Ուրախ աշխարհի մը բանալին
Ուրախ աշխարհի մը բանալին
«ՄԻԱԿ ամենազօրաւոր անձնաւորութիւնը, ո՛չ թէ միայն այս երկու հազարամեակներուն, այլ նաեւ ամբողջ պատմութեան մէջ, Նազովրեցի Յիսուսը եղած է», ըսաւ Թայմ պարբերաթերթը։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, պարկեշտ սրտով հազարաւոր անհատներ գիտակցեցան ոչ միայն իր մեծութեան, այլ նաեւ՝ ուրիշներու հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութեան։ Ուստի զարմանալի չէ որ անոնք ուզեցին Յիսուսը թագաւոր ընել։ (Յովհաննու 6։10, 14, 15) Սակայն, ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ յիշուեցաւ, Յիսուս քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալը մերժեց։
ՅԻՍՈՒՍԻ ընդառաջումը առնուազն երեք ազդակներու վրայ հիմնուած էր. իր Հօր տեսակէտը մարդկային ինքնորոշման յայտնաբերումներուն հանդէպ, որոնք կը պարփակեն մարդկային իշխանութիւնը. Յիսուսի գիտակցութիւնը թէ զօրաւոր, թաքուն ուժեր կ’աշխատին իշխանութեան գլուխը եղող մարդոց նոյնիսկ լաւագոյն ջանքերուն դէմ. եւ ամբողջ երկրի վրայ իշխելու երկնային կառավարութիւն մը հաստատելու Աստուծոյ նպատակը։ Մինչ այս երեք կէտերը աւելի մօտէն կը քննենք, պիտի տեսնենք թէ այս երկիրը աւելի լաւ տեղ մը ընելու մարդկային ջանքերը ինչո՛ւ ձախողած են։ Պիտի տեսնենք նաեւ թէ յաջողութիւնը ի՛նչպէս պիտի իրագործուի։
Մարդիկ Կրնա՞ն Ինքզինքնին Կառավարել
Երբ Աստուած մարդիկը ստեղծեց, անոնց իշխանութիւն տուաւ անասնական աշխարհին վրայ։ (Ծննդոց 1։26) Բայց մարդկութիւնը Աստուծոյ գերիշխանութեան ներքեւ կը գտնուէր։ Առաջին այրն ու կինը պէտք էր Աստուծոյ իրենց ենթարկումը ապացուցանէին, հնազանդօրէն հեռու կենալով որոշ ծառի մը՝ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառ»ին պտուղէն։ (Ծննդոց 2։17) Դժբախտաբար, Ադամն ու Եւան ազատ գործակալներ ըլլալու իրենց հանգամանքը չարաչար գործածեցին եւ Աստուծոյ չհնազանդեցան։ Արգիլուած պտուղէն առնելը պարզապէս գողութիւն չէր։ Անիկա Աստուծոյ գերիշխանութեան դէմ ըմբոստութիւն մըն էր։ Երուսաղէմի Նոր Աստուածաշունչ–ին մէջ Ծննդոց 2։17–ի նկատմամբ ստորանշում մը կ’ըսէ թէ Ադամն ու Եւան պահանջեցին «բարոյական լման անկախութիւն, որուն միջոցաւ մարդը կը մերժէ իր դիրքը որպէս ստեղծուած արարած մը . . . Առաջին մեղքը Աստուծոյ գերիշխանութեան դէմ յարձակում մըն էր»։
Քանի որ լուրջ բարոյական հարցեր պարփակուած էին, Աստուած թոյլատրեց որ Ադամը, Եւան եւ անոնց սերունդը իրենց կեանքի ընթացքը իրե՛նք ընտրեն, եւ անոնք շիտակի ու սխալի իրենց անձնական չափանիշները դրին։ (Սաղմոս 147։19, 20. Հռովմայեցիս 2։14) Հիմնականօրէն, մարդկային ինքնորոշման փորձառութիւնը այն ատեն սկսաւ։ Անիկա յաջողա՞ծ է։ Հազարաւոր տարիներու փորձառութեան առաւելութիւնը ունենալով, կրնանք ո՛չ ըսել։ Ժողովողի 8։9–ն կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ Մարդկային ինքնիշխանութեան այս ողբալի արձանագրութիւնը կը հաստատէ Երեմեայ 10։23–ի ճշմարիտ ըլլալը, որ կ’ըսէ. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ Պատմութիւնը փաստած է որ մարդիկ կարողութիւնը չունին յաջողապէս իշխելու առանց իրենց Ստեղծիչին։
