Հաւատքը պէ՞տք է հիմնուի տրամաբանութեան վրայ
Հաւատքը պէ՞տք է հիմնուի տրամաբանութեան վրայ
«Բազմաթիւ ‘կրօնասէր’ անհատներ կան, որոնք կրօնասէր կը դառնան որպէսզի մտածելէ խուսափին», կը գրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ աստուածաբանական դպրեվանքի մը երիցապետը։ «Անոնք պարզապէս կ’ուզեն ամէն բան ‘հաւատքով’ ընդունիլ», կ’աւելցնէ ան։
ԱՆ ԸՍԵԼ կ’ուզէ թէ կրօնական հաւատամք մը դաւանող մարդոց մեծամասնութիւնը չի մտածեր թէ ի՛նչ պատճառներով կը հաւատայ, կամ՝ տրամաբանական հիմ մը կա՞յ իր հաւատքին համար թէ ոչ։ Զարմանալի չէ որ կրօնքը այնպիսի նիւթ մը դարձած է, որ շատեր կը վարանին անոր մասին խօսելու։
Դժբախտաբար, կրօնական պատկերներ ու արձաններ գործածելու, եւ աղօթքները անգիր արտասանելու նման սովորութիւններն ալ տրամաբանութիւն գործածելը չեն քաջալերեր։ Այս սովորութիւնները, տպաւորիչ ճարտարապետութեան, գունաւոր ապակիէ շինուած փարթամ պատուհաններու, եւ ոգեւորիչ երաժշտութեան հետ մէկտեղ, միակ բաներն են՝ որոնցմէ կը բաղկանայ միլիոնաւորներու կրօնքը։ Թէեւ կարգ մը եկեղեցիներ կը դաւանին թէ իրենց հաւատքը հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ, սակայն անոնց՝ ‘Յիսուսի հաւատա՛ ու պիտի փրկուիս’ պատգամը չի քաջալերեր Աստուածաշունչը լրջօրէն ուսումնասիրել։ Ուրիշներ ընկերային կամ քաղաքական աւետարան մը կը քարոզեն։ Այս բոլորին արդիւնքը ի՞նչ է։
Հիւսիսային Ամերիկայի վիճակին նկատմամբ, կրօնքի մասին գրող մը ըսաւ. «Քրիստոնէութիւնը . . . հակումը ունի մակերեսային ըլլալու, [եւ] անոր հետեւորդները հաւատքի կողմանէ տգէտ են»։ Հարցախոյզ մը յանդգնեցաւ Միացեալ Նահանգները նկարագրել որպէս «Աստուածաշունչի նկատմամբ անուսներու ազգ մը»։ Այս դիտողութիւնները նաեւ կը կիրարկուին այլ երկիրներու, ուր այդպէս կոչուած Քրիստոնէութիւնը տիրական է։ Շատ մը ոչ–Քրիստոնեայ կրօնքներ ալ չեն քաջալերեր տրամաբանութիւնը, եւ փոխարէն կարեւորութիւն կու տան՝ շարականներու, ծիսական աղօթքներու եւ խոկումի զանազան կերպերու, որոնք կը պարփակեն խորհրդապաշտութիւն, քան թէ՝ տրամաբանական ու շինիչ մտածելակերպ։
Այսուհանդերձ, իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ, նո՛յն մարդիկը որոնք իրենց կրօնական հաւատալիքներուն ճշգրիտ ու ճշմարիտ ըլլալուն մասին չեն խորհիր, յաճախ այլ հարցերու մասին շատ բծախնդրօրէն կը մտածեն։ Տարօրինակ չի՞ թուիր թէ անհատ մը որ մանրակրկիտ փնտռտուք կ’ընէ ինքնաշարժ մը գնելու համար, որ օր մը մէկդի պիտի նետուի, իր կրօնքին նկատմամբ ըսէ՝ ‘Եթէ ծնողքիս համար անիկա լաւ էր, ինծի համար ալ լաւ է’։
Եթէ իրապէս հետաքրքրուած ենք Աստուած հաճեցնելով, պէտք չէ՞ լրջօրէն քննենք իր մասին մեր հաւատացած բաներուն ճշգրտութիւնը։ Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ իր օրուան կարգ մը կրօնասէր մարդոց մասին, որոնք ‘Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ էին, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար’։ (Հռովմայեցիս 10։2) Այսպիսիներ կարելի է նմանցնել վարձկան ներկարարի մը, որ ծանր կ’աշխատի տուն մը ներկելու համար բայց սխալ գոյներ կը գործածէ, քանի որ տանտիրոջ ցուցմունքներուն մտիկ չ’ըներ։ Ներկարարը կրնայ իր գործին նկատմամբ գոհ ըլլալ, բայց արդեօք անիկա տանտիրոջ ընդունելի պիտի ըլլա՞յ։
Ի՞նչ բան Աստուծոյ ընդունելի է ճշմարիտ պաշտամունքի նկատմամբ։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Այն է աղէկը ու ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ։ Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Ոմանք կրնան խորհիլ թէ անկարելի է այսպիսի գիտութիւն գտնել ներկայ բազմաթիւ կրօնքներուն մէջ։ Սակայն, պահ մը խորհեցէք. եթէ Աստուծոյ կամքն է որ մարդիկ ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութիւնը ձեռք ձգեն, զայն անիրաւօրէն անոնցմէ պիտի թաքցնէ՞ր։ Աստուածաշունչին համաձայն, ո՛չ։ Անիկա կ’ըսէ. «Եթէ [Աստուած] փնտռես՝ պիտի գտնես»։—Ա. Մնացորդաց 28։9
Աստուած ինքզինք ի՞նչպէս կը ճանչցնէ անկեղծօրէն զինք փնտռողներուն։ Յաջորդ յօդուածը պատասխանը պիտի հայթայթէ։