Ճնշուածութենէ հանգստանալու համար գործնական դարման մը
Ճնշուածութենէ հանգստանալու համար գործնական դարման մը
«Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 11։28
1, 2. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կը բովանդակէ, որ կ’օգնէ չափազանց ճնշուածութիւնը թեթեւցնելու։ (բ) Յիսուսի ուսուցումները ո՞րքան ազդու էին։
ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ պիտի համաձայնիք թէ չափազանց ճնշուածութիւնը վնասակար է. անիկա տառապանքի համահաւասար է։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ ամբողջ մարդկութիւնը ա՛յնքան ծանրաբեռնուած է, որ շատեր անհամբեր կը սպասեն ներկայ ճնշիչ կեանքէն հանգստանալ։ (Հռովմայեցիս 8։20-22) Սակայն, Սուրբ Գրութիւնները նաեւ ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս հիմա իսկ կրնանք ճնշուածութենէ բաւարար չափով հանգստանալ։ Ասիկա 20 դար առաջ ապրած երիտասարդի մը խրատին եւ օրինակին հետեւելէն յառաջ կու գայ։ Ան ատաղձագործ մըն էր, սակայն մարդոց հանդէպ աւելի մեծ սէր ունէր։ Ան մարդոց սրտին խօսեցաւ, անոնց կարիքները նկատի առաւ, տկարներուն օգնելով եւ յուսալքուածները մխիթարելով։ Ասկէ աւելին, ան շատերուն օգնեց որ հոգեւորապէս բարգաւաճին։ Այսպիսով անոնք չափազանց ճնշուածութենէ հանգստացան, ինչպէս որ դուք ալ կրնաք։—Ղուկաս 4։16-21. 19։47, 48. Յովհաննու 7։46
2 Այս մարդը՝ Նազովրեցի Յիսուսը, առաջնորդուած չէր այն բարձր ուսումով, որ ոմանք կը փնտռէին վաղեմի Հռովմի, Աթէնքի կամ Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Այսուհանդերձ, անոր ուսուցումները հանրածանօթ են։ Անոնց բնաբանն էր. կառավարութիւնը՝ որուն միջոցաւ Աստուած մեր երկիրը յաջողութեամբ պիտի կառավարէ։ Յիսուս նաեւ բացատրեց ապրելու հիմնական սկզբունքներ, որոնք ի՛րապէս արժէքաւոր են ներկայիս։ Անոնք որոնք Յիսուսի սորվեցուցած բաները կը սորվին եւ կը կիրարկեն, անմիջական օգուտներ կը վայելեն, ի ներառեալ չափազանց ճնշուածութենէ հանգստութիւն։ Պիտի չուզէի՞ք ասիկա վայելել։
3. Յիսուս ի՞նչ հոյակապ հրաւէր մը տուաւ։
3 Թերեւս կասկածներ ունիք։ ‘Ա՛յսքան տարիներ առաջ ապրած անհատ մը կրնա՞յ այժմ կեանքիս վրայ յատկանշական ազդեցութիւն ունենալ’։ Լաւ, մտիկ ըրէք Յիսուսի սրտառուչ խօսքերը. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ (Մատթէոս 11։28-30) Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Թող որ այս խօսքերը մանրամասնօրէն քննենք եւ տեսնենք թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան ճամբան հարթել որ չափազանց ճնշուածութենէ հանգստանանք։
4. Յիսուս որո՞նց խօսեցաւ, եւ իր ունկնդիրները իրենցմէ պահանջուածը ընելը ինչո՞ւ դժուար կրնային նկատել։
4 Յիսուս խօսեցաւ շատերու, որոնք անկեղծօրէն կը ջանային ընել այն ինչ որ օրինաւոր էր, սակայն «բեռնաւորուած» էին, քանի որ Հրեայ առաջնորդները կրօնքը ծանր բեռ մը դարձուցած էին։ (Մատթէոս 23։4) Անոնք կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակներուն համար անսահման օրէնքներ դրած էին։ Ճնշիչ պիտի չըլլա՞ր եթէ շարունակ ձեզի ըսուէր ասիկա «մի՛ ընէք», անիկա «մի՛ ընէք»։ Ասոր հակառակը, Յիսուսի հրաւէրը մարդիկը պիտի առաջնորդէր՝ ճշմարտութեան, արդարութեան, աւելի լաւ կեանքի մը, իրեն մտիկ ընելով։ Այո, ճշմարիտ Աստուածը ճանչնալու կերպը կը պարփակէր Յիսուս Քրիստոսի ուշադրութիւն ընծայել, քանի որ իր մէջ մարդիկ կրնային, եւ կրնան, տեսնել թէ Եհովան ի՛նչպիսի մէկն է։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։—Յովհաննու 14։9
