«Ձեզի օրինակ մը տուի»
«Ձեզի օրինակ մը տուի»
«Պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 5։12
1. Եբրայեցիս 5։12–ի խօսքերը ինչո՞ւ կրնան պատճառ ըլլալ որ Քրիստոնեայ մը որոշ չափով մտահոգուի։
ՄԻՆՉ գլխաւոր համարին ներշնչեալ խօսքերը կը կարդաք, ձեր մասին որոշ չափով կը մտահոգուի՞ք։ Եթէ այո, առանձին չէք։ Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալով, գիտենք թէ ուսուցանողներ պէտք է ըլլանք։ (Մատթէոս 28։19, 20) Գիտենք թէ մեր ապրած ժամանակները ստիպողական կը դարձնեն որ հմտութեամբ սորվեցնենք։ Նաեւ գիտենք թէ մեր ուսուցումը կրնայ նոյնիսկ մահու կենաց խնդիր ըլլալ մեր ուսուցանած անհատներուն համար։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Հետեւաբար, բնական է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Իրապէս լաւ սորվեցնո՞ղ մըն եմ։ Ի՞նչպէս կրնամ բարելաւումներ ընել’։
2, 3. (ա) Ուսուցիչ մը ի՞նչպէս բացատրեց լաւ ուսուցանելու հիմը։ (բ) Յիսուս ուսուցանելու վերաբերեալ ի՞նչ օրինակ ձգեց մեզի։
2 Այսպիսի մտահոգութիւններ պէտք չէ վհատեցնեն մեզ։ Եթէ ուսուցումի մասին խորհինք որպէս յատուկ հմտութիւններ պահանջող արուեստ մը, բարելաւումներ ընելու հեռանկարը կրնայ մեզ խռովել։ Սակայն, լաւ ուսուցանելու հիմը հմտութիւնը չէ, այլ՝ անկէ շատ աւելի կարեւոր բան մը։ Նկատի առէք թէ փորձառու ուսուցիչ մը այս մասին գրքի մը մէջ ի՛նչ գրեց. «Լաւ ուսուցումը մասնայատուկ հմտութիւններու կամ ոճերու, ծրագիրներու կամ արարքներու հարց մը չէ։ . . . Ուսուցումը գլխաւորաբար սիրոյ հարց է»։ Անշուշտ, անոր հայեցակէտը աշխարհիկ ուսուցիչի մը հայեցակէտն էր։ Այսուհանդերձ, անոր նշած կէտը ա՛լ աւելի կիրարկելի է որպէս Քրիստոնեայ մեր կատարած ուսուցումին։ Ի՞նչպէս։
3 Մեր օրինակելի ուսուցիչը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ Յիսուս Քրիստոսը, որ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի»։ (Յովհաննու 13։15) Ան խոնարհութիւն ցուցաբերելու իր օրինակին կ’ակնարկէր, բայց մեզի համար Յիսուսի ձգած օրինակը, վստահաբար կը պարփակէ երկրի վրայ որպէս մարդ իր գլխաւոր գործունէութիւնը. մարդոց ուսուցանել Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը։ (Ղուկաս 4։43) Արդ, եթէ Յիսուսի ծառայութիւնը յատկորոշելու համար միայն մէկ բառ պիտի ընտրէիք, հաւանաբար ընտրէիք «սէր»ը, այդպէս չէ՞։ (Կողոսացիս 1։15. Ա. Յովհաննու 4։8) Իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի՝ հանդէպ Յիսուսի սէրը կարեւորագոյնն էր։ (Յովհաննու 14։31) Սակայն, որպէս ուսուցիչ, Յիսուս սէր ցուցաբերեց յաւելեալ երկու կերպերով։ Ան կը սիրէր իր սորվեցուցած ճշմարտութիւնները եւ իր ուսուցանած անհատները։ Այժմ աւելի մօտէն կեդրոնանանք մեզի ձգած իր օրինակին այս երկու երեսակներուն վրայ։
Աստուածային Ճշմարտութիւններու Հանդէպ Հնամենի Սէր մը
