Եհովայէ վախցէ՛ք ու անոր պատուիրանքները պահեցէ՛ք
Եհովայէ վախցէ՛ք ու անոր պատուիրանքները պահեցէ՛ք
«Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12։13
1, 2. (ա) Վախը ի՞նչպէս կրնայ մեզ պաշտպանել ֆիզիքապէս։ (բ) Իմաստուն ծնողներ ինչո՞ւ կը ջանան իրենց զաւակներուն մէջ առողջ վախ մշակել։
«ՃԻՇԴ ինչպէս որ քաջութիւնը կեանքը կը վտանգէ, այնպէս ալ վախը զայն կը պաշտպանէ», դիտել տուաւ Լիոնարտօ տա Վինչին։ Քաջ ձեւանալը, կամ արկածախնդիր ըլլալը, արգելք կը հանդիսանայ որ անհատը վտանգը տեսնէ, մինչդեռ վախը իրեն կը յիշեցնէ որ զգոյշ ըլլայ։ Օրինակ, եթէ բարձր ժայռի մը ծայրը մօտենանք եւ վար նայինք տեսնելու համար թէ իյնալու պարագային ո՛ւր կը հասնինք, մեզմէ շատեր բնազդաբար ետ կը քաշուին։ Նմանապէս, առողջ վախը ոչ միայն Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութեան մը կը նպաստէ, ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ սորվեցանք, այլեւ կ’օգնէ վնասի դէմ մեզ պահպանելու։
2 Սակայն, շատ մը արդի վտանգներէն վախնալը պէտք է սորվինք։ Քանի որ երախաները ելեկտրականութեան կամ երթեւեկի վտանգներուն անծանօթ են, անոնք կրնան դիւրաւ լուրջ արկածի մը հանդիպիլ։ * Իմաստուն ծնողներ կը ջանան իրենց զաւակներուն մէջ առողջ վախ մշակել, կրկին ու կրկին զանոնք զգուշացնելով զիրենք շրջապատող վտանգներէն։ Ծնողներ գիտեն թէ այս վախը կրնայ իրենց զաւակներուն կեանքը փրկել։
3. Եհովա ինչո՞ւ եւ ի՛նչպէս կը զգուշացնէ մեզ հոգեւոր վտանգներէ։
3 Եհովան ալ նոյնպէս կը հետաքրքրուի մեր բարօրութեամբ։ Որպէս սիրալիր Հայր մը, ան մեզի կը սորվեցնէ իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ, որ մենք մեզի օգտակար դառնանք։ (Եսայեայ 48։17) Աստուածային այս ուսուցումի յայտագրին մաս կը կազմէ «մեծ փութով» մեզ զգուշացնել հոգեւոր թակարդներէ, որպէսզի կարենանք այսպիսի վտանգներու հանդէպ առողջ վախ մը մշակել։ (Բ. Մնացորդաց 36։15. Բ. Պետրոս 3։1) Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ հոգեւոր աղէտներու եւ տառապանքներու առաջքը կարելի էր առնել ‘եթէ միայն մարդիկ իրենց սիրտը մշակէին որ Աստուծմէ վախնար եւ անոր պատուիրանքները պահէր’։ (Բ. Օրինաց 5։29, ՆԱ) Այս «չար ժամանակներ»ուն, ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը մշակել որ Աստուծմէ վախնայ եւ հոգեւոր վտանգներէ խուսափի։—Բ. Տիմոթէոս 3։1
Չարէն Ետ Կեցէք
4. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչպիսի ատելութիւն պէտք է զարգացնեն։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կը զգայ մեղաւոր ընթացքի մը նկատմամբ։ (Տես ստորանիշը։)
4 Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ «Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ»։ (Առակաց 8։13) Աստուածաշունչի բառարան մը այս ատելութիւնը կը նկարագրէ որպէս «զգացական կեցուածք մը՝ անհատներու ու բաներու հանդէպ, որոնց մարդիկ հակառակ են, որոնք ատուած ու արհամարհուած են, եւ որոնց հետ անհատը չի փափաքիր շփում կամ յարաբերութիւն ունենալ»։ Ուստի, աստուածավախութիւնը կը պարփակէ ներքին խորշում կամ զզուանք մը՝ Եհովայի աչքին չարութիւն նկատուող բոլոր բաներուն հանդէպ։ * (Սաղմոս 97։10) Անիկա մեզ կը մղէ չարութենէ ետ կենալու, ճիշդ ինչպէս որ ետ պիտի քաշուէինք բարձր ժայռի մը ծայրէն, երբ մեր բնազդային վախը ահազանգ հնչեցնէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ»։—Առակաց 16։6
5. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք մեր աստուածավախութիւնը եւ չարութեան հանդէպ մեր ատելութիւնը զօրացնել։ (բ) Իսրայէլ ազգին պատմութիւնը այս առնչութեամբ մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։
5 Կրնանք այս առողջ վախը եւ չարութեան հանդէպ ատելութիւնը զօրացնել, նկատի առնելով մեղքին յառաջացուցած անխուսափելի վնասակար հետեւանքները։ Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ ի՛նչ որ սերմանենք նոյնը պիտի հնձենք, ըլլայ մարմնին թէ հոգիին։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Այս պատճառով Եհովա յստակօրէն նկարագրեց իր պատուիրանքները զանց ընելուն եւ ճշմարիտ պաշտամունքը լքելուն անխուսափելի հետեւանքները։ Առանց աստուածային պաշտպանութեան, փոքր եւ անպաշտպան Իսրայէլ ազգը, անգութ ու զօրաւոր դրացիներուն տիրապետութեան ներքեւ պիտի գար։ (Բ. Օրինաց 28։15, 45-48) Իսրայէլի անհնազանդութեան աղիտալի հետեւանքը մանրամասնութեամբ արձանագրուած է Աստուածաշունչին մէջ՝ «խրատ ըլլալու համար», որպէսզի կարենանք դաս առնել եւ աստուածավախութիւն մշակել։—Ա. Կորնթացիս 10։11
6. Ի՞նչ կարգ մը սուրբ գրային օրինակներ կրնանք նկատի առնել աստուածավախութիւն սորվելու համար։ (Տես՝ ստորանիշը։)
6 Որպէս ամբողջութիւն Իսրայէլ ազգին պատահածէն զատ, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ անհատներու մասին՝ որոնք նախանձի, անբարոյութեան, ագահութեան, կամ հպարտութեան տեղի տուին։ * Այս տղամարդոցմէ ոմանք երկար տարիներ Եհովայի ծառայած էին, սակայն, իրենց կեանքին մէջ ճակատագրական մէկ պահուն, իրենց աստուածավախութիւնը բաւարար չափով զօրաւոր չէր, ուստի աղիտալի հետեւանք մը հնձեցին։ Սուրբ գրային այսպիսի օրինակներու մասին խոկալը, նման սխալներ չգործելու մեր վճռակամութիւնը կրնայ զօրացնել։ Որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլար եթէ սպասէինք մինչեւ որ անձնապէս ողբերգութիւն մը պատահէր մեզի, Աստուծոյ խրատին հնազանդելէն առաջ։ Ընդհանրապէս ընդունուած կարծիքի մը հակառակը, փորձառութիւնը՝ մանաւանդ ինքնահաճութեամբ ձեռք ձգուած փորձառութիւնը՝ լաւագոյն ուսուցիչը չէ։—Սաղմոս 19։7
7. Եհովա զո՞վ կը հրաւիրէ իր այլաբանական վրանին մէջ։
7 Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը պահպանելու մեր փափաքը, աստուածավախութիւն մշակելու ուրիշ զօրաւոր պատճառ մըն է։ Կը վախնանք Եհովան տհաճեցնելէ, քանի որ իր բարեկամութիւնը Սաղմոս 15։1, 2) Եթէ Ստեղծիչին հետ մեր ունեցած այս առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնը արժեւորենք, զգոյշ պիտի ըլլանք որ իր աչքին առջեւ անմեղութեամբ քալենք։
