Եհովա իր ժողովուրդը կը զարդարէ լոյսով
Եհովա իր ժողովուրդը կը զարդարէ լոյսով
«Ելի՛ր [ո՛վ կին], լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 60։1
1, 2. (ա) Ի՞նչ է մարդկութեան կացութիւնը։ (բ) Մարդկութեան խաւարին ետին ո՞վ կայ։
«Ո՜Հ, ԵԹԷ Եսայի մը կամ Սուրբ Պօղոս մը ունենայինք»։ Այսպէս ողբաց 1940–ական տարիներուն, Մ. Ն. Նախագահ Հէրի Դրուման։ Ինչո՞ւ այսպէս արտայայտուեցաւ։ Ան զգաց որ իր ժամանակուան աշխարհին մէջ բարոյական բարձր մակարդակ ունեցող առաջնորդներու կարիքը կար։ Մարդկութիւնը տակաւին նոր ապրած էր Ի. դարու ամենէն խաւար շրջանը՝ Երկրորդ Աշխարհամարտը։ Թէեւ պատերազմը վերջ գտած էր, բայց աշխարհը տակաւին խաղաղ վիճակի մէջ չէր։ Խաւարը կը գոյատեւէր։ Արդարեւ, այդ պատերազմը լրանալէն 57 տարիներ ետք, աշխարհը տակաւին խաւարի մէջ է։ Եթէ Նախագահ Դրուման ներկայիս ողջ եղած ըլլար, վստահաբար տակաւին Եսայիի կամ Պօղոս առաքեալի նման առաջնորդներու կարիքը պիտի զգար։
2 Նախագահ Դրուման տեղեակ եղած ըլլար կամ ոչ, Պօղոս առաքեալ խօսած էր մարդկութիւնը պատող խաւարին մասին, եւ անոր մասին ազդարարած էր իր գրութիւններուն մէջ։ Օրինակի համար, ան իր հաւատակիցները ազդարարեց, ըսելով. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։ (Եփեսացիս 6։12) Այս խօսքերով Պօղոս ցոյց տուաւ թէ ո՛չ միայն տեղեակ էր աշխարհը պատող հոգեւոր խաւարէն, այլ նաեւ՝ գիտէր այդ խաւարին իսկական աղբիւրը. որպէս ‘աշխարհի իշխաններ’ նկարագրուած հզօր դիւային ուժեր։ Քանի որ աշխարհի խաւարին ետին հզօր ոգիներ կան, մարդիկ ի՞նչ կրնան ընել զանիկա փարատելու համար։
3. Հակառակ մարդկութեան խաւար վիճակին, Եսայի հաւատարիմներուն մասին ի՞նչ մարգարէացաւ։
3 Եսային ալ մարդկութիւնը հարուածող խաւարին մասին խօսեցաւ։ (Եսայեայ 8։22. 59։9) Սակայն, մեր օրերուն մասին խօսելով, ներշնչման ներքեւ նախագուշակեց որ նոյնիսկ այս խաւար օրերուն, Եհովա լոյսը սիրողներուն մտահորիզոնը պիտի լուսաւորէր։ Ուստի, թէեւ Պօղոսը կամ Եսային անձամբ մեր մէջ չեն, բայց ունինք իրենց ներշնչեալ գրութիւնները, որոնք մեզի ուղղութիւն կու տան։ Տեսնելու համար թէ ասիկա ի՛նչ մեծ օրհնութիւն մըն է Եհովան սիրողներուն համար, նկատի առնենք Եսայիի մարգարէական խօսքերը, որոնք կը գտնուին իր գրքին 60–րդ գլուխին մէջ։
Մարգարէական Կին մը Լոյս կը Սփռէ
4, 5. (ա) Եհովա կնոջ մը ի՞նչ կը պատուիրէ, եւ ի՞նչ կը խոստանայ։ (բ) Եսայեայ 60–րդ գլուխը ի՞նչ ոգեւորիչ տեղեկութիւններ կը պարունակէ։
4 Եսայեայ 60–րդ գլուխին առաջին խօսքերը ուղղուած են շատ տխուր վիճակի մէջ գտնուող կնոջ մը։ Ան խաւարի մէջ՝ գետինը պառկած է։ Յանկարծ լոյսը կը ճեղքէ խաւարը եւ Եհովա բարձր ձայնով կ’ըսէ. «Ելի՛ր [ո՛վ կին], լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ»։ (Եսայեայ 60։1) Ժամանակը եկած է որ այս կինը ոտքի ելլէ եւ Աստուծոյ լոյսը՝ փառքը՝ արտացոլացնէ։ Ինչո՞ւ։ Պատասխանը կը գտնենք յաջորդ համարին մէջ. «Ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ»։ (Եսայեայ 60։2) Երբ կինը կը հնազանդի Եհովայի պատուէրին, ասոր հոյակապ արդիւնքին նկատմամբ երաշխիք կը ստանայ։ Եհովա կ’ըսէ. «Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը»։—Եսայեայ 60։3