4. Յիսուս Եհովայի ուսուցումներուն հանդէպ ի՞նչպէս սէր մշակեց։
4 Իր նիւթին հանդէպ ուսուցիչի մը սէրը, իր ուսուցանելու որակին վրայ բաւական ազդեցութիւն կ’ունենայ։ Որեւէ անտարբերութիւն կրնայ յայտնի դառնալ եւ աշակերտներուն փոխանցուիլ։ Յիսուս Եհովայի ու Իր Թագաւորութեան մասին իր սորվեցուցած արժէքաւոր ճշմարտութիւններուն Եսայեայ 50։4, 5–ը տեղին ըլլալով հետեւեալ խօսքերը կ’արձանագրէ. «Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու [«սորվածներու», ՆԱ] լեզու տուաւ, որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, անիկա իմ ականջս կը բանայ, որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։ Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ»։
հանդէպ անտարբեր չէր։ Այս նիւթին հանդէպ Յիսուսի սէրը շատ խոր էր։ Ան այս սէրը մշակած էր երբ տակաւին աշակերտ էր։ Իր նախամարդկային գոյութեան անհամար դարերու ընթացքին, միածին Որդին անյագ աշակերտ մըն էր։5, 6. (ա) Բացայայտօրէն, Յիսուս իր մկրտութեան ժամանակ ի՞նչ փորձառութիւն ունեցաւ, եւ ասիկա իր վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։ (բ) Աստուծոյ Խօսքը գործածելու առնչութեամբ, Յիսուսի ու Սատանայի միջեւ ի՞նչ հակասութիւն կը գտնենք։
5 Երբ երկրի վրայ որպէս մարդ կը մեծնար, Յիսուս շարունակեց աստուածային իմաստութիւնը սիրել։ (Ղուկաս 2։52) Ապա, իր մկրտութեան ժամանակ, ան անզուգական փորձառութիւն մը ունեցաւ։ Ղուկաս 3։21–ը կ’ըսէ թէ «երկինքը բացուեցաւ»։ Բացայայտօրէն, Յիսուս այն ատեն կարող եղաւ իր նախամարդկային գոյութիւնը մտաբերել։ Անկէ ետք, ան 40 օր անապատին մէջ ծոմ պահեց։ Ան շատ ուրախ ըլլալու էր, երկնքի մէջ Եհովայէ ստացած ուսուցումի այն բազմաթիւ նիստերուն մասին խոկալով։ Սակայն, ժամանակ մը ետք, Աստուծոյ ճշմարտութիւններուն հանդէպ իր սէրը փորձի ենթարկուեցաւ։
6 Երբ Յիսուս յոգնած ու անօթի էր, Սատանան ջանաց զինք փորձել։ Աստուծոյ այս երկու որդիներուն միջեւ ի՜նչ հակասութիւն մը կը գտնենք։ Երկուքն ալ Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերեցին, սակայն, բոլորովին տարբեր մտայնութիւնով մը։ Սատանան Աստուծոյ Խօսքը խեղաթիւրեց, զայն անյարգալից կերպով գործածելով իր անձնասէր շահերուն համար։ Իրապէս, այդ ըմբոստը աստուածային ճշմարտութիւններուն հանդէպ միայն արհամարհանք ունէր։ Միւս կողմէ, Յիսուս բացայայտ սիրով Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերեց, Աստուծոյ Խօսքը ուշադրութեամբ գործածելով իւրաքանչիւր պատասխանի մէջ։ Յիսուս գոյութիւն ունէր այդ ներշնչեալ խօսքերը առաջին անգամ գրուելէն շա՜տ առաջ, այսուհանդերձ ան խոր յարգանք ունէր անոնց հանդէպ։ Անոնք իր երկնաւոր Հօրը կողմէ թանկագին ճշմարտութիւններ էին։ Ան Սատանայի ըսաւ թէ Եհովայէ եկած այս խօսքերը կերակուրէն աւելի կենսական էին։ (Մատթէոս 4։1-11) Այո, Յիսուս Եհովայի իրեն սորվեցուցած բոլոր ճշմարտութիւնները սիրեց։ Սակայն, ան որպէս ուսուցիչ այդ սէրը ի՞նչպէս ցուցաբերեց։
