղ»ները մաս կը կազմեն այն «նոր անձնաւորութեան», զոր Քրիստոնեաները կը հագնին, փոխարինելով այն յօշոտիչ ու գազանանման յատկանիշները, զորս թերեւս նախապէս կը ցուցաբերէին։ (Եփեսացիս 4։20-24, ՆԱ. Եսայեայ 11։6-9) Այս պտուղներուն ամենակարեւորը սէրն է, որ «կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։14

Քրիստոնէական Սէրը՝ Արժէքաւոր Պարգեւ մը

12. Տաբիթան եւ առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչպէս սէր ցուցաբերեցին։

12 Քրիստոնէական սէրը Եհովայի ուրիշ մէկ օրհնաբեր պարգեւն է, պարգեւ մը՝ որ մեծապէս կ’արժեւորենք։ Անիկա սկզբունքի վրայ հիմնուած է, սակայն ա՛յնքան խանդաղատանք կը պարունակէ որ հաւատացեալները իրարու կը մօտեցնէ մարմնաւոր կապերէն աւելի։ (Յովհաննու 15։12, 13. Ա. Պետրոս 1։22) Օրինակ, նկատի առէք Տաբիթան, առաջին դարուն ապրած օրինակելի Քրիստոնեայ կին մը։ Ան «լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով», յատկապէս ժողովքի որբեւարիներուն հանդէպ։ (Գործք 9։36) Այս կիները թերեւս մարմնաւոր ազգականներ ունէին, սակայն, Տաբիթան կ’ուզէր իր կարելին ընել անոնց օգնելու ու քաջալերելու համար։ (Ա. Յովհաննու 3։18) Տաբիթան ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը եղած է։ Եղբայրասիրութիւնը մղեց Պրիսկէն ու Ակիւղասը որ Պօղոսի համար ‘իրենց պարանոցները տան’։ Դարձեալ սէրն էր որ մղեց Եպափրասը, Ղուկասը, Ոնեսիփորոսը, եւ ուրիշներ, որպէսզի առաքեալին օգնեն, երբ ան Հռովմի մէջ բանտարկուած էր։ (Հռովմայեցիս 16։3, 4. Բ. Տիմոթէոս 1։16. 4։11. Փիլիմոն 23, 24) Այո, ներկայիս ալ այսպիսի Քրիստոնեաներ ‘իրարու հանդէպ սէր ունին’, անիկա Աստուծոյ կողմէ օրհնաբեր պարգեւ մըն է, որ զիրենք կը բնորոշէ որպէս Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտները։—Յովհաննու 13։34, 35

13. Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ մեր քրիստոնէական եղբայրակցութիւնը խորապէս կը գնահատենք։

13 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ցոյց տրուած սէրը կ’արժեւորէ՞ք։ Մեր համաշխարհային հոգեւոր եղբայրակցութեան համար երախտապա՞րտ էք։ Ասոնք ալ Եհովայէ եկած օրհնաբեր պարգեւներ են, որոնք մեզ կը հարստացնեն։ Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ զանոնք կ’արժեւորենք։ Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելով, քրիստոնէական ժողովներուն մէջ մասնակցելով եւ սէր ու Աստուծոյ հոգիին միւս պտուղները ցուցաբերելով։—Փիլիպպեցիս 1։9. Եբրայեցիս 10։24, 25

«Տղամարդիկ Որպէս Պարգեւներ»

14. Քրիստոնեայէ մը ի՞նչ կը պահանջուի, եթէ ան պիտի ծառայէ որպէս երէց կամ օգնական ծառայ մը։

14 Երէցի կամ օգնական ծառայի հանգամանքով իրենց հաւատակիցներուն ծառայելու փափաք ունեցող Քրիստոնեայ տղամարդիկը, աղէկ նպատակակէտ մը ունին։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1, 8) Այս առանձնաշնորհումներուն համար որակելի ըլլալու համար, եղբայր մը պէտք է հոգեւոր տղամարդ մը, Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտցող եւ դաշտի ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլայ։ (Գործք 18։24. Ա. Տիմոթէոս 4։15. Բ. Տիմոթէոս 4։5) Ան խոնարհութիւն, համեստութիւն, եւ համբերութիւն պէտք է ցոյց տայ, քանի որ աստուածային օրհնութիւնները յաւակնոտ, հպարտ եւ փառատենչ մարդոց վրայ չեն թափուիր։ (Առակաց 11։2. Եբրայեցիս 6։15. Գ. Յովհաննու 9, 10) Եթէ ամուսնացած է, ան սիրալիր տան գլուխ մը պէտք է ըլլայ՝ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընելու կարող։ (Ա. Տիմոթէոս 3։4, 5, 12) Քանի որ հոգեւոր հարստութիւնը կ’արժեւորէ, այսպիսի անհատ մը Եհովայի օրհնութեան կ’արժանանայ։—Մատթէոս 6։19-21