Եսայեայ 60–րդ գլուխին մնացեալ մասին պարունակութեան թէ՛ նախաբանը եւ թէ ամփոփումն են։ Անոնք մարգարէական կնոջ մը փորձառութիւնները կը նախագուշակեն եւ կը բացատրեն թէ ի՛նչպէս կրնանք Եհովայի լոյսին մէջ բնակիլ, հակառակ մարդկութիւնը պատող խաւարին։ Սակայն այս երեք համարներուն մէջի խորհրդանիշերուն իմաստը ի՞նչ է։
5 Այս երեք համարներուն ոգեւորիչ խօսքերը,6. Եսայեայ 60–րդ գլուխին կինը ո՞վ է, եւ երկրի վրայ զայն ո՞վ կը ներկայացնէ։
6 Եսայեայ 60։1-3–ի մէջի կինը Սիօնն է. հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնը։ Ներկայիս, երկրի վրայ Սիօնը ներկայացուած է «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի մնացորդով՝ հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներու միջազգային ժողովքով, որ երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ իշխելու յոյսը ունի։ (Գաղատացիս 6։16) Այս հոգեւոր ազգը 144,000 անդամներ ունի, եւ Եսայեայ 60–րդ գլուխին արդի կատարումը աւելի կը կեդրոնանայ «վերջին օրեր»ուն անոնցմէ երկրի վրայ ողջ եղողներուն վրայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Յայտնութիւն 14։1) Մարգարէութիւնը շատ բան կ’ըսէ նաեւ այս օծեալ Քրիստոնեաներուն ընկերակիցներուն՝ «ուրիշ ոչխարներ»ու ‘մեծ բազմութեան’ մասին։—Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16
7. Ի՞նչ էր Սիօնի վիճակը 1918–ին, եւ ասիկա ի՞նչպէս մարգարէացուած էր։
7 Կա՞ր ժամանակ մը, երբ «Աստուծոյ Իսրայէլը» խաւարի մէջ պառկած էր, ինչպէս նախագուշակուած էր այդ մարգարէական կնոջմով։ Այո՛։ Ասիկա տեղի ունեցաւ աւելի քան 80 տարի առաջ։ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, օծեալ Քրիստոնեաները վկայութեան գործը շարունակելու համար ծանր պայքարեցան։ Բայց 1918–ին, պատերազմի վերջին տարին, կազմակերպուած քարոզչութիւնը գրեթէ դադրեցաւ։ Եղբայր Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ երկրածաւալ քարոզչութեան գործին վրայ կը վերահսկէր, եւ ուրիշ կարկառուն Քրիստոնեաներ կեղծ ամբաստանութիւններով երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուեցան։ Յայտնութիւն գրքին մէջ, այդ ժամանակ երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաները մարգարէաբար նկարագրուած էին որպէս դիակներ, փռուած՝ «մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս»։ (Յայտնութիւն 11։8) Անիկա իրապէս խաւար ժամանակ մըն էր Սիօնի համար, որ երկրի վրայ իր օծեալ զաւակներով ներկայացուած էր։
8. 1919–ին ի՞նչ շշմեցուցիչ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
8 Սակայն, 1919–ին շշմեցուցիչ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ. Եհովա լոյս ծագեցուց Սիօնի վրայ։ Աստուծոյ Իսրայէլէն ողջ մնացողները ոտքի կանգնեցան Աստուծոյ լոյսը փայլեցնելու Մատթէոս 5։14-16) Այս Քրիստոնեաներուն վերակենդանացած եռանդին շնորհիւ, ուրիշներ Եհովայի լոյսին եկան։ Սկիզբը, անոնք Աստուծոյ Իսրայէլին նոր անդամներն էին։ Եսայեայ 60։3–ի մէջ անոնք կոչուած են «թագաւորներ», քանի որ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ պիտի ըլլան։ (Յայտնութիւն 20։6) Հետագային, ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւն մը եկաւ Եհովայի լոյսին։ Ասոնք մարգարէութեան մէջ յիշուած «ազգեր»ն են։
համար, խիզախօրէն դարձեալ ձեռնարկելով բարի լուրի ծանուցման։ (Կնոջ Զաւակները Տուն կու Գան
