Լերան վրայ քաղաք մը
Լերան վրայ քաղաք մը
ԻՐ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ»։—Մատթէոս 5։14
Հրէաստանի ու Գալիլիոյ գիւղաքաղաքներէն շատեր լեռներու վրայ կը գտնուէին, քան՝ հովիտներու մէջ։ Բլուրի մը գագաթը ընտրելուն գլխաւոր պատճառը ապահովութիւնն էր։ Ներխուժող բանակներէն զատ, ասպատակախումբեր կային, որոնք յաճախ կը թալանէին Իսրայելեան գիւղաքաղաքները։ (Դ. Թագաւորաց 5։2. 24։2) Խիզախ քաղաքացիներ աւելի դիւրաւ կրնային պաշտպանել քով քովի կառուցուած խումբ մը տուներ, քան՝ դաշտային քաղաք մը, որ պաշտպանութեան համար աւելի մեծ պարիսպ մը կը պահանջէր։
Քանի որ հրէական տուները յաճախ կիրով ծեփուած կ’ըլլային, բլուրի մը գագաթը կառուցուած կրածեփ տուներու ամբողջութիւն մը դիւրաւ կրնար տեսնուիլ հեռաւոր տեղերէ։ (Գործք 23։3) Պաղեստինեան պայծառ արեւուն տակ, բլուրի գագաթը կառուցուած այս գիւղաքաղաքները փարոսի մը նման կը փայլէին, ճիշդ ինչպէս որ է պարագան մինչեւ օրս Միջերկրականի նոյնանման գիւղաքաղաքներուն։
Յիսուս Գալիլիոյ եւ Հրէաստանի գիւղական շրջաններուն այս ուշագրաւ երեսակը գործածեց, իր հետեւորդներուն սորվեցնելու համար ճշմարիտ Քրիստոնեային դերը. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 5։16) Թէեւ Քրիստոնեաները մարդոցմէ փառաբանուելու համար չէ որ բարի գործեր կ’ընեն, սակայն անոնց բարի վարքը աննկատ չ’անցնիր։—Մատթէոս 6։1
Այսպիսի լաւ վարք յատկապէս աչքի կը զարնէ Եհովայի Վկաներու նահանգային համաժողովներու ընթացքին։ Վերջերս տեղի ունեցած նահանգային համաժողովի մը ակնարկելով, սպանական լրագիր մը տեղեկագրեց. «Մինչ ուրիշ յարանուանութիւններու մէջ կրօնական նիւթերու հանդէպ հետաքրքրութիւնը կը նուազի, Եհովայի Վկաներուն մէջ պարագան այս չէ։ Քանի որ չեն ուզեր որ Աստուածաշունչը իր գործնական արժէքը կորսնցնէ, անոնք Աստուծոյ Խօսքը ի գործ կը դնեն»։
Հիւսիս–արեւմտեան Սպանիոյ մէջ, Վկաներուն կողմէ կանոնաւորաբար գործածուած մարզադաշտի մը տնտեսը՝ Թոմաս, հաճոյք կ’առնէր շրջապատուած ըլլալով Աստուծոյ Խօսքը գործադրողներով։ Ան իր հանգստեան կոչուիլը քանի մը շաբաթ յետաձգեց, որպէսզի կարենար Եհովայի Վկաներու նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուիլ։ Երբ բազմաթիւ պատուիրակներ, ի ներառեալ դեռատիներ, համաժողովէն ետք իրեն մօտեցան տարիներու ընթացքին իր համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելու եւ հանգստեան կոչուած ըլլալուն առթիւ բարի մաղթանքներ տալու համար, ան փղձկեցաւ։ «Ձեզ ճանչնալը կեանքիս լաւագոյն փորձառութիւններէն մէկը եղած է», ըսաւ ան։
Լերան վրայ քաղաք մը դիտողին ուշադրութիւնը կը գրաւէ, քանի որ հորիզոնին վրայ աչքի կը զարնէ եւ անոր մէջի ճերմակ տուները արեւու ճառագայթները կ’արտացոլացնեն։ Նմանապէս, ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն տարբեր ըլլալը աչքի կը զարնէ, քանի որ կը ջանան սուրբ գրային վեհ չափանիշներու հետեւիլ, ինչպէս՝ պարկեշտութիւն, բարոյականութիւն եւ կարեկցութիւն։
Ասկէ զատ, Քրիստոնեաները ճշմարտութեան լոյսը կ’արտացոլացնեն իրենց քարոզչութեան գործունէութեամբ։ Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մասին ըսաւ. «Այս պաշտօնը ստացանք Աստուծոյ ողորմութիւնով, ուստի չենք ձանձրանար. . . . հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք [«յանձնարարենք», Բ. Կորնթացիս 4։1, 2) Թէեւ անոնք ո՛ւր որ քարոզեցին հակառակութեան հանդիպեցան, սակայն Եհովա օրհնեց անոնց քարոզչութիւնը, այնպէս որ շուրջ Հ.Դ. 60–ին, Պօղոս կրնար գրել թէ բարի լուրը քարոզուած էր «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն»։—Կողոսացիս 1։23
ՆԱ] մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ»։ (Ներկայիս Եհովայի Վկաներն ալ լուրջի կ’առնեն ‘իրենց լոյսը մարդոց առջեւ լուսաւորելու’ իրենց պատասխանատուութիւնը, ինչպէս Յիսուս պատուիրած էր։ Բերանացի եւ հրատարակութիւններով, Եհովայի Վկաները Թագաւորութեան բարի լուրը կը սփռեն աշխարհի տարածքին 235 երկիրներու մէջ։ Որպէսզի Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լոյսը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասնի, անոնք իրենց սուրբ գրային գրականութիւնները մատչելի դարձուցած են 370 լեզուներով։—Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 14։6, 7
Շատ մը երկիրներու մէջ, Վկաները յանձն առած են հետեւեալ մարտահրաւէրը՝ սորվիլ այն մարդոց լեզուները, որոնք գաղթած են երկիրներէ, ուր քարոզչութեան գործը արգիլուած է կամ՝ էր։ Օրինակ, Հիւսիսային Ամերիկայի կարգ մը մեծ քաղաքներու մէջ, մեծ թիւով գաղթականներ եկած են Չինաստանէն ու Ռուսաստանէն։ Տեղական Վկաները ջանացած են Չինարէն, Ռուսերէն եւ այլ լեզուներ սորվիլ, որպէսզի կարենան այս նորեկներուն բարի լուրը քարոզել։ Իրականութեան մէջ, շատ մը լեզուներով արագ դասընթացքներ կը վարուին, որպէսզի կարելի ըլլայ բարի լուրը քարոզել տակաւին ուրիշներու, մինչ դաշտը դեռ «ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ» է։—Յովհաննու 4։35
Եսայի մարգարէն նախագուշակեց. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր»։ Թէ՛ իրենց վարքով եւ թէ իրենց քարոզչութեամբ, Եհովայի Վկաները ամէնուրեք մարդոց կ’օգնեն որ ‘Եհովայի տանը լեռը’ գան, Աստուծոյ ճամբաներուն մասին ուսուցանուելու եւ Աստուծոյ շաւիղներուն մէջ քալել սորվելու համար։ (Եսայեայ 2։2, 3) Ասոր ուրախ արդիւնքը այն է, ինչպէս Յիսուս նշեց, որ անոնք միասնաբար ‘կը փառաւորեն իրենց երկնաւոր Հայրը’՝ Եհովա Աստուած։—Մատթէոս 5։16. Ա. Պետրոս 2։12