Սէր՝ Իր Սորվեցուցած Ճշմարտութիւններուն Հանդէպ
7. Յիսուս ինչո՞ւ խուսափեցաւ իր անձնական ուսուցումները յօրինելէ։
7 Իր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն հանդէպ Յիսուսի սէրը միշտ բացայայտ էր։ Ի վերջոյ, ան դիւրաւ կրնար իր անձնական գաղափարները զարգացնել։ Ան գիտութեան ու իմաստութեան մեծ պաշար ունէր։ (Կողոսացիս 2։3) Այսուհանդերձ, ան իր ունկնդիրներուն կրկին անգամ յիշեցուց թէ իր բոլոր սորվեցուցածները, ո՛չ թէ իրմէ ծագում կ’առնէին, այլ իր երկնաւոր Հօրմէն։ (Յովհաննու 7։16. 8։28. 12։49. 14։10) Ան աստուածային ճշմարտութիւնները ա՛յնքան կը սիրէր, որ չուզեց զանոնք իր անձնական գաղափարներով փոխարինել։
8. Իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս ի՞նչպէս Աստուծոյ Խօսքին ապաւինելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ։
8 Երբ Յիսուս իր հանրային ծառայութիւնը սկսաւ, շուտով օրինակ մը հանդիսացաւ։ Նկատի առէք թէ ան առաջին անգամ Աստուծոյ ժողովուրդին ի՛նչպէս ինքզինք յայտնեց որպէս խոստացեալ Մեսիան։ Ան պարզապէս ամբոխներուն առջեւ երեւցաւ, իր Քրիստոս ըլլալը յայտնեց, ապա իր ըսածը ապացուցանելու համար տպաւորիչ հրաշքնե՞ր գործեց։ Ո՜չ։ Ան գնաց ժողովարան մը, ուր Աստուծոյ ժողովուրդը սովորաբար Սուրբ Գրութիւնները կը կարդար։ Հոն բարձրաձայն կարդաց Եսայեայ 61։1, 2–ի մարգարէութիւնը եւ բացատրեց թէ այս մարգարէական ճշմարտութիւնները իր վրայ կը կիրարկուէին։ (Ղուկաս 4։16-22) Իր բազմաթիւ հրաշքները նպաստեցին ապացուցանելու թէ Եհովա իրեն թիկունք կը կանգնէր։ Բայց եւ այնպէս, իր ուսուցումին մէջ ան միշտ Աստուծոյ Խօսքին ապաւինեցաւ։
9. Փարիսեցիներուն հետ իր գործառնութեանց մէջ, Յիսուս ի՞նչպէս Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իր հաւատարիմ սէրը ցոյց տուաւ։
9 Երբ Յիսուսի կրօնական հակառակորդները իրեն դէմ ասպարէզ կարդացին, ան զանոնք սրամտութեան մրցոյթի մը միջամուխ չըրաւ, թէեւ դիւրաւ կրնար զիրենք գերազանցել այսպիսի մրցոյթի մը մէջ։ Փոխարէն, ան թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ Խօսքը անոնց ըսածները հերքէ։ Օրինակ, Մատթէոս 12։1-5) Անշուշտ, այդ ինքնարդար մարդիկը կարդացած ըլլալու էին Ա. Թագաւորաց 21։1-6–ի ներշնչեալ արձանագրութիւնը։ Բայց անոնք չէին ըմբռնած անոր պարունակած կարեւոր մէկ դասը։ Սակայն Յիսուս այդ միջադէպը կարդալէն աւելին ըրած էր։ Ան մտածած էր անոր իմաստին մասին եւ անոր պատգամը սրտանց ընդունած էր։ Ան կը սիրէր այդ հատուածին միջոցաւ Եհովայի սորվեցուցած սկզբունքները։ Ուստի, ան գործածեց այդ միջադէպը, ինչպէս նաեւ Մովսիսական Օրէնքէն օրինակ մը, Օրէնքին հաւասարակշռուած հոգին ցոյց տալու համար։ Նոյնպէս, Յիսուսի հաւատարիմ սէրը մղեց զինք որ Աստուծոյ Խօսքը պաշտպանէ, զայն ի շահ իրենց խեղաթիւրելու կամ զայն մարդկային աւանդութիւններու ճահիճին մէջ թաղելու կրօնական առաջնորդներու ջանքերուն դէմ։