կ’արժեւորենք։ Աստուած զո՞վ բարեկամ մը կը նկատէ, եւ զայն իր այլաբանական վրանը կը հրաւիրէ։ Միայն այն անհատը որ «անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ»։ (8. Մաղաքիայի օրուան Իսրայելացիներէն ոմանք Եհովայի հետ բարեկամութիւնը ի՞նչպէս թեթեւի առին։
8 Դժբախտաբար, Մաղաքիայի օրուան Իսրայելացիներէն ոմանք, Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը թեթեւի առին։ Փոխանակ Եհովայէ վախնալու եւ զինք պատուելու, անոնք իր զոհասեղանին վրայ հիւանդ ու կաղ անասուններ մատուցանեցին։ Անոնց աստուածավախութիւն չունենալը նաեւ արտացոլացուեցաւ ամուսնութեան հանդէպ իրենց կեցուածքով։ Անոնք աննշան պատճառներով իրենց երիտասարդութեան կիները արձակեցին, տարիքով աւելի պզտիկ կիներու հետ ամուսնանալու համար։ Մաղաքիա անոնց ըսաւ թէ Եհովա կ’ատէր «կին արձակելը» եւ թէ իրենց անհաւատարիմ հոգին զիրենք օտարացուցած էր իրենց Աստուծմէն։ Աստուած ի՞նչպէս կրնար հաճութեամբ նայիլ անոնց զոհերուն, երբ զոհասեղանը այլաբանականօրէն ծածկուած էր իրենց լքած կիներուն դառն արցունքներով։ Իր չափանիշներուն հանդէպ այս բացայայտ յարգանքի պակասը մղեց Եհովան որ հարցնէ. «Իմ վախս ո՞ւր է»։—Մաղաքեայ 1։6-8. 2։13-16
9, 10. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովայի բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք։
9 Ներկայիս ալ Եհովա կը տեսնէ բազմաթիւ անմեղ կողակիցներու ու զաւակներու սրտաբեկութիւնը, որոնք ջախջախուած են անձնասէր ու անբարոյ ամուսիններու եւ հայրերու, կամ նոյնիսկ կիներու եւ մայրերու կողմէ։ Վստահաբար ասիկա զինք կը վշտացնէ։ Աստուծոյ բարեկամ մը հարցերը պիտի դիտէ Աստուծոյ տեսանկիւնէն, եւ ծանր պիտի աշխատի որ իր ամուսնութիւնը զօրացնէ, ամուսնութեան կապին կարեւորութիւնը նսեմացնող աշխարհային մտածելակերպը մերժէ եւ ‘պոռնկութենէ փախչի’։—Ա. Կորնթացիս 6։18
10 Մեր ամուսնութեան ինչպէս նաեւ կեանքի այլ մարզերուն մէջ, Եհովայի աչքին չարութիւն նկատուած բոլոր բաներուն հանդէպ ատելութիւնը, իր բարեկամութեան հանդէպ խոր գնահատութեան հետ մէկտեղ, Եհովայի հաճութեան եւ հաւանութեան պիտի արժանանայ։ Պետրոս առաքեալ հաստատ կերպով ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Սուրբ գրային շատ մը օրինակներ ունինք, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս աստուածավախութիւնը անհատներ մղեց որ շիտակը ընեն, զանազան փորձիչ պարագաներու ներքեւ։
Երեք Աստուածավախ Անհատներ
11. Ի՞նչ պայմաններու ներքեւ Աբրահամ ‘Աստուծմէ վախցող’ մը կոչուեցաւ։
11 Աստուածաշունչին մէջ մէկ մարդ կայ, զոր Եհովա անձամբ իր բարեկամը կոչեց՝ Աբրահամ նահապետ։ (Եսայեայ 41։8, ՆԱ) Աբրահամի աստուածավախութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ, երբ Աստուած իրմէ խնդրեց որ իր մէկ հատիկ որդին՝ Իսահակը՝ զոհ մատուցանէ, որուն միջոցաւ Աստուած իր խոստումը պիտի կատարէր թէ՝ Աբրահամի սերունդը մեծ ազգ մը պիտի ըլլար։ (Ծննդոց 12։2, 3. 17։19) «Աստուծոյ բարեկամ»ը այս ցաւագին փորձէն յաջողութեամբ պիտի անցնէ՞ր։ (Յակոբու 2։23) Ճիշդ այն պահուն երբ Աբրահամ իր դանակը վերցուց որ Իսահակը մեռցնէ, Եհովայի հրեշտակը ըսաւ. «Տղուն ձեռք մի՛ դպցներ եւ անոր բան մը մի՛ ըներ. քանզի հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինծմէ չխնայեցիր»։—Ծննդոց 22։10-12
