Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ պատանիներ՝ Եհովա ձեր գործը պիտի չմոռնայ

Ո՛վ պատանիներ՝ Եհովա ձեր գործը պիտի չմոռնայ

Ո՛վ պատանիներ՝ Եհովա ձեր գործը պիտի չմոռնայ

«Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 6։10

1. Աստուածաշունչի Եբրայեցիս եւ Մաղաքեայ գրքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Եհովա ձեր ծառայութիւնը կը գնահատէ։

ՊԱՏԱՀԱ՞Ծ է որ բարեկամի մը համար ազնիւ արարք մը ըրած էք եւ ան երախտագիտութիւն չէ յայտնած։ Խոր ցաւ կը պատճառէ, երբ ցուցաբերուած առատաձեռնութիւնը թեթեւի առնուի կամ՝ աւելի գէշ՝ բոլորովին մոռցուի։ Սակայն պարագան որքա՜ն տարբեր է, երբ Եհովայի բոլորանուէր ծառայութիւն կը մատուցանենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։ (Եբրայեցիս 6։10) Պահ մը խորհեցէք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Եհովա անիրաւութիւն կամ մեղք պիտի նկատէր, եթէ մոռնար իր ծառայութեան մէջ ինչ որ ըրած էք եւ կը շարունակէք ընել։ Ի՜նչ գնահատող Աստուած մը։—Մաղաքեայ 3։10

2. Ի՞նչ բան Եհովայի ծառայելը իրապէս մասնայատուկ կը դարձնէ։

2 Այս երախտապարտ Աստուածը պաշտելու եւ անոր ծառայելու մասնայատուկ պատեհութիւն մը ունիք։ Քանի որ համայն աշխարհի մէջ շուրջ վեց միլիառ մարդոցմէ միայն շուրջ վեց միլիոնը ձեր հաւատակիցներն են, ձեր առանձնաշնորհումը արդարեւ հազուագիւտ է։ Ասկէ զատ, բարի լուրի պատգամին ձեր մտիկ ընելը եւ ընդառաջելը ապացոյց է, թէ Եհովա անձնապէս հետաքրքրուած է ձեզմով։ Ի վերջոյ, Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Այո, Եհովա անհատապէս մարդոց կ’օգնէ որ Քրիստոսի զոհագործութենէն օգտուին։

Ձեր Հոյակապ Առանձնաշնորհումը Գնահատեցէք

3. Կորխի որդիները ի՞նչպէս Եհովայի ծառայելու առանձնաշնորհումին հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերեցին։

3 Ինչպէս նախորդ յօդուածը ցոյց տուաւ, դուք յատկապէս ի վիճակի էք Եհովայի սիրտը ուրախացնելու։ (Առակաց 27։11) Ասիկա երբեք թեթեւի պէտք չէ առնէք։ Իրենց ներշնչեալ սաղմոսներէն մէկուն մէջ, Կորխի որդիները Եհովայի ծառայելու առանձնաշնորհումին հանդէպ իրենց գնահատութիւնը արտայայտեցին։ Հոն կը կարդանք. «Քու սրահներուդ մէջ մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։ Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ, քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ»։—Սաղմոս 84։10

4. (ա) Ի՞նչ բան ոմանց կրնայ խորհիլ տալ թէ Եհովայի պաշտամունքը կաշկանդիչ է։ (բ) Եհովա ի՞նչ կերպով ցոյց կու տայ թէ անձկալից է իր ծառաները նկատելու եւ վարձատրելու։

4 Ձեր երկնաւոր Հօր ծառայելու ձեր առանձնաշնորհումին հանդէպ նոյն զգացումը ունի՞ք։ Անուրանալիօրէն, երբեմն կրնայ թուիլ որ Եհովայի պաշտամունքը ձեր ազատութիւնը կը կաշկանդէ։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրիլը որոշ անձնազոհութիւն կը պահանջէ։ Սակայն, ի վերջոյ, Եհովա ի՛նչ որ ձեզմէ խնդրէ, ձեր օգտին համար է։ (Սաղմոս 1։1-3) Ասկէ զատ, Եհովա ձեր ջանքերը կը տեսնէ եւ ձեր հաւատարմութեան հանդէպ իր գնահատութիւնը ցոյց կու տայ։ Արդարեւ, Պօղոս գրեց թէ Եհովա «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Եհովա ասիկա ընելու պատեհութիւններ կը փնտռէ։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ արդար մարգարէ մը ըսաւ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։—Բ. Մնացորդաց 16։9