9, 10. (ա) Կինը ի՞նչ արտակարգ երեւոյթ մը տեսաւ, եւ ասիկա ի՞նչ կը նախագուշակէր։ (բ) Սիօն ուրախանալու ի՞նչ պատճառ ունի։
9 Այժմ, Եհովա կը սկսի Եսայեայ 60։1-3–ի մէջ ուրուագծուած տեղեկութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալ։ Ան կնկան ուրիշ պատուէր մը կու տայ։ Մտիկ ըրէք թէ ան ի՛նչ կ’ըսէ. «Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛»։ Կինը կը հնազանդի եւ ի՜նչ սրտապնդիչ երեւոյթ մը կը պարզուի։ Իր զաւակները տուն կու գան։ Համարը կը շարունակէ ըսել. «Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին»։ (Եսայեայ 60։4) Թագաւորութեան համաշխարհային ծանուցումը, որ 1919–ին սկսաւ, հազարաւոր նորեկներ Եհովայի ծառայութեան մէջ բերաւ։ Ասոնք ալ Սիօնի «տղաքներ»ն ու «աղջիկներ»ը դարձան, Աստուծոյ Իսրայէլին օծեալ անդամները։ Այսպիսով, Եհովա զարդարեց Սիօնը՝ 144,000–ի վերջին անդամները լոյսին բերելով։
10 Իր զաւակները իրեն հետ ունենալով, Սիօնի ուրախութիւնը կրնա՞ք երեւակայել։ Սակայն, Եհովա ուրախութեան ուրիշ պատճառներ կու տայ Սիօնի։ Կը կարդանք. «Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանաս ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ, քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ, ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ»։ (Եսայեայ 60։5) Այս մարգարէական խօսքերուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, 1930–ական թուականներէն ի վեր, երկրային յոյս ունեցող բազմաթիւ Քրիստոնեաներ դէպի Սիօն խուժած են։ Անոնք Աստուծմէ օտարացած մարդկութեան «ծով»էն եկած են եւ կը ներկայացնեն ազգերուն հարստութիւնը։ Անոնք «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաներ»ն են։ (Անգեայ 2։7. Եսայեայ 57։20) Նկատի առէք որ այս «ցանկալի բաները» ինքնագլուխ կերպով չէ որ Եհովան կը պաշտեն։ Հապա Սիօնի գեղեցկութիւնը կ’աւելցնեն, գալով եւ իրենց օծեալ եղբայրներուն հետ պաշտելով՝ «մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» ըլլալով։—Յովհաննու 10։16
Վաճառականներ ու Հովիւներ Սիօն կու Գան
11, 12. Դէպի Սիօն ուղղուող ամբոխները նկարագրեցէք։
11 Այս նախատեսուած հաւաքումին արդիւնքն է՝ Եհովան փառաբանողներու թիւին ուշագրաւօրէն աւելնալը։ Ասիկա նախագուշակուած էր մարգարէութեան յաջորդ խօսքերուն մէջ։ Երեւակայեցէք որ դուք Սիօն Լերան վրայ այդ մարգարէական կնոջ հետ կայնած էք։ Դէպի արեւելք կը նայիք՝ ի՞նչ կը տեսնէք։ «Ուղտերուն երամակը եւ Մադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։ Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան, ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն եւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն»։ (Եսայեայ 60։6) Ուղտերու կարաւաններով, վաճառականներու խումբեր կ’ուղղուին դէպի Երուսաղէմ։ Ուղտերը երկիրը ծածկող հեղեղի նման են։ Վաճառականները թանկագին նուէրներ կը բերեն՝ «ոսկի ու կնդրուկ»։ Եւ այս վաճառականները Աստուծոյ լոյսին կու գան, զինք հանրապէս փառաբանելու համար՝ ‘Եհովայի փրկութիւնը աւետելու համար’։