մտաբերեցէք Փարիսեցիներու ամբաստանութիւնը թէ Յիսուսի աշակերտները Շաբաթ օրուան օրէնքը բեկանած էին, դաշտէ մը անցած ատեննին ցորենի քանի մը հասկեր փրցնելով եւ ուտելով։ Յիսուս պատասխանեց. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը։ Երբ անօթեցան ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին»։ (10. Յիսուս ի՞նչպէս կատարեց իր ուսուցման որակին վերաբերեալ մարգարէութիւնները։
10 Իր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն հանդէպ Յիսուսի սէրը, երբեք թոյլ չտուաւ որ զանոնք անգիր սորվեցնէ, ձանձրացուցիչ կամ մեքենայական կերպով։ Ներշնչեալ մարգարէութիւնները ակնարկած էին թէ Մեսիային ‘շրթունքները շնորհքով’ պիտի խօսէին, «գեղեցիկ խօսքեր» գործածելով։ (Սաղմոս 45։2. Ծննդոց 49։21) Յիսուս այդ մարգարէութիւնները կատարեց, իր պատգամը հետաքրքրական ու կենսունակ պահելով, իր շատ սիրած ճշմարտութիւնները ուսուցանած ատեն «շնորհալի խօսքեր» գործածելով։ (Ղուկաս 4։22) Անտարակոյս, իր խանդավառութիւնը դէմքին վրայ բացայայտ էր, իսկ իր նիւթին հանդէպ ունեցած հետաքրքրութենէն աչքերը կը փայլէին։ Իրեն մտիկ ընելը ի՜նչ հաճելի ըլլալու էր, եւ անիկա մեզի համար ի՜նչ հոյակապ օրինակ մըն է, երբ մեր սորվածներուն մասին ուրիշներուն կը խօսինք։
11. Որպէս ուսուցիչ Յիսուսի կարողութիւնները ինչո՞ւ զինք հպարտութեամբ չլեցուցին։
11 Աստուածային ճշմարտութիւններու իր հոյակապ ըմբռնումը եւ սրտին խօսող իր խօսելակերպը Յիսուսը հպարտութեամբ լեցուցի՞ն։ Յաճախ ասիկա կը պատահի մարդկային ուսուցիչներու։ Սակայն, յիշեցէք թէ Յիսուս աստուածային իմաստութիւն ունէր։ Այս իմաստութիւնը հպարտութեան առիթ չի տար, քանի որ «իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է»։ (Առակաց 11։2) Ուրիշ բան մըն ալ Յիսուսը հպարտ կամ գոռոզ չդարձուց։
Յիսուս Իր Ուսուցանած Անհատները Սիրեց
12. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ինք չէր ուզեր որ իր աշակերտները իրմէ վախնային։
12 Մարդոց հանդէպ Յիսուսի խոր սէրը միշտ բացայայտ էր իր ուսուցումին մէջ։ Հպարտ մարդոց ուսուցումին ճիշդ հակառակը, իր ուսուցումը երբեք մարդոց վախ չպատճառեց։ (Ժողովողի 8։9) Յիսուսի հրաշքներէն մէկուն ականատես ըլլալէ ետք, Պետրոս ապշեցաւ եւ անոր ոտքերուն ինկաւ։ Սակայն, Յիսուս չուզեց որ իր հետեւորդները իրեն հանդէպ հիւանդագին վախ ունենային։ Ան ազնուօրէն ըսաւ՝ «Մի՛ վախնար», ապա Պետրոսի խօսեցաւ աշակերտելու ոգեւորիչ գործին մասին, որուն մէջ ան բաժին պիտի բերէր։ (Ղուկաս 5։8-10) Յիսուս ուզեց որ իր աշակերտներուն դրդապատճառը ըլլայ Աստուծոյ վերաբերեալ թանկագին ճշմարտութիւններուն հանդէպ իրենց սէրը, եւ ո՛չ թէ իրենց ուսուցիչին հանդէպ իրենց վախը։
13, 14. Յիսուս ի՞նչ կերպերով մարդոց հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց տուաւ։
13 Իր ուսուցանած անհատներուն հանդէպ Յիսուսի Մատթէոս 9։36) Անոնց թշուառ վիճակէն զգացուեցաւ եւ մղուեցաւ անոնց օգնելու։
սէրը նաեւ բացայայտ էր անոնց հանդէպ իր կարեկցութենէն։ «Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (14 Նկատի առէք Յիսուսի կարեկցութիւնը ուրիշ մէկ առիթով։ Երբ արիւնի տեռատեսութեան մէջ եղող կին մը բազմութեան մէջ իրեն մօտեցաւ եւ հանդերձին դպաւ, ան հրաշքով բուժուեցաւ։ Յիսուս զգաց թէ իրմէ զօրութիւն մը ելաւ, բայց չտեսաւ թէ ո՛վ բուժուեցաւ։ Ան ուզեց կինը գտնել։ Ինչո՞ւ։ Ո՛չ թէ զինք պախարակելու համար, քանի որ Օրէնքը կամ դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն կանոնները բեկանեց, ինչ որ թերեւս կնոջ վախն էր։ Ընդհակառակը, Յիսուս անոր ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։ (Մարկոս 5։25-34) Նկատի առէք այդ խօսքերուն դրսեւորած կարեկցումը։ Ան պարզապէս չըսաւ՝ «Բժշկուի՛ր», այլ, ըսաւ. «Բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։ Հոս Մարկոս կը գործածէ բառ մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ձաղկանք», ծեծելու կերպ մը որ յաճախ որպէս չարչարանքի մեթոտ կը գործածուէր։ Արդ, Յիսուս ընդունեց որ կնոջ հիւանդութիւնը իրեն տառապանք կը պատճառէր, թերեւս ֆիզիքական ու զգացական խիստ ցաւեր։ Ան կարեկցեցաւ անոր։
15, 16. Յիսուսի ծառայութեան մէջ ո՞ր միջադէպերը ցոյց կու տան թէ ան մարդոց լաւ կէտերը փնտռեց։
15 Յիսուս նաեւ մարդոց հանդէպ սէր ցոյց տուաւ, անոնց մէջ եղած բարի յատկութիւնները փնտռելով։ Նկատի առէք ինչ որ պատահեցաւ երբ Նաթանայէլի հանդիպեցաւ, որ հետագային առաքեալ մը եղաւ։ «Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր համար. ‘Ահա իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ’»։ Հրաշալի կերպով, Յիսուս Նաթանայէլի սրտին նայելով կրցած էր անոր մասին շատ բան գիտնալ։ Անշուշտ, Նաթանայէլ կատարեալ չէր։ Ան թերութիւններ ունէր, ինչպէս որ բոլորս ունինք։ Իրականութեան մէջ, երբ ան Յիսուսի մասին լսեց, կոշտօրէն արտայայտուեցաւ. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ (Յովհաննու 1։45-51) Սակայն, Նաթանայէլի մասին ըսուելիք բոլոր բաներէն Յիսուս ընտրեց դրական բան մը՝ անոր պարկեշտութիւնը, եւ զայն լուսարձակի տակ առաւ։