5. (ա) Եհովայի ուղիղ սրտով ձեր յարիլը ցոյց տալու ընտիր կերպերէն մէկը ի՞նչ է։ (բ) Ուրիշներուն ձեր հաւատքին մասին խօսիլը ինչո՞ւ կը թուի դժուար ըլլալ։

5 Եհովայի ուղիղ սրտով ձեր յարիլը ցոյց տալու ընտիր կերպերէն մէկն է՝ ուրիշներուն իր մասին խօսիլ։ Երբեք պատեհութիւն ունեցա՞ծ էք ձեր դասընկերներէն ոմանց խօսելու ձեր հաւատքին մասին։ Սկիզբը, ասիկա կրնայ դժուար թուիլ, եւ գաղափարը ինքնին կրնայ քիչ մը վախ պատճառել։ Թերեւս ըսէք՝ ‘Կրնայ ըլլալ որ վրաս խնդան, կամ կրօնքս տարօրինակ նկատեն’։ Յիսուս գիտակցեցաւ թէ ամէն ոք մտիկ պիտի չընէր Թագաւորութեան պատգամին։ (Յովհաննու 15։20) Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ ծաղրանքով ու մերժումով յատկորոշուած կեանք մը պիտի վարէք։ Ընդհակառակը, բազմաթիւ Վկայ պատանիներ մտիկ ընող ականջներ գտած են, եւ իրենց համոզումներուն կառչելով աւելի յարգանքի արժանացած են իրենց տարեկիցներուն կողմէ։

«Եհովա Պիտի Օգնէ Ձեզի»

6, 7. (ա) 17 տարեկան պատանուհի մը ի՞նչպէս կրցաւ իր դասընկերուհիներուն վկայել։ (բ) Ճենիֆըրի փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցաք։

6 Սակայն ի՞նչպէս կրնաք ձեր հաւատքին մասին համարձակօրէն խօսելու համար քաջութիւն հաւաքել։ Ինչո՞ւ չվճռէք անկեղծ ու պարկեշտ ըլլալ, երբ մարդիկ ձեր կրօնքին մասին հարցնեն։ Նկատի առէք 17 տարեկան Ճենիֆըրի փորձառութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Դպրոցին մէջ ճաշի դադարի ժամանակն էր։ Պատահեցաւ որ սեղանին շուրջ հետս նստող աղջիկները կրօնքի մասին կը խօսէին, եւ անոնցմէ մէկը ինծի հարցուց թէ ո՞ր կրօնքին կը պատկանիմ»։ Ճենիֆըր պատասխան տալու վարանեցա՞ւ։ «Այո՛», կը խոստովանի ան, «քանի որ վստահ չէի թէ անոնք ի՛նչպէս պիտի հակազդէին»։ Ուստի ան ի՞նչ ըրաւ։ «Աղջիկներուն ըսի թէ Եհովայի Վկայ մըն եմ», կը շարունակէ ան։ «Սկիզբը, անոնք անակնկալի եկան։ Ակներեւաբար, անոնք այն գաղափարը ունէին թէ Եհովայի Վկաները տարօրինակ մարդիկ են։ Ասիկա զիրենք մղեց որ հարցումներ հարցնեն, եւ կրցայ անոնց կարգ մը սխալ կարծիքները սրբագրել։ Նոյնիսկ այդ օրէն ետք, աղջիկներէն ոմանք ատեն–ատեն ինծի հարցումներ հարցուցին»։

7 Ճենիֆըր զղջա՞ց որ իր հաւատալիքներուն մասին համարձակօրէն խօսելու պատեհութիւնը օգտագործեց։ Բնա՛ւ երբեք։ Ան կ’ըսէ. «Ճաշի դադարը լրանալէն ետք ուրախ զգացի։ Այժմ այս աղջիկները Եհովայի Վկաներուն ո՛վ ըլլալուն մասին աւելի լաւ գաղափար մը ունին»։ Ճենիֆըրի խրատը պարզ է. «Եթէ ձեր դասընկերներուն կամ ուսուցիչներուն վկայելը դժուար կը գտնէք, արագօրէն աղօթեցէք։ Եհովա պիտի օգնէ ձեզի։ Պիտի ուրախանաք որ վկայութիւն մը տալու պատեհութիւնը օգտագործեցիք»։—Ա. Պետրոս 3։15

8. (ա) Աղօթքը ի՞նչպէս օգնեց Նէեմիայի, երբ ան անակնկալ պարագայ մը դիմագրաւեց։ (բ) Դպրոցին մէջ ո՞ր կարգ մը պարագաներուն թերեւս հարկ ըլլայ որ հակիրճ ու լռելեայն աղօթք մը մատուցանէք Եհովայի։

8 Նկատի առէք թէ Ճենիֆըր կը յանձնարարէ որ Եհովայի ‘արագօրէն աղօթէք’, երբ ձեր հաւատքին մասին վկայելու պատեհութիւն մը ներկայանայ։ Պարսիկ Արտաշէս Թագաւորին մատռուակը՝ Նէեմիա, ճիշդ այս էր որ ըրաւ, երբ անակնկալ պարագայ մը դիմագրաւեց։ Նէեմիա ընկճուած երեւոյթ մը ունէր, քանի որ տեղեկացած էր Հրեաներուն նեղ կացութեան մասին եւ լսած էր թէ Երուսաղէմի պարիսպներն ու դռները աւերակ էին։ Թագաւորը նկատեց որ Նէեմիա մտահոգ էր, ուստի անոր հարցուց թէ ի՛նչ էր խնդիրը։ Պատասխանելէ առաջ, Նէեմիա աղօթքով առաջնորդութիւն խնդրեց։ Ապա խիզախօրէն արտօնութիւն խնդրեց որ Երուսաղէմ վերադառնայ եւ փլած քաղաքը վերաշինէ։ Արտաշէս Նէեմիայի խնդրանքը շնորհեց իրեն։ (Նէեմեայ 2։1-8) Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվիք։ Եթէ ձեր հաւատքին մասին վկայելու պատեհութիւն մը ներկայանալու ատեն ջղագրգիռ դառնաք, լռելեայն աղօթք մը մատուցանելու ձեր պատեհութիւնը մի՛ անտեսէք։ Պետրոս գրեց. «Ձեր ամէն հոգը [Եհովայի] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։—Ա. Պետրոս 5։7. Սաղմոս 55։22

‘Պատրա՛ստ Եղէք Պատասխան Տալու’

9. Տասնըերեք տարեկան Լիան ի՞նչպէս կրցաւ Պատանիները գրքէն 23 օրինակ բաշխել։

9 Նկատի առէք ուրիշ փորձառութիւն մը։ Դպրոցին մէջ կէսօրուան դադարի պահուն, 13 տարեկան Լիան կը կարդար՝ Պատանիները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գիրքը։ * Ան կ’ըսէ. «Ուրիշներ զիս կը դիտէին եւ շուտով ամբոխ մը շուրջս հաւաքուեցաւ։ Անոնք սկսան հարցնել թէ գրքին նիւթը ի՛նչ է»։ Այդ օրը չորս աղջիկներ Լիայէն խնդրեցին որ Պատանիները գրքէն օրինակ մը բերէ իրենց։ Շատ չանցած, այս աղջիկները գիրքը բաժնեցին ուրիշներու հետ, ապա անոնք ալ օրինակ մը ուզեցին։ Յաջորդ քանի մը շաբաթներու ընթացքին, Լիա Պատանիները գրքէն 23 օրինակ բաշխեց իր դասընկերներուն ու անոնց բարեկամներուն։ Լիայի համար դիւրի՞ն էր համարձակօրէն խօսիլ, երբ ուրիշներ իր կարդացած գրքին մասին հարցումներ հարցուցին։ Ո՛չ։ «Սկիզբը ջղագրգիռ էի», կը խոստովանի ան։ «Բայց աղօթեցի, եւ գիտէի որ Եհովա ինծի հետ էր»։

10, 11. Իսրայելացի աղջնակ մը ի՞նչպէս կրցաւ Ասորի զօրագլուխի մը օգնել որ Եհովայի մասին սորվի, եւ անկէ ետք զօրագլուխը ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրաւ։

10 Լիայի փորձառութիւնը թերեւս ձեզի յիշեցնէ նման պարագայ մը, որ Ասորիներուն կողմէ գերի տարուած Իսրայելացի աղջնակ մը դիմագրաւեց։ Նէեման՝ Ասորիներու զօրագլուխը՝ բորոտ էր։ Հաւանաբար անոր կինը նիւթ մը բանալով, այս աղջնակը համարձակօրէն իր հաւատքին մասին խօսեցաւ։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տէրս Սամարիա եղող մարգարէին քով ըլլար, այն ատեն զանիկա իր բորոտութենէն կը բժշկէր»։—Դ. Թագաւորաց 5։1-3

11 Այս աղջնակին խիզախութեան շնորհիւ, Նէեման գիտցաւ թէ «ոեւէ երկրի վրայ Աստուած չկայ, բայց միայն Իսրայէլի մէջ»։ Ան նոյնիսկ որոշեց որ «անգամ մըն ալ ուրիշ աստուածներու ողջակէզ կամ զոհ պիտի չընէ, բայց միայն Եհովային»։ (Դ. Թագաւորաց 5։15, 17) Եհովա վստահաբար այս աղջնակին քաջութիւնը օրհնեց։ Ան կրնայ նոյն բանը ընել ներկայ պատանիներուն համար։ Լիան նման փորձառութիւն մը ունեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, իր դասընկերներէն ոմանք իրեն ըսին թէ Պատանիները գիրքը իրենց կ’օգնէր իրենց վարուելակերպին առնչութեամբ։ Լիա կ’ըսէ. «Ուրախ էի, քանի որ գիտէի թէ ուրիշներուն կ’օգնէի որ Եհովայի մասին աւելի սորվին ու իրենց կեանքը բարեփոխեն»։

12. Ի՞նչպէս կրնաք զօրութիւն ստանալ, որ ձեր հաւատքը պաշտպանէք։

12 Կրնաք Ճենիֆըրի եւ Լիայի փորձառութիւններուն նման փորձառութիւններ ունենալ։ Հետեւեցէք Պետրոսի յորդորին, որ գրեց թէ որպէս Քրիստոնեայ «միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն»։ (Ա. Պետրոս 3։15) Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք ընել։ Ընդօրինակեցէք առաջին դարու Քրիստոնեաներուն ընթացքը, որոնք Եհովայի աղօթեցին որ իրենց օգնէ «համարձակութիւնով» քարոզելու։ (Գործք 4։29) Ապա ուրիշներուն ձեր հաւատալիքներուն մասին խիզախութեամբ խօսեցէք։ Թերեւս զարմանաք ձեր ձեռք ձգած արդիւնքներուն վրայ։ Ասկէ զատ, Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնէք։

Պատկերիզներ եւ Մասնայատուկ Ծրագիրներ

13. Կարգ մը պատանիներ վկայութիւն մը տալու համար ի՞նչ պատեհութիւններ օգտագործած են։ (Տես շրջագծերը, էջ 14 եւ 15։)

13 Բազմաթիւ պատանիներ պատկերիզներ գործածելով իրենց հաւատքը բացատրած են դասընկերներուն կամ ուսուցիչներուն։ Երբեմն դպրոցական ծրագիրներն ալ Եհովան փառաբանելու պատեհութիւն ընծայած են։ Օրինակ, 15 տարեկան երկու Եհովայի Վկայ պատանիներ, աշխարհի պատմութեան դասընթացքին հետ առնչուած նշանակում մը ստացան. աշխարհի կրօնքներէն մէկուն մասին տեղեկագրութիւն մը պատրաստել։ Երկուքը որոշեցին Եհովայի Վկաներուն մասին գրել, որպէս աղբիւր գործածելով՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գիրքը։ * Անոնք հինգ վայրկեան տեւող բերանացի տեղեկագրութիւն մըն ալ ներկայացուցին։ Անկէ ետք, դասատուն եւ աշակերտները ա՛յնքան շատ հարցումներ ունէին, որ երկու պատանիները դասարանին առջեւ յաւելեալ 20 վայրկեան կայնեցան։ Ետքը, մի քանի շաբաթ, անոնց դասընկերները շարունակեցին Եհովայի Վկաներուն մասին հարցումներ հարցնել։

14, 15. (ա) Մարդու վախը ինչո՞ւ որոգայթ մըն է։ (բ) Ուրիշներուն հետ ձեր հաւատալիքները բաժնելու նկատմամբ ինչո՞ւ ինքնավստահ պէտք է զգաք։

14 Ինչպէս վերոյիշեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան, որպէս Եհովայի Վկայ ձեր հաւատալիքներուն եւ համոզումներուն մասին ուրիշներուն խօսիլը կրնայ մեծ օրհնութիւններ բերել։ Թոյլ մի՛ տաք որ մարդու վախը ձեզ զրկէ այն առանձնաշնորհումէն եւ ուրախութենէն, որ ուրիշներուն օգնէք Եհովան ճանչնալու։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդոց վախը որոգայթի մէջ կը ձգէ, սակայն Տէրոջ վստահողը պաշտպանուած կ’ըլլայ»։—Առակաց 29։25, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով

15 Մի՛ մոռնաք որ Քրիստոնեայ պատանի մը ըլլալով, բան մը ունիք, որուն շա՜տ պէտք ունին ձեր տարեկիցները. լաւագոյն ապրելակերպը հիմա, եւ յաւիտենական կեանքի խոստումը։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8) Հետաքրքրականօրէն, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր թերեւս խորհիք թէ մարդիկ ընդհանրապէս անտարբեր են կամ աշխարհիկ մտայնութիւն ունին, փորձագիտանք մը երեւան հանեց թէ պատանիներուն գրեթէ կէսը կրօնքը շատ լուրջի կ’առնեն, իսկ մէկ երրորդը կ’ըսեն թէ կրօնքը իրենց կեանքին վրայ «ամենէն կարեւոր ազդեցութիւն բանեցնողն է»։ Հաւանաբար պարագան նոյնն է աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ։ Ուստի, շատ հաւանական է որ դպրոցին մէջ ձեր տարեկիցները ուրախութեամբ պիտի լսեն ձեր ըսելիքները Աստուածաշունչին մասին։

Որպէս Պատանի, Եհովայի Մօտեցէք

16. Ուրիշներուն իր մասին խօսելէ զատ, Եհովան հաճեցնելը ի՞նչ կը պարփակէ։

16 Անշուշտ, Եհովայի սիրտը ուրախացնելը իր մասին խօսելէն աւելին կ’ընդգրկէ։ Ձեր վարքը իր չափանիշներուն հետ պէտք է ներդաշնակէք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը պիտի տեսնէք եթէ Եհովայի մօտենաք։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք ընել։

17. Ի՞նչպէս կրնաք Եհովայի մօտենալ։

17 Ժամանակ յատկացուցէք ընթերցելու համար Աստուածաշունչը եւ անոր վրայ հիմնուած գրականութիւնները։ Եհովայի մասին ո՛րքան աւելի սորվիք, ա՛յնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իրեն հնազանդիլը եւ իր մասին ուրիշներուն խօսիլը։ «Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ», ըսաւ Յիսուս, «վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Ղուկաս 6։45) Ուստի ձեր սիրտը բարի բաներով լեցուցէք։ Ինչո՞ւ նպատակակէտեր չդնէք այս ուղղութեամբ։ Թերեւս յաջորդ շաբաթ ժողովքի հանդիպումներուն համար ձեր նախապատրաստութիւնը կրնաք բարելաւել։ Յաջորդ նպատակակէտը կրնայ ըլլալ՝ ձեր մասնակցութիւնը բերել, հակիրճ բայց սրտանց պատասխան մը տալով։ Անշուշտ, կենսական է որ ձեր սորված բաները գործադրէք։—Փիլիպպեցիս 4։9

18. Նոյնիսկ եթէ որոշ հակառակութիւն դիմագրաւէք, ի՞նչ բանէ կրնաք վստահ ըլլալ։

18 Եհովայի ծառայելէն յառաջ եկած օրհնութիւնները մնայուն են. արդարեւ՝ յաւիտենական։ Ճիշդ է որ ատեն–ատեն որոշ տարողութեամբ հակառակութիւն կամ ծաղրանք կրնաք դիմագրաւել, քանի որ Եհովայի Վկայ մըն էք։ Բայց, պահ մը խորհեցէք Մովսէսի մասին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին»։ (Եբրայեցիս 11։24-26) Դուք ալ կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովա ձեզ պիտի վարձատրէ, քանի որ ջանք կը թափէք իր մասին սորվելու եւ իր մասին խօսելու։ Արդարեւ, ան երբեք ‘ձեր գործը պիտի չմոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք’։—Եբրայեցիս 6։10

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 9 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 13 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշէ՞ք

