Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ինծի հարկ եղած բոլոր տեղեկութիւնները գտայ»

«Ինծի հարկ եղած բոլոր տեղեկութիւնները գտայ»

«Ինծի հարկ եղած բոլոր տեղեկութիւնները գտայ»

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ Համաշխարհային Կազմակերպութեան մէկ տեղեկագրութեան համաձայն, հաշիւ եղած է թէ ներկայիս աշխարհի մէջ աւելի քան 120 միլիոն անհատներ ընկճուածութենէ կը տառապին։ Ամէն տարի, մէկ միլիոն անհատ անձնասպան կ’ըլլայ, իսկ 10-20 միլիոն հոգի կը ջանան իրենց կեանքին վերջ մը դնել։ Ընկճուածութենէ տառապողներուն համար ի՞նչ օգնութիւն հայթայթուած է։ Բժշկական դարմանում մը կրնայ տառապանքը մեղմացնել, իսկ զգացական աջակցութիւնը կենսական է։ Ասկէ զատ, այսպիսի զգացումներէ տառապողներէն ոմանք յաւելեալ օգնութիւն գտած են Եհովայի Վկաներու գործնական՝ սուրբ գրային գրականութիւններուն մէջ, ինչպէս Ֆրանսայէն եկած հետեւեալ նամակը ցոյց կու տայ։

«Տակաւին վերջերս, պատճառ մը չէի տեսներ թէ ինչո՛ւ կ’ապրիմ։ Աստուծմէ խնդրեցի որ կեանքիս վերջ դնէ։ Կարծես թէ ներքնապէս մեռած էի։ Ուղղութիւն ստանալու համար, ջերմեռանդօրէն Եհովայի աղօթեցի։ Նաեւ որոշեցի կարդալ Եհովայի Վկաներու 2002–ի Տարեգիրք–ը եւ զայն երեք օրէն ամբողջացուցի։ Պէտք է խոստովանիմ թէ անիկա զիս չափազանց քաջալերեց եւ հաւատքս ամրապնդեց։

«Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ պրպտուք ըրի, եւ որքա՜ն անակնկալի եկայ։ Այս պարբերաթերթերը աւելի քան 15 տարիներ կանոնաւորաբար կարդացած եմ, բայց երբեք չեմ անդրադարձած որ անոնց յօդուածները ա՛յսքան քաջալերական ու ոգեւորիչ են։ Անոնք սիրով լեցուն են. յատկութիւն մը որ այս օրերուն շա՜տ հազուագիւտ է։ Ինծի հարկ եղած բոլոր տեղեկութիւնները գտայ»։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։ (Սաղմոս 34։18) Անտարակոյս, բոլոր անոնք որոնց «սիրտը կոտրած է» կամ «հոգիով խոնարհած» են, կրնան Աստուածաշունչին մէջ քաջալերութիւն եւ ապագային նկատմամբ յոյս գտնել։ Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններ կը բաշխեն, կարիքաւորներուն օգնելով որ Աստուծմէ ներշնչուած այդ մխիթարութեան աղբիւրէն օգտուին։