Եհովայի սիրտը ուրախացնող պատանիներ
Եհովայի սիրտը ուրախացնող պատանիներ
Ուսումնասիրութեան այս յօդուածները յատկապէս պատրաստուած են Եհովայի Վկայ պատանիներուն համար։ Հետեւաբար, պատանիները կը քաջալերենք որ այս նիւթը ուշադրութեամբ ուսումնասիրեն եւ շատ պատասխաններ տան, երբ անիկա նկատի առնուի ժողովքին մէջ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ընթացքին։
«Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։—Առակաց 27։11
1, 2. (ա) Աշխարհի բաներով հրապուրուիլը կը նշանակէ՞ թէ Քրիստոնեայ մը ըլլալու յարմար չէք։ (Հռովմայեցիս 7։21) (բ) Ասափի օրինակէն ի՞նչ կը սորվիք։ (Տես շրջագիծը, էջ 7։)
ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ որ հագուստ գնելու գացած էք։ Մինչ հագուստները աչքէ կ’անցընէք, անմիջապէս հագուստ մը ձեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Գոյնը եւ ոճը ձեզի յարմար կը թուին, իսկ պիտակին նշած գինը շատ յարմար է ձեր պիւտճէին։ Բայց հիմա աւելի մօտէն կը քննէք զայն։ Անակնկալի կու գաք, նկատելով որ կերպասին ծայրերը մաշած են, իսկ կարը մաքուր չէ։ Թէեւ հագուստը գրաւիչ է, սակայն ցածորակ է։ Այսպիսի ցածորակ ապրանքի մը համար ձեր դրամը կը վատնէ՞ք։
2 Այս պարագան համեմատեցէք որպէս Քրիստոնեայ պատանի ձեր դիմագրաւած մէկ պարագային հետ։ Առաջին ակնարկով, այս աշխարհի բաները այդ հագուստին նման կրնան շատ գրաւիչ թուիլ։ Օրինակ, ձեր դասընկերները կրնան հաճելի հաւաքոյթներու երթալ, թմրեցուցիչ ու խմիչք գործածել, հակառակ սեռի հետ ժամադրուիլ, եւ նախամուսնական սեռային յարաբերութիւններ ունենալ։ Երբեմն անոնց ապրելակերպը ձեզ կը հրապուրէ՞։ Կը տենչա՞ք անոնց այդպէս կոչուած ազատութիւնը քիչ մը համտեսել։ Եթէ այո՛, շուտով մի եզրակացնէք թէ չար սիրտ մը ունիք եւ Քրիստոնեայ մը ըլլալու յարմար չէք։ Ի վերջոյ, Աստուածաշունչը կ’ընդունի թէ աշխարհը կրնայ մեծապէս հրապուրել նոյնիսկ Աստուած հաճեցնել փափաքող անհատ մը։—Բ. Տիմոթէոս 4։10
3. (ա) Աշխարհի բաները հետապնդելը ինչո՞ւ փուճ է։ (բ) Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կը նկարագրէ աշխարհային հետապնդումներուն ունայն ըլլալը։
3 Այժմ աւելի մօտէն ակնարկ մը նետեցէք աշխարհի բաներուն վրայ, ճիշդ ինչպէս որ ձեզ հետաքրքրող հագուստ մը պիտի զննէիք։ Դուք ձեզի հարց տուէք՝ ‘Իրերու այս դրութեան կերպասին եւ կարին որակը ի՞նչպէս է’։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ‘աշխարհը կ’անցնի’։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Անոր մատուցած հաճոյքները միայն ժամանակաւոր են։ Ասկէ զատ, անբարեպաշտ վարքի մը համար սուղ գին կը վճարուի։ Վստահաբար, անոր գինը յարմար չէ։ Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մը, որ «գէշ կերպով վատնուած պատանեկութեան մը վիշտերէն» տառապած էր, կ’ըսէ. «Աշխարհը կրնայ գրաւիչ եւ ցանկալի թուիլ։ Եւ ան կ’ուզէ որ հաւատաք թէ կրնաք իր հաճոյքները վայելել առանց վնասուելու։ Բայց ասիկա պարզապէս կարելի չէ։ Աշխարհը ձեզ պիտի շահագործէ, եւ երբ ասիկա ամբողջացնէ, ձեզ մէկ կողմ պիտի նետէ»։ * Ինչո՞ւ ձեր պատանեկութիւնը վատնէք այսպիսի ստորին ապրելակերպի մը համար։
