Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրապէս ի՞նչ է դժոխքը

Իրապէս ի՞նչ է դժոխքը

Իրապէս ի՞նչ է դժոխքը

«ԴԺՈԽՔ» բառը ձեր մտքին մէջ ի՛նչ պատկեր ալ գծէ, ընդհանրապէս մարդիկ դժոխքին մասին կը խորհին որպէս մեղքին պատիժը կրելու վայր մը։ Մեղքին ու անոր հետեւանքին մասին խօսելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Սուրբ Գրութիւնները նաեւ կ’ըսեն. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Մեղքին պատիժը մահ ըլլալով, դժոխքին իսկական բնոյթը որոշելու համար հիմնական հարցումն է. Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։

Կեանքը կերպով մը, կամ ձեւով մը, մահուընէ ետք կը շարունակուի՞։ Ի՞նչ է դժոխքը, եւ ի՞նչպիսի մարդիկ հոն կ’երթան։ Դժոխքին մէջ եղողներուն համար որեւէ յոյս կա՞յ։ Աստուածաշունչը ճշմարիտ եւ գոհացուցիչ պատասխաններ կու տայ այս հարցումներուն։

Մահուընէ Ետք Կեա՞նք

Մեր ներսիդին կա՞յ բան մը, ինչպէս՝ հոգի կամ ոգի մը, որ մարմնին մահէն ետք կը վերապրի։ Նկատի առէք թէ ի՛նչպէս առաջին մարդը՝ Ադամ՝ կեանք ստացաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց»։ (Ծննդոց 2։7) Թէեւ շնչառութիւնը իր կեանքը պահպանեց, բայց իր ռնգունքներէն «կենդանութեան շունչ»ը դնելը, անոր թոքերուն մէջ շունչ փչելէն շատ աւելին պարփակեց։ Անիկա նշանակեց թէ Աստուած Ադամի անկենդան մարմնին մէջ կեանքի կայծը՝ «կեանքի ոյժը»՝ դրաւ, որ կը գործէ երկրային բոլոր արարածներուն մէջ։ (Ծննդոց 6։17, ՆԱ. 7։22, ՆԱ) Աստուածաշունչը այս կենդանացնող ոյժին մասին կը խօսի որպէս «ոգի»։ (Դատաւորաց 15։19) Այդ կեանքի ոյժը կարելի է նմանցնել ելեկտրական հոսանքին, որ գործիք կամ սարք մը կ’աշխատցնէ եւ զայն կարող կը դարձնէ իր գործը կատարելու։ Ճիշդ ինչպէս հոսանքը երբեք իր աշխատցուցած գործիքին կերպարը չ’առներ, կեանքի ոյժն ալ իր կենդանացուցած արարածներուն յատկանիշները չ’առներ։ Անիկա անձնաւորութիւն եւ մտածելու կարողութիւն չունի։

Ի՞նչ կը պատահի կեանքի ոյժին կամ ոգիին, երբ անհատը մեռնի։ Սաղմոս 146։4–ը կ’ըսէ. «Անոր հոգին [«ոգին», ՆԱ] կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ Երբ մէկը մեռնի, անոր անդէմ ոգին ուրիշ ոլորտի մէջ իր գոյութիւնը չի շարունակեր որպէս հոգեղէն արարած մը։ Անիկա ‘Աստուծոյ կը դառնայ, որ զանիկա տուաւ’։ (Ժողովողի 12։7) Ասիկա կը նշանակէ թէ այդ անձին համար ապագայ կեանքի որեւէ յոյս, այժմ ամբողջովին Աստուծմէ կախեալ է։

