Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածային օրէնքները մեր օգտին համար են

Աստուածային օրէնքները մեր օգտին համար են

Աստուածային օրէնքները մեր օգտին համար են

«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»։—ՍԱՂՄՈՍ 119։97

1. Աստուածային օրէնքներուն հնազանդելու նկատմամբ տիրական կեցուածքը ի՞նչ է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ օրէնքներուն հնազանդիլը ներկայիս ժողովրդական չէ։ Շատերու համար, անտեսանելի բարձր հեղինակութեան մը ենթարկուիլը անիմաստ կը թուի։ Կ’ապրինք բարոյական յարաբերապաշտութեան, շիտակի ու սխալի միջեւ անորոշ սահմանագծերու, եւ շատ մը մոխրագոյն մարզերու դարաշրջանի մը մէջ։ (Առակաց 17։15. Եսայեայ 5։20) Բազմաթիւ աշխարհիկ ընկերութիւններու մէջ հասարակաց եղող մտածելակերպ մը արտացոլացնելով, վերջերս կատարուած փորձագիտանք մը նշեց թէ՝ «Ամերիկացիներու մեծամասնութիւնը կ’ուզէ անձնապէս որոշել թէ ի՛նչ բան շիտակ, լաւ եւ իմաստալից է»։ Անոնք կը նախընտրեն «թոյլատու Աստուած մը, թոյլ օրէնքներ, բարոյական կամ այլ համոզումներ չունեցող տկար հեղինակութիւններ»։ Ընկերային վերլուծող մը դիտել տուաւ թէ ներկայիս «անհատներէ կ’ակնկալուի որ իրենք որոշեն թէ ի՛նչ կը նշանակէ ուղիղ եւ առաքինի կեանք մը վարելը»։ Ան շարունակեց. «Որեւէ բարձր հեղինակութիւն պէտք է իր օրէնքները յարմարցնէ իրական մարդոց կարիքներուն»։

2. Աստուածաշունչին մէջ օրէնք բառին առաջին նշումը ի՞նչպէս սերտօրէն առնչուած է աստուածային օրհնութեան եւ հաճութեան հետ։

2 Քանի որ շատեր Եհովայի օրէնքները հարցականի տակ կը դնեն, պէտք է ամրապնդենք մեր համոզումը թէ աստուածային չափանիշները մեր օգտին համար են։ Հետաքրքրական է նկատի առնել այն դէպքը, ուր օրէնքը առաջին անգամ ըլլալով կը յիշուի Աստուածաշունչին մէջ։ Ծննդոց 26։5–ի մէջ, Աստուծոյ խօսքերը կը կարդանք. «Աբրահամ . . . իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս, իմ կանոններս ու օրէնքներս պահեց»։ Այս խօսքերը ըսուեցան, Եհովա Աբրահամի սերունդին մանրամասնուած օրինագիրք մը տալէն դարեր առաջ։ Աստուած ի՞նչպէս վարձատրեց Աբրահամի հնազանդութիւնը, ի ներառեալ Իր օրէնքներուն հնազանդիլը։ Եհովա Աստուած անոր խոստացաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին»։ (Ծննդոց 22։18) Ուստի, աստուածային օրէնքներուն հնազանդիլը սերտօրէն առնչուած է աստուածային օրհնութեան եւ հաճութեան հետ։

3. (ա) Սաղմոսերգու մը Եհովայի օրէնքին հանդէպ իր զգացումները ի՞նչպէս արտայայտեց։ (բ) Ո՞ր հարցումները մեր ուշադրութեան արժանի են։