12. Ի՞նչ բան մղեց որ Աբրահամ աստուածավախութիւն ցուցաբերէ, եւ ի՞նչպէս կրնանք նոյնանման հոգի մը ցուցաբերել։
12 Թէեւ Աբրահամ նախապէս փաստած էր թէ Եհովայէ վախցող մըն էր, սակայն, այդ առթիւ իր աստուածավախութիւնը ցուցաբերեց աչքառու կերպով մը։ Իսահակը զոհելու իր պատրաստակամութիւնը, յարգալից հնազանդութիւն ցուցադրելէն շատ աւելին էր։ Աբրահամ մղուած էր բացարձակ վստահութեամբ մը, թէ իր երկնաւոր Հայրը Իր խոստումը պիտի կատարէր Իսահակը յարուցանելով, եթէ անհրաժեշտ ըլլար։ Ինչպէս Պօղոս գրեց, Աբրահամ «իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան [Աստուած] որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ»։ (Հռովմայեցիս 4։16-21) Պատրա՞ստ ենք Աստուծոյ կամքը կատարելու, նոյնիսկ երբ անիկա մեծ զոհողութիւններ պահանջէ։ Լման վստահութիւն ունի՞նք թէ այսպիսի հնազանդութիւն մնայուն օգուտներ պիտի բերէ, գիտնալով թէ Եհովան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Ասիկա՛ է իսկական աստուածավախութիւնը։—Սաղմոս 115։11
13. Յովսէփ ինչո՞ւ իրաւացիօրէն կրնար ինքզինք նկարագրել որպէս ‘Աստուծմէ վախցող’ անհատ մը։
13 Այժմ նկատի առնենք գործօն աստուածավախութեան ուրիշ օրինակ մը՝ Յովսէփը։ Պետափրէսի տան մէջ գերի մը ըլլալով, Յովսէփ ամէն օր շնութիւն գործելու ճնշումը կը դիմագրաւէր։ Ըստ երեւոյթին կերպ մը չկար որ խուսափէր իր տիրոջ կնկան հետ շփման մէջ գալէ, որ յարատեւաբար անբարոյ առաջարկներ կ’ընէր իրեն։ Ի վերջոյ, երբ կինը «բռնեց անոր հանդերձէն», ան «փախաւ, դուրս ելաւ»։ Ի՞նչ բան մղեց զինք որ անմիջապէս չարութենէ ետ քաշուի։ Անկասկած, գլխաւոր ազդակը աստուածավախութիւնն էր, ‘այս մեծ չարութիւնը գործելէ խուսափելու եւ Աստուծոյ դէմ չմեղանչելու’ փափաքը։ (Ծննդոց 39։7-12) Յովսէփ կրնար իրաւացիօրէն ինքզինք նկարագրել որպէս ‘Աստուծմէ վախցող’ անհատ մը։—Ծննդոց 42։18
14. Յովսէփի ողորմութիւնը ի՞նչպէս իսկական աստուածավախութիւն արտացոլացուց։
14 Տարիներ ետք, Յովսէփ դէմ յանդիման գտնուեցաւ իր եղբայրներուն հետ, որոնք անսրտօրէն զինք գերութեան ծախած էին։ Ան դիւրաւ կրնար ուտելիքի անոնց ստիպողական կարիքը գործածել որպէս առիթ մը իր դէմ անոնց ըրածին վրէժը լուծելու։ Սակայն, մարդոց հետ խստութեամբ վարուիլը, աստուածավախութիւն չ’արտացոլացներ։ (Ղեւտացւոց 25։43) Ուստի, երբ Յովսէփ բաւարար ապացոյց ունեցաւ թէ իր եղբայրներուն սիրտը փոխուած էր, ան ողորմածօրէն անոնց ներեց։ Յովսէփի նման, մեր աստուածավախութիւնը պիտի մղէ մեզ որ չարին յաղթենք բարիով, ինչպէս նաեւ փորձութեան մէջ իյնալէ ետ կենանք։—Ծննդոց 45։1-11. Սաղմոս 130։3, 4. Հռովմայեցիս 12։17-21
15. Ինչո՞ւ Յոբի վարքը Եհովայի սիրտը ուրախացուց։
