Մարդկային պատմութեան մէջ ամենակարեւոր դէպքը
Մարդկային պատմութեան մէջ ամենակարեւոր դէպքը
ԱՆԻԿԱ Յիսուս Քրիստոսի մահն էր։ Անիկա ինչո՞ւ ա՛յսքան կարեւոր էր։ Շատ մը պատճառներով։
Մինչեւ մահ Յիսուսի հաւատարմութիւնը փաստեց թէ մարդ կրնար Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահպանել։
Քրիստոսի մահը ոմանց պատեհութիւն հայթայթեց որ իր հետ իշխանակիցներ ըլլան երկնքի մէջ։ Անիկա նաեւ ճամբան հարթեց որ շատեր յաւիտենական կեանքը վայելեն երկրային դրախտի մը մէջ։
Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս անխմոր հաց եւ կարմիր գինի գործածեց, իր սիրալիր մարդկային զոհագործութեան որպէս խորհրդանիշեր։ Եւ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկաս 22։19) Այս կարեւոր դէպքը պիտի յիշէ՞ք։
Եհովայի Վկաները ջերմօրէն կը հրաւիրեն ձեզ, որ իրենց միանաք Յիսուս Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը կատարելու համար։ Այս տարի անիկա տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 28 Մարտ 2002–ին, արեւնամուտէն ետք։ Կրնաք ներկայ գտնուիլ ձեր տան ամենամօտ եղող Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Հաճեցէք ձեր շրջանի Եհովայի Վկաներէն տեղեկանալ այս ժողովին ճշգրիտ ժամն ու վայրը։