3 Սաղմոսերգու մը, հաւանաբար Յուդայի իշխան եւ ապագացու թագաւոր մը, արտայայտեց զգացում մը որ սովորաբար օրէնքի հետ առնչուած չէ։ Ան խօսքը Աստուծոյ ուղղելով բացագանչեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»։ (Սաղմոս 119։97) Ասիկա պարզապէս զգացական պոռթկում մը չէր։ Անիկա Աստուծոյ օրէնքին մէջ սահմանուած Իր կամքին հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւն մըն էր։ Աստուծոյ կատարեալ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, նման զգացումներ ունէր։ Յիսուսի վերաբերեալ մարգարէութեան մը մէջ ան կ’ըսէ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։ (Սաղմոս 40։8. Եբրայեցիս 10։9) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Աստուծոյ կամքը ընելու մէջ ուրախութիւն կը գտնե՞նք։ Համոզուա՞ծ ենք թէ Եհովայի օրէնքները պիտանի եւ օգտակար են։ Աստուծոյ օրէնքներուն հանդէպ հնազանդութիւնը, մեր պաշտամունքին, առօրեայ կեանքին, որոշումներուն, եւ ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան մէջ ի՞նչ տեղ կը գրաւէ։ Աստուածային օրէնքները սիրելու համար, պէտք է հասկնանք թէ Աստուած ինչո՛ւ իրաւունք ունի օրէնքներ դնելու եւ զանոնք պարտադրելու։

Եհովա՝ Իրաւացի Օրէնսդիրը

4. Ինչո՞ւ Եհովա գերագոյն՝ իրաւացի Օրէնսդիրն է։

4 Որպէս Ստեղծիչ, Եհովա տիեզերքի գերագոյն, իրաւացի Օրէնսդիրն է։ (Յայտնութիւն 4։10) Եսայի մարգարէն ըսաւ. «Մեր օրէնսդիրը Տէրն է»։ (Եսայեայ 33։22) Ան կենդանի ու անկենդան ստեղծագործութիւնը կառավարող ֆիզիքական օրէնքները դրած է։ (Յոբայ 38։4-38. 39։1-12. Սաղմոս 104։5-19) Որպէս Աստուծոյ մէկ ստեղծագործութիւնը, մարդ արարածը Եհովայի ֆիզիքական օրէնքներուն ենթակայ է։ Թէեւ մարդը բարոյական ազատ գործակալ մըն է, անձամբ տրամաբանելու կարող, սակայն ան ուրախ է միայն երբ կ’ենթարկուի Աստուծոյ բարոյական ու հոգեւոր օրէնքներուն։—Հռովմայեցիս 12։1. Ա. Կորնթացիս 2։14-16

5. Գաղատացիս 6։7, 8–ի սկզբունքը ի՞նչպէս ճշմարիտ է աստուածային օրէնքներու պարագային։

5 Ինչպէս գիտենք, Եհովայի ֆիզիքական օրէնքները անխախտ են։ (Երեմեայ 33։20, 21) Եթէ անհատ մը ֆիզիքական օրէնքներուն հակառակ գործէ, ինչպէս՝ ձգողական օրէնքը, անոր հետեւանքներէն պիտի տառապի։ Նմանապէս, Աստուծոյ բարոյական օրէնքները անփոփոխելի են, եւ կարելի չէ անոնցմէ նենգութեամբ խուսափիլ կամ զանոնք բեկանել, առանց պատժուելու։ Անոնք կը պարտադրուին ճիշդ իր ֆիզիքական օրէնքներուն պէս, թէեւ արդիւնքը անմիջական կրնայ չըլլալ։ «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։—Գաղատացիս 6։7, 8. Ա. Տիմոթէոս 5։24

Եհովայի Օրէնքին Տարողութիւնը

6. Աստուածային օրէնքները ի՞նչ կը պարփակեն։

6 Մովսիսական Օրէնքը աստուածային օրէնքին յատկանշական մէկ օրինակն էր։ (Հռովմայեցիս 7։12) Ժամանակ մը ետք, Եհովա Աստուած Մովսիսական Օրէնքը փոխարինեց «Քրիստոսին օրէնք»ով։ * (Գաղատացիս 6։2. Ա. Կորնթացիս 9։21) Որպէս «ազատութեան կատարեալ օրէնքին» ներքեւ եղող Քրիստոնեաներ, կը հասկնանք թէ Աստուած իր ցուցմունքները չի սահմանափակեր մեր կեանքի որոշ երեսակներուն, ինչպէս՝ վարդապետական հաւատալիքներու կամ արարողութիւններու։ Իր չափանիշները կեանքի բոլոր մարզերը կը պարփակեն, ի ներառեալ ընտանեկան հարցերը, առեւտրական գործառնութիւնները, հակառակ սեռի հանդէպ վարմունքը, Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հանդէպ վերաբերմունքները, եւ ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ մասնակցութիւնը։—Յակոբու 1։25, 27

