Եհովա երկայնամիտ Աստուած մըն է
Եհովա երկայնամիտ Աստուած մըն է
«Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար [է], երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով»։—ԵԼԻՑ 34։6
1, 2. (ա) Անցեալին, որո՞նք Եհովայի երկայնմտութենէն օգտուեցան։ (բ) «Երկայնմտութիւն» ի՞նչ կը նշանակէ։
ՆՈՅԻ օրուան մարդիկը, Մովսէսի հետ անապատին մէջ թափառող Իսրայելացիները, Յիսուսի երկրի վրայ եղած ատեն ապրող Հրեաները՝ բոլորն ալ տարբեր պայմաններու ներքեւ ապրեցան։ Բայց բոլորն ալ օգտուեցան Եհովայի նոյն ազնիւ յատկութենէն՝ երկայնմտութենէն։ Ոմանց համար, անիկա վերապրում նշանակեց։ Եհովայի երկայնմտութիւնը մեզի համար ալ կրնայ կեանք նշանակել։
2 Երկայնմտութիւնը ի՞նչ է։ Եհովա ե՞րբ ցոյց կու տայ զայն եւ ինչո՛ւ։ «Երկայնմտութիւն»ը սահմանուած է որպէս «համբերութեամբ տոկալ սխալի կամ գրգռումի, մերժելով խզուած յարաբերութիւն մը բարելաւելու նկատմամբ ամէն յոյս կտրել»։ Ուստի, այս յատկութիւնը նպատակ մը ունի։ Անիկա մասնաւորաբար անհաճելի վիճակ ստեղծողին բարօրութիւնը կը փնտռէ։ Բայց երկայնամիտ ըլլալ չի նշանակեր սխալին հանդուրժել։ Երբ երկայնմտութեան նպատակը իրագործուի, կամ երբ այլեւս կացութեան մը հանդուրժելու հարկ չըլլայ, երկայնմտութեան կարիքը չի մնար։
3. Եհովայի երկայնմտութեան նպատակը ի՞նչ եղած է, եւ ե՛րբ վերջ կը գտնէ։
3 Թէեւ մարդիկ կրնան երկայնամիտ ըլլալ, բայց Եհովա է այս յատկութեան գերագոյն օրինակը։ Մեղքը Եհովայի ու մարդ արարածներուն միջեւ յարաբերութիւնը խզելէն ի վեր, մեր Ստեղծիչը համբերատար գտնուած է եւ միջոց մը հայթայթած է, որով զղջացող մարդիկը կրնան իրենց յարաբերութիւնը վերահաստատել իրեն հետ։ (Բ. Պետրոս 3։9. Ա. Յովհաննու 4։10) Բայց երբ իր երկայնմտութիւնը իր նպատակը իրագործած ըլլայ, Աստուած քայլեր պիտի առնէ կամակոր յանցագործներուն դէմ, ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը իր վախճանին բերելով։—Բ. Պետրոս 3։7
Աստուծոյ Գլխաւոր Յատկութիւններուն Հետ Ներդաշնակ
4. (ա) Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, երկայնմտութեան գաղափարը ի՞նչպէս արտայայտուած է։ (Տես նաեւ ստորանիշը։) (բ) Նաւում մարգարէն ի՞նչպէս կը նկարագրէ Եհովան, եւ ասիկա ի՞նչ կը յայտնէ Եհովայի երկայնմտութեան մասին։
4 Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, երկայնմտութեան գաղափարը Եբրայերէն երկու բառերով արտայայտուած է, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ռնգունքի լայնութիւն», եւ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը զայն թարգմանած է «բարկութեան մէջ դանդաղ»։ * Աստուծոյ երկայնմտութեան մասին խօսելով, Նաւում մարգարէն ըսաւ. «Եհովան երկայնամիտ է ու անոր զօրութիւնը մեծ է, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։ (Նաւումայ 1։3) Հետեւաբար, Եհովայի երկայնմտութիւնը որեւէ կերպով տկարութեան նշան չէ եւ անսահման ալ չէ։ Քանի որ ամենակալ Աստուած միեւնոյն ատեն բարկութեան մէջ դանդաղ է եւ զօրութեամբ մեծ է, ասիկա ցոյց կու տայ թէ իր երկայնմտութիւնը նպատակալից ինքնազսպումի արդիւնքն է։ Ան պատժելու հեղինակութիւն ունի, բայց անմիջապէս ասիկա ընելէն կամայականօրէն ետ կը կենայ, որպէսզի յանցագործին առիթ տայ որ փոխուի։ (Եզեկիէլ 18։31, 32) Ուստի, Եհովայի երկայնմտութիւնը իր սիրոյն արտայայտութիւնն է եւ իր զօրութիւնը գործածելու մէջ իր իմաստութիւնը կը յայտնէ։
5. Ի՞նչ կերպով Եհովայի երկայնմտութիւնը ներդաշնակ է իր արդարութեան հետ։
Ելից 34։6) Տարիներ ետք, Մովսէս գովաբանեց Եհովան, ըսելով. «Անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Այո, Եհովայի ողորմութիւնը, երկայնմտութիւնը եւ արդարութիւնը իրարու հետ համերաշխօրէն կը գործեն։
5 Եհովայի երկայնմտութիւնը իր արդարութեան հետ ալ ներդաշնակ է։ Ան ինքզինք յայտնեց Մովսէսի, որպէս «Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ (Եհովայի Երկայնմտութիւնը՝ Ջրհեղեղէն Առաջ
6. Եհովա ի՞նչ ուշագրաւ երկայնմտութիւն ցոյց տուած է Ադամի ու Եւայի սերունդին հանդէպ։
6 Եդեմի մէջ Ադամի ու Եւայի ըմբոստութիւնը, իրենց սիրալիր Ստեղծիչին՝ Եհովայի հետ իրենց թանկագին յարաբերութիւնը վերջնականօրէն խզեց։ (Ծննդոց 3։8-13, 23, 24) Այս հեռացումը ազդեց իրենց սերունդին, որոնք մեղք, անկատարութիւն եւ մահ ժառանգեցին։ (Հռովմայեցիս 5։17-19) Թէեւ մարդկային առաջին զոյգը գիտակցաբար մեղանչեցին, Եհովա արտօնեց որ անոնք զաւակներ ունենան։ Հետագային, ան սիրալիր կերպով միջոց մը հայթայթեց, որով Ադամի ու Եւայի զաւակները կրնային հաշտուիլ իրեն հետ։ (Յովհաննու 3։16, 36) Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։ Վասն զի եթէ մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի ապրինք անոր կեանքովը»։—Հռովմայեցիս 5։8-10
7. Եհովա ի՞նչպէս երկայնմտութիւն ցոյց տուաւ Ջրհեղեղէն առաջ, եւ նախաջրհեղեղեան սերունդին բնաջնջումը ինչո՞ւ արդարացի էր։
7 Եհովայի երկայնմտութիւնը Նոյի օրերուն բացայայտ եղաւ։ Ջրհեղեղէն աւելի քան դար մը առաջ, «Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր»։ (Ծննդոց 6։12) Այսուհանդերձ, որոշ ժամանակ մը Եհովա երկայնամիտ գտնուեցաւ մարդկութեան հանդէպ։ Ան ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։ (Ծննդոց 6։3) Այս 120 տարիները առիթ տուին Նոյի որ ընտանիք մը ունենայ եւ Աստուծմէ պատուէր ստանալէ ետք՝ տապան մը շինէ եւ իր ժամանակակից մարդիկը զգուշացնէ մօտալուտ Ջրհեղեղէ մը։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը՝ երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան»։ (Ա. Պետրոս 3։20) Ճիշդ է որ Նոյի անմիջական ընտանիքէն դուրս, մարդիկ իր քարոզչութիւնը ‘նկատի չառին’։ (Մատթէոս 24։38, 39) Բայց Նոյին տապան մը շինել տալով եւ թերեւս տասնեակ տարիներ որպէս «արդարութեան քարոզիչ» ծառայել տալով, Եհովա Նոյի ժամանակակիցներուն բաւարար առիթ տուաւ որ իրենց բռնութենէն հրաժարէին ու Իրեն ծառայէին։ (Բ. Պետրոս 2։5. Եբրայեցիս 11։7) Այդ ամբարիշտ սերունդին բնաջնջումը իրապէս արդարացի էր։