«Չարէն» Պաշտպանուիլ
4, 5. (ա) Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս Եհովայի աղօթելով ի՞նչ խնդրեց։ (բ) Ասիկա ինչո՞ւ պատշաճ խնդրանք մըն էր։
4 Գիտակցելով որ իրերու այս դրութիւնը հրամցնելիք որակաւոր բան մը չունի, Եհովայի Վկայ պատանիները կը ջանան այս աշխարհի բարեկամ ըլլալէ խուսափիլ։ (Յակոբու 4։4) Դուք այս հաւատարիմ պատանիներէն մէ՞կն էք։ Եթէ այո, ուրեմն գովասանքի արժանի էք։ Ճիշդ է որ շրջապատի ճնշումին դէմ դնելը եւ յատկանշականօրէն ուրիշներէն տարբեր ըլլալը դիւրին չէ, սակայն օգնական մը ունիք։
5 Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս աղօթեց որ Եհովա իր աշակերտները ‘չարէն պահէ’։ (Յովհաննու 17։15) Յիսուս լաւ պատճառի մը համար այս խնդրանքը ներկայացուց։ Ան գիտէր թէ ուղղամտութեան ընթացքը դիւրին պիտի չըլլար իր հետեւորդներուն համար, անոնց տարիքը ի՛նչ որ ալ ըլլար։ Ինչո՞ւ։ Նախ, ինչպէս Յիսուս գիտակցեցաւ, իր աշակերտները զօրաւոր ու անտեսանելի թշնամի մը պիտի դիմագրաւէին՝ «չար»ը, Բանսարկու Սատանան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ այս հոգեղէն չար արարածը «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։—Ա. Պետրոս 5։8
6. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Սատանան պատանիներուն հանդէպ կարեկցութիւն չունի։
6 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Սատանան սատիստական հաճոյք քաղած է, մարդոց վրայ բերելով ամենէն անգութ գազանային արարքները։ Նկատի առէք Յոբի ու իր ընտանիքին վրայ Սատանայի բերած ահռելի չարիքները։ (Յոբայ 1։13-19. 2։7) Թերեւս կրնաք մտաբերել ձեր կեանքի ընթացքին աշխարհի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններ, որոնք Սատանայի վայրագ հոգիին դրոշմը ունին։ Բանսարկուն որսի ելած է, եւ մինչ կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ, ան պատանիներուն չ’ողորմիր։ Հ.Դ. առաջին դարու սկիզբը, զոր օրինակ, Հերովդէս ծրագրեց սպաննել Բեթլէհէմի մէջ գտնուած բոլոր մանչերը, որոնք երկու տարեկան ու անկէ վար էին։ (Մատթէոս 2։16) Հաւանաբար Սատանան էր որ Հերովդէսը դրդեց, ջանալով սպաննել այն մանուկը, որ հետագային Աստուծոյ խոստացեալ Մեսիան պիտի ըլլար եւ Սատանայի վրայ Աստուծոյ դատաստանը պիտի գործադրէր։ (Ծննդոց 3։15) Բացայայտօրէն, Սատանան պատանիներուն հանդէպ կարեկցութիւն չունի։ Անոր միակ նպատակն է՝ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ կլլել։ Ասիկա յատկապէս ճշմարիտ է հիմա, քանի որ Սատանան երկինքէն երկիր նետուած է, եւ «շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։9, 12
7. (ա) Եհովան ու Սատանան ի՞նչպէս իրարու հակապատկեր են։ (բ) Ձեր կեանքը վայելելու նկատմամբ Եհովայի փափաքը ի՞նչ է։