7. Աստուածային կարեւոր օրէնքներու օրինակներ տուէք։

7 Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Այո, շնութիւնը եւ պոռնկութիւնը պարզապէս «սեռային արկածախնդրութիւններ» չեն։ Միասեռական արարքները պարզապէս «ապրելակերպի տեսակ մը» չեն։ Ասոնք Եհովայի օրէնքին բռնաբարումներ են։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ գողութեան, ստախօսութեան եւ զրպարտութեան մասին։ (Սաղմոս 101։5. Կողոսացիս 3։9. Ա. Պետրոս 4։15) Յակոբոս դատապարտեց պարծենալը, մինչ Պօղոս մեզ խրատեց որ խուսափինք յիմարական խօսքերէ եւ խեղկատակութենէ։ (Եփեսացիս 5։4. Յակոբու 4։16) Քրիստոնեաներուն համար, բոլոր այս վարքի կանոնները Աստուծոյ կատարեալ օրէնքին մէկ մասն են։—Սաղմոս 19։7

8. (ա) Ի՞նչ է Եհովայի օրէնքին բնոյթը։ (բ) Եբրայերէն «օրէնք» բառին հիմնական իմաստը ի՞նչ է։

8 Եհովայի Խօսքին մէջ այսպիսի հիմնական կանոններ կը յայտնեն թէ Իր օրէնքը պարզապէս անթեք, օրինապաշտական կանոններու շարք մը չէ։ Անիկա հաւասարակշռուած, արդիւնաբեր կեանքի մը հիմը կը կազմէ, օգտակար ազդեցութիւն ունենալով վարքի բոլոր երեսակներուն վրայ։ Աստուածային օրէնքը շինիչ, բարոյագիտական, եւ դաստիարակիչ է։ (Սաղմոս 119։72) Սաղմոսերգուին կողմէ գործածուած «օրէնք» բառը թարգմանուած է Եբրայերէն թո·րա բառէն։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ. «Այս բառը կազմուած է բայէ մը որ կը նշանակէ ուղղել, առաջնորդել, նպատակին հասցնել, յառաջ մղել։ Ուստի, անոր . . . իմաստը պիտի ըլլայ վարքի կանոն մը»։ Սաղմոսերգուին համար օրէնքը Աստուծմէ պարգեւ մըն էր։ Մենք ալ զայն նոյն կերպով պէտք չէ՞ արժեւորենք, թոյլ տալով որ անիկա մեր ապրելակերպը կաղապարէ։

9, 10. (ա) Ինչո՞ւ վստահելի առաջնորդութեան կարիքը ունինք։ (բ) Միայն ի՞նչպէս կրնանք ուրախ եւ յաջող կեանք մը ունենալ։

9 Բոլոր արարածներն ալ վստահելի ուղղութեան եւ առաջնորդութեան կարիքը ունին։ Նոյնն է պարագան Յիսուսի եւ միւս հրեշտակներուն, որոնք մարդ արարածէն գերակայ են։ (Սաղմոս 8։5. Յովհաննու 5։30. 6։38. Եբրայեցիս 2։7. Յայտնութիւն 22։8, 9) Եթէ այս կատարեալ արարածները կրնան աստուածային առաջնորդութենէն օգտուիլ, որքա՜ն աւելի անկատար մարդիկը։ Մարդկային պատմութիւնը եւ մեր անձնական փորձառութիւնը ապացուցանած են Երեմիա մարգարէին դիտարկութեան շիտակ ըլլալը. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։—Երեմեայ 10։23

10 Եթէ կը փափաքինք ուրախ եւ յաջող կեանք մը ունենալ, առաջնորդութեան համար Աստուծոյ պէտք է նայինք։ Սողոմոն Թագաւոր գիտակցեցաւ աստուածային առաջնորդութենէ անկախ՝ անձնական չափանիշներու համաձայն ապրելու վտանգը. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է»։—Առակաց 14։12