12 Միայն վաճառականները չեն եկողները։ Հովիւներ ալ Սիօն կու գան։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Կեդարի բոլոր հօտերը քու Եսայեայ 60։7ա) Խաշնարած ցեղեր կու գան սուրբ քաղաքը, իրենց հօտերուն լաւագոյններէն Եհովայի նուիրելու համար։ Անոնք Սիօնի ծառայելու համար նոյնիսկ իրենք զիրենք կը մատուցանեն։ Եհովա ի՞նչպէս կ’ընդունի այս օտարականները։ Աստուած ինք կը պատասխանէ. «Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու։ Իմ աղօթքիս տունը պիտի փառաւորեմ»։ (Եսայեայ 60։7բ) Եհովա քաղցրութեամբ կ’ընդունի այս օտարականներուն զոհերն ու ծառայութիւնը։ Անոնց ներկայութիւնը կը գեղեցկացնէ իր տաճարը։
քովդ պիտի հաւաքուին ու Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն»։ (13, 14. Արեւմուտքէն եկող ի՞նչ բաներ կը տեսնուին։
13 Հիմա ձեր գլուխը դարձուցէք եւ ուշադրութեամբ դիտեցէք արեւմտեան հորիզոնը։ Ի՞նչ կը տեսնէք։ Հեռուն, ծովուն մակերեսին վրայ, տարածուած ճերմակ ամպի նման բան մը կ’երեւայ։ Եհովա կը հարցնէ մեր մտքէն անցած հարցումը. «Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէս ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս»։ (Եսայեայ 60։8) Եհովա ինք պատասխանը կու տայ. «Կղզիներն ու Թարսիսի նաւերը ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան, որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ եւ անոնց հետ անոնց արծաթն ու ոսկին բերեն, քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համար ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ [‘զարդարէ’, Արարատ]»։—Եսայեայ 60։9
14 Կրցա՞ք մտապատկերել տեսարանը։ Այդ ճերմակ ամպը աւելի մօտեցած է եւ այժմ հեռուն՝ արեւմուտքը, խումբ մը ճերմակ կէտերու երեւոյթը ունի։ Անոնք ալիքներուն վրայէն արագօրէն թռչող թռչուններու երամներու կը նմանին։ Բայց մինչ կը մօտենան, կը տեսնէք որ անոնք նաւեր են, որոնք իրենց առագաստները պարզած են հովուն դէմ։ Այնքան շատ են դէպի Երուսաղէմ ուղղուող նաւերը, որ անոնք աղաւնիներու
երամներու կը նմանին։ Նաւատորմեր՝ հեռաւոր նաւահանգիստներէ կը բերեն հաւատացեալներ, որոնք արտորնօք Երուսաղէմ կու գան Եհովան պաշտելու համար։Եհովայի Կազմակերպութիւնը կը Ծաւալի
15. (ա) Եսայեայ 60։4-9–ի խօսքերը ի՞նչ յաւելումի մասին կը նախագուշակեն։ (բ) Անկեղծ Քրիստոնեաներ ի՞նչպիսի հոգի մը կը ցուցաբերեն։
15 4-9–րդ համարները մարգարէական ի՜նչ հոյակապ պատկեր մը կը գծեն, 1919–էն ի վեր աշխարհի տարածքին կատարուող ծաւալման մասին։ Եհովա ինչո՞ւ այսպիսի յաւելումով օրհնած է Սիօնը։ Քանի որ 1919–էն ի վեր, Աստուծոյ Իսրայէլը հնազանդօրէն ու անդադար Եհովայի լոյսը սփռած է։ Սակայն նշմարեցի՞ք որ ըստ 7–րդ համարին, նոր եկողները Աստուծոյ «սեղանին վրայ պիտի ելլեն»։ Սեղանը տեղ մըն է ուր զոհեր կը մատուցուին, եւ մարգարէութեան այս երեսակը մեզի կը յիշեցնէ թէ Եհովայի ծառայութիւնը զոհեր կը պարփակէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կ’աղաչեմ ձեզի, . . . որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը [«սրբազան ծառայութիւն մը՝ ձեր բանաւորութեամբ», ՆԱ]»։ (Հռովմայեցիս 12։1) Պօղոսի խօսքերուն հետ ներդաշնակ գործելով, անկեղծ Քրիստոնեաներ միայն շաբաթը անգամ մը կրօնական պաշտամունքի ներկայ ըլլալով չեն գոհանար։ Անոնք իրենց ժամանակը, կորովը եւ նիւթականը կու տան մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանելու համար։ Այսպիսի անձնուէր երկրպագուներ Եհովայի տունը չե՞ն զարդարեր։ Եսայիի մարգարէութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք կը զարդարեն։ Իսկ կրնանք վստահ ըլլալ թէ այսպիսի նախանձախնդիր երկրպագուներ իրենց կարգին, Եհովայի աչքին գեղեցիկ են։
