Նահանգային համաժողովներ. մեր եղբայրակցութեան ուրախ ապացոյցներ
Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք
Նահանգային համաժողովներ. մեր եղբայրակցութեան ուրախ ապացոյցներ
ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ՝ աւելի քան տարի մը անիրաւօրէն բանտարկուելէ ետք վատառողջ վիճակի մէջ՝ ուրախութեամբ կը ծառայէ որպէս սպասեակ։ Ան աշխուժօրէն պայուսակներ կը շալկէ եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցները իրենց պանդոկի սենեակները կ’ուղղէ։ Իր նախկին բանտակիցներէն երկուքը՝ նոյնպէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ՝ իջեւան սպասող հսկայ ամբոխի մը սենեակներ կը նշանակեն։ Անոնք մինչեւ կէս գիշերը անց զբաղած կը մնան։ Վարակիչ ոգեւորութեան հոգի մը կը պատէ բոլորը։ Ի՞նչ է առիթը։
Տարին 1919–ն է, եւ Աստուածաշունչի Աշակերտները (այժմ ճանչցուած որպէս Եհովայի Վկաներ) բիրտ հալածանքի ժամանակաշրջանէ մը դուրս կու գան։ Եղբայրակցութիւնը վերաշխուժացնելու համար, անոնք 1-8 Սեպտեմբեր, 1919–ին համաժողով մը կը կազմակերպեն Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ, Ա.Մ.Ն.։ Համաժողովին վերջին օրը, 7,000 հոգիներէ բաղկացած ոգեւորուած բազմութիւն մը ուշի ուշով մտիկ կ’ընէ, մինչ Եղբայր Ռատըրֆորտ ներկաներէն իւրաքանչիւրը կը քաջալերէ հետեւեալ խօսքերով. «Դուք թագաւորներու Թագաւորին ու տէրերու Տիրոջ դեսպաններէն մէկն էք, որ մարդոց կը ծանուցանէք . . . մեր Տիրոջ փառաւոր թագաւորութիւնը»։
Եհովայի ժողովուրդին մէջ համաժողովներ տեղի ունեցած են վաղեմի Իսրայէլի ժամանակներէն ի վեր։ (Ելից 23։14-17. Ղուկաս 2։41-43) Այսպիսի հաւաքոյթներ ուրախ առիթներ էին, բոլոր ներկաներուն օգնելով որ իրենց միտքը Աստուծոյ Խօսքին վրայ կեդրոնացած պահեն։ Նմանապէս, Եհովայի Վկաներու արդի ժամանակներու նահանգային համաժողովները հոգեւոր բարօրութեան վրայ կը կեդրոնանան։ Անկեղծ դիտողներու համար, այսպիսի ուրախ հաւաքոյթներ անժխտելի ապացոյց մըն են թէ Վկաները զօրաւոր կապով միացած են քրիստոնէական եղբայրակցութեամբ։
Ներկայ Գտնուելու Ջանքեր
Մերօրեայ Քրիստոնեաները կը գիտակցին թէ իրենց համաժողովները հոգեւոր թարմացումի եւ Աստուծոյ Խօսքէն ուսուցանուելու ժամանակներ են։ Անոնք այս մեծ համաժողովները կը նկատեն անհրաժեշտ միջոցներ, իրենց օգնելու՝ որ «կատարեալ ու հաստատօրէն համոզուած կենան, Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։ (Կողոսացիս 4։12, ՆԱ) Ուստի, Վկաները սրտանց թիկունք կը կանգնին այս համաժողովներուն, հոն ներկայ գտնուելու համար մեծ ջանքեր թափելով։
Ոմանց համար, այսպիսի համաժողովներու ներկայ գտնուիլը իրենցմէ հաւատք եւ լեռնանման խոչընդոտներ յաղթահարել կը պահանջէ։ Օրինակ, նկատի առէք Աւստրիայէն տարեց Վկայի մը պարագան։ Թէեւ ան շաքարախտէ կը տառապէր եւ օրական ինսուլին–ի սրսկումներու կարիքը ունէր, սակայն ամէն բան ըրաւ որ իր երկրին մէջ տեղի ունեցող նահանգային համաժողովի բոլոր օրերուն ներկայ գտնուի։ Հնդկաստանի մէջ, Վկաներէ բաղկացած մեծ ընտանիք մը որ չափազանց աղքատ էր, նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուիլը անկարելի գտաւ։ Ընտանիքի անդամներէն մէկը օգնութեան փութաց։ Ան ըսաւ. «Չուզելով այս առիթը փախցնել, ոսկիէ օղերս ծախեցի, փոխադրութեան ծախսերը հոգալու համար։ Կ’արժէր այսպիսի զոհողութիւն մը ընել, քանի որ մեր վայելած ընկերակցութիւնն ու փորձառութիւնները մեր հաւատքը զօրացուցին»։