15, 16. Որո՞նք կը փաստեն որ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ են։ Օրինակներ տուէք։

15 Երբ ժողովքին մէջ որպէս երէց ծառայողները ծանր աշխատին որպէս աւետարանիչներ, հովիւներ, եւ ուսուցիչներ, անոնք վաւերական պատճառներ կու տան որ իրապէս գնահատենք ‘որպէս պարգեւ տրուած այս տղամարդիկը’։ (Եփեսացիս 4։8, 11, ՆԱ) Անոնց սիրալիր ծառայութենէն օգտուողները, թերեւս միշտ չարտայայտեն իրենց գնահատութիւնը, սակայն, Եհովա կը տեսնէ հաւատարիմ երէցներուն ըրած բոլոր բաները։ Ան պիտի չմոռնայ այն սէրը զոր իր անուանը համար կը ցուցաբերեն, իր ժողովուրդին ծառայելով։—Ա. Տիմոթէոս 5։17. Եբրայեցիս 6։10

16 Նկատի առէք ծանր աշխատող երէցի մը պարագան, որ Քրիստոնեայ աղջնակի մը այցելեց, երբ ան ուղեղի վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուէր։ «Ան շատ ազնիւ, շատ աջակցող, շատ հոգածու էր», գրեց ընտանիքին մէկ բարեկամը։ «Ան արտօնութիւն խնդրեց որ մեր հետ Եհովայի աղօթէ։ Մինչ կ’աղօթէր, հայրը [որ Եհովայի Վկայ մը չէր] սկսաւ հեկեկալ, իսկ հիւանդանոցի սենեակին մէջ գտնուող բոլոր անհատներուն աչքերէն արցունք հոսեցաւ։ Այս երէցին աղօթքը որքա՜ն գորովալից էր, իսկ Եհովա որքա՜ն սիրալիր էր որ զինք ղրկեց ճի՛շդ ժամանակին»։ Ուրիշ հիւանդ Վկայ մը իրեն այցելող երէցներուն մասին ըսաւ. «Երբ անոնք բժշկական խիստ հսկողութեան բաժինին մէջ անկողինիս մօտեցան, գիտցայ թէ ասկէ ետք ի՛նչ որ ալ ըլլար, կրնայի տոկալ։ Վրաս զօրութիւն եւ խաղաղութիւն եկաւ»։ Այսպիսի սիրալիր հոգատարութիւն կը գնուի՞։ Երբե՛ք։ Անիկա Աստուծոյ մէկ պարգեւն է, որ քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ մատչելի է։—Եսայեայ 32։1, 2

Դաշտի Ծառայութեան Պարգեւը

17, 18. (ա) Եհովա իր բոլոր ժողովուրդին համար ծառայութեան ի՞նչ պարգեւ մատչելի դարձուցած է։ (բ) Մեր ծառայութիւնը կատարելու համար Աստուած ի՞նչ օգնութիւն հայթայթած է։

17 Բարձրեալ Եհովայի ծառայելը, մեծագոյն պատիւն է, որ կրնայ մարդու մը շնորհուիլ։ (Եսայեայ 43։10. Բ. Կորնթացիս 4։7. Ա. Պետրոս 2։9) Այսուհանդերձ, հանրային ծառայութեան մասնակցելու առանձնաշնորհումը մատչելի է Աստուծոյ ծառայելու անկեղծ փափաք ունեցող բոլոր անհատներուն՝ երիտասարդին ու տարեցին, տղամարդոց ու կիներուն։ Այս թանկարժէք պարգեւը կ’օգտագործէ՞ք։ Ոմանք թերեւս ասկէ ետ կը կենան իրենք զիրենք անատակ զգալով, բայց մի՛ մոռնաք որ Եհովա սուրբ հոգին կու տայ իրեն ծառայողներուն, իսկ սուրբ հոգին կը լեցնէ որեւէ պակաս զոր կրնանք ունենալ։—Երեմեայ 1։6-8. 20։11

18 Եհովա Թագաւորութեան քարոզչութիւնը վստահած իր խոնարհ ծառաներուն, եւ ոչ թէ՝ հպարտ ու իրենց անձնական կարողութիւններուն ապաւինող անհատներու։ (Ա. Կորնթացիս 1։20, 26-29) Խոնարհ ու համեստ անհատներ կը գիտակցին իրենց սահմանափակումներուն, եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու ժամանակ Աստուծոյ օգնութեան կը վստահին։ Անոնք նաեւ կը գնահատեն ‘հաւատարիմ տնտեսին’ միջոցաւ իր հայթայթած հոգեւոր օգնութիւնը։—Ղուկաս 12։42-44. Առակաց 22։4