Յիսուս լիովին համաձայնեցաւ։ Աստուծմէ անկախ ըլլալը իրեն համար ատելի էր։ «Ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ», ըսաւ ան, «ես միշտ [Աստուծոյ] հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։ (Յովհաննու 4։34. 8։28, 29) Ուստի, մարդոցմէ թագաւորութիւն ստանալու Աստուծոյ արտօնութիւնը չունենալով, Յիսուս նոյնիսկ չխորհեցաւ զայն ընդունիլ։ Սակայն ասիկա չի նշանակեր որ ան վարանեցաւ մարդոց օգնելու։ Ընդհակառակը, իր ձեռքէն եկածը ըրաւ մարդոց օգնելու որ մեծագոյն ուրախութիւնը գտնէին այն ատեն, եւ ապագային։ Ան նոյնիսկ իր կեանքը տուաւ մարդկութեան համար։ (Մատթէոս 5։3-11. 7։24-27. Յովհաննու 3։16) Բայց Յիսուս գիտէր որ ‘ամէն բանի ժամանակը կայ’, մէջը ըլլալով՝ մարդոց վրայ Իր գերիշխանութիւնը հաստատելու Աստուծոյ ժամանակը։ (Ժողովողի 3։1. Մատթէոս 24։14, 21, 22, 36-39) Մտաբերեցէք, սակայն, թէ Եդեմի մէջ մեր առաջին ծնողքը չար հոգեղէն արարածի մը կամքին ենթարկուեցան, որ տեսանելի օձի մը միջոցաւ խօսեցաւ։ Ասիկա մեզ կը բերէ երկրորդ պատճառին թէ Յիսուս ինչո՛ւ քաղաքականութեան միջամուխ չեղաւ։
Աշխարհի Գաղտնի Իշխանը
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Սատանան «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը» առաջարկեց Յիսուսի՝ փոխան մէկ երկրպագութեան արարքի։ (Մատթէոս 4։8-10) Հիմնականօրէն, Յիսուսի կ’առաջարկուէր աշխարհի իշխանութիւնը, սակայն՝ Բանսարկուին պայմաններով։ Յիսուս այս փորձութեան ծուղակին մէջ չինկաւ։ Սակայն, ասիկա իրապէս փորձութի՞ւն մըն էր։ Սատանան ի վիճակի՞ էր այսպիսի հոյակապ առաջարկ մը ընելու։ Այո, քանի որ Յիսուս ի՛նք Սատանան «այս աշխարհին իշխանը» կոչեց, իսկ Պօղոս առաքեալ զայն նկարագրեց որպէս «այս աշխարհի աստուածը»։—Յովհաննու 14։30. Բ. Կորնթացիս 4։4. Եփեսացիս 6։12
Անշուշտ, Յիսուս գիտէր որ Բանսարկուն մարդկութեան լաւագոյն շահերը ի մտի չունէր։ Ան նկարագրեց Սատանան որպէս «մարդասպան» եւ ‘ստութեան հայրը’։ (Յովհաննու 8։44) Բացայայտօրէն, աշխարհ մը որ այսպիսի չար ոգիի մը «զօրութեան ներքեւ» է, երբեք իրապէս ուրախ չի կրնար ըլլալ։ (Ա. Յովհաննու 5։19, ՆԱ) Սակայն Բանսարկուն այս հեղինակութիւնը մշտնջենապէս պիտի չունենայ։ Յիսուս որ այժմ հզօր հոգեղէն արարած մըն է, մօտ ատենէն մէջտեղէն պիտի վերցնէ Սատանան եւ անոր ազդեցութիւնը բոլորովին պիտի ջնջէ։—Եբրայեցիս 2։14. Յայտնութիւն 20։1-3
Սատանան քաջ գիտէ թէ որպէս աշխարհի իշխան՝ իր օրերը լրանալու վրայ են։ Ուստի ան ջանք չի խնայեր որ մարդկութիւնը այն աստիճան ապականեցնէ, որ բարեկարգումը անկարելի ըլլայ, ճիշդ ինչպէս որ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ ըրաւ։ (Ծննդոց 6։1-5. Յուդա 6) «Վա՜յ երկրին ու ծովուն», կ’ըսէ Յայտնութիւն 12։12–ը, «վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը եւ աշխարհի դէպքերը կը մատնանշեն որ հիմա կ’ապրինք այս «քիչ ժամանակ»ուան վերջաւորութեան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այժմ, հանգստութիւնը մօտ է։