16 Նմանապէս, երբ հարիւրապետ մը՝ հաւանաբար հեթանոս Հռովմէացի մը՝ Յիսուսի մօտենալով խնդրեց որ իր հիւանդ ծառան բժշկէ, Յիսուս գիտէր որ այս զինուորականը թերութիւններ ունէր։ Այդ ատենուան հարիւրապետ մը հաւանաբար բռնարարքներով, արիւնահեղութեամբ եւ սուտ պաշտամունքով լեցուն անցեալ մը ունենալու էր։ Այսուհանդերձ, Յիսուս լաւ բանի մը վրայ կեդրոնացաւ. այս մարդուն ուշագրաւ հաւատքը։ (Մատթէոս 8։5-13) Հետագային, երբ Յիսուս իր քովի տանջանքի ցիցին վրայ կախուած չարագործին հետ կը խօսէր, զինք չյանդիմանեց իր ոճրային անցեալին համար, այլ՝ զինք քաջալերեց, ապագայի նկատմամբ յոյս մը տալով։ (Ղուկաս 23։43) Յիսուս լաւ գիտէր որ ուրիշներու հանդէպ բացասական ու քննադատական կեցուածք մը առնելը, միայն զանոնք վհատեցնելու պիտի ծառայէր։ Անկասկած, ուրիշներուն մէջ լաւ բաներ գտնելու իր ջանքերը շատերը քաջալերեցին որ աւելի լաւը ընեն։
Մարդոց Ծառայելու Յօժարակամութիւն
17, 18. Երկիր գալու նշանակումը ընդունելով, Յիսուս ի՞նչպէս ուրիշներուն ծառայելու յօժարակամութիւն ցուցաբերեց։
17 Իր ուսուցանած մարդոց հանդէպ Յիսուսի սիրոյն ուրիշ մէկ զօրաւոր ապացոյցն էր՝ անոնց ծառայելու իր յօժարակամութիւնը։ Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Աստուծոյ Որդին մարդոցմէ միշտ հաճոյք կ’առնէր։ (Առակաց 8։30, 31) Որպէս Եհովայի «Բանը» կամ խօսնակը, թերեւս ան մարդոց հետ բազմաթիւ գործառնութիւններ ունեցաւ։ (Յովհաննու 1։1) Սակայն, երկնքի մէջ իր վեհ դիրքը ձգեց ու իր «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով», մասամբ՝ որպէսզի մարդոց աւելի ուղղակիօրէն սորվեցնէ։ (Փիլիպպեցիս 2։7. Բ. Կորնթացիս 8։9) Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս չակնկալեց որ ուրիշներ իրեն սպասարկէին կամ ծառայէին։ Ընդհակառակը, ան ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Յիսուս լիովին այս խօսքերուն համաձայն ապրեցաւ։
18 Յիսուս իր ուսուցանած անհատներուն խոնարհաբար սպասարկեց, իր անձը յօժարակամօրէն տրամադրելով անոնց։ Ան Խոստացեալ Երկրին մէջ հետիոտն ճամբորդեց, քարոզչական շրջապտոյտներ ընելով հարիւրաւոր մղոններ քալեց, ջանալով կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հասնիլ։ Հպարտ Փարիսեցիներուն ու դպիրներուն հակառակը, ան խոնարհ եւ դիւրամերձ մնաց։ Ամէն մակարդակէ անհատներ՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, զինուորներ, փաստաբաններ, կիներ, երախաներ, աղքատներ, հիւանդներ, նոյնիսկ ընկերութեան կողմէ մերժուած անհատներ, անձկագին ու անվախօրէն իրեն մօտեցան։ Թէեւ Յիսուս կատարեալ էր, սակայն մարդկային էր, յոգնութեան ու անօթութեան ենթակայ։ Նոյնիսկ երբ ան յոգնած էր, կամ հանգստանալու կամ աղօթելու համար հանդարտ ժամանակի կարիքը ունէր, ուրիշներու կարիքները իր կարիքներէն առաջ դրաւ։—Մարկոս 1։35-39
19. Յիսուս իր աշակերտներուն հետ խոնարհութեամբ, համբերութեամբ ու ազնուութեամբ վարուելու մէջ, ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։
19 Յիսուս նոյնքան յօժար էր իր աշակերտներուն ծառայելու։ Ասիկա ըրաւ՝ ազնուութեամբ ու համբերութեամբ անոնց սորվեցնելով։ Երբ կարգ մը կենսական դասեր ըմբռնելու մէջ դանդաղ ըլլային, ան չէր յանձնուեր, չէր բարկանար, կամ չէր պախարակեր։ Ան շարունակեց նոր կերպեր փնտռել իր միտքը անոնց հասկցնելու համար։ Օրինակ, պահ մը խորհեցէք թէ ո՛րքան յաճախ իր աշակերտները կը վիճէին թէ իրենց մէջ ո՛վ մեծ էր։ Կրկին անգամ, մինչեւ իր սպանութեան նախորդող գիշերը, Յիսուս նոր կերպեր գտաւ անոնց սորվեցնելու որ իրարու հետ խոնարհութեամբ վարուին։ Խոնարհութեան հարցին, ինչպէս նաեւ այլ բաներու մէջ, Յիսուս կրնար իրաւացիօրէն ըսել. «Ձեզի օրինակ մը տուի»։—Յովհաննու 13։5-15. Մատթէոս 20։25. Մարկոս 9։33-36
20. Ուսուցանելու ո՞ր մեթոտը Յիսուսը Փարիսեցիներէն զատորոշեց, եւ այդ մեթոտը ինչո՞ւ ազդու էր։
20 Նկատեցէք թէ Յիսուս պարզապէս չըսաւ իր աշակերտներուն թէ օրինակը ի՛նչ էր. այլ՝ «օրինակ» հանդիսացաւ։ Ան իր օրինակով սորվեցուց անոնց։ Ան ինքզինքը անոնցմէ գերակայ սեպելով չխօսեցաւ, որպէս թէ իրեն չէին կիրարկուեր այն բաները որ անոնց կ’ըսէր որ ընէին։ Ասիկա Փարիսեցիներուն կերպն էր։ «Կ’ըսեն ու չեն ըներ», ըսաւ Յիսուս անոնց մասին։ (Մատթէոս 23։3) Յիսուս իր աշակերտներուն խոնարհաբար ցոյց տուաւ թէ իր ուսուցումները ճիշդ ի՛նչ կը նշանակէին, անոնց համաձայն ապրելով, զանոնք ի գործ դնելով։ Ուստի երբ իր հետեւորդները յորդորեց որ նիւթապաշտութենէ զերծ, պարզ կեանք մը վարեն, անոնք իր ըսածին նշանակութիւնը կռահելու պէտք չունէին։ Անոնք կրնային իր հետեւեալ խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը տեսնել. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ (Մատթէոս 8։20) Յիսուս իր աշակերտներուն խոնարհաբար ծառայեց, անոնց օրինակ հանդիսանալով։
21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։
21 Անտարակոյս, Յիսուս ցարդ երկրի վրայ ապրած մեծագոյն Ուսուցիչն է։ Իր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն եւ անձերուն հանդէպ իր սէրը բացայայտ էր բոլոր պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն, որոնք զինք տեսան ու իրեն մտիկ ըրին։ Անիկա նոյնքան բացայայտ է մեզի. մենք որ իր ձգած օրինակը կ’ուսումնասիրենք։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսի կատարեալ օրինակին հետեւիլ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ այդ հարցումը։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Ի՞նչ է լաւ ուսուցումին հիմը, եւ անոր մէջ ո՞վ օրինակ հանդիսացաւ։
• Յիսուս իր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն հանդէպ ի՞նչ կերպերով սէր ցուցաբերեց։
• Յիսուս իր ուսուցանած անհատներուն հանդէպ ի՞նչպէս սէր ցուցաբերեց։
• Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան իր ուսուցանած անհատներուն խոնարհաբար ծառայելու Յիսուսի յօժարակամութիւնը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 8]
Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքները կը սիրէր