Ձեր Կեանքը Շա՞տ Ճնշիչ Է
5, 6. Յիսուսի օրերուն աշխատանքի պայմանները եւ աշխատավարձքերը ի՞նչպէս էին, այսօրուան հետ բաղդատելով։
5 Այս հարցը կրնայ ձեզ հետաքրքրել, քանի որ ձեր գործը կամ ընտանեկան պարագան թերեւս ճնշիչ է։ Կամ՝ այլ պատասխանատուութիւններ կրնան ջախջախիչ թուիլ։ Եթէ այս է պարագան, դուք կը նմանինք անոնց, որոնց Յիսուս հանդիպեցաւ եւ օգնեց։ Օրինակ, նկատի առէք ապրուստ ճարելու խնդիրը։ Շատեր ներկայիս կը պայքարին այս խնդրին հետ, եւ նոյնն էր պարագան Յիսուսի օրերուն։
6 Այդ ժամանակ, աշխատաւոր մը օրական 12 ժամ կ’աշխատէր, շաբաթը 6 օր, լման օրուան համար սովորաբար միայն մէկ դահեկան աշխատավարձքով։ (Մատթէոս 20։2-10) Ասիկա կրնա՞ք բաղդատել ձեր կամ ձեր բարեկամներուն աշխատավարձքին հետ։ Անցեալի աշխատավարձքերը ներկայ աշխատավարձքերուն հետ բաղդատելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Կերպերէն մէկն է՝ նկատի առնել թէ դրամը ի՛նչ կրնայ գնել։ Ուսումնական մը կ’ըսէ թէ Յիսուսի օրերուն, չորս գաւաթ ցորենի ալիւրով պատրաստուած հացի նկանակ մը, շուրջ մէկ ժամուան աշխատավարձքի հաւասար էր։ Ուրիշ ուսումնական մը կ’ըսէ թէ մէկ գաւաթ լաւ գինին երկու ժամուան աշխատավարձքի հաւասար էր։ Այսպիսի մանրամասնութիւններէ կրնանք տեսնել թէ այդ ատեն մարդիկ երկար ժամեր ու ծանր կ’աշխատէին, որպէսզի կարենան ապրիլ։ Անոնք հանգիստի եւ թարմացումի կարիքը ունէին, ինչպէս՝ մենք։ Եթէ պաշտօնեայ մըն էք, թերեւս կը զգաք թէ ձեր վրայ ճնշում կը բանեցուի որ աւելի արդիւնաբեր ըլլաք։ Յաճախ ժամանակ չենք գտներ լաւ մտածուած որոշումներ տալու համար։ Թերեւս ընդունիք որ հանգիստի կը տենչաք։
7. Յիսուսի պատգամը ի՞նչ ընդառաջում ստացաւ։
7 Բացայայտօրէն, բոլոր «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ուն ուղղուած Յիսուսի հրաւէրը, այդ ատեն բազմաթիւ ունկնդիրներու սրտին խօսած ըլլալու էր։ (Մատթէոս 4։25. Մարկոս 3։7, 8) Նաեւ յիշեցէք թէ Յիսուս հետեւեալ խոստումը աւելցուց. «Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ Այս խոստումը այսօր ալ ի զօրու է։ Անիկա կրնայ մեզի կիրարկուիլ, եթէ «յոգնած ու բեռնաւորուած» ենք։ Անիկա մեր սիրելիներուն ալ կրնայ կիրարկուիլ, որոնք նման պարագաներու մէջ կրնան գտնուիլ։
8. Զաւակներ մեծցնելը եւ յառաջացած տարիքը ի՞նչպէս ճնշուածութիւնը կ’աւելցնեն։
8 Մարդիկը ծանրաբեռնող ուրիշ բաներ ալ կան։ Զաւակներ մեծցնելը մեծ մարտահրաւէր մըն է։ Նոյնիսկ երախաներ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուին։ Հետզհետէ մեծ թիւով ամէն տարիքի պատկանող անհատներ, մտային եւ ֆիզիքական հիւանդութիւններ կը դիմագրաւեն։ Եւ մինչ մարդիկ կրնան աւելի երկար ապրիլ, տարեցները մասնայատուկ խնդիրներ ունին, որոնց հետ գլուխ պէտք է ելլեն, ի հեճուկս բժշկական յառաջդիմութիւններուն։—Ժողովողի 12։1
Լուծին Ներքեւ Գործել
9, 10. Վաղեմի ժամանակներուն, լուծը ի՞նչ բանի խորհրդանիշ մըն էր, եւ Յիսուս ինչո՞ւ մարդիկը հրաւիրեց որ իր լուծը իրենց վրայ առնեն։