Բաբուա Նոր Կուինիայի մէջ, ճշմարտութեամբ հետաքրքրուած, չմկրտուած անհատներու խումբ մը, վճռած էր մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուիլ։ Անոնք իրենց գիւղին մէջ հանրային կառք մը ունեցող մարդու մը հարցուցին որ զիրենք համաժողովի վայրը տանելու համար որքա՞ն կ’ուզէր։ Քանի որ պահանջուած գումարը իրենց կարողութենէն վեր էր, անոնք կարգադրութիւններ ըրին որ մարդուն տան մէջ աշխատին, անոր խոհանոցը վերանորոգելով։ Այս կերպով, անոնք կրցան նահանգային համաժողովին երթալ եւ լման յայտագրին ներկայ գտնուելով՝ օգտուիլ։
Համաժողովներու ներկայ գտնուիլ մտադրող Եհովայի Վկաներու համար, հեռաւորութիւնը անյաղթահարելի խնդիր մը չէ։ 1978–ին, Ֆրանսայի Լիլ քաղաքին մէջի համաժողովին ներկայ գտնուելու համար, Լեհաստանէն երիտասարդ պատուիրակ մը հեծանիւով 1,200 քիլոմեթր ճամբայ կտրեց, վեց օրուան մէջ։ 1997–ի ամրան, Մոնկոլիայէն երկու Վկաներ, 1,200 քիլոմեթր ճամբայ կտրեցին, քրիստոնէական համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար Իրքութցքի մէջ, Ռուսաստան։
Իրական Եղբայրակցութիւնը՝ Գործի Վրայ
Իրենց համաժողովներուն Վկաներուն ցուցաբերած միութիւնն ու եղբայրակցութիւնը, անաչառ դիտողներուն համար բացայայտ է։ Շատեր հիացան որ համաժողովի հանդիսականներուն միջեւ կողմնակցութիւն չկայ, եւ թէ հարազատ ջերմութիւն մը գոյութիւն ունի նոյնիսկ անոնց միջեւ, որոնք թերեւս առաջին անգամ զիրար կը տեսնեն։
Վերջերս, Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, զբօսաշրջիկներու ուղեցոյց մը որ համաժողովի պատուիրակներուն կ’ընկերակցէր շաբթուան մը համար, ուզեց անոնց հետ քիչ մը աւելի երկար մնալ, անոնց ընկերակցութիւնը վայելելու համար։ Անոնց սէրէն ու միութենէն տպաւորուած, ան աչքերուն չհաւատաց թէ անոնք իրարու հետ ա՛յսքան համերաշխ էին, մանաւանդ որ մեծամասնութիւնը նախապէս զիրար չէին ճանչնար։ Երբ անոնցմէ բաժնուելու ժամանակը հասաւ, ան իրենց ուշադրութիւնը խնդրեց։ Զանոնք «եղբայրներ ու քոյրեր» կոչելով, սկսաւ անոնց շնորհակալութիւն յայտնել, բայց չկրցաւ ամբողջացնել իր խօսքը, քանի որ փղձկեցաւ եւ սկսաւ լալ։
1997–ին, Սրի Լանքայի մէջ առաջին եռալեզու նահանգային համաժողովը տեղի ունեցաւ, մեծ մարզադաշտի մը մէջ։ Ամբողջ յայտագիրը միաժամանակ ներկայացուեցաւ Անգլերէն, Սինհալերէն, եւ Թամուլերէն լեզուներով։ Աշխարհի մը մէջ ուր էթնիք լարուածութիւնները հետզհետէ կ’աւելնան, եռալեզու խումբերու այսպիսի հաւաքոյթ մը աննկատ չմնաց։ Ոստիկան մը եղբօր մը հարցուց. «Որո՞նք են այս համաժողովը կազմակերպողները, Սինհալացինե՞րը, Թամուլնե՞րը, թէ ոչ՝ Անգլիացիները»։ «Անոնցմէ ոչ մէկը», պատասխանեց եղբայրը։ «Բոլո՛րս միասնաբար կ’աշխատինք»։ Ոստիկանը չհաւատաց։ Երբ երեք խումբերը փակման աղօթքին մասնակցեցան եւ միաբերան «Ամէն» մը թնդաց մարզադաշտին մէջ, համաժողովի հանդիսականները սրտաբուխ ծափահարութեամբ ողջունեցին։ Բոլոր ներկաներուն աչքերն ալ արցունքոտած էին։ Այո, համաժողովները արդարե՛ւ մեր եղբայրակցութեան ուրախ ապացոյցներ են։—Սաղմոս 133։1 *
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 14 Տես՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գրքին, էջ 66-77, 254-282–ը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։