Վաղեմի Յոյն իմաստասէրներ՝ Սոկրատ ու Պղատոն, կը հաւատային թէ անհատին ներսիդին հոգի մը կայ, որ մահուընէ ետք կը վերապրի եւ բնաւ չի մեռնիր։ Աստուածաշունչը հոգիին մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ադամ «կենդանի հոգի եղաւ», կ’ըսէ Ծննդոց 2։7–ն։ Ան հոգի մը չառաւ. ան հոգի մըն էր՝ լման անձ մը։ Սուրբ Գրութիւնները կը խօսին թէ հոգի մը կ’օրհնէ, կը ծնի, կը վշտանայ, կերակուրէն կը զզուի, կը ծարաւի, կու լայ, կը մարի, եւայլն։ (Ծննդոց 27։4. 46։18. Յոբայ 19։2. 33։20. Սաղմոս 42։2. Երեմեայ 13։17. Յովնանու 2։7) Այո, մարդը ինքնին հոգի մըն է։ Երբ անհատ մը մեռնի, այդ հոգին կը մեռնի։—Յակոբու 5։20

Ուստի, մեռելները ի՞նչ վիճակի մէջ են։ Երբ Ադամի դէմ դատավճիռ կ’արձակէր, Եհովա ըսաւ. «Հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) Աստուած զինք գետնին հողէն շինելէն եւ կեանք տալէն առաջ, Ադամ ո՞ւր էր։ Ան պարզապէս գոյութիւն չունէր։ Երբ մեռաւ, Ադամ չգոյութեան վիճակին վերադարձաւ։ Մեռելներուն վիճակը բացայայտ դարձուած է Ժողովողի 9։5, 10–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր . . . Գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ Ըստ Աստուածաշունչին, մահը չգոյութեան վիճակ մըն է։ Մեռելները ո՛չ գիտակցութիւն, ո՛չ զգացումներ եւ ո՛չ մտածումներ ունին։

Անվերջ Տանջա՞նք թէ՝ Հասարակաց Գերեզման

Քանի որ մեռելները գիտակից գոյութիւն մը չունին, դժոխքը չի կրնար տանջանքի կրակոտ վայր մը ըլլալ, ուր չարերը մեռնելէ ետք կը չարչարուին։ Ուստի, ի՞նչ է դժոխքը։ Այդ հարցումին պատասխանելու համար, քննենք թէ Յիսուսի ի՛նչ պատահեցաւ իր մահէն ետք։ Աստուածաշունչի գրողներէն Ղուկաս կ’ըսէ. «[Քրիստոսի] անձը գերեզմանը [«դժոխքումը», Արարատ, ստորանիշ] չթողուեցաւ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ»։ * (Գործք 2։31) Ո՞ւր էր դժոխքը, ուր նոյնիսկ Յիսուս գնաց։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ձեզի աւանդեցի . . . թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։3, 4) Ուստի Յիսուս դժոխքին՝ գերեզմանին՝ մէջ էր, սակայն հոն չմնաց, քանի որ յարուցանուեցաւ։

Նկատի առէք նաեւ արդար Յոբի պարագան, որ շատ տառապեցաւ։ Փափաքելով իր դժուարին կացութենէն ազատուիլ, ան աղերսեց. «Երանի՜ թէ ինձ դժոխքումը ծածկէիր, թաքցնէիր մինչեւ քո բարկութեան անցնելը»։ * (Յոբայ 14։13, Արարատ) Որքա՜ն անտրամաբանական է խորհիլ թէ Յոբ փափաքեցաւ կրակոտ վայր մը երթալ, հոն պաշտպանուելու համար։ Յոբի համար, «դժոխք»ը պարզապէս գերեզմանն էր, ուր իր տառապանքը վերջ պիտի գտնէր։ Արդ, Աստուածաշունչի դժոխքը մարդկութեան հասարակաց գերեզմանն է, ուր թէ՛ բարի եւ թէ չար մարդիկ կ’երթան։

Դժոխքի Կրակը՝ Ամէն Բան Սպառո՞ղ

Կրնա՞յ ըլլալ որ դժոխքի կրակը կը խորհրդանշէ ամբողջական սպառում կամ կործանում։ Կրակը դժոխքէն զանազանելու համար, Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան»։ Հոս յիշուած «լիճ»ը այլաբանական է, քանի որ կարելի չէ որ անոր մէջ ձգուած մահն ու դժոխքը բառացիօրէն այրին։ «Ասիկա [կրակի լիճը] է երկրորդ մահը». մահ մը, որմէ ետ կեանքի գալու յոյսը չկայ։—Յայտնութիւն 20։14

