Պաշտամունքի վայրեր. անոնց կարիքը ունի՞նք
Պաշտամունքի վայրեր. անոնց կարիքը ունի՞նք
‘Երկրին զանազան մասերէն եկած՝ գոյնզգոյն զգեստներ հագած հազարաւոր ուխտաւորներ, թմբուկներով ենթադրեալ նախա–սպանական պարեր խաղարկող Կարմիր Հնդիկներ, եւ բազմութեան մէջ իրենց ծունկերուն վրայ դժուարութեամբ դէպի սրբավայր ուղղուող հաւատացեալներ, գաւիթին եւ մայր տաճարին շուրջ գտնուող փողոցներուն մէջ խռնուած են’։
ԱՅՍՊԷՍ El Economista լրագիրը նկարագրեց հսկայ զանգուած մը Դեկտեմբեր 2001–ին։ Այդ ժամանակ, շուրջ երեք միլիոն հոգի այցելեց Մեքսիկօ Սիթիի մայր եկեղեցին, Կուատըլուբի Կոյսին հանդէպ իրենց հաւատքը ցուցաբերելու համար։ Կրօնական այլ կառոյցներ ալ, ինչպէս Հռովմի Սբ. Պետրոսի Մայր Եկեղեցին, բազմաթիւ այցելուներ կը հրապուրեն։
Աստուած պաշտել փափաքող շատերու սրտին մէջ կրօնական կառոյցները իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւեն։ Պրազիլիայէն Մարիա անունով կին մը կ’ըսէ. «Ինծի համար, եկեղեցին տեղ մըն էր, ուր կրնայի Աստուծոյ մօտիկ ըլլալ։ Անիկա սուրբ վայր մըն էր։ Կը հաւատայի թէ եկեղեցի երթալը հոգին կը մաքրէր, իսկ ամէն Կիրակի Պատարագի չերթալը ու չխոստովանիլը մեղք էր»։ Մեքսիկայէն Քօնսուելլօ անունով կին մը կ’ըսէ. «Եկեղեցին իմ մէջս խոր զգացում մը կ’արթնցնէր. զայն մեծապէս կ’արժեւորէի։ Երբ հոն ըլլայի, ինքզինքս երկնքի մէջ կը զգայի»։
Թէեւ շատեր մեծ կարեւորութիւն կու տան եկեղեցիներուն, սակայն ուրիշներ որպէս պաշտամունքի վայր անոնց անհրաժեշտութեան նկատմամբ կասկածներ ունին։ Եկեղեցի յաճախողներու թիւին նուազումին մասին խօսելով, Անգլիոյ մէջ Փիթըր Սիպըրթ անունով Կաթողիկէ վարդապետ մը կ’ըսէ. «[Մարդիկ] կրօնքին մէջէն կ’ընտրեն իրենց նախասիրած մասերը։ Տարեցներէն շատեր Կաթողիկէ են եւ իրենց հաւատքին համաձայն կ’ապրին. սակայն երիտասարդներուն մէջ յանձնառութեան զգացում չկայ»։ Լոնտոնի Daily Telegraph լրագիրի 20 Նոյեմբեր 1998–ի թիւը դիտել տուաւ. «1979–էն ի վեր, Անգլիոյ մէջ շուրջ 1,500 եկեղեցի գոցուած է, իսկ
495 եկեղեցիներ բացուած են եւ 150 եկեղեցիներ վերանորոգուած են»։1997–ին, Գերմանիոյ մէջ Միւնիխի Süddeutsche Zeitung լրագիրը տեղեկագրեց. «Եկեղեցիները յարկաբաժիններու եւ շարժապատկերի սրահներու կը վերածուին. Հաւատացեալներ եկեղեցի չեն երթար, պաշտամունքի վայրերը այլ նպատակներու համար կը գործածուին։ . . . Ինչ որ Հոլանտայի կամ Անգլիոյ մէջ սովորական դարձած է, այժմ տեղի կ’ունենայ Գերմանիոյ մէջ»։ Անիկա աւելցուց. «Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, Գերմանիոյ մէջ կրնաք 30 կամ 40 եկեղեցիներու յատկանշական վաճառուիլը նկատել»։
Աստուած պաշտելու համար կրօնական կառոյցները իրապէս անհրաժե՞շտ են։ Մայր եկեղեցիներն ու գեղազարդ եկեղեցիները Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նախատիպ մը ունի՞ն։ Ճշմարիտ ու կենդանի Աստուծոյ պաշտամունքին հետ ի՞նչ տեսակի կառոյցներ առնչուած են։ Անոնցմէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ պաշտամունքի վայրերու կարիքին եւ հոն տեղի ունենալիք բաներուն մասին։