Ուրախութիւն Բերող Կառավարութիւն մը
Երրորդ պատճառ մը թէ Յիսուս ինչո՛ւ քաղաքականութենէ հեռու մնաց, այն է՝ թէ ան գիտէր որ ապագային, որոշուած ժամանակ մը, Աստուած երկնային կառավարութիւն մը պիտի հաստատէր երկրի վրայ իշխելու համար։ Աստուածաշունչը այս կառավարութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը կոչէ, եւ անիկա Յիսուսի ուսուցման գլխաւոր բնաբանն էր։ (Ղուկաս 4։44. Յայտնութիւն 11։15) Յիսուս սորվեցուց իր աշակերտներուն որ աղօթեն այդ Թագաւորութեան գալուն համար, քանի որ միայն անոր իշխանութեան ներքեւ է որ ‘Աստուծոյ կամքը պիտի ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’։ (Մատթէոս 6։9, 10) Թերեւս հարց տաք. ‘Եթէ այս Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ, մարդակերտ կառավարութիւններուն ի՞նչ պիտի պատահի’։
Պատասխանը կը գտնուի Դանիէլ 2։44–ի մէջ. «[Ներկայ դրութեան վերջաւորութեան իշխող] թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր [մարդակերտ] թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչո՞ւ պէտք է «փշրէ» երկրային իշխանութիւնները։ Քանի որ անոնք կը պնդեն յաւերժացնել Աստուած նախատող ինքնորոշման հոգին, որ Եդեմի դրախտին մէջ Սատանան յառաջ քշած էր։ Մարդոց լաւագոյն շահերուն հակառակ աշխատելէ զատ, այդ հոգին յաւերժացնել ջանացողները Ստեղծիչին հետ բախում պիտի ունենան։ (Սաղմոս 2։6-12. Յայտնութիւն 16։14, 16) Ուստի, մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Աստուծոյ իշխանութեան հե՞տ, թէ՝ անոր դէմ եմ’։
Որո՞ւ Գերիշխանութիւնը Պիտի Ընտրէք
Մարդոց օգնելու որ իշխանութեան մասին իրազեկ որոշումներ տան, Յիսուս իր աշակերտներուն յանձնարարեց որ քարոզեն «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ . . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու», ներկայ դրութեան վախճանը գալէն առաջ։ (Մատթէոս 24։14) Այսօր, որո՞նք ճանչցուած են համայն աշխարհի մէջ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզողներ։ Եհովայի Վկաները։ Իրականութեան մէջ, երկար ժամանակէ ի վեր այս պարբերաթերթին կողքը կը կրէ՝ «Կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը» բառերը։ Ներկայիս շուրջ վեց միլիոն Վկաներ աւելի քան 230 երկիրներու մէջ մարդոց կ’օգնեն որ ճշգրիտ գիտութիւն ստանան այդ Թագաւորութեան մասին։ *
Օրհնութիւններ՝ Թագաւորութեան Հպատակներուն
Յիսուս միշտ Աստուծոյ հաճելի եղած կերպով կը վարուէր։ Ուստի, փոխանակ անկախ ընթացք մը ընտրելու եւ քաղաքական միջոցներով ներկայ իրերու Դանիէլ 7։13, 14