Եհովայի Օրէնքին Վրայ Գուրգուրալու Պատճառներ

11. Ինչո՞ւ պէտք է փափաքինք Աստուծոյ օրէնքը հասկնալ։

11 Լաւ կ’ընենք եթէ Եհովայի օրէնքը հասկնալու խոր ցանկութիւն մը մշակենք։ Սաղմոսերգուն այսպիսի տենչ մը արտայայտեց, երբ ըսաւ. «Բաց իմ աչքերս, որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ»։ (Սաղմոս 119։18) Ո՛րքան աւելի Աստուած եւ իր ճամբաները ճանչնանք, ա՛յնքան աւելի խոր կերպով պիտի գնահատենք Եսայիի խօսքերուն ճշմարտութիւնը. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր»։ (Եսայեայ 48։17, 18) Եհովա անկեղծօրէն կը փափաքի որ իր ժողովուրդը աղէտէ խուսափի եւ կեանքը վայելէ, իր պատուիրաններուն ուշադրութիւն ընծայելով։ Այժմ քննենք կարգ մը գլխաւոր պատճառներ, թէ ինչո՛ւ պէտք է գուրգուրանք Աստուծոյ օրէնքին վրայ։

12. Մեր մասին Եհովայի ունեցած գիտութիւնը ի՞նչպէս զինք լաւագոյն Օրէնսդիրը կը դարձնէ։

12 Աստուածային օրէնքը կու գայ մեզ լաւագոյնս ճանչցողին կողմէ։ Քանի որ Եհովա մեր Ստեղծիչն է, տրամաբանական է որ ան մարդիկը կատարելապէս ճանչնայ։ (Սաղմոս 139։1, 2. Գործք 17։24-28) Սերտ բարեկամներ, ազգականներ, նոյնիսկ ծնողներ մեզ չեն կրնար ա՛յնքան լաւ ճանչնալ որքան Եհովա կը ճանչնայ մեզ։ Այո, Աստուած մեզ շատ աւելի լաւ կը ճանչնայ քան՝ մենք մեզ։ Մեր Արարիչը անզուգական հասկացողութիւն ունի մեր հոգեւոր, զգացական, մտային եւ ֆիզիքական կարիքներուն նկատմամբ։ Մինչ իր ուշադրութիւնը մեզի կ’ուղղէ, ան խոր հասկացողութիւն ցոյց կու տայ մեր կազմուածքին, ցանկութիւններուն եւ փափաքներուն հանդէպ։ Եհովա կը հասկնայ մեր սահմանափակումները, սակայն, նաեւ գիտէ լաւը ընելու մեր հնարաւորութիւնները։ Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։14) Ուստի, կրնանք հոգեւոր ապահովութեան զգացում մը ունենալ, մինչ կը ջանանք իր օրէնքին մէջ քալել, սիրայօժար կերպով մեր անձերը աստուածային առաջնորդութեան ենթարկելով։—Առակաց 3։19-26

13. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունի։

13 Աստուածային օրէնքը մեզ Սիրողէն կու գայ։ Աստուած խորապէս հետաքրքրուած է մեր մնայուն բարօրութեամբ։ Իր Որդին «շատերու համար փրկանք տալ»ու համար սուղ գին մը չվճարե՞ց։ (Մատթէոս 20։28) Եհովա խոստացած չէ՞ որ ‘մեզ պիտի չթողու որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք’։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Աստուածաշունչը մեզ չի՞ վստահեցներ թէ ան ‘մեզի համար կը հոգայ’։ (Ա. Պետրոս 5։7) Եհովայէ զատ մէկը չկայ, որ ա՛յսքան սիրալիր կերպով հետաքրքրուած է մարդկային ստեղծագործութեան ի նպաստ օգտակար ուղեգծեր հայթայթելով։ Ան գիտէ թէ մեզի համար ի՛նչ բան օգտակար է, եւ թէ ի՛նչ բան երջանկութիւն կամ տրտմութիւն կը բերէ։ Թէեւ անկատար ենք ու սխալներ կը գործենք, սակայն եթէ արդարութեան ետեւէ ըլլանք, ան մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տայ այնպիսի կերպերով, որոնց արդիւնքը պիտի ըլլայ կեանք ու օրհնութիւններ։—Եզեկիէլ 33։11