Ընտանեկան Ուրախ Կեանք՝ Գեղեցիկ Պարգեւ մը

19. Ո՞ր ազդակները զաւակները յաջողութեամբ մեծցնելու կը նպաստեն։

19 Ամուսնութիւնն ու ընտանեկան ուրախ կեանքը Աստուծմէ պարգեւներ են։ (Հռութայ 1։9. Եփեսացիս 3։14, 15) Զաւակներն ալ թանկագին ‘ժառանգութիւն մըն են Եհովայէ’, ուրախութիւն պատճառելով այն ծնողներուն, որոնք կը յաջողին անոնց մէջ աստուածային յատկութիւններ քանդակել։ (Սաղմոս 127։3) Եթէ ծնող մըն էք, շարունակեցէք Եհովայի ձայնին մտիկ ընել, ձեր զաւակները իր Խօսքին համաձայն մարզելով։ Այսպէս ընող ծնողներ վստահաբար Եհովայի աջակցութիւնը եւ ճոխ օրհնութիւնը պիտի վայելեն։—Առակաց 3։5, 6. 22։6. Եփեսացիս 6։1-4

20. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել այն ծնողներուն, որոնց զաւակները ճշմարիտ պաշտամունքէն կը հեռանան։

20 Հակառակ աստուածապաշտ ծնողներու խղճամիտ ջանքերուն, թերեւս անոնց զաւակներէն ոմանք մեծնալէ ետք, ընտրեն ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռանալ։ (Ծննդոց 26։34, 35) Ասիկա զգացական գետնի վրայ կրնայ զգետնել ծնողները։ (Առակաց 17։21, 25) Սակայն, փոխանակ իրենց յոյսը կտրելու, լաւ կ’ըլլայ որ անոնք Յիսուսի տուած անառակ որդիին առակը յիշեն։ Թէեւ այդ որդին տունը ձգեց եւ կամակոր ընթացք մը հետապնդեց, սակայն հետագային ան իր հօրը տունը վերադարձաւ, որ զինք ուրախութեամբ ու սիրալիր կերպով դիմաւորեց։ (Ղուկաս 15։11-32) Ինչ որ ալ պատահի, հաւատարիմ Քրիստոնեայ ծնողներուն երաշխաւորութիւն տրուած է որ Եհովա կը հասկնայ զիրենք, իրապէս հետաքրքրուած է իրենցմով եւ հաւատարմօրէն թիկունք պիտի կանգնի իրենց։—Սաղմոս 145։14

21. Որո՞ւ պէտք է մտիկ ընենք, եւ ինչո՞ւ։

21 Հետեւաբար, ամէն մէկս որոշենք թէ մեր կեանքին մէջ ի՛նչ բան իրապէս կարեւոր է։ Անյագօրէն նիւթական հարստութի՞ւն կը հետապնդենք, որ կրնայ մեզի ու մեր ընտանիքներուն վիշտ պատճառել։ Թէ ոչ՝ ‘բարի տուրք ու կատարեալ պարգեւներ’ կը հետապնդենք, որոնք ‘լուսոյ Հօրմէն կ’իջնեն’։ (Յակոբու 1։17) ‘Սուտին հայրը’՝ Սատանան, կ’ուզէ որ նիւթական հարստութեան համար ճգնինք եւ ուրախութիւնն ու կեանքը կորսնցնենք։ (Յովհաննու 8։44. Ղուկաս 12։15) Սակայն, Եհովա անկեղծօրէն կը սիրէ մեզ եւ լաւագոյնը կը փափաքի մեզի համար։ (Եսայեայ 48։17, 18) Հետեւաբար, շարունակենք մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրը մտիկ ընել, եւ իրմով մի՛շտ ‘ուրախանանք’։ (Սաղմոս 37։4) Եթէ այսպիսի ընթացք մը հետապնդենք, Եհովայի թանկարժէք պարգեւներն ու ճոխ օրհնութիւնները մեզ պիտի հարստացնեն, սակայն՝ առանց որեւէ տրտմութեան։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Տես՝ Զարթի՛ր 22 Յունուար 1993, էջ 18-21։

Կը յիշէ՞ք

• Մեծագոյն ուրախութիւնը ո՞ւր կրնանք գտնել։

• Ի՞նչ են կարգ մը պարգեւներ, զորս Եհովա իր ժողովուրդին կու տայ։

• Դաշտի ծառայութիւնը ինչո՞ւ պարգեւ մըն է։

• Ծնողներ իրենց զաւակները մեծցնելու ընթացքին Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու համար ի՞նչ կրնան ընել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին պարգեւին հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տա՞ք

[Նկար՝ էջ 17]

Հակառակ շատ դժուար պարագաներու, Լորըլ Նիսպէթ նախանձախնդրաբար Աստուծոյ ծառայեց

[Նկարներ՝ էջ 18]

Տաբիթայի նման, արդի Քրիստոնեաները հանրածանօթ են իրենց սիրալիր արարքներով

[Նկար՝ էջ 19]

Քրիստոնեայ երէցներ իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն