Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլորս ալ գովասանքի կարիքը ունինք

Բոլորս ալ գովասանքի կարիքը ունինք

Բոլորս ալ գովասանքի կարիքը ունինք

ԱՂՋՆԱԿԻՆ համար լաւ օր մըն էր։ Թէեւ ուրիշ անգամներ ան սրբագրութեան կարիքը ունեցած էր, բայց այդ օրը յատկապէս լաւ վարմունք ցուցաբերած էր։ Սակայն գիշերը, աղջնակը անկողին մտնելէ ետք, մայրը անոր հեկեկանքը լսեց։ Երբ ան հարցուց թէ ինչո՛ւ նեղուած էր, աղջնակը արտասուալից աչքերով ըսաւ. «Այսօր բարի չկեցա՞յ»։

Այդ հարցումը դանակի պէս մօրը սիրտը խոցեց։ Ան միշտ արագօրէն իր աղջնակը կը սրբագրէր։ Սակայն այսօր, նկատելով հանդերձ թէ իր աղջնակը որքա՜ն ջանք թափեց բարի կենալու համար, մայրը անտեսեց գովասանքի խօսք մը իսկ ըսել։

Միայն փոքրիկ աղջիկները չեն որ գովասանքի ու հաւաստիացումի խօսքեր լսելու կարիքը ունին։ Բոլորս ալ անոնց ա՛յնքան պէտքը ունինք, որքան՝ խրատի ու սրբագրութեան։

Ի՞նչպէս կը զգանք երբ անկեղծ գովասանք մը կը ստանանք։ Անիկա մեր սիրտը չի՞ տոգորեր ու մեր օրը հաճելի չի՞ դարձներ։ Հաւանաբար այն զգացումը կ’ունենանք թէ անհատ մը նկատեց, մէկը կը հոգայ։ Ասիկա մեզ կը հաւաստիացնէ թէ մեր ջանքը պարապի չէ գացած, եւ մեզ կը մղէ որ հետագային դարձեալ ջանք թափենք։ Զարմանալի չէ որ անկեղծ գովասանքը յաճախ մեզ կը մօտեցնէ այն անհատին, որ ժամանակ կը յատկացնէ քաջալերական խօսք մը ըսելու։—Առակաց 15։23

Յիսուս Քրիստոս գովասանք տալու կարիքին գիտակցեցաւ։ Տաղանդներու առակին մէջ, տէրը (որ Յիսուսը կը ներկայացնէր) երկու հաւատարիմ ծառաներէն իւրաքանչիւրը ջերմօրէն գովեց, ըսելով. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ»։ Ասիկա ի՜նչ սրտապնդիչ է։ Թէեւ անոնք իրարմէ շատ տարբեր կարողութիւններ ու իրագործումներ ունին, բայց հաւասար գովասանքի կ’արժանանան։—Մատթէոս 25։19-23

Ուստի, թող որ այդ աղջնակին մայրը յիշենք։ Պէտք չունինք սպասելու մինչեւ որ մէկը լայ, որպէսզի զինք գովենք։ Փոխարէն, կրնանք գովելու պատեհութիւններ փնտռելը մեր նպատակը դարձնել։ Արդարեւ, ամէն առիթով անկեղծ գովասանք տալու վաւերական պատճառներ ունինք։