14. Աստուծոյ օրէնքը ի՞նչ կարեւոր կերպով կը տարբերի մարդկային գաղափարներէն։

14 Աստուծոյ օրէնքին անփոփոխելի ըլլալը մեզի համար սրտապնդիչ է։ Մեր ապրած փոթորկալից ժամանակներուն մէջ, Եհովա կայունութեան ժայռ մըն է, որ յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս առկայ է։ (Սաղմոս 90։2) Ան իր մասին ըսաւ. «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր»։ (Մաղաքեայ 3։6) Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Աստուծոյ չափանիշները, ամբողջովին վստահելի են, յարատեւաբար փոխուող մարդկային գաղափարներուն հակառակը։ (Յակոբու 1։17) Օրինակ, տարիներ շարունակ հոգեբաններ քաջալերեցին երախաներու կրթութեան մէջ թոյլատու ըլլալ, սակայն, հետագային ոմանք իրենց միտքը փոխեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենց խրատը սխալ էր։ Այս հարցին շուրջ աշխարհային չափանիշներն ու ուղեգծերը յեղյեղուկ են, որպէս թէ հովէն քշուած։ Սակայն, Եհովայի Խօսքը անփոփոխ է։ Դարեր շարունակ, Աստուածաշունչը խրատ հայթայթած է սիրալիր կերպով զաւակ կրթելու մասին։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Որքա՜ն սրտապնդիչ է գիտնալ թէ կրնանք Եհովայի չափանիշներուն վստահիլ. անոնք պիտի չփոխուին։

Օրհնութիւններ՝ Աստուծոյ Օրէնքին Հնազանդողներուն Համար

15, 16. (ա) Եթէ Եհովայի չափանիշները կիրարկենք, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ (բ) Աստուծոյ օրէնքները ի՞նչպէս կրնան ողջամիտ ուղեցոյց մը ըլլալ ամուսնութեան մէջ։

15 Իր Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Աստուած ըսաւ. ‘Իմ բերնէս ելած խօսքը, յաջողութեամբ պիտի գործադրուի’։ (Եսայեայ 55։11) Ճիշդ նոյնպէս, երբ սրտանց կը ջանանք իր Խօսքին մէջ գտնուող չափանիշներուն հետեւիլ, պիտի յաջողինք, արժանաւոր բաներ պիտի իրագործենք, եւ երջանկութիւն պիտի գտնենք։

16 Նկատի առէք թէ Եհովայի օրէնքները ի՛նչպէս ողջամիտ ուղեցոյց մըն են յաջող ամուսնութեան մը համար։ «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբրայեցիս 13։4) Ամուսնական կողակիցները պէտք է իրարու հանդէպ յարգալից ու սիրով ըլլան. «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի»։ (Եփեսացիս 5։33) Հարկ եղած սէրը բնութագրուած է Ա. Կորնթացիս 13։4-8–ի մէջ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չիյնար»։ Այսպիսի սիրով յատկորոշուած ամուսնութիւն մը բնաւ պիտի չձախողի։

17. Խմիչքի գործածութեան շուրջ Եհովայի չափանիշները կիրարկելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