դրութեան նեցուկ կանգնելու կամ զայն բարելաւելու, Յիսուս ջանադրութեամբ աշխատեցաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը յառաջ քշել, որ աշխարհի խնդիրներուն միակ լուծումն է։ Իր հաւատարմութեան համար վարձատրուեցաւ երկնքի մէջ փառաւոր գահով մը, որպէս այդ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Աստուծոյ ենթարկուելուն համար ի՜նչ սքանչելի մրցանակ մը։—Այսօր, միլիոնաւորներ որոնք Յիսուսը կ’ընդօրինակեն՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը առաջին տեղ դնելով եւ Աստուծոյ կամքին ենթարկուելով, նաեւ պիտի վայելեն սքանչելի պարգեւ մը, որ է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային հպատակները ըլլալու առանձնաշնորհումը։ (Մատթէոս 6։33) Անոր սիրալիր իշխանութեան ներքեւ, անոնք մարդկային կատարելութեան պիտի բարձրացուին, յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Ա. Յովհաննու 2։17–ն կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ Սատանան եւ իր հետեւորդները մէջտեղէն վերցուած եւ երկիրը աշխարհածաւալ դրախտի մը վերածուած ըլլալով, պառակտիչ ազգայնականութենէ, ապականած առեւտրական դրութիւններէ եւ սուտ կրօնքէ զերծ, ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլայ հոս մնալ առյաւէտ։—Սաղմոս 37։29. 72։16
Այո, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրապէս ուրախ աշխարհի մը իսկական բանալին է, եւ զայն ծանուցանող պատգամը պատշաճօրէն կը կոչուի՝ բարի լուր։ Յաջորդ անգամ երբ Եհովայի Վկայ մը ձեր տունը այցելէ, ինչո՞ւ այս բարի լուրը չողջունէք, եթէ տակաւին այս մէկը չէք ըրած։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 16 Քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ջատագովեն, Եհովայի Վկաները քաղաքականութեան չեն խառնուիր, ոչ ալ ըմբոստութիւն կը հրահրեն աշխարհիկ կառավարութիւններու դէմ, նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ՝ ուր Վկաները բանադրանքի տակ են, կամ կը հալածուին։ (Տիտոս 3։1) Փոխարէն, անոնք կը ջանան դրական, հոգեւոր, ոչ–քաղաքական նպաստ մը բերել, Յիսուսի եւ իր առաջին դարու աշակերտներուն ըրած կերպով։ Իրենց զանազան համայնքներուն մէջ, Վկաները կը ջանան օգնել արդարութեան հակամէտ եղող անհատներուն, որպէսզի օգտակար սուրբ գրային արժէքներ որդեգրեն, ինչպէս՝ ընտանեկան սէր, պարկեշտութիւն, բարոյական մաքրութիւն, եւ աշխատանքի լաւ բարոյագիտութիւն։ Գլխաւորաբար անոնք մարդոց կը սորվեցնեն Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւիլ, եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան նայիլ որպէս մարդկութեան իսկական յոյսը։
[Նկարներ՝ էջ 5]
Պատմութիւնը կը փաստէ որ մարդիկ առանց Աստուծոյ չեն կրնար յաջողութեամբ իշխել
[Նկար՝ էջ 5]
Քանի որ ներկայ ‘իրերու դրութեան’ վրայ կ’իշխէ, Սատանան կրնար Յիսուսի հրամցնել «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները»
[Նկարներ՝ էջ 7]
Յիսուս սորվեցուց թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան կարգադրութեան ներքեւ, աշխարհը սքանչելի տեղ մը պիտի ըլլայ