15 Յոբ աստուածավախութեան ուրիշ աչքառու օրինակ մըն էր։ Եհովա Բանսարկուին ըսաւ. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։ (Յոբայ 1։8) Տարիներ շարունակ, Յոբի անմեղ վարքը իր երկնաւոր Հօր սիրտը ուրախացուցած էր։ Յոբ Աստուծմէ կը վախնար, քանի որ գիտէր թէ ասիկա շիտակ բան մը եւ ապրելու լաւագոյն կերպն էր։ Յոբ ըսաւ. «Ահա Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը ու չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է»։ (Յոբայ 28։28) Ամուսնացած ըլլալով, Յոբ անպատշաճ նայուածքներ չէր նետեր երիտասարդուհիներու վրայ, ոչ ալ իր սրտին մէջ անբարոյ ծրագիրներ կը սնուցանէր։ Թէեւ մեծահարուստ էր, ան մերժեց իր վստահութիւնը հարստութեան վրայ դնել, եւ ամէն տեսակ կռապաշտութենէ հեռու կեցաւ։—Յոբայ 31։1, 9-11, 24-28
16. (ա) Յոբ ի՞նչ կերպերով ողորմութիւն ի գործ դրաւ։ (բ) Յոբ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ներելէ ետ չէր կենար։
16 Սակայն, չարութենէ ետ կենալէ զատ, աստուածավախութիւնը նաեւ կը նշանակէ բարին ընել։ Հետեւաբար, Յոբ կարեկից հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ կոյրին, կաղին եւ աղքատին հանդէպ։ (Ղեւտացւոց 19։14. Յոբայ 29։15, 16) Յոբ հասկցաւ թէ «ան որ բարեկամի մը օգնութիւնը [«ողորմութիւնը», ՆԱ] կը հեռացնէ, Ամենակարողին վախը կը մերժէ»։ (Յոբայ 6։14) Ողորմութիւնը հեռացնելը կրնայ պարփակել ներելէ ետ կենալ կամ ոխ պահել։ Աստուծոյ տուած ուղղութեան համաձայն, Յոբ իր երեք բարեկամներուն համար աղօթեց, որոնք իրեն մեծ վիշտ պատճառած էին։ (Յոբայ 42։7-10) Մենք ալ կրնա՞նք այսպիսի ներողամտութեան հոգի մը ցուցաբերել հաւատակիցի մը հանդէպ, որ կերպով մը մեզ վիրաւորած կրնայ ըլլալ։ Մեզ վիրաւորած անհատին համար սրտանց աղօթք մը ընելը, շատ պիտի օգնէ որ ոխակալութիւնը յաղթահարենք։ Իր աստուածավախութեան համար Յոբի վայելած օրհնութիւնները, նախաշող մըն են այն ‘մեծ բարութեան՝ որ Եհովան իրմէ վախցողներուն համար պահած է’։—Սաղմոս 31։19. Յակոբու 5։11
Աստուծոյ Վախը Ընդդէմ՝ Մարդու Վախին
17. Մարդու վախը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել, սակայն, այսպիսի վախ մը ինչո՛ւ կարճատես է։
17 Մինչ Աստուծոյ վախը կրնայ մեզ մղել որ շիտակը ընենք, մարդու վախը կրնայ մեր հաւատքը տկարացնել։ Այս պատճառաւ, երբ առաքեալները կը քաջալերէր որ բարի լուրի նախանձախնդիր քարոզիչներ ըլլան, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել»։ (Մատթէոս 10։28) Յիսուս բացատրեց թէ մարդու վախը կարճատես է, քանի որ մարդիկ չեն կրնար ապագայ կեանքի մեր հեռանկարները կործանել։ Ասկէ զատ, Աստուծմէ կը վախնանք, քանի որ կը գիտակցինք իր ահարկու զօրութեան, որուն դիմաց բոլոր ազգերուն ոյժը աննշան է։ (Եսայեայ 40։15) Աբրահամի նման բացարձակ վստահութիւն ունինք որ Եհովա զօրութիւն ունի Իր հաւատարիմ ծառաները յարուցանելու։ (Յայտնութիւն 2։10) Հետեւաբար, վստահութեամբ կ’ըսենք. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ»։—Հռովմայեցիս 8։31
18. Եհովա ի՞նչ կերպերով կը վարձատրէ իրմէ վախցողները։