17 Ուրիշ ապացոյց մը թէ Եհովայի չափանիշները օգտակար են, այն իրողութիւնն է որ ան գինովութիւնը կը դատապարտէ։ Ան նոյնիսկ չի հաճիր որ անհատ մը «գինեսէր» ըլլայ։ (Ա. Տիմոթէոս 3։3, 8. Հռովմայեցիս 13։13) Այս հարցին շուրջ Աստուծոյ չափանիշները անտեսողներէն շատեր կը տառապին հիւանդութիւններէ, որոնց պատճառը կամ սաստկանալը չափազանց խմելն է։ Չափաւորութեան շուրջ Աստուածաշունչին խրատը զանց ընելով, ոմանք գինեմոլութենէ բռնուած են, խորհելով թէ անիկա «կ’օգնէ որ հանգստանան»։ Չափազանց խմելէն յառաջ եկած խնդիրները շատ են, ի ներառեալ ինքնայարգանքի պակաս, ընտանեկան լարուած յարաբերութիւններ կամ ընտանիքի քայքայում, վատնուած եկամուտ, եւ գործէ վտարում։ (Առակաց 23։19-21, 29-35) Ոգելից ըմպելիներու գործածութեան շուրջ Եհովայի չափանիշները պաշտպանութիւն մը չե՞ն։

18. Աստուծոյ օրէնքները նիւթական հարցերու մէջ գործնակա՞ն են։ Բացատրեցէք։

18 Աստուծոյ չափանիշները գործնական փաստած են ըլլալ նաեւ դրամական հարցերու մէջ։ Աստուածաշունչը Քրիստոնեաները կը յորդորէ որ պարկեշտ ու ժրաջան ըլլան։ (Ղուկաս 16։10. Եփեսացիս 4։28. Կողոսացիս 3։23) Քանի որ անոնք այս խրատին կը հետեւին, Քրիստոնեաներէն շատեր աւելի բարձր պաշտօններու արժանացան կամ իրենց գործը պահեցին մինչ ուրիշներ գործէ արձակուեցան։ Նիւթական օգուտներ յառաջ կու գան երբ անհատ մը կը խուսափի սուրբ գրային չեղող սովորութիւններէ ու մոլութիւններէ, ինչպէս՝ բախտախաղէ, ծխելէ եւ թմրեցուցիչի սխալ գործածութենէ։ Անտարակոյս կրնաք այլ օրինակներ թուել, որոնք Աստուծոյ չափանիշներուն տնտեսական գործնականութիւնը ցոյց կու տան։

19, 20. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է աստուածային օրէնքները ընդունիլ եւ անոնց կառչիլ։

19 Անկատար մարդոց համար դիւրին է Աստուծոյ օրէնքներէն ու չափանիշներէն խոտորիլ։ Խորհեցէք Սինա Լերան մօտ գտնուող Իսրայելացիներուն մասին։ Աստուած անոնց ըսաւ. «Հիմա եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն»։ Անոնք պատասխանեցին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ Այսուհանդերձ, անոնց ընտրած ընթացքը որքա՜ն հակառակ էր ասոր։ (Ելից 19։5, 8. Սաղմոս 106։12-43) Ուստի, թող որ Աստուծոյ չափանիշները ընդունինք եւ անոնց կառչինք։

20 Իմաստութիւն է եւ ուրախութիւն կը պատճառէ եթէ սերտօրէն կառչինք մեր կեանքը ուղղելու համար Եհովայի հայթայթած անբաղդատելի օրէնքներուն։ (Սաղմոս 19։7-11) Ասիկա յաջողութեամբ ընելու համար, նաեւ պէտք է գնահատենք աստուածային սկզբունքներուն արժէքը։ Ասիկա յաջորդ յօդուածին նիւթն է։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 «Քրիստոսին օրէնք»ին մասին մանրամասնուած քննարկութեան մը համար, տես՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1996, էջ 12-21։

Կը յիշէ՞ք

• Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ օրէնքները մեր օգտին համար են։

• Ի՞նչ պատճառներով պէտք է Եհովայի օրէնքին վրայ գուրգուրանք։

• Աստուծոյ օրէնքները ի՞նչ կերպերով օգտակար են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 6]

Աբրահամ առատօրէն օրհնուեցաւ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդելուն համար

[Նկարներ՝ էջ 7]

Մերօրեայ բազմազբաղ կեանքին մտահոգութիւնները շատերու ուշադրութիւնը աստուածային օրէնքէն կը հեռացնեն

[Նկար՝ էջ 9]

Ժայռի մը վրայ գտնուող փարոսի մը նման, աստուածային օրէնքը կայուն եւ անփոփոխելի է