9 Նշմարեցի՞ք թէ Մատթէոս 11։28, 29–էն մէջբերուած խօսքերուն մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք»։ Այն ժամանակ, սովորական անհատ մը կրնար զգալ թէ լուծի մը տակ կ’աշխատէր։ Վաղեմի ժամանակներէն ի վեր, լուծը ստրկութեան կամ գերութեան խորհրդանիշ մը եղած էր։ (Ծննդոց 27։40. Ղեւտացւոց 26։13. Բ. Օրինաց 28։48) Յիսուսի հանդիպած բանուորներէն շատեր իրենց ուսերուն վրայ իսկական լուծով մը կ’աշխատէին՝ ծանր բեռներ կրելով։ Լուծի մը շինուած կերպէն կախեալ էր թէ անիկա վզին եւ ուսերուն վրայ հանգիստ պիտի նստէ՛ր թէ ոչ մարմինը պիտի քերթէր։ Հիւսն մը ըլլալով, Յիսուս հաւանաբար լուծեր շինած էր, եւ ան գիտէր «քաղցր» լուծ մը ի՛նչպէս ձեւաւորել։ Թերեւս մարմնին հետ շփման մէջ եկող մասերը կաշիով կամ կտորով կ’աստառէր, որպէսզի լուծը կարելի եղածին չափ հանգստաւէտ դարձնէր։
10 Երբ Յիսուս ըսաւ՝ «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք», թերեւս ինքզինք լաւ լուծեր շինողի մը կը նմանցնէր, որոնք աշխատաւորի մը վզին եւ ուսերուն համար «քաղցր» պիտի ըլլային։ Հետեւաբար, Յիսուս աւելցուց. «Իմ բեռս թեթեւ» է։ Ասիկա ցոյց տուաւ թէ լուծը գործածելը անհաճելի չէր, ոչ ալ աշխատանքը ստրկեցուցիչ էր։ Անշուշտ, իր ունկնդիրները հրաւիրելով որ իր լուծը ընդունին, Յիսուս այն ատենուան ընթացիկ բոլոր հարստահարիչ վիճակներէն անմիջական հանգստութիւն չէր ներկայացներ։ Այսուհանդերձ, իր ներկայացուցած տարբեր հայեցակէտը որոշ չափով պիտի թարմացնէր։ Իրենց ապրելակերպին ու գործելակերպին մէջ բարեճշդումներ ընելն ալ զիրենք պիտի հանգստացնէր։ Աւելի կարեւորը, պայծառ եւ հաստատ յոյս մը անոնց պիտի օգնէր, որ կեանքը նուազ ճնշիչ գտնէին։
Կրնաք Հանգստանալ
11. Յիսուս ինչո՞ւ պարզապէս լուծերու փոխանակում չէր թելադրեր։
11 Հաճեցէք նկատի առնել թէ Յիսուս չէր ըսեր թէ մարդիկ մէկ լուծը միւսին հետ պիտի փոխէին։ Հռովմ տակաւին պիտի շարունակէր երկրին վրայ տիրել, ճիշդ ինչպէս որ ներկայ կառավարութիւնները կը տիրեն Քրիստոնեաներուն ապրած երկիրներուն վրայ։ Առաջին դարու հռովմէական տուրքերը պիտի չվերցուէին։ Առողջապահական ու տնտեսական խնդիրները պիտի մնային։ Անկատարութիւնը եւ մեղքը պիտի շարունակէին մարդոց ազդել։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի ուսուցումները որդեգրելով, անոնք կրնային հանգստանալ, ինչպէս որ մենք կրնանք՝ ներկայիս։
12, 13. Յիսուս հանգստութիւն բերող ի՞նչ բան աչքառու դարձուց, եւ ոմանք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։
12 Յիսուսի տուած լուծի օրինակին գլխաւոր մէկ կիրարկումը բացայայտ դարձաւ աշակերտելու գործին առնչութեամբ։ Կասկած չկայ որ Յիսուսի գլխաւոր գործունէութիւնը ուրիշներու սորվեցնել էր, շեշտը Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ դնելով։ (Մատթէոս 4։23) Ուստի, երբ ան ըսաւ՝ «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք», վստահաբար ասիկա կը պարփակէր իրեն հետեւիլ այդ նո՛յն գործունէութեան մէջ։ Աւետարանները ցոյց կու տան թէ Յիսուս անկեղծ մարդիկ մղեց իրենց գործը փոխելու, որ շատերու կեանքին մէջ գլխաւոր մտահոգութիւն մըն էր։ Մտաբերեցէք Պետրոսի, Անդրէասի, Յակոբոսի, եւ Յովհաննէսի ուղղած իր կոչը. «Իմ ետեւէս եկէք ու ես ձեզ մարդոց որսորդ ըլլալու պիտի պատրաստեմ»։ (Մարկոս 1։16-20) Ան այս ձկնորսներուն ցոյց տուաւ թէ ո՛րքան գոհացուցիչ պիտի ըլլար, եթէ իր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը դրած գործը իրենք ալ ընէին, իր առաջնորդութեամբ եւ օգնութեամբ։