18 Մեր հակառակորդը ո՛վ ալ ըլլայ՝ ընտանիքի անդամ մը թէ դպրոցին մէջ կռուազան մը, պիտի տեսնենք թէ «Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ»։ (Առակաց 14։26) Կրնանք Աստուծոյ աղօթել որ մեզի զօրութիւն տայ, գիտնալով թէ ան մեզի պիտի լսէ։ (Սաղմոս 145։19) Եհովա իրմէ վախցողները երբեք չի մոռնար։ Իր Մաղաքիա մարգարէին միջոցաւ, ան կը վստահեցնէ մեզ. «Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։—Մաղաքեայ 3։16
19. Ի՞նչպիսի վախեր վերջ պիտի գտնեն, սակայն, ո՞ր տեսակի վախը յաւիտեան պիտի մնայ։
19 Ժամանակը մօտ է երբ երկրի վրայ ամէն ոք Եհովան պիտի պաշտէ եւ մարդու վախը պիտի անհետանայ։ (Եսայեայ 11։9) Սովի, հիւանդութեան, ոճիրի եւ պատերազմի վախն ալ պիտի չքանայ։ Սակայն, Աստուծոյ վախը յաւիտեան պիտի մնայ, մինչ իր հաւատարիմ ծառաները երկնքի մէջ ու երկրի վրայ կը շարունակեն իրեն հանդէպ պատշաճ յարգանք, հնազանդութիւն եւ պատիւ ցուցաբերել։ (Յայտնութիւն 15։4) Մինչ այդ, բոլորս ալ հնազանդինք Սողոմոնի ներշնչեալ խրատին. «Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր։ Վասն զի իրաւցնէ վախճան մը կայ ու քու յոյսդ պիտի չկտրի»։—Առակաց 23։17, 18
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 2 Կարգ մը չափահասներ վտանգէ վախնալու զգացումը կը կորսնցնեն, երբ գործին մէջ կանոնաւորաբար շփման մէջ կու գան վտանգաւոր պարագաներու հետ։ Երբ հարցուեցաւ թէ ինչո՛ւ շատ մը ատաղձագործներու մէկ մատը չկայ, փորձառու արհեստաւոր մը պարզապէս պատասխանեց. «Անոնք շատ արագ գործող ելեկտրական սղոցներէն վախնալէ կը դադրին»։
^ պարբ. 4 Եհովա կը զգայ այս զզուանքը։ Օրինակ, Եփեսացիս 4։29–ն աղտոտ խօսակցութիւնը կը նկարագրէ որպէս «ապականեալ խօսք»։ «Ապականեալ» թարգմանուած Յունարէն բառը բառացիօրէն կ’ակնարկէ նեխած պտուղի, ձուկի կամ միսի։ Այսպիսի արտայայտութիւն մը վառ կերպով կը նկարագրէ այն զզուանքը, որ պէտք է զգանք նախատական կամ պիղծ խօսակցութեան հանդէպ։ Նմանապէս, կուռքերը Աստուածաշունչին մէջ յաճախ նկարագրուած են որպէս «աղբոտ»։ (Բ. Օրինաց 29։17, ՆԱ. Եզեկիէլ 6։9, ՆԱ) Կղկղանքին, կամ թրիքին, հանդէպ մեր զզուանքը կ’օգնէ հասկնալու կռապաշտութեան որեւէ տեսակի հանդէպ Աստուծոյ զգացած խորշումը։
^ պարբ. 6 Օրինակի համար, նկատի առէք հետեւեալ սուրբ գրային արձանագրութիւնները՝ Կայէնի (Ծննդոց 4։3-12), Դաւիթի (Բ. Թագաւորաց 11։2–12։14), Գէեզիի (Դ. Թագաւորաց 5։20-27), եւ Ոզիայի մասին (Բ. Մնացորդաց 26։16-21)։
Կը յիշէ՞ք
• Ի՞նչպէս կը սորվինք չարութիւնը ատել։
• Մաղաքիայի օրուան Իսրայելացիներէն ոմանք Եհովայի բարեկամութիւնը ի՞նչպէս թեթեւի առին։
• Ի՞նչ կը սորվինք աստուածավախութեան մասին՝ Աբրահամէն, Յովսէփէն եւ Յոբէն։
• Ո՞ր վախը երբեք պիտի չանհետանայ եւ ինչո՛ւ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 19]
Իմաստուն ծնողներ իրենց զաւակներուն մէջ առողջ վախ կը մշակեն
[Նկար՝ էջ 20]
Ճիշդ ինչպէս որ վախը մեզ վտանգէ ետ կը պահէ, նոյնպէս ալ աստուածավախութիւնը մեզ չարութենէ ետ կը պահէ
[Նկար՝ էջ 23]
Յոբ իր աստուածավախութիւնը պահպանեց նոյնիսկ երբ երեք կեղծ բարեկամներ դիմագրաւեց
[Նկարին աղբիւրը]
From the Bible translation Vulgata Latina, 1795