• Ինչո՞ւ կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովա ձեր ծառայութիւնը կ’արժեւորէ։

• Դպրոցին մէջ վկայելու ի՞նչ մեթոտներ յաջողութիւն գտած են։

• Դասընկերներուն վկայելու համար ի՞նչպէս կրնաք զօրութիւն ստանալ։

• Ի՞նչպէս կրնաք Եհովայի մօտենալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 14]

Նոյնիսկ երախաները Եհովան կը փառաբանեն

Նոյնիսկ երախաները կրցած են վկայել դպրոցին մէջ։ Նկատի առէք հետեւեալ փորձառութիւնները։

Տասը տարեկան Էմպըրի հինգերորդ դասարանը կը կարդար գիրք մը, որ կը նկարագրէր Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Նացիներու յարձակումը Հրեաներուն վրայ։ Էմպըր որոշեց Մանիշակագոյն Եռանկիւններ պատկերիզը իր ուսուցչուհիին տալ։ Ուսուցչուհին զարմացաւ, երբ գիտցաւ թէ նացիական վարչաձեւին ներքեւ Եհովայի Վկաներն ալ հալածուած էին։ Ան պատկերիզը բոլոր դասարանին ցուցադրեց։

Ութ տարեկան Ալեքսան իր դասարանին նամակ մը գրեց, բացատրելով թէ ինչո՛ւ չէր կրնար անոնց Ծնունդի տօնին մասնակցիլ։ Անոր ուսուցչուհին ա՛յնքան տպաւորուեցաւ, որ Ալեքսայէն խնդրեց որ նամակը բարձրաձայն կարդայ իր դասարանին եւ այլ երկու դասարաններու։ Եզրակացութեան մէջ, ան կ’ըսէր. «Սորված եմ յարգել զանոնք, որոնց հաւատալիքները իմ հաւատալիքներէս տարբեր են, եւ շնորհակալ եմ որ Ծնունդը չտօնելու որոշումս կը յարգէք»։

Նախակրթարանի առաջին դասարանը երբ նոր սկսած էր, Էրիք Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը դպրոց տարաւ եւ արտօնութիւն խնդրեց որ զայն իր դասընկերներուն ցոյց տայ։ «Աւելի լաւ գաղափար մը ունիմ», ըսաւ իր ուսուցչուհին։ «Ինչո՞ւ դասարանին պատմութիւն մը չկարդաս»։ Էրիք ընթերցելէ ետք, խնդրեց որ բոլոր անոնք որոնք գրքէն օրինակ մը կ’ուզեն, իրենց ձեռքը բարձրացնեն։ Տասնըութը հոգի, ուսուցչուհին ներառեալ, իրենց ձեռքը բարձրացուցին։ Այժմ Էրիք կը զգայ թէ իրեն յատուկ վկայելու թաղամաս մը ունի։

Ինը տարեկան Ուիթնի երախտապարտ է Եհովայի Վկաները եւ Ուսումը գրքոյկին համար։ * «Սովորաբար ամէն տարի մայրս այս գրքոյկը ուսուցիչներուն կու տայ», կ’ըսէ ան, «բայց այս տարի՝ ե՛ս տուի։ Այս գրքոյկին շնորհիւ, ուսուցչուհիս զիս ‘շաբթուան աշակերտուհին’ անուանեց»։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 56 Հոս յիշուած բոլոր գրականութիւնները Եհովայի Վկաներուն կողմէ հրատարակուած են։

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 15]

Պարագաներ՝ զորս ոմանք գործածած են իրենց հաւատքին մասին խօսելու համար

Երբ իրենց դպրոցական տեղեկագրութիւն կամ ծրագիր մը նշանակուած է, ոմանք ընտրած են բնաբան մը, որ թոյլ տուած է որ վկայեն

Կարգ մը պատանիներ իրենց ուսուցիչին տուած են պատկերիզ կամ գրականութիւն մը, որ դասարանին մէջ քննարկուած նիւթին հետ կապ ունի

Պատանիներէն ոմանք դադարի ընթացքին Աստուածաշունչը կամ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւն մը կարդալով, ուրիշ պատանիներու ուշադրութիւնը գրաւած են, եւ անոնք իրենց հարցումներ հարցուցած են

[Նկար՝ էջ 12]

Փորձառու անհատները կրնան պատանիները մարզել որ Եհովայի ծառայեն