16. Անցեալին որո՞նք աջակցեցան վերաշինութեան գործին, իսկ ներկայիս որո՞նք ըրած են ասիկա։
16 Նորեկները կ’ուզեն աշխատիլ։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն»։ (Եսայեայ 60։10) Այս խօսքերուն առաջին կատարման ժամանակ, Բաբելոնի գերութենէն վերադարձի օրերուն, թագաւորներ ու ազգերէն անհատներ իրապէս բաժին բերին տաճարին եւ Երուսաղէմ քաղաքին վերաշինութեան մէջ։ (Եզրասայ 3։7. Նէեմեայ 3։26) Արդի կատարման մէջ, մեծ բազմութիւնը թիկունք կանգնած է օծեալ մնացորդին՝ ճշմարիտ պաշտամունքը կերտելու համար։ Անոնք բաժին բերած են քրիստոնէական ժողովքներու կերտումին մէջ, եւ այս կերպով Եհովայի կազմակերպութեան քաղաքանման «պարիսպներ»ը զօրացուցած են։ Անոնք նաեւ կը մասնակցին բառացի շինարարութեան՝ Թագաւորութեան Սրահներու, Համաժողովի Սրահներու եւ Պէթէլի համալիրներու կառուցման։ Այս բոլոր կերպերով, անոնք Եհովայի ծաւալող կազմակերպութեան կարիքներուն հոգ տանող իրենց օծեալ եղբայրներուն նեցուկ կը կանգնին։
17. Իր ժողովուրդը զարդարելու Եհովայի կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
17 Եսայեայ 60։10–ի վերջին խօսքերը որքա՜ն քաջալերական են։ Եհովա կ’ըսէ. «Իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի, բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ»։ Այո, 1918/1919–ին, Եհովա իր ժողովուրդը կրթեց։ Սակայն ասիկա անցեալին էր։ Հիմա ժամանակն է որ Եհովա իր օծեալ ծառաներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն՝ ուրիշ ոչխարներուն՝ հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տայ։ Ասիկա կ’ապացուցանուի այն արտակարգ յաւելումով, որով օրհնած է զանոնք, կարծես թէ ‘զիրենք զարդարելով’։
18, 19. (ա) Իր կազմակերպութեան ընկերակցող նորեկներուն Եհովա ի՞նչ խոստում կու տայ։ (բ) Եսայեայ 60–րդ գլուխին մնացեալ համարները ի՞նչ կ’ըսեն մեզի։
18 Ամէն տարի, հարիւր հազարաւոր նոր Եսայեայ 60։11) Կարգ մը հակառակորդներ կը փորձեն այս «դռներ»ը գոցել, բայց գիտենք որ անոնք չեն կրնար յաջողիլ։ Եհովա ինք ըսած է որ դռները բաց պիտի մնան։ Յաւելումը պիտի շարունակուի։
«օտարներու որդիներ» Եհովայի կազմակերպութեան կ’ընկերակցին, եւ տակաւին ճամբան բաց է ուրիշներու համար։ Եհովա Սիօնին կ’ըսէ. «Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, ցերեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը եւ անոնց թագաւորները բերուին»։ (19 Տակաւին ուրիշ կերպերով ալ Եհովա իր ժողովուրդը օրհնած է, զանոնք զարդարելով, այս վերջին օրերուն մէջ։ Եսայեայ 60–րդ գլուխին մնացեալ համարները կը յայտնեն թէ այդ կերպերը ի՛նչ են։
Կրնա՞ք բացատրել
• Ո՞վ է Աստուծոյ «կինը», եւ երկրի վրայ զայն ո՞վ կը ներկայացնէ։
• Սիօնի զաւակները ե՞րբ գետին պառկած էին, եւ ե՛րբ ու ի՛նչպէս անոնք ‘ելան’։
• Տարբեր խորհրդանիշեր գործածելով, Եհովա ի՞նչպէս նախագուշակեց Թագաւորութեան քարոզիչներու ներկայ յաւելումը։
• Եհովա ի՞նչ կերպերով պատճառ եղած է որ իր լոյսը ծագի իր ժողովուրդին վրայ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 22]
Եհովայի ‘կնոջ’ պատուէր կը տրուի որ ոտքի կայնի
[Նկար՝ էջ 24]
Նաւատորմեր հորիզոնին վրայ եղող աղաւնիներու կը նմանին