Կրակի լիճը եւ «գեհենի կրակ»ը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ, իմաստով նման են։ (Մատթէոս 5։22. Մարկոս 9։46, 47) Գեհենը 12 անգամ կը հանդիպի Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, եւ անիկա կ’ակնարկէ Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս գտնուող Ենովմի ձորին։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, այս ձորը կը գործածուէր որպէս աղբանոց, «ուր ոճրագործներու մեռած մարմինները, անասուններու դիակները եւ ուրիշ ամէն տեսակ աղբ կը նետուէին»։ (Smith’s Dictionary of the Bible) Կրակը միշտ վառ կը պահուէր անոր վրայ ծծումբ աւելցնելով, որպէսզի աղբերը սպառէր։ Յիսուս այդ ձորը գործածեց որպէս յաւիտենական բնաջնջումի յարմար խորհրդանիշ մը։

Ինչպէս Գեհենը, նոյնպէս ալ կրակի լիճը յաւիտենական բնաջնջում կը խորհրդանշէ։ Մահն ու Դժոխքը ‘անոր մէջ կը ձգուին’, այն իմաստով թէ անոնք պիտի բնաջնջուին, երբ մարդկութիւնը մեղքէն ու մահուան դատապարտութենէն ազատագրուի։ Կամակոր, անզեղջ մեղաւորներն ալ «բաժին» պիտի ունենան այդ լիճին մէջ։ (Յայտնութիւն 21։8) Անոնք ալ յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղողները, որոնք դժոխքին՝ մարդկութեան հասարակաց գերեզմանին՝ մէջ են, հոյակապ ապագայ մը ունին։

Դժոխքը Պարպուած

Յայտնութիւն 20։13–ը կ’ըսէ. «Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին»։ Այո, Աստուածաշունչի դժոխքը պիտի պարպուի։ Ինչպէս Յիսուս խոստացաւ, «ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն [«յիշատակի դամբաններուն», ՆԱ] մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Թէեւ ներկայիս ոչ մէկ կերպով գոյութիւն ունին, Եհովայի յիշողութեան մէջ եղող միլիոնաւոր մեռելները պիտի յարուցանուին, կամ ետ կեանքի պիտի բերուին, վերահաստատուած երկրային դրախտի մը մէջ։—Ղուկաս 23։43. Գործք 24։15

Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, իր արդար օրէնքներուն ենթարկուող յարուցեալ մարդիկ, անգամ մըն ալ պէտք պիտի չունենան մեռնելու։ (Եսայեայ 25։8) Եհովա «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ Արդարեւ, ‘առաջուան բաները պիտի անցնին’։ (Յայտնութիւն 21։4) Ի՜նչ օրհնութիւն մը վերապահուած է դժոխքին՝ «յիշատակի դամբաններուն»՝ մէջ եղողներուն համար։ Արդարեւ, այս օրհնութիւնը բաւարար պատճառ մըն է որ Եհովա Աստուծոյ ու իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի մասին աւելի գիտութիւն առնենք։—Յովհաննու 17։3

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 10 Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութեան մէջ, Յունարէն Հատէս բառը տասը անգամ կը հանդիպի Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Անիկա ութը անգամ «դժոխք» եւ երկու անգամ «գերեզման» թարգմանուած է։ Ղուկաս 16։19-31–ը կը յիշէ տանջանք բառը, սակայն, ամբողջ պատմութիւնը այլաբանական իմաստ ունի։ Տես՝ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը գրքին 88–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 11 Եբրայերէն Շէօլ բառը Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ 65 անգամ կը հանդիպի, իսկ Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութեան մէջ անիկա թարգմանուած է «դժոխք», «գերեզման» եւ «գուբ»։

[Նկար՝ էջ 3]

Յոբ աղօթեց որ դժոխքին մէջ պաշտպանուի

[Նկար՝ էջ 4]

Գեհենի կրակը՝ յաւիտենական բնաջնջումի խորհրդանիշ մը

[Նկար՝ էջ 5]

‘Յիշատակի դամբաններուն մէջ եղողները դուրս պիտի գան’