Ղուկաս 1։78) Ան սիրոյ մարմնացումն է։ Իրականութեան մէջ, այս հոյակապ յատկութիւնը ա՛յնքան կը յատկանշէ մեր Ստեղծիչը, որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն մը կայ իրերու այս դրութեան աստուծոյ եւ այն Աստուծոյն միջեւ, զոր պաշտելու առանձնաշնորհումը ունիք։ Մինչ Սատանան կը ջանայ կլլել, Եհովա «չուզեր որ մէ՛կը կորսուի»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Ան իւրաքանչիւր մարդկային կեանք թանկարժէք կը նկատէ, ի ներառեալ ձեր կեանքը։ Երբ Եհովա իր Խօսքին մէջ ձեզ կը յորդորէ որ այս աշխարհին մէկ մասը չըլլաք, իր նպատակը չէ ձեր վայելքը խափանել կամ ձեր ազատութիւնը սահմանափակել։ (Յովհաննու 15։19) Ընդհակառակը, ան ձեր վրայ կը հսկէ, ձեզ չարէն պահելու համար։ Ձեր երկնաւոր Հայրը կ’ուզէ որ այս աշխարհի վաղանցուկ հաճոյքներէն շա՜տ աւելի լաւ բան մը ձեռք ձգէք։ Ան կը փափաքի որ դուք «ճշմարիտ կեանքը»՝ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք՝ ձեռք ձգէք։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17-19, ստորանիշ) Եհովա կ’ուզէ որ դուք յաջողիք, եւ ձեզ կը յորդորէ որ այդ նպատակակէտին հասնիք։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ասկէ զատ, Եհովա իւրայատուկ հրաւէր մը կու տայ ձեզի։ Ի՞նչ հրաւէր։
7 «Շատ բարկացած» Սատանայի ուղղակի հակապատկերը ըլլալով, Եհովա «գթած ողորմութիւն» ունի։ («Սիրտս Ուրախացո՛ւր»
8, 9. (ա) Ի՞նչ նուէր կրնաք Եհովայի տալ։ (բ) Ինչպէս Յոբի պարագան ցոյց կու տայ, Սատանան ի՞նչպէս Եհովան կ’անարգէ։
8 Մտերիմ բարեկամի մը երբեք նուէր գնա՞ծ էք եւ զայն իրեն ներկայացնելով նկատա՞ծ էք անոր դէմքին վրայ գծուած գնահատանքի արտայայտութիւնը։ Հաւանաբար երկար ատեն մտածեցիք թէ ի՛նչպիսի նուէր մը յարմար պիտի ըլլար անոր։ Այժմ նկատի առէք հետեւեալ հարցումը. Ի՞նչպիսի նուէր մը կրնաք տալ ձեր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ։ Այս գաղափարը կրնայ սկիզբը տարօրինակ թուիլ։ Ամենակալը կարիք մը ունի՞, զոր մարդ արարած մը կրնայ լեցնել։ Իրեն ի՞նչ կրնաք տալ, որ արդէն չունի։ Առակաց 27։11–ի մէջ, Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։
9 Հաւանաբար ձեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ արդէն իսկ գիտէք թէ Բանսարկու Սատանան է որ Եհովան կ’անարգէ։ Ան կը պնդէ թէ ոեւէ անհատ Աստուծոյ կը ծառայէ ո՛չ թէ սէրէ մղուած, այլ՝ անձնասէր պատճառներով։ Սատանան կը դաւանի թէ մարդիկ տառապանքի հանդիպելով, ճշմարիտ պաշտամունքը շուտով կը լքեն։ Օրինակ, նկատի առէք թէ Սատանան արդար Յոբի մասին ի՛նչ ըսաւ Եհովայի. «Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։ Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։—Յոբայ 1։10, 11
10. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Սատանան Յոբէն զատ ուրիշներու ուղղամտութիւնն ալ հարցի տակ դրաւ։ (բ) Գերիշխանութեան հարցին մէջ ի՞նչպէս պարփակուած էք։
10 Ինչպէս Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը յայտնէ, Սատանան ո՛չ միայն Յոբի հաւատարմութիւնը հարցի տակ դրաւ, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն հաւատարմութիւնը, դուք ալ ներառեալ։ Իրականութեան մէջ, ընդհանուր մարդկութեան մասին խօսելով, Սատանան Եհովայի ըսաւ. «Մարդս [ո՛չ միայն Յոբ, այլ ամէն ոք] իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ»։ (Յոբայ 2։4) Այս կենսական հարցին մէջ ձեր դերը կը տեսնէ՞ք։ Ինչպէս Առակաց 27։11–ը ցոյց կու տայ, Եհովա կ’ըսէ թէ բան մը կայ որ կրնաք իրեն տալ. հիմ մը, որպէսզի զինք անարգողին՝ Սատանայի պատասխանէ։ Երեւակայեցէք. Տիեզերքի Գերիշխանը ձեզ կը հրաւիրէ որ պատմութեան մեծագոյն հարցին մէջ ձեր բաժինը բերէք։ Ի՜նչ ահարկու պատասխանատուութիւն եւ առանձնաշնորհում մը ունիք։ Եհովայի խնդրածը կրնա՞ք կատարել։ Յոբ կատարեց։ (Յոբայ 2։9, 10) Նոյնպէս Յիսուս եւ ամբողջ պատմութեան տեւողութեան անհամար ուրիշներ կատարեցին, ի ներառեալ բազմաթիւ պատանիներ։ (Փիլիպպեցիս 2։8. Յայտնութիւն 6։9) Դուք ալ կրնաք ասիկա ընել։ Սակայն մի՛ սխալիք. այս հարցին մէջ չէզոք դիրք մը չէք կրնար բռնել։ Ձեր ընթացքով ցոյց պիտի տաք թէ թիկունք կը կանգնիք կա՛մ Սատանայի անարգանքին եւ կամ Եհովայի պատասխանին։ Ո՞ր կողմը դիրք պիտի բռնէք։
Եհովա կը Հոգայ Ձեզ
11, 12. Եհովայի համար տարբերութիւն կ’ընէ՞ եթէ ընտրէք իրեն ծառայել կամ ոչ։ Բացատրեցէք։
11 Ձեր ըրած ընտրութիւնը իրապէս տարբերութիւն կ’ընէ՞ Եհովայի համար։ Արդէն իսկ բաւարար անհատներ Աստուծոյ հաւատարիմ չեղա՞ն, որ ան պատշաճ պատասխան մը տայ Սատանայի։ Ճիշդ է որ Բանսարկուն պնդեց թէ ոչ ոք սէրէ մղուած Եհովայի կը ծառայէ. ամբաստանութիւն մը, որուն սուտ ըլլալը արդէն փաստուած է։ Այսուհանդերձ, Եհովա կ’ուզէ որ գերիշխանութեան հարցին մէջ իր կողմը դիրք բռնէք, քանի որ անհատապէս ձեզ կը հոգայ։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի»։—Մատթէոս 18։14
12 Բացայայտօրէն, Եհովա հետաքրքրուած է ձեր ընտրած ընթացքով։ Ասկէ աւելի, ձեր ընթացքը կ’ազդէ իրեն։ Աստուածաշունչը կը յստակացնէ թէ Եհովա խոր զգացումներ ունի, որոնք մարդոց բարի կամ չար արարքներէն կ’ազդուին։ Օրինակ, երբ Իսրայելացիները կրկին անգամ ըմբոստացան, Եհովա ‘նեղացաւ’։ (Սաղմոս 78։40, 41) Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ, երբ ‘մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ շատցաւ’, Եհովա «իր սրտին մէջ տրտմեցաւ»։ (Ծննդոց 6։5, 6) Պահ մը խորհեցէք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Եթէ սխալ ընթացք մը որդեգրէք, կրնաք ձեր Ստեղծիչը նեղացնել։ Ասիկա չի նշանակեր թէ Աստուած տկար է կամ զգացումներով կը տարուի։ Հապա՝ թէ ան ձեզ կը սիրէ եւ ձեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած է։ Միւս կողմէ, երբ շիտակ ընթացքին հետեւիք, Եհովայի սիրտը կ’ուրախանայ։ Ան կ’ուրախանայ, քանի որ յաւելեալ պատասխան մը պիտի տայ Սատանայի, ինչպէս նաեւ՝ քանի որ այժմ կրնայ ձեր Վարձահատոյցը ըլլալ։ Իսկ ան շա՜տ կը փափաքի այդպէս ըլլալ։ (Եբրայեցիս 11։6) Եհովա Աստուած ի՜նչ սիրալիր Հայր մըն է ձեզի համար։
Առատ Օրհնութիւններ Ներկայիս
13. Եհովայի ծառայելը ի՞նչպէս հիմա իսկ օրհնութիւններ կը բերէ։
13 Եհովայի ծառայելէն առթած օրհնութիւնները միայն ապագային պիտի չվայելենք։ Լաւ պատճառով, Եհովայի Վկայ պատանիներէն շատեր հիմա իսկ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը վայելեն։ «Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն», գրեց սաղմոսերգուն։ (Սաղմոս 19։8) Եհովա ոեւէ մարդ արարածէ աւելի գիտէ թէ ի՛նչ բան մեզի համար օգտակար է։ Եսայի մարգարէին բերնով, Եհովա ըսաւ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։—Եսայեայ 48։17, 18
14. Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՞նչպէս կրնան օգնել ձեզի որ պարտքի տակ մտնելու վիշտէն խուսափիք։
14 Աստուածաշունչի սկզբունքներուն ենթարկուիլը ձեզի պիտի օգնէ որ շատ վշտերէ ու սրտատանջութիւններէ խուսափիք։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ անոնք որոնք դրամասիրութիւն մշակած են, ‘ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցած են’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Ձեր տարեկիցներէն մէկը այս համարին նշած դառն իրողութեան փորձառութիւնը ունեցա՞ծ է։ Կարգ մը պատանիներ ու պատանուհիներ մեծ պարտքերու տակ մտած են, քանի որ խորհած են թէ ամենանորոյթ, վաճառանիշ կրող հագուստները եւ արուեստագիտական նորանոր սարքերը պէտք է ձեռք ձգեն։ Ձեր գնելու կարողութենէն վեր եղող ապրանքներու համար՝ երկարատեւ ու բարձր տոկոսով վճարումներով ծանրաբեռնուիլը, գերութեան ցաւալի մէկ կերպն է։—Առակաց 22։7
15. Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՞նչ կերպերով ձեզ կը պաշտպանեն սեռային անբարոյութենէն յառաջ եկող վիշտերէն։
15 Նաեւ նկատի առէք սեռային անբարոյութեան հարցը։ Ամէն տարի համայն աշխարհի մէջ, անհամար չամուսնացած պատանուհիներ յղի կը մնան։ Ոմանք ծնունդ կու տան զաւկի մը, որուն մեծցնելու ո՛չ փափաքը ո՛չ ալ կարողութիւնը ունին։ Ուրիշներ վիժում կ’ընեն եւ խղճի խայթէն կը տառապին։ Կան նաեւ պատանիներ ու պատանուհիներ, որոնք սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութեամբ մը կը վարակուին, ինչպէս՝ ԷՅՏԾ։ Անշուշտ, Եհովան ճանչցողի մը համար, յոռեգոյն հետեւանքը պիտի ըլլայ՝ Եհովայի հետ իր յարաբերութեան վնասուիլը։ * (Գաղատացիս 5։19-21) Լաւ պատճառով Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Պոռնկութենէն փախէք»։—Ա. Կորնթացիս 6։18
«Երանելի Աստուծոյ» Ծառայել
16. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա կ’ուզէ որ ձեր պատանեկութիւնը վայելէք։ (բ) Եհովա ինչո՞ւ ձեզի համար հետեւելիք ուղեգծեր կը հայթայթէ։
16 Աստուածաշունչը Եհովան կը բնութագրէ որպէս «երանելի Աստուած»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Ան կ’ուզէ որ դուք ալ երանելի կամ ուրախ ըլլաք։ Իրականութեան մէջ, ի՛ր Խօսքը կ’ըսէ. «Պատանեկութիւնդ վայելէ՛։ Ուրա՛խ եղիր, մինչ տակաւին պատանի ես»։ (Ժողովողի 11։9, Today’s English Version) Սակայն Եհովան անմիջականէն անդին կը տեսնէ եւ կրնայ բարի ու չար վարքի մը երկարատեւ հետեւանքները նախատեսել։ Ասոր համար, ան ձեզ կը յորդորէ. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած ու այն տարիները չհասած, որոնց մէջ պիտի ըսես՝ ‘Անոնց չեմ հաւնիր’»։—Ժողովողի 12։1
17, 18. Քրիստոնեայ պատանուհի մը Եհովայի ծառայելով իր գտած ուրախութիւնը ի՞նչպէս արտայայտեց, եւ ի՞նչպէս կրնաք նոյն ուրախութիւնը ձեռք ձգել։
17 Ներկայիս, բազմաթիւ պատանիներ Եհովայի ծառայելով մեծ ուրախութիւն կը գտնեն։ Օրինակ, 15 տարեկան Լինա կ’ըսէ. «Ճակատս բաց է։ Առողջ մարմին ունիմ, քանի որ ծխախոտ ու թմրեցուցիչ չեմ գործածեր։ Ժողովքին միջոցաւ թանկարժէք ուղղութիւն կը ստանամ, որ ինծի կ’օգնէ Սատանայի ահռելի ճնշումներուն դէմ դնելու։ Դէմքս ուրախութիւն կ’արտացոլացնէ, քանի որ Թագաւորութեան Սրահին մէջ շինիչ ընկերակցութիւն կը վայելեմ։ Ասոնցմէ աւելի կարեւորը, երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու գերազանցագոյն հեռանկարը ունիմ»։
18 Լինայի նման, բազմաթիւ Քրիստոնեայ պատանիներ հաւատքին համար ծանր կը պայքարին, եւ ասիկա զիրենք կ’ուրախացնէ։ Անոնք կը գիտակցին թէ իրենց կեանքը, թէեւ ատեններ խնդիրներով լեցուն է, սակայն իրական նպատակ եւ իսկական ապագայ մը ունի։ Արդ, շարունակեցէք Աստուծոյ ծառայել, որ իրապէս ձեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունի։ Անոր սիրտը ուրախացուցէք, իսկ ան ձեզ պիտի ուրախացնէ հիմա եւ յաւիտեան։—Սաղմոս 5։11
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 3 Տես՝ «Ճշմարտութիւնը Կեանքս Ինծի Վերադարձուց» յօդուածը, Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր 1996 թիւին մէջ։
^ պարբ. 15 Մխիթարական է գիտնալ թէ երբ մէկը զղջայ, սխալ գործելէ դադրի եւ իր մեղքերը խոստովանի, Եհովա «առատապէս կը ներէ»։—Եսայեայ 55։7
Կը յիշէ՞ք
• «Չար»ը՝ Սատանան՝ ի՞նչ վտանգ կը ներկայացնէ ձեզի։
• Ի՞նչպէս կրնաք Եհովայի սիրտը ուրախացնել։
• Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա կը հոգայ ձեզ։
• Եհովայի ծառայելէն յառաջ եկած կարգ մը օրհնութիւնները ի՞նչ են։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 7]
Արդար մարդ մը գրեթէ պիտի գայթակղէր
Ասափ կարկառուն Ղեւտացի երաժիշտ մըն էր, վաղեմի Իսրայէլի մէջ գտնուող Եհովայի տաճարին մէջ։ Ան նոյնիսկ երգեր յօրինեց, որոնք հանրային պաշտամունքի մէջ կը գործածուէին։ Սակայն, հակառակ իր իւրայատուկ առանձնաշնորհումներուն, ժամանակ մը Ասափ հրապուրուեցաւ իր տարեկիցներուն անբարեպաշտ վարքով, որոնք ըստ երեւոյթին Աստուծոյ օրէնքները կը բեկանէին եւ անպատիժ կը մնային։ Հետագային Ասափ խոստովանեցաւ. «Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։ Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն, երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ»։—Սաղմոս 73։2, 3
Ասափ Աստուծոյ սրբարանը գնաց եւ այս հարցին շուրջ աղօթեց։ Նորոգուած հոգեւոր հայեցակէտով, ան ըմբռնեց թէ Եհովա կ’ատէ չարութիւնը եւ թէ ժամանակ մը ետք, ամբարիշտն ու արդարը իրենց ցանածը պիտի հնձեն։ (Սաղմոս 73։17-20. Գաղատացիս 6։7, 8) Արդարեւ, ամբարիշտները սահուն տեղեր կեցեր են։ Ի վերջոյ, անոնք պիտի իյնան, երբ Եհովա այս անբարեպաշտ դրութիւնը կործանէ։—Յայտնութիւն 21։8
[Նկարներ՝ էջ 9]
Եհովա ձեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունի, մինչդեռ Սատանայի նպատակակէտն է ձեզ կլլել
[Նկար՝ էջ 10]
Բազմաթիւ պատանիներ իրենց Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ Եհովայի ծառայելով մեծագոյն ուրախութիւնը կը գտնեն