13 Հրեայ ունկնդիրներէն ոմանք Յիսուսի այս միտքը հասկցան եւ զայն կիրարկեցին։ Մտապատկերացուցէք այն ծովեզերեայ տեսարանը, որուն մասին կը կարդանք Ղուկաս 5։1-11–ի մէջ։ Չորս ձկնորսներ ամբողջ գիշերը աշխատած էին, բայց բան մը չէին կրցած բռնել։ Յանկարծ, անոնց ուռկանները լեցուեցան։ Ասիկա դիպուածով չեղաւ, այլ՝ Յիսուսի միջամտութեան շնորհիւ էր։ Մինչ անոնք դէպի ծովեզերք կը նայէին, Յիսուսի ուսուցումներով հետաքրքրուած բազմութիւն մը տեսան։ Ասիկա օգնեց որ այս չորսը կարենան հասկնալ Յիսուսի խօսքը. «Ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլա[ք]»։ Անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ «Նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։
14. (ա) Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք հանգստութիւն գտնել։ (բ) Յիսուս ի՞նչ թարմացուցիչ բարի լուր մը ծանուցանեց։
14 Հիմնականօրէն, դուք ալ կրնաք նոյն կերպով ընդառաջել։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մարդոց սորվեցնելու գործը տակաւին կը շարունակուի։ Համայն աշխարհի մէջ շուրջ վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ ընդունած են ‘իր լուծը իրենց վրայ առնելու’ Յիսուսի հրաւէրը. անոնք «մարդոց որսորդ» դարձած են։ (Մատթէոս 4։19) Ոմանք զայն իրենց լիաժամ ասպարէզը կը դարձնեն. ուրիշներ՝ մասնակի ժամանակով իրենց կրցածին չափ կը մասնակցին անոր։ Բոլորն ալ ասիկա թարմացուցիչ կը գտնեն, ուստի իրենց կեանքը նուազ ճնշիչ կը դառնայ։ Անիկա կը պարփակէ իրենց սիրածը ընել, ուրիշներու բարի լուր մը՝ «Թագաւորութեան բարի լուրը»՝ հաղորդել։ (Մատթէոս 4։23, ՆԱ) Միշտ հաճելի է բարի լուրի մը մասին խօսիլը, իսկ յատկապէս ա՛յս բարի լուրին մասին։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ այն հիմնական նիւթը, որուն պէտք ունինք շատեր համոզելու համար թէ կրնա՛ն նուազ ճնշիչ կեանք մը վարել։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
15. Կեանքի մասին Յիսուսի ուսուցումներէն ի՞նչպէս կրնաք օգտուիլ։
15 Նոյնիսկ անհատներ որոնք տակաւին նոր սկսած են Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվիլ, որոշ չափով օգտուած են ի՛նչպէս ապրելու մասին Յիսուսի ուսուցումներէն։ Շատեր իրաւացիօրէն կրնան ըսել թէ Յիսուսի ուսուցումները զիրենք հանգստացուցած են, եւ օգնած են որ իրենց կեանքը բոլորովին փոխուի։ Ասիկա կրնաք անձամբ հաստատել, քննելով ապրելու սկզբունքներէն քանի մը հատը, որոնք Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան արձանագրութեանց մէջ յիշուած են, յատկապէս՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, եւ Ղուկասի կողմէ գրուած Աւետարաններուն մէջ։
Հանգստութիւն Գտնելու Կերպ մը
16, 17. (ա) Յիսուսի գլխաւոր ուսուցումներէն ոմանք ո՞ւր կրնաք գտնել։ (բ) Յիսուսի ուսուցումները կիրարկելով հանգստութիւն գտնելու համար ի՞նչ պահանջուած է։