Իսրայէլի Հանդէպ Օրինակելի Երկայնմտութիւն
8. Ի՞նչպէս Եհովա երկայնմտութիւն ցոյց տուաւ Իսրայէլ ազգին հանդէպ։
8 Իսրայէլի հանդէպ Եհովայի երկայնմտութիւնը 120 տարիէն աւելի տեւեց։ Որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ անոնց պատմութեան աւելի քան 1,500 տարիներու տեւողութեան, յարաբերաբար շատ քիչ ժամանակաշրջաններ կային, երբ Իսրայելացիները Աստուծոյ երկայնմտութիւնը հատցնելու աստիճան փորձի չենթարկեցին զինք։ Եգիպտոսէն իրենց հրաշալի ազատագրութենէն միայն քանի մը շաբաթ ետք, անոնք կռապաշտութեան դարձան, իրենց Փրկիչին հանդէպ շատ մեծ յարգանքի պակաս ցոյց տալով։ (Ելից 32։4. Սաղմոս 106։21) Անոր յաջորդող տասնեակ տարիներու ընթացքին, Իսրայելացիները գանգատ յայտնեցին անապատին մէջ Եհովայի հրաշքով հայթայթած կերակուրին մասին, Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին, Եհովայի դէմ խօսեցան, եւ հեթանոսներու հետ պոռնկութիւն ըրին՝ Բահաղի պաշտամունքին ալ մասնակցելով։ (Թուոց 11։4-6. 14։2-4. 21։5. 25։1-3. Ա. Կորնթացիս 10։6-11) Եհովա կրնար իրաւացիօրէն իր ժողովուրդը բնաջնջել, բայց ան երկայնամիտ գտնուեցաւ։—Թուոց 14։11-21
9. Եհովա ի՞նչպէս երկայնամիտ Աստուած մը ըլլալը փաստեց Դատաւորներուն եւ թագաւորներուն ժամանակ։
9 Դատաւորներուն ժամանակ, Իսրայելացիները կրկին անգամ կռապաշտութեան միջամուխ եղան։ Երբ ասիկա ըրին, Եհովա զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքը ձգեց։ Բայց երբ զղջացին եւ իրմէ օգնութիւն խնդրեցին, ան երկայնամիտ գտնուեցաւ եւ զիրենք ազատագրելու համար դատաւորներ հանեց։ (Դատաւորաց 2։17, 18) Միապետութեան երկար ժամանակաշրջանին ընթացքին, շատ քիչ թագաւորներ բացարձակ նուիրում ցոյց տուին Եհովայի հանդէպ։ Նոյնիսկ հաւատարիմ թագաւորներուն իշխանութեան ներքեւ, ժողովուրդը յաճախ ճշմարիտ պաշտամունքը սուտին հետ կը խառնէր։ Երբ Եհովա մարգարէներ կը հանէր որ անհաւատարմութեան դէմ զգուշացնէին, ժողովուրդը սովորաբար կը նախընտրէր փտած քահանաներուն եւ սուտ մարգարէներուն մտիկ ընել։ (Երեմեայ 5։31. 25։4-7) Արդարեւ, Իսրայելացիները Եհովայի հաւատարիմ մարգարէները հալածեցին, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ սպաննեցին։ (Բ. Մնացորդաց 24։20, 21. Գործք 7։51, 52) Այսուհանդերձ, Եհովա շարունակեց երկայնամիտ գտնուիլ։—Բ. Մնացորդաց 36։15
Եհովայի Երկայնմտութիւնը Վերջ Չգտաւ
10. Եհովայի երկայնմտութիւնը ե՞րբ իր սահմանին հասաւ։
10 Բայց պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ երկայնմտութիւնը սահման ունի։ Հ.Դ.Ա. 740–ին, ան թոյլ տուաւ որ Ասորեստանցիները Դ. Թագաւորաց 17։5, 6) Յաջորդ դարու վերջաւորութեան, ան արտօնեց որ Բաբելոնացիները յարձակին Յուդայի երկու–ցեղեան Թագաւորութեան վրայ եւ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեն։—Բ. Մնացորդաց 36։16-19
տապալեն Իսրայէլի տասը–ցեղեան Թագաւորութիւնը եւ անոր բնակիչները տարագրեն։ (11. Եհովա դատաստան գործադրած ժամանակ իսկ ի՞նչպէս երկայնմտութիւն ցոյց տուաւ։
11 Նոյնիսկ երբ Իսրայէլի ու Յուդայի վրայ իր դատաստանները ի գործ կը դնէր, Եհովա չմոռցաւ երկայնամիտ գտնուիլ։ Իր Երեմիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովա իր ընտրեալ ժողովուրդին վերահաստատումը նախագուշակեց։ Ան ըսաւ. «Երբ Բաբելոնի եօթանասուն տարին լմննայ, ձեզի պիտի այցելեմ եւ ձեզ այս տեղ պիտի դարձնեմ եւ իմ բարի խոստումս պիտի կատարեմ։ Ու ես ձեզի պիտի երեւիմ, . . . ձեզ գերութենէն ետ պիտի դարձնեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ բոլոր ազգերէն ու այն բոլոր տեղերէն, ուր ձեզ ցրուեր էի»։—Երեմեայ 29։10, 14
12. Հրեայ մնացորդի մը Յուդա վերադարձը ի՞նչպէս աստուածային նախախնամութեամբ եղաւ՝ գալիք Մեսիային համար։
12 Բայց տարագրուած Հրեաներէն մնացորդ մը արդարեւ վերադարձաւ Յուդա եւ Երուսաղէմի վերաշինուած տաճարին մէջ Եհովայի պաշտամունքը վերակենդանացուց։ Եհովայի նպատակներուն իրագործման մէջ, այս մնացորդը թարմացում եւ բարգաւաճութիւն բերող ‘Եհովայի շաղին’ պէս պիտի ըլլար։ Անոնք նաեւ քաջ եւ զօրաւոր պիտի ըլլային՝ «ինչպէս առիւծ մը՝ անտառի գազաններուն մէջ»։ (Միքիայ 5։7, 8) Այս վերջին արտայայտութիւնը հաւանաբար կատարուեցաւ Մակաբայեցւոց շրջանին, երբ Հրեաները Մակաբայեցի ընտանիքին հովանաւորութեան ներքեւ իրենց թշնամիները վտարեցին Խոստացեալ Երկրէն եւ վերականգնեցին տաճարը, որ պղծուած էր։ Այս կերպով, երկիրն ու տաճարը պահպանուեցան, որպէսզի ուրիշ հաւատարիմ մնացորդ մը կարենար ողջունել Աստուծոյ Որդին, երբ ան երկրի վրայ յայտնուէր որպէս Մեսիան։—Դանիէլ 9։25. Ղուկաս 1։13-17, 67-79. 3։15, 21, 22
13. Հրեաները իր Որդին սպաննելէն ետք իսկ, Եհովա ի՞նչպէս շարունակեց երկայնմտութիւն ցոյց տալ։
13 Հրեաները իր Որդին սպաննելէն ետք իսկ, Եհովա շարունակեց երեքուկէս տարուան շրջան մը երկայնմտութիւն ցոյց տալ անոնց հանդէպ, Աբրահամի հոգեւոր սերունդին մաս կազմելու բացարձակ պատեհութիւնը տալով անոնց։ (Դանիէլ 9։27) * Հ.Դ. 36–էն առաջ եւ վերջ, կարգ մը Հրեաներ այս կոչին ընդառաջեցին եւ այս կերպով «շնորհքով ընտրուած մնացորդ մը» եղան, ըստ Պօղոսի արտայայտութեան։—Հռովմայեցիս 11։5
14. (ա) Հ.Դ. 36–ին, Աբրահամի հոգեւոր սերունդին մաս կազմելու առանձնաշնորհումը որո՞նց տրուեցաւ։ (բ) Հոգեւոր Իսրայէլի անդամները ընտրելու Եհովայի կերպին մասին Պօղոս ի՞նչպէս արտայայտուեցաւ։
14 Հ.Դ. 36–ին, Աբրահամի հոգեւոր սերունդին մաս կազմելու թանկագին առիթը առաջին անգամ ըլլալով տրուեցաւ անոնց՝ որոնք ո՛չ Հրեայ էին եւ ոչ ալ նորադարձ։ Սիրով ընդառաջող ոեւէ անհատ Եհովայի անարժան ողորմութենէն ու երկայնմտութենէն օգտուեցաւ։ (Գաղատացիս 3։26-29. Եփեսացիս 2։4-7) Հոգեւոր Իսրայէլին թիւը ամբողջացնելու նպատակաւ Եհովայի ողորմածօրէն ցոյց տուած երկայնմտութեան ետին գտնուող իմաստութեան եւ նպատակին հանդէպ խոր գնահատութիւն արտայայտելով, Պօղոս բացագանչեց. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները»։—Հռովմայեցիս 11։25, 26, 33. Գաղատացիս 6։15, 16
Երկայնամիտ՝ Իր Անուան Սիրոյն
15. Աստուծոյ երկայնմտութեան գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է, եւ ո՞ր հարցին լուծումը ժամանակի կը կարօտէր։
15 Եհովա ինչո՞ւ երկայնամիտ կը գտնուի։ Գլխաւորաբար՝ իր սուրբ անունը պանծացնելու եւ իր գերիշխանութիւնը ջատագովելու համար։ (Ա. Թագաւորաց 12։20-22) Իր գերիշխանութիւնը գործածելու Եհովայի կերպին մասին Սատանայի յարուցանած բարոյական հարցը՝ ժամանակի կը կարօտէր, ամբողջ ստեղծագործութեան դիմաց զայն գոհացուցիչ կերպով լուծուելու համար։ (Յոբայ 1։9-11. 42։2, 5, 6) Ուստի, Եգիպտոսի մէջ երբ իր ժողովուրդը հարստահարուած էր, Եհովա ըսաւ Փարաւոնին. «Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի»։—Ելից 9։16
16. (ա) Եհովայի երկայնմտութիւնը ի՞նչպէս կարելի ըրաւ որ իր անուան համար ժողովուրդ մը պատրաստուի։ (բ) Եհովայի անունը ի՞նչպէս պիտի սրբացուի եւ իր գերիշխանութիւնը ջատագովուի։
16 Փարաւոնին ուղղած Եհովայի խօսքը մէջբերուեցաւ, երբ Պօղոս առաքեալ բացատրութիւն կու տար Իր սուրբ անունը փառաւորելու մէջ Աստուծոյ երկայնմտութեան խաղցած դերին մասին։ Անկէ ետք Պօղոս գրեց. «Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնմտութիւն ցոյց տայ ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած։ Եւ կամ եթէ ուզէ իր փառքին ճոխութիւնը ցուցնել ողորմութիւն գտնող անօթներուն, այն փառքին համար, որ նախապէս պատրաստեց. այսինքն՝ մեզի՝ որ կանչեց, ո՛չ թէ միայն Հրեաներէն, հապա հեթանոսներէն ալ. ինչպէս Ովսէէի մէջ ալ կ’ըսէ. ‘Իմ ժողովուրդս չեղողը իմ ժողովուրդս պիտի կոչեմ’»։ (Հռովմայեցիս 9։17, 22-25) Որովհետեւ Եհովա երկայնամիտ գտնուեցաւ, ան կրցաւ ժողովուրդ մը «առնել իր անուանը համար»։ (Գործք 15։14) Իրենց Գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ, այս «սուրբեր»ը ժառանգորդներն են այն Թագաւորութեան, զոր Եհովա պիտի գործածէ Իր մեծ անունը սրբացնելու եւ Իր գերիշխանութիւնը ջատագովելու համար։—Դանիէլ 2։44. 7։13, 14, 27. Յայտնութիւն 4։9, 10. 5։9, 10
Եհովայի Երկայնմտութիւնը Փրկութիւն կ’Իրագործէ
17, 18. (ա) Ի՞նչ ընելով անգիտակցաբար Եհովան քննադատած կ’ըլլանք իր երկայնմտութեան համար։ (բ) Եհովայի երկայնմտութիւնը ի՞նչպէս պէտք է դիտենք։
17 Մարդկութիւնը աղիտաբեր մեղքի մէջ իյնալէն ի վեր, Եհովա երկայնամիտ Աստուած մը ըլլալը ցոյց տուած է։ Ջրհեղեղէն առաջ իր երկայնմտութիւնը ժամանակ տուաւ, որպէսզի պէտք եղած ազդարարութիւնը տրուի եւ փրկութեան միջոց մը շինուի։ Բայց իր համբերութիւնը վերջ գտաւ եւ Ջրհեղեղը եկաւ։ Նոյնն է պարագան այսօր, Եհովա շատ մեծ երկայնմտութիւն ցոյց կու տայ եւ ասիկա ոմանց ակնկալածէն աւելի երկար տեւած է։ Բայց անիկա պատճառ մը չէ որ ձեռնթափ ըլլանք։ Ասիկա պիտի նշանակէր Աստուած քննադատել՝ երկայնամիտ ըլլալուն համար։ Պօղոս հարցուց. «Անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնմտութիւնը կ’արհամարհե՞ս։ Չե՞ս գիտեր թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ»։—Հռովմայեցիս 2։4
18 Ո՛չ մէկս կրնանք գիտնալ թէ ո՛ր տարողութեամբ Աստուծոյ երկայնմտութեան պէտք ունինք՝ փրկուելու համար իր հաճութիւնը շահելու համար։ Պօղոս կը խրատէ որ շարունակենք ‘ահով ու դողով մեր անձերնուն փրկութեան համար գործել’։ (Փիլիպպեցիս 2։12) Պետրոս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն գրեց. «Տէրը չ’ուշացներ իր խոստումին կատարումը, այնպէս՝ ինչպէս ոմանք կը հասկնան ուշացումը։ Տէրը պարզապէս համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ’ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ’ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան»։—Բ. Պետրոս 3։9, Անթիլիաս
19. Ի՞նչ կերպով կրնանք օգտուիլ Եհովայի երկայնմտութենէն։
19 Ուստի, հարցերը ձեռք առնելու Եհովայի կերպին նկատմամբ անհամբեր չըլլանք։ Հապա Պետրոսի խրատին հետեւինք եւ «Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպենք»։ Որո՞ւ փրկութիւնը։ Մեր՝ եւ միեւնոյն ատեն անհամար ուրիշներուն փրկութիւնը, որոնք տակաւին պէտք ունին լսելու «թագաւորութեան բարի լուրը»։ (Բ. Պետրոս 3։15. Մատթէոս 24։14, ՆԱ) Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ գնահատենք Եհովայի անհաշիւ երկայնմտութիւնը եւ մեր կարգին երկայնամիտ ըլլանք, ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքին մէջ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Եբրայերէնին մէջ, «քիթ»ի կամ «ռունգ»ի համար բառը (աֆ), յաճախ այլաբանօրէն գործածուած է բարկութեան համար։ Ասիկա՝ բարկացած անհատին բուռն շնչառութեան կամ փնչելուն պատճառաւ է։
^ պարբ. 13 Այս մարգարէութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան, էջ 191-194, Եհովայի Վկաներու կողմէ հրատարակուած։
Կրնա՞ք բացատրել
• «Երկայնամիտ» բառը ի՞նչ կը նշանակէ Աստուածաշունչին մէջ։
• Եհովա իր երկայնմտութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ Ջրհեղեղէն առաջ, բաբելոնական գերութենէն ետք, եւ Հ.Դ. առաջին դարուն։
• Ո՞ր կարեւոր պատճառներով Եհովա երկայնմտութիւն ցուցաբերեց։
• Եհովայի երկայնմտութիւնը ի՞նչպէս պէտք է դիտենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Ջրհեղեղէն առաջ Եհովայի երկայնմտութիւնը մարդոց բաւարար ժամանակ տուաւ որ զղջան
[Նկար՝ էջ 10]
Բաբելոնին անկումէն ետք, Հրեաները օգտուեցան Եհովայի երկայնմտութենէն
[Նկար՝ էջ 11]
Առաջին դարուն, թէ՛ Հրեաները եւ թէ ոչ–Հրեաները օգտուեցան Եհովայի երկայնմտութենէն
[Նկարներ՝ էջ 12]
Ներկայիս Քրիստոնեաները կ’օգտուին Եհովայի երկայնմտութենէն