16 Հ.Դ. 31–ի գարնան, Յիսուս քարոզ մը տուաւ, որ մինչեւ օրս համաշխարհային համբաւ ունի։ Անիկա սովորաբար կոչուած է Լերան Քարոզը։ Անիկա արձանագրուած է Մատթէոս 5-7–րդ եւ Ղուկաս 6–րդ գլուխներուն մէջ, եւ կ’ամփոփէ իր ուսուցումներէն շատերը։ Կրնաք Յիսուսի միւս ուսուցումները Աւետարաններուն այլ մասերուն մէջ գտնել։ Իր ըսածներուն մեծամասնութիւնը բացայայտ է, թէեւ զանոնք գործադրելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ինչո՞ւ այս գլուխները ուշադրութեամբ եւ մտածելով չկարդաք։ Թող որ իր գաղափարներուն զօրութիւնը ձեր մտածելակերպին ու վերաբերմունքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնէ։
17 Բացայայտօրէն, Յիսուսի ուսուցումները կրնան տարբեր շարքաւորումներով ալ դրուիլ։ Թող որ բանալի ուսուցումները խմբաւորենք, այնպէս որ ամսուան իւրաքանչիւր օրուան համար մէկ հատ ըլլայ, զանոնք ձեր կեանքին մէջ գործադրելու նպատակակէտով։ Ի՞նչպէս։ Անոնց վրայէն արագօրէն մի՛ անցնիք։ Մտաբերեցէք այն հարուստ իշխանը որ Յիսուս Քրիստոսի հարցուց. «Ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Երբ Յիսուս Աստուծոյ Օրէնքին գլխաւոր պահանջները վերաքաղ ըրաւ, մարդը պատասխան տուաւ ըսելով թէ ինք արդէն կը կատարէր զանոնք։ Բայց եւ այնպէս, ան կը զգար թէ աւելին ընելու կարիքը ունէր։ Յիսուս իրմէ խնդրեց որ աստուածային սկզբունքները գործնական կերպերով կիրարկելու համար աւելի մեծ ջանք թափէ, գործունեայ աշակերտ մը ըլլայ։ Ըստ երեւոյթին, մարդը այդքանը ընելու պատրաստ չէր։ (Ղուկաս 18։18-23) Ուստի, ան որ ներկայիս կը փափաքի Յիսուսի ուսուցումները սորվիլ, պէտք է յիշէ թէ տարբերութիւն մը կայ անոնց հետ համաձայն գտնուելուն եւ գործօն կերպով զանոնք ընդունելուն միջեւ, որ ճնշուածութիւնը կը նուազեցնէ։
18. Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կրնաք ընկերակցող շրջագիծը օգտակար կերպով գործածել։
18 Յիսուսի ուսուցումները քննելու եւ կիրարկելու սկսելու համար, նկատի առէք ընկերակցող շրջագծին առաջին կէտը։ Անիկա կ’ակնարկէ Մատթէոս 5։3-9–ին։ Անկեղծ ըլլալու համար, մեզմէ ոեւէ մէկը այս համարներուն մէջ ներկայացուած հոյակապ խրատներուն վրայ խոկալու համար կրնայ բաւական ժամանակ անցընել։ Սակայն, անոնց նայելով որպէս ամբողջութիւն մը, կեցուածքի նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան կը յանգիք։ Եթէ իրապէս կ’ուզէք ձեր կեանքին մէջ չափազանց ճնշուածութեան ազդեցութիւնը յաղթահարել, ի՞նչ բան պիտի օգնէ ձեզի։ Ի՞նչպէս կրնաք ձեր պարագան բարելաւել, եթէ հոգեւոր բաներու ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընծայէք, թոյլ տալով որ անոնց մասին աւելի մտածէք։ Ձեր կեանքին մէջ կա՞յ զբաղում մը, որու նուազ կարեւորութիւն պէտք է տաք, թոյլ տալով որ հոգեւոր հարցերու աւելի ուշադրութիւն ընծայուի։ Եթէ այսպէս ընէք, հիմա իսկ անիկա պիտի նպաստէ ձեր ուրախութեան։
19. Յաւելեալ ներատեսութիւն եւ հասկացողութիւն ձեռք ձգելու համար ի՞նչ կրնաք ընել։
19 Ուրիշ բան մըն ալ կրնաք ընել։ Ինչո՞ւ այս համարներուն մասին չխօսակցիք Աստուծոյ ծառաներէն մէկու մը հետ, թերեւս ձեր կողակիցին, մօտիկ ազգականի, կամ բարեկամի մը հետ։ (Առակաց 18։24. 20։5) Ի մտի ունեցէք թէ հարուստ իշխանը յարակից նիւթի մը մասին ուրիշի մը՝ Յիսուսի՝ հարցուց։ Պատասխանը կրնար իր ուրախութեան եւ մնայուն կեանքի ակնկալութիւնը աւելցնել։ Ձեր հաւատակիցը, որուն հետ նկատի կ’առնէք այս համարները, Յիսուսի հաւասար պիտի չըլլայ. բայց եւ այնպէս, Յիսուսի ուսուցումներուն մասին խօսակցիլը ձեր երկուքին ալ օգտակար պիտի ըլլայ։ Փորձեցէք ասիկա ընել շատ շուտով։
20, 21. Յիսուսի ուսուցումներուն մասին սորվելու համար ի՞նչ յայտագրի մը կրնաք հետեւիլ, եւ ի՛նչպէս կրնաք ձեր յառաջդիմութիւնը արժեւորել։
20 Դարձեալ նայեցէք յօդուածին ընկերակցող շրջագծին՝ «Ուսուցումներ՝ Ձեզի Օգնելու Համար»։ Այս ուսուցումները խմբաւորուած են, որպէսզի օրական առնուազն մէկ ուսուցում ունենաք նկատի առնելու համար։ Նախ կրնաք կարդալ ինչ որ Յիսուս ըսաւ յիշուած համարներուն մէջ։ Ապա իր խօսքերուն մասին խորհեցէք։ Խոկացէք թէ ի՛նչպէս կրնաք զանոնք ձեր կեանքին մէջ կիրարկել։ Եթէ կը խորհիք թէ արդէն կ’ընէք ասիկա, մտածեցէք թէ յաւելեալ ի՛նչ բան կրնաք ընել այդ աստուածային ուսուցումին համաձայն ապրելու համար։ Օրուան ընթացքին ջանացէք զայն կիրարկել։ Եթէ զայն հասկնալու կամ ի՛նչպէս կիրարկելու նկատմամբ դժուարութիւն ունենաք, օր մը եւս անոր վրայ աշխատեցէք։ Սակայն, ի մտի ունեցէք որ պէտք չունիք անոր տիրապետելու, որպէսզի յաջորդին անցնիք։ Յաջորդ օրը, կրնաք այլ ուսուցում մը նկատի առնել։ Շաբթուան վերջաւորութեան, կրնաք վերաքաղ ընել տեսնելու համար թէ Յիսուսի ուսուցումներէն չորս կամ հինգ հատը կիրարկելու մէջ ո՛րքան յաջողած էք։ Յաջորդ շաբաթ, ամէն օր մէկ հատ աւելցուցէք։ Եթէ տեսնէք թէ կարգ մը ուսուցումներ գործադրելու մէջ կը թերանաք, մի՛ վհատիք։ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ատոր փորձառութիւնը պիտի ունենայ։ (Բ. Մնացորդաց 6։36. Սաղմոս 130։3. Ժողովողի 7։20. Յակոբու 3։8) Շարունակեցէք նոյն կերպով երրորդ եւ չորրորդ շաբաթը։
21 Շուրջ ամիս մը ետք, 31 կէտերն ալ ծածկած պիտի ըլլաք։ Ամէն պարագայի, այն ատեն ի՞նչպէս պիտի զգաք։ Ձեւով մը աւելի ուրախ, կամ թերեւս աւելի հանգիստ պիտի չզգա՞ք։ Նոյնիսկ եթէ քիչ մը բարեճշդում ընէք, շատ հաւանաբար նուազ ճնշուածութիւն պիտի զգաք, կամ առնուազն անոր հետ աւելի լաւ կերպով պիտի կրնաք գլուխ ելլել, եւ շարունակելու համար մեթոտ մը պիտի ունենաք։ Մի՛ մոռնաք թէ Յիսուս բազմաթիւ այլ ուսուցումներ ալ ունի, որոնք այս ցանկին մէջ չեն։ Փիլիպպեցիս 3։16
Ինչո՞ւ չփնտռէք անոնցմէ քանի մը հատը եւ չջանաք զանոնք գործադրել։—22. Յիսուսի ուսուցումներուն հետեւելուն արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, սակայն յաւելեալ ի՞նչ երեսակ ուսումնասիրութեան արժանի է։
22 Կրնաք տեսնել որ թէեւ Յիսուսի լուծը բոլորովին անկշիռ չէ, բայց իրապէս քաղցր է։ Իր ուսուցումներուն եւ աշակերտելու գործին բեռը թեթեւ է։ Աւելի քան 60 տարի անհատապէս փորձելէ ետք, Յովհաննէս առաքեալ՝ Յիսուսի սիրելի բարեկամը՝ ասոր համաձայնեցաւ, ըսելով. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Դուք ալ կրնաք իրեն նման վստահ ըլլալ։ Ո՛րքան երկար կիրարկէք Յիսուսի ուսուցումները, ա՛յնքան պիտի նկատէք թէ շատերու համար կեանքը շատ ճնշիչ դարձնող բաները, ձեզի համար այնքան ալ ճնշիչ չեն։ Պիտի տեսնէք թէ որոշ չափով հանգստութիւն գտած էք։ (Սաղմոս 34։8) Սակայն, Յիսուսի քաղցր լուծին ուրիշ մէկ երեսակը կայ, զոր պէտք է նկատի առնէք։ Յիսուս նաեւ յիշեց թէ ինք ‘հեզ ու սրտով խոնարհ էր’։ Ասիկա ի՞նչ առնչութիւն ունի Յիսուսէ սորվելուն եւ զինք ընդօրինակելուն հետ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, ասիկա նկատի պիտի առնենք։—Մատթէոս 11։29
Ի՞նչ է ձեր պատասխանը
• Չափազանց ճնշուածութենէ հանգստանալու համար ինչո՞ւ Յիսուսի պէտք է նայինք։
• Լուծը ի՞նչ բանի խորհրդանիշ մըն էր եւ ինչո՛ւ։
• Յիսուս ինչո՞ւ մարդիկը հրաւիրեց որ իր լուծը իրենց վրայ առնեն։
• Ի՞նչպէս կրնաք հոգեւոր հանգստութիւն գտնել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 11]
2002–ի ընթացքին, Եհովայի Վկաներու տարուան համարը պիտի ըլլայ. «Եկէ՛ք ինծի . . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։—Մատթէոս 11։28
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 8, 9]
Ուսուցումներ՝ ձեզի օգնելու համար
Մատթէոս 5-7–րդ գլուխներուն մէջ ի՞նչ օգտակար բաներ կրնաք գտնել։ Այս գլուխները կը պարունակեն ուսուցումներ, որոնք Հմուտ Ուսուցիչ Յիսուսին կողմէ ներկայացուած են, Գալիլիոյ բլուրներէն մէկուն լանջակողմին վրայ։ Հաճեցէք վարը յիշուած համարները կարդալ, գործածելով ձեր անձնական Աստուածաշունչը, ապա դուք ձեզի առնչակից հարցումները հարցուցէք։
1. 5։3-9 Ասիկա իմ ընդհանուր կեցուածքիս մասին ի՞նչ կ’ըսէ։ Ի՞նչպէս կրնամ աւելի մեծ ուրախութիւն ձեռք ձգել։ Ի՞նչպէս կրնամ հոգեւոր կարիքներուս աւելի ուշադրութիւն ընծայել։
2. 5։25, 26 Ի՞նչը աւելի լաւ է քան՝ շատերուն ունեցած վիճասէր հոգին ընդօրինակելը։—Ղուկաս 12։58, 59
3. 5։27-30 Սեռային պատրանքներ հիւսելու նկատմամբ Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ կը շեշտեն։ Այսպիսի բաներէ խուսափիլս ի՞նչպէս կը նպաստէ ուրախութեանս եւ մտքի խաղաղութեանս։
4. 5։38-42 Ինչո՞ւ պէտք է ջանամ խուսափիլ չափազանց յարձակողական ըլլալէ, որու վրայ արդի ընկերութիւնը շեշտ կը դնէ։
5. 5։43-48 Ի՞նչպէս պիտի օգտուիմ աւելի ծանօթանալով ընկերակիցներու, որոնց թերեւս թշնամիներ նկատած էի։ Ասիկա հաւանաբար ի՞նչ պիտի ընէ լարուածութիւնը նուազեցնելու կամ անհետացնելու համար։
6. 6։14, 15 Եթէ երբեմն չներելու հակումը ունիմ, կրնա՞յ ըլլալ որ հիմնական պատճառը նախանձը կամ ընդվզումն է։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնամ փոխել։
7. 6։16-18 Հակումը ունի՞մ աւելի հետաքրքրուելու երեւոյթներով, քան՝ ներքին անձնաւորութեամբս։ Ի՞նչ բանէ պէտք է աւելի զգոյշ ըլլամ։
8. 6։19-32 Եթէ չափէ աւելի հետաքրքրուիմ դրամով եւ ստացուածքներով, հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Ի՞նչ բանի մասին մտածելը պիտի օգնէ ինծի որ այս առնչութեամբ հաւասարակշռութիւնս պահեմ։
9. 7։1-5 Ի՞նչպէս կը զգամ եթէ դատապարտող եւ քննադատող անհատներով շրջապատուած եմ, որոնք միշտ յանցանք կը գտնեն։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ խուսափիմ անոնց նման ըլլալէ։
10. 7։7-11 Եթէ Աստուծոյ խնդրանքներ ներկայացնելու մէջ յարատեւութիւնս լաւ բան մըն է, պարագան ի՞նչպէս է կեանքի ուրիշ մարզերուն մէջ։—Ղուկաս 11։5-13
11. 7։12 Թէեւ գիտեմ Ոսկեղէն Կանոնը, բայց այս խրատը որքա՞ն յաճախ կը կիրարկեմ ուրիշներու հետ իմ վարուելակերպիս մէջ։
12. 7։24-27 Քանի որ կեանքս ուղղելու պատասխանատու եմ, ի՞նչպէս կրնամ աւելի լաւ պատրաստուած ըլլալ, երբ դժուարութեան փոթորիկները եւ նեղութեան հեղեղները հարուածեն։ Ասոր մասին ինչո՞ւ հիմա պէտք է մտածեմ։—Ղուկաս 6։46-49
Յաւելեալ ուսուցումներ, զորս կրնամ նկատի առնել.
13. 8։2, 3 Ի՞նչպէս կրնամ դժբախտներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերել, ինչպէս Յիսուս յաճախ կ’ընէր։
14. 9։9-38 Ողորմութիւն ցուցաբերելը կեանքիս մէջ ի՞նչ դեր կը խաղայ, եւ ի՛նչպէս կրնամ զայն աւելի ցուցաբերել։
15. 12։19 Յիսուսի մասին ըսուած մարգարէութենէն սորվելով, կը ջանա՞մ կռիւ հրահրող վիճաբանութիւններէ խուսափիլ։
16. 12։20, 21 Ի՞նչ լաւութիւն ըրած կ’ըլլամ ուրիշները չջախջախելով խօսքերովս կամ արարքներովս։
17. 12։34-37 Ժամանակիս մեծ մասը ի՞նչ բանի մասին կը խօսիմ։ Գիտեմ թէ երբ նարինջ մը սեղմեմ, նարինջի հիւթ դուրս կու գայ, ուստի ինչո՞ւ կարեւորութիւն պէտք է տամ ներսիդիս՝ սրտիս մէջ՝ եղած բաներուն։—Մարկոս 7։20-23
18. 15։4-6 Յիսուսի խօսքերէն եզրակացնելով, տարեցներուն սիրալիր հոգատարութիւն տալու մասին ի՞նչ կը հասկնամ։
19. 19։13-15 Ի՞նչ բան ընելու ժամանակ պէտք է տրամադրեմ։
20. 20։25-28 Հեղինակութիւն բանեցնել սիրելը ինչո՞ւ անշահաբեր է։ Այս մարզին մէջ ի՞նչպէս կրնամ Յիսուսը ընդօրինակել։
Մարկոսի կողմէ արձանագրուած յաւելեալ գաղափարներ.
21. 4։24, 25 Ուրիշներու հետ ի՛նչպէս վարուիլս ի՞նչ կարեւորութիւն ունի։
22. 9։49 Եթէ ըսածս եւ ըրածս վայելուչ է, հաւանաբար ի՞նչ լաւ արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգեմ։
Վերջապէս, Ղուկասի արձանագրած կարգ մը ուսուցումները.
23. 8։11, 14 Եթէ թոյլ տամ որ մտահոգութիւնը, հարստութիւնը ու հաճոյքը կեանքիս տիրապետեն, հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
24. 9։1-6 Թէեւ Յիսուս հիւանդները բժշկելու զօրութիւն ունէր, սակայն, ի՞նչ բան անկէ առաջ դասեց։
25. 9։52-56 Դիւրաւ վիրաւորուող անհա՞տ մըն եմ։ Վրէժ առնելու հոգիէն կը խուսափի՞մ։
26. 9։62 Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու պատասխանատուութիւնս ի՞նչպէս պէտք է նկատեմ։
27. 10։29-37 Ի՞նչպէս կրնամ ապացուցանել թէ դրացի մըն եմ, եւ ոչ թէ՝ օտար մը։
28. 11։33-36 Ի՞նչ փոփոխութիւններ կրնամ ընել, որպէսզի կեանքս աւելի պարզ դառնայ։
29. 12։15 Կեանքի եւ ստացուածքներու միջեւ ի՞նչ կապ կայ։
30. 14։28-30 Եթէ որոշումներս ուշադրութեամբ արժեւորելու ժամանակ տրամադրեմ, թերեւս ի՞նչ բանէ խուսափիմ, եւ ասիկա ի՛նչպէս օգտակար կրնայ ըլլալ։
31. 16։10-12 Ուղղամիտ կեանք մը վարելէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղեմ։
[Նկարներ՝ էջ 7]
Յիսուսի լուծին ներքեւ կատարուած կենարար